Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

ՑՈԼՔԵՐ, Սիպիլ, հրատարակութիւն Նշան Պապիկեան գրատան, Պօլիս, 1902

[1] Ձիւնափայլ անարատ սպիտակութեամբ սարսռուն կողքի մը ներքեւ կ՚ամփոփուին վերջապէս Սիպիլեան բանաստեղծութեանց ծաղիկները, հրատարակիչներուն ճաշակին յոյժ պատուաբեր խնամքով ու հոգածութեամբ։

Իգական փափուկ իմացականութեան այդ ցրուուն ցոլքերը, ճշմարտապէս արուեստասէր ձեռքերու գգուոտ հոգածութեան ներքեւ կը թուին փնջուած լինիլ, եւ այդ չքնաղ ծաղիկները արուեստագէտ քնքուշ քմայքին, արեւու ճառագայթի մը, վերջալուսային նուաղուն երիզի մը, գիշերային հրթիռի մը, ժանեակներու, շղարշներու եւ փետուրներու ագուցուածքին մէջ մէկտեղուած, իրենց բուրմունքներուն ու երանգներուն հմայքը կը խնկեն մեզի, անտեղիտալի հրապոյրով։

Մեր գրական հասարակութիւնը, որ այս երեւոյթին ներքեւ բանաստեղծութիւնը կը թուի զգալ ու կ՚արտայայտէ զայն այնքա՜ն մաքուր արուեստով մը, յոյսը կը ներշնչէ թէ գեղեցկին զգացումը, առերեւոյթ սնանկութեան մը պատրանքին մէջ, մեր ցեղին սիրտը կը տաքցնէ դեռ մաքուր յուզմունքներով ու կը բռընկցնէ անոր իմացականութիւնը՝ չքնաղ երազներով։

Իրաւ է թէ բանաստեղծական անկման շրջանի մը վերջին հանգրուաններուն վրան ենք այսօր։ Արդի աշխարհիկ բանաստեղծութիւնը, որ Դուրեանով կ՚սկսի, Նար-Պէյներով ու Աճէմեաններով շարունակուելու համար, զմեզ նախորդող սերունդին մէջ ունի իր Սիպիլը, որ փոխանցման բանաստեղծ մըն է։ Նոր, այսինքն զուտ աշխարհիկ գրականութեամբ սնած ու դաստիարակուած սերունդը, բանաստեղծութեան տեսակէտէն տակաւին այսօր տարակուսող ու տատամսոտ վստահութիւն մը միայն կը ներշնչէ մեզի։ Գաւառը՝ իր արձակագիր բանաստեղծին, Զարդարեանին քով, իր ոտանաւորի արուեստագէտը չտուաւ դեռ, ու հայ հանճարին թափառիկ կայծերը, ձմեռնային հովերու շունչէն հալածական ու տարամերժ հրթիռներու տարագրութեան դալուկն ու հայրենաբաղձ անկենդանութիւնն ունին մեզի համար։

Իրաւ, Քարփութլեանն ու Վարդգէսը ունինք, ու դեռ երէկ կար նաեւ Ոսկեանը, որոնց սակայն առաջին երկուքը իրենց ստոյգ՝ այլ դեռածիլ տաղանդին խարխափումներուն մէջ կը շարունակեն մնալ, մինչդեռ վերջինը՝ կանխահասօրէն վիզէն փրցուած մանիշակի մը մելամաղձութեան մէջ գունաթափեցաւ ու մեռաւ։ Ու պիտի սպասենք որ Շահինեան շարունակէ մեզի տալ իր Վայրկեան մըին նման հիանալի քերթուածներ։

Իրերու այս վիճակին մէջ չվարանինք յայտարարելու թէ, հրապարակի վրայ մեր աչքին առջեւ գտնուողներու խումբին մէջ՝ Սիպիլ կը մնայ օրուան լաւագոյն բանաստեղծը։

