Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱԶԱՏ ՄԱՄՈՒԼ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ազատութեան բարիքը լրջօրէն, բանաւոր եղանակով, ու լիովին կ՚վայելե՞նք մեք։ Առ այժմ այդ երեւոյթը չունինք, այնքան անկարգութիւն, անբեւեռ տարուբերում կայ մեր հասարակական ու գրական կեանքին մէջ։ Թերեւս ասիկա առաջին օրուան մը անվարժութիւնն է։ Ստրկութեան, ստրկամտութեան տարիներու ծանրակշիռ նախընթաց մ՚ունինք մեք։ Տեսակ մը հոգեբանական յոռի վարժութեամբ, մէկէնիմէկ անյարմար կ՚գտնենք զմեզ նոր կեանքի պայմաններուն։ Եթէ ազատութեան վախը, ի՞նչ հեգնութիւն, չի հալածեր այլեւս զմեզ, բայց ազատութեան ճաշակը նոր է մեզի համար։ Տղու մը տգիտութեամբ եւ անխորհուրդ երանութեամբ կ՚վարուինք ազատութեան հետ։ Այդ է պատճառն որ մեր հանրային ու գրական կեանքին մէջ տակաւին որոշ շրջագիծեր գոյութիւն չունին։ Ամէն բան պղտոր է դեռ եւ անձեւ։ Այսպէս, օրինակի համար, որոշ քաղաքական դաւանանքեր չունինք։ Նոյն իսկ ներկայ պայմանին մէջ՝ անոնց կարելիութեան վրայ խորհելու անընդունակ կ՚երեւինք։ Հին կործանարար վարժութեան շարունակութիւնն է այս։ Գրականութեան մասին ալ նմանապէս։ Չենք գիտեր թէ գրականութիւնը՝ աւելի քան մտքի թռուցիկ պերճանք՝ լուրջ բան մը կրնայ ըլլալ։ Կը թուինք անգիտանալ թէ՝ գրականութիւնը, նկատի առնուած իր զանազան սեռերուն մէջ, կրաւորական ու ներգործական կրկնակ մեքենականութեամբ մը պէտք է զսպանակաւորուի, մէկ կողմէ բղխելով ուղղակի ժողովրդի ընդհանուր կեանքէն, եւ միւս կողմէն ազդելով ժողովրդի կեանքին վրայ, իբր գերազանց facteur ընկերային բնաշրջութեան մէջ։ Գրականութիւնն ալ իր կենդանութիւնը պարտի ունենալ։ Այդ կենդանութիւնը կ՚շինուի ու կ՚սնանի գլխաւորաբար իր մէջ եռուզեռող գաղափարներուն ժամանակակցութեամբն ու ժամանակազանց նորութեամբը։ Իրաւ, ես չէի որ գաղափարի բացարձակ ու միակ պայմանին պիտի վերածէի գրականութիւնը։ Ոչինչ այնքան անկայուն ու հասարակաց է քան գաղափար մը։ Զայն մշակելու անձնայատուկ եղանակին մէջ կը կայանայ գրագէտին արժանիքը։ Բայց ինչպէս որ ճոխագոյն հանդերձանքներով պճնազարդուած խամաճիկ մը չապրիր, չապրիր նաեւ գրական գործ մը՝ առանց զինքը կենդանացնող գաղափարին կամ գաղափարներուն, որք իրենց ժամանակակցութեամբն ու նորաձեւ հանգամանքով մանաւանդ ուշագրաւ են։ Ուրեմն Թրքահայ գրականութիւնը, որ հանդերձանքի գրականութիւն մը եղաւ ցայսօր, եւ ասիկա բոլորովին առանց պատճառի չէր, պէտք է սկսի ըլլալ գաղափարներու գրականութիւն մը, ապրելու եւ ապրեցնելու համար։