Իր հատորին վրայ գրախօսական մը կամ քննադատական մը գրել չէ նպատակս։ Ես պիտի նշանակեմ հոս միայն քանի մը նկատողութիւններ, իսկ իբրեւ ընդհանուր տպաւորութեան եզրակացութիւն՝ պիտի բաղձայի որ ամեն գրականութենէ հասկնալ յաւակնող հայու ձեռք հատ մը գտնուէր իր հատորէն, ու պիտի մաղթէի որ բանաստեղծութիւնը, այս տեսակ իսկատիպ իրագործումներու ձեւին ներքեւ մանաւանդ, ընտրելագոյն սնունդն ըլլալ սկսէր մեր տխուր հասարակութեան, ռամիկ ու ստորնաքարշ հոգիին, որ չի հասկնար զայն, ու իբրեւ չարագուշակ ախտանշաններ անդարմանելի միջակութեան, ծաղրանքին լրբութեամբը կը սեւցնէ իր դատապարտութիւնը։ Այլ՝ բանաստեղծութեան կենդանարար սնունդը անհրաժեշտ է, իբրեւ թէ գործնական ըմբռնումներու հետզհետէ լեղացած ճահիճին բարոյական վարակումներէն փրկելու համար մեր ցեղին արիւնը։

* * *

Սիպիլեան հատորը կը բաղկանայ 27 հատ հին ու նոր ոտանաւորներէ, որոնց անտիպներուն թիւը տասը հատը չանցնիր, եթէ յիշողութիւնս ու ձեռքիս տակ գտնուած օրաթերթերն ու հանդէսները զիս չեն խաբեր։ Հնագոյն ոտանաւորը 1885 թուականը կը կրէ, ու դիտելի է որ Սիպիլի տաղանդին ամենէն գեղեցիկ պտուղները՝ 92էն ի վեր գրուած ոտանաւորներն են, որ աստիճանական կատարելութեամբ՝ կը հասնին մինչեւ նորագոյնները, թէեւ 92ականի փունջին մէջ Ժանեակները ու Դարավերջիկ հիւանդը, ինչպէս նաեւ Օրօրումները՝ յղացման, զգացման եւ արուեստի հրաշալիքներ են արդէն։

Նկատելի ուրիշ կէտեր.

Սիպիլ՝ փոխանցման շրջանի բանաստեղծ մըն է։ Դեռ 10 տարի առաջ՝ արդի զուտ աշխարհաբարը կիրառութեան չէր առնուած ոտանաւորին մէջ՝ իր բովանդակ մաքրութեամբն ու անարատութեամբը։ Գրաբարի ձեւերը, ասութիւնները, ի հարկին փախուստի դիւրին միջոցներ էին դեռ, ու լեզուական խղճամտութեան պակասը՝ ընթացիկ թերութիւնն էր հայ տաղաչափութեան։ Անկից ի վեր կատարուած բարեշրջութիւնը շատ մեծ է, ու աշխարհաբարը անխառն մաքրութեամբ կը գործածուի այսօր որքան արձակին՝ նոյնքան եւս ոտանաւորին մէջ։

Հեղինակը իր այս հաւաքածուին մէջ նոյնութեամբ չէ բերած դրած իր նախկին ոտանաւորները, այլ անոնց գրեթէ ամէնուն վրայ վերհպումի մանրակրկիտ աշխատութիւն մը անհրաժեշտ նկատած է։ Անոնցմէ մէկ քանին, նոյնիսկ անոնք՝ որ արդէն դասական գրականութեան իրաւունք ստացած էին մեր հատընտիրներուն մէջ, հիմա վերստին գրուած են, մաքրուելով իրենց գրաբարի խառնուրդէն։ Այսպէս, քերթուած մը, որ իր զգացական, sentimental ու մելամաղձոտ շեշտով ա՜յնքան հմայած էր զմեզ մեր դպրոցականի երեւակայական ցաւերուն ու տխրութիւններուն մէջ.

Ողջո՜յն տամ քեզ անհուն սիրով, ո՛ լուսնակդ իմ,

Առանձնակեաց տխուր հոգւոյս դու մտերիմ։

Եղած է այսօր

Ողջոյն կուտամ անհուն սիրով քեզի, լուսնա՛կ,

Ո՜վ մըտերիմ տըխուր հոգւոյս իմ միայնակ։

Եւ կամ

Նոր կը լըռէր ծառոց ետին

Սոխակին երգն այն գիշեր,

Հով մը թեթեւ թերթեր վարդին,

Իւր թըփոց տակ կը քըշէր։

Փոխուած է սապէս

Նոր կը լըռէր ծառին ետեւ

Սոխակին երգն այն գիշեր,

Վարդին թերթերն հով մը թեթեւ

Թուփերուն տակ կը քըշէր։

Աւելի մանրակրկիտ եւ ուսումնասիրուած բաղդատութիւն մը երեւան պիտի հանէր սա իրողութիւնը թէ՝ արդի աշխարհաբարը ամեն ընդունակութիւն ունի գաղափարն եւ զգացումը իրենց բոլոր երանգներուն, նրբերանգներուն եւ կնճիռներուն մէջ՝ կատարեալ ու անթերի արուեստով մը թարգմանելու եւ եթէ Սիպիլ արդի աշխարհաբարին ռահվիրաներէն չէ, այլ սակայն՝ լաւագոյն ու ամենէն մաքուր աշխարհաբարը գործածած է՝ արձակի ու ոտանաւորի մէջ հաւասարապէս։

Այն բոլոր վերհպումները, որոնց պէտքը տեսած է Սիպիլ իր հին ոտանաւորներուն այս երկրորդ տպագրութեան առթիւ, շահեկան էր որ ուսումնասիրուէին իրենց բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ, որոնք միշտ գրաբարի արատներ սրբագրելու համար ի գործ դրուած չեն։ Այդ փոխուած բառերուն, խօսքերուն, բացատրութիւններուն, նո՛յնիսկ շեշտերուն ուսումնասիրութիւնը երեւան պիտի բերէր այն մտաւոր ու հոգեկան կերպարանափոխութիւններն իսկ, որոնց ենթակայ կրնայ եղած ըլլալ հեղինակուհին, կեանքի դիմայեղումներուն ընթացքին մէջ։ Սիպիլի գործին վրայ ամբողջական ուսումնասիրութեան մը մէջ այդ մանրամասնութիւնները կրնային իրենց կարեւորութիւնն ունենալ։

Յետոյ, պէտք է դիտել նաեւ թէ, քանի մը գրաբարէ աշխարհաբար կատարուած թարգմանութիւններու մէջ, յաճախ դանդաղած է սկզբնատիպ օրինակին ինքնաբուխ ու բնական հոսումը, եւ ասիկա՝ դիւրին է բացատրել անշուշտ, քանի որ հեղինակը ներշնչման միեւնոյն պայմաններուն մէջ չէր կրնար գտնուած ըլլալ անհրաժեշտօրէն։

Օրինակներ.

Ա՜հ, եկար վերջապէս, ո՜վ աշուն,

Այրի հարսդ առանձին,

Չար հոգիք յուզմունքով դողդոջուն

Կ՚սպասեն քու դարձին,

Ծաղկահաս կուսանք շատ երազուն

Կը պաշտեն քու պատկեր,

Եւ դեղնած վարսերուդ ազազուն

Իրենց սիրտն է ընկեր։

Հետեւեալ վառիանթը ինծի նուազ անկեղծ ու նուազ spontané կը թուի.

Ա՜հ, եկար վերջապէս, ո՜վ Աշուն,

Այրի հարս վիրաւոր,

Աղջիկներ թարմ, մատղաշ ու նախշուն

Քեզ կ՚անձկան իրաւոր ?

Հոգիներ ծաղկահաս, երազուն

Զքեզ միշտ կը պաշտեն,

Ժողվելով նշխարներդ ազազուն

Անտառէն ու դաշտէն։

Եւ կամ՝

Ծփանուտ ծով մը վարսերու, մեծ հեղեղ,

Բարձին վըրայ կը թափթըփէ իր ոսկին,

Որուն ալիք, գանգուր թելեր, զերթ բաղեղ,

Ճակտէն մինչեւ ծունկերն ինկած՝ սողոսկին։

Վերջին երկու տողերը աշխարհաբարի սիրուն ինկած են տարտամութեան ու գաղափարի անճշտութեան մէջ.