Այսպէ՛ս ուրեմն, ես կ՚փափաքիմ որ քաղաքական ու գրական ըմբռնումներու կուսակցութիւններ առաջ գան, իրարու դէմ ու իրարու զուգահեռաբար, իբր լաւագոյն նշան ժողովրդի կենդանութեան։ Փիլիսոփայօրէն՝ կրնանք գիտնալ թէ կուսակցական միտքն որքա՜ն կ՚սահմանափակէ իմացականութեան իրաւասութիւնները։ Կուսակցական ըմբռնումը՝ անիրաւ, միակողմանի, անարդար է։ Վերլուծական իմաստասիրութիւն մը դիւրաւ երեւան պիտի հանէր կուսակցական մտքին ունայնութիւնը։ Ճշմարտութեան ըմբռնումին, ճշմարտութեան ճանաչումին բացարձակումն ու սահմանափակումն է այդ։ Բայց ի՞նչ աւելի անկայուն, ժամանակին ընթացքին վրայ, քան ճշմարտութեանց ըմբռնումը։ Նկատելի է սակայն որ, վերլուծական իմաստասիրութիւնը, իր ոչնչական (nihilistte) եզրակացութիւններով, ապրելու տենդը կ՚ջլատէ, եւ հոգիին մէջ առաջ կ՚բերէ տեսակ մը անկրականութիւն՝ որ անտարբերութիւնն է ապրելու յիմար զառանցանքին նկատմամբ։ Բայց եթէ իմացականութիւնն ու իմաստասիրութիւնն իրենց իրաւունքներն ունին, կեանքի կոյր բնազդը, ընկերութեան ծոցին մէջ եռուզեռ, ունի իր անտեղիտալի պահանջը։ Ընկերութիւնը կ՚ապրի՝ հակառակ ո՛ եւ է իմաստասիրական ոչնչականութեան։ Եւ ապրելու համար, պէտք ունի իր պարբերական կուռքերուն, իր պաշտամունքի առարկաներուն, զոր իմաստասիրութիւնը, ճանաչողութեան բնազդը (instinct de connaissance) պարբերաբար տապալելու ժխտական պաշտօն մը ստանձնած է (Նիչէ)։ Ընկերութիւնը պէտք ունի իր գաղափարասիրական (idéologique) աստուածներուն, որք իր կենդանութիւնը կ՚պատրուակեն։ Ընկերութեան մը բաղկացուցիչ տարրերը, որ չունին որոշ հետաքրքրութիւններ, որոշ կիրքեր, որոշ հետապնդումներ, կ՚նշանակէ թէ չունին իրենց ապրելու բնազդն արծարծող պատրուակներ։ Պէտք է կասկածիլ այդպիսի ընկերութեան մը յարատեւելու ընդունակութեան վրայ։ Կուսակցական ըմբռնումները՝ առաւելապէս ինքնապահպանման սկզբունքին, այսինքն՝ ընկերութեան այս կամ այն հատուածին սեփական շահերուն ու պահանջներուն սկզբունքին վրայ հիմնուած կ՚ըլլան։ Այդ շահերուն հետապնդումն ապահովութիւն իսկ է ապրելու կարելիութեան իւրաքանչիւր կուսակցական հատուածի համար։ Կուսակցական ըմբռնումները պէտք է յարատեւ բաղխին իրարու, յարաբերական յաղթանակ մը ապահովելով, քանի որ բացարձակ յաղթանակի մը գաղափարը ցնորք մը կ՚թուի մանաւանդ, այն ըմբռնումներուն, որք առաւելաթիւ մարդկայնութեան մը կենսունակութիւնն ապահովելու հանգամանքով կ՚ներկայանան։ Այդպէս ընկերութեան ծոցին մէջ հաւանականաբար առաջ կուգայ նաեւ տեսակ մը յարաբերական ներդաշնակութիւն, որ իտէալն է ո՛ եւ է ընկերային դրութեան։

Ըստ իս, այս նկատողութիւնը բաւական է բացատրելու ընկերութեան մը ծոցին մէջ կուսակցական ուղղութիւններու պէտքը, իբր ներքին կենսունակութեան պայման։

Ընկերային կեանքի ստեղծում մը պիտի յառաջ գայ այդպէս մեզի համար։ Եւրոպայի մէջ ամէնէն տգէտ գործաւորը, իր կեանքը շրջապատող պայմաններուն նկատմամբ տարօրինապէս արթուն գիտակցութիւն մ՚ունի։ Բռնակալութեան Ռէժիմը թոյլ չէր տար մեզի այդպիսի գիտակցութեան մը զարգացումին։ Այսուհետեւ այդպէս չպիտի ըլլայ սակայն։ Ժողովուրդը, ընկերութիւնն իր ապրելու գիտակցութեան զարթնումին քով, իր ապրելու իրաւունքին լիակատար վայելման մէջ պէտք է գտնէ ինքզինք։ Լրագրութիւնը կոչուած է մեծագոյն դեր մը խաղալու այս մասին։ Բայց մանաւանդ այս մտքով պատրաստուած ժողովրդային աժան հրատարակութիւններու վրայ պէտք է դնել լաւագոյն յոյսը։ Օրինակի համար, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն եւ Հնչակեան խումբը, որ կազմակերպուած կուսակցութիւններ են արդէն իրենց որոշ ծրագիրներով, լաւագոյն միջոց մը չէին կրնար ընտրել իրենց քաղաքական ու ընկերային դաւանանքներու ծաւալման համար։

Ի՞նչ կերպարանք պիտի առնէ զուտ գրականութիւնը՝ ազատ Ռէժիմի մը մէջ։ Ամէնէն առաջ, գրագէտը դուրս պիտի գայ իր ամրափակ մէկուսարանէն։ Ասիկա ազատագրումը պիտի ըլլայ նախ իր կազմուած զգացողութեան, յետոյ՝ իր ընդարմացած տաղանդին ու կաշկանդուած բանին (verbe)։ Այդ զգացողութիւնն այնուհետեւ պիտի թրթռայ ընկերական կեանքին հետ իր ունեցած շփումներուն ու շօշափումներուն համաձայն։ Գրագէտը շատ աւելի լայն ասպարէզի մը մէջ է այսօր, մինչդեռ երէկ կ՚խեղդուէր։ Գրագէտը, իր զգացողութեան եղանակին համեմատ, զինքը շրջապատող ընդարձակագոյն կեանքի մը հետ իր ունեցած առնչութիւնները պիտի բացատրէ այսուհետեւ։

Այդպէսով պիտի մարմին առնէ ազատ գրականութեան մը գաղափարը։ Եւ այս պայմաններուն մէջ որքա՜ն դիւրութեամբ պիտի կարենանք այլ եւս ընդունիլ՝ թէ երբեմնի ծաղրուած վաղուան գրականութեան հարցի լուծումին կ՚մօտենանք այսպէսով։ Հայ գրականութիւն մը՝ հայ, ամբողջովին հայ կեանքի մը արտայայտութիւնը մանաւանդ կրնայ ըլլալ։ Եւ ճշմարիտ ու հարազատ հայ կեանք մը՝ Հայաստանէն, երբեմնի գաւառին, մէջ կայ անժխտելի կերպով։ Ա՛յս բանն ըսել կ՚ուզէի տարիներ առաջ, երբ արծարծեցի գաւառի կամ վաղուան գրականութեան խնդիրը, եւ որ այնքա՜ն գիտակից կամ անգիտակից դատափետումներու, խեղաթիւրումներու եւ ծաղրանքներու պատճառանք տուաւ։ Հայ ազգային կամ ցեղային գրականութեան մը խնդրին հետ յաճախ կ՚շփոթուի ազգասիրական գրականութիւնը։ Բայց ոչ մէկ հանգիտութիւն կայ երկուքին միջեւ։ Ազգասիրական գրականութեան բացարձակ նպատակն է ազգային զգացումի