Որուն ծուփքը, գանգուր թելեր՝ զերթ բաղեղ,

Գալարուելով կ՚իյնան որ հոն սողոսկին։

Բայց հասկնալի է անտարակոյս թէ ճարտար ու յաջողուած retoucheներ ալ չեն պակսիր, ինչպէս.

Եւ կը նիրհէ, շունչը սիւգի պէս բարակ

Մեղմ ու անուշ օրօրում մ՚է բուրմունքի։

Վերջին տողին մէջ միակ բառի մը փոփոխութիւնը տեսէք թէ ի՛նչ հրաշք գործած է.

Մեղմ ու անուշ բուրվառում մ՚է բուրմունքի։

Ինչ որ ես պիտի ուզէի մատնանշել, սա էր թէ, ըստ իս, լաւ կ՚ըլլար որ քանի մը հնագոյն ոտանաւորներ կամ իրենց վառիանթները գոյութեան իրաւունք ունեցած չըլլային այս չքնաղ փունջին մէջ, եւ մենք բնաւ չհանդիպէինք անանկներուն որոնց մէջ հետեւեալներուն նման տողեր կան.

Ո՜հ ինչ ես դուն, ծով անմատոյց ու խորին,

Ո՞ւր է արդեօք սկիզբդ ու ծայրըդ քուկին։

Քանի մըն ալ ուղղագրական նկատողութիւններ։

Ոտանաւորի մէջ իբրեւ թէ վանկը ամբողջ ու լեցուն ցուցնելու համար աւելորդ կը նկատեմ ը ը յայտնի դնել այն տառերուն առջեւ՝ որոնք արդէն անձայն ը մը ունին, քանի որ, ամէն պարագայի մէջ, ը ը յայտնի գրուած ըլլայ կամ ոչ, վանկը բնաւ փոփոխութիւն չի կրեր, ըլլալով ինքնին լեցուն ու ամբողջ։

Կը թափառին շուրջս (ը)ստուերներ թանձրահոծ…

Զի մինակ եմ հոս դէմքերու հետ տ(ը)րտում…

Յայտնի երկդիմութիւններուն առաջքն առնելու համար միայն պէտք է գործածուի համր ը ը, հակառակ պարագային թարմարար մըն է։

Դարձեալ, եթէ վանկ մը աւելցնելու անհրաժեշտ պէտք չկայ, հարկ է ապաթարց գործածել կը ին համար այն ամէն բառերուն առջեւ՝ որոնք համր ը ով մը կ՚սկսին։ Այս ուղղագրական նկատողութիւնը կը պատշաճի նաեւ արձակին։ Այս պարագային, արձակի մէջ ը ին գործածութիւնը վատաձայնութիւն առաջ կը բերէ եւ ոտանաւորի մէջ վանկ մը կ՚աւելցնէ, վնասելով ներդաշնակութեան ու սահունութեան.

Քանզի կ(ը) սպասէր սիրելւոյն դարձին…

Սրտիս մօտիկ կ(ը)զգամ հրեշտակ մը բարի…

Անկախօրէն այս երկրորդական նկատողութիւններէն, որոնք Սիպիլի ազնիւ ու գեղեցիկ տաղանդին բնա՛ւ չեն վնասեր, իր հատորը չքնաղ գործ մըն է, վստահ ու վստահելի արտայայտութիւն մը՝ Գեղեցկին ու Արուեստին սրտապնդող հաւատքին։

Սիպիլ՝ մեր օրուան գրականութեան լաւագոյն բանաստեղծներէն է, ու լաւ բանաստեղծներէն մէկը՝ հին ու նոր հայ բանաստեղծութեան։

Մաղթելի էր որ մօտ օրէն հատորի մը ներքեւ կարելի ըլլար նաեւ ամփոփուած տեսնել իր նորավէպերուն ոչ նուազ հրաշալի ու ոչ նուազ գեղեցիկ փունջը, վասն զի գիրքը միայն կրնայ նուիրագործել տաղանդներուն ճակատագիրն ու դատավճիռը։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1902, 1 Յուլիս, թիւ 13, էջ 566-571


[1]            Սիպիլի ցոլքերը դեռ տեսնելու պատիւն չունեցանք։ Ծ. Խ.