խանդավառումը, աւելի կամ նուազ խտրական՝ անջատողական ոգիով։ Այս ճամբան դիւրաւ կ՚հաղորդակցի ազգամոլութեան ճամբուն հետ, աւելի կամ նուազ վատթար ճամբայ մը։ Մինչդեռ՝ ազգային գրագէտը գլխաւորաբար կ՚ձգտի պատկերացնել իր ցեղին կեանքը, անոր մէջ որոնել ու գտնելով դրական շարժառիթներ։ Ազգամոլ գրագէտ մը կրնայ յորջորջուիլ Քամառ Քաթիպա, թէեւ ինքը մանաւանդ ապստամբ եւ յեղափոխամիտ բանաստեղծ էր։ Ազգային գրագէտներ են՝ Պարոնեան, Թլկատինցի։

Ներկայ ժամանակին վրայ անդրադառնալով մանաւանդ, մեծ վախ ունիմ որ Մամուլի ազատութիւնը մեզի պիտի տայ ազգասիրական կամ նոյն իսկ ազատասիրական ծիծաղելի գրականութիւն մը։ Նկատելի է արդէն որ իր մատներուն մէջ փետուր մը բռնող ո՛ եւ է գրամարդ իրեն համար պարտականութիւն համարած է անպատճառ հայրենասիրական եղանակ մը ձայնանշելու։ Շատ դժուար բան է յաղթական դուրս գալ այդպիսի սեռէ մը՝ ուր ծիծաղելի չդառնալու համար անհրաժեշտ է ունենալ կարծես՝ Քամառ-Քաթիպայի մը վայրագ, բարբարոս, եզական իսկատպութիւնը։ Ազգասիրական գրականութիւնը կ՚մշակուի ամենաբուռն զգացումով։ Տաղանդաւոր գրագէտ մը ըլլալ չի բաւեր, կարենալ հանդիսանալու համար ազգասէր գրագէտ մը։ Այդ է պատճառը որ Դուրեան մը, Պէշիկթաշլեան մը իրենց կարեւորութեան մէջ կ՚նուազին, ամէն անգամ որ մոռնալով իրենց հարազատագոյն ընդունակութիւնը, նորութեան կամ ցուցասիրութեան անունով կ՚ուզեն ներկայանալ իբր ազգասէր բանաստեղծ։ Մեր քերթողները հարկ է ինքզինքնին ճանչնան եւ զգուշութեամբ վերաբերուին դէպ ի ազգասէր բանաստեղծի հմայիչ փառասիրութիւնը։ Ազատ քնարը ազատ քնարի՞ն համար, Ո՛չ, այդ աղմուկը ամէն պարագայի մէջ հանդուրժելի աղմուկ մը չէ, մա՜նաւանդ ազատութեան այս բարեբախտ օրերուն։

Սահմանադրական ռէժիմին հրատարակումը՝ մեր գրական կեանքին մէջ պիտի բերէ նաեւ կենդանութեան կարեւորագոյն տարրեր։ Նախ՝ մեր արտասահմանեան գրականութիւնն այլ եւս իր գոյութեան իրաւունքը մեծ մասով կ՚կորսնցնէ, ու կը վերածուի կրճատ ու սահմանափակ լրագրութեան մը, տեղական կարեւորութեամբ ու պէտքով։ Գրական եւ մտաւորական այն թանկագին ու լաւագոյն ուժերը, զորս բռնապետութեան կեդրոնախոյս հալածանքը հեռացուցած էր հայրենի ափունքներէն, ահա կ՚վերադառնան մեզի։ Բարիզի, Լոնտոնի, Ժընէվի, Պոսթընի, Գահիրէի եւ նման քաղաքակրթական օտար կեդրոններու մէջ մշակուած հայ գրականութիւն մը այլեւս անհասկնալի է մեզի համար։ Այդ հեռաւորութիւնները կ՚օտարացնեն, կ՚ցրտացնեն մտաւորական արդիւնաբերումը։ Հայ ընկերային ու մտաւորական կեանք մը շատ ըմբռնելի չէ այլեւս այդպիսի հեռաւորութիւններու մէջ։ Չերազ մը, Չօպանեան մը, Բաշալեան մը, Սվաճեան մը, Օտեան մը, Շահնազար մը, Սիսակ մը, Շաքլեան մը, Եարճանեան մը, Սինանեան մը եւ նմաններ՝ անմիջապէս մեզի հետ միայն հասկնալի եւ ընդունելի են այլեւս։ Հայրենիքին դռուըները լայնօրէն բաց են։ Այլ եւս դուրսը մնացողներուն ձայնը կրնայ անլսելի դառնալ։

Դեռ լաւագոյն ու կարեւորագոյն բարիք մը վերապահած է մեզի ազատ Մամուլը։ Թրքահայ եւ ռուսահայ երկու հատուածական տարրերը այսուհետեւ միայն պիտի կարենան զիրար լիովին ճանչնալ։ Ինծի համար, Հայ գրականութիւնը իր ամբողջութեան մէջ հասկնալի է իբր ռուսահայ ու թրքահայ մտաւորական կեանքին շաղապատումը։ Լեզուական տարբերութիւնը հիմնական ու մեծ խտրութեան մը պատրուակ պէտք չէ զօրէ հանդիսանալու։ Թրքահայն եւ ռուսահայը պէտք է զիրար ճանչնան ու զիրար ամբողջացնեն։ Որքա՜ն գէշ կ՚ճանչնանք զիրար։ Որքա՜ն կանխորոշութիւններ ունինք իրարու նկատմամբ։ Մենք, թրքահայերս, նորէն, հակառակ գրաքննական խստութիւններու, աւելի զիջողաբար կամ հետաքրքրօրէն, կ՚ճանչնանք մեր ռուսահայ կարեւորագոյն գրագէտները, սկսեալ Նազարեանցէն, Նալպանտեանցէն, Աբովեանէն, մինչեւ Րաֆֆի, Քամառ-Քաթիպա, Արծրունի, մինչեւ Ահարոնեան կամ Ադելեան։ Այս ծանօթութիւնն անտարակոյս շատ թերի է։ Բայց Ռուսահայուն համար Թրքահայ գրականութիւն մը գրեթէ բնաւ գոյութիւն չունի այսօր։ Ռուսահայը մենէ կ՚ճանչնայ Խրիմեան մը, Պարոնեան մը, Դուրեան մը. քիչ մը անունը լսած է Մամուրեանին, Պէշիկթաշլեանին, եւ ծանօթացած է մէկ քանի բանասէրներու հետ առաջինները թէ վերջիններն ըլլալով մանաւանդ հին սերունդի դէմքեր։ Իսկ նորերէն՝ Ռուսահայը կ՚ճանչնայ շատ շատ մէկ երկու յեղափոխական գրագէտներ։ Ահագին կանխորոշութիւն մը կ՚վարէ զինքը՝ Թրքահայուն, մանաւանդ Պոլսահայուն նկատմամբ։ Ի՞նչ ենք մենք իրենց համար, եթէ ոչ յաւիտենապէս անդարմանելի հոսհոսներ։ Այս մեղադրանքն եթէ բոլորովին անհիմն չէ, այդ կանխորոշութիւնն ու այդ տգիտութիւնը ներելի չեն սակայն։ Պէտք է ճանչնալ զիրար։ Ատոր համար ընդհանուր ծրագիր մը անհրաժեշտ է։ Թրքահայ եւ Ռուսահայ կարեւորագոյն հանդէսներն եւ օրաթերթերը պէտք է մասնաւոր աշխատակիցներ ունենան հին ու նոր երկու գրականութեանց փոխադարձ ծանօթացուցման գործին համար։ Թէ ի՛նչ բարիք կ՚սպասուի այդ փոխադարձ ծանօթացումէն, կարելի չէ մանրամասնել այս ընդհանուր տեսութեան մէջ։ Բայց ամէն պարագայի տակ անուրանալի է որ այս գիրկընդխառնումն երկու համացեղ՝ բայց տեղային ու միջավայրային տարբերութիւններով շեշտուած տարրերուն՝ շատ գոհացուցիչ արդիւնքներ պիտի տայ, փոխադարձ պատուաստումի մը ազնուացուցիչ բարիքը բերելով։ Օրինակի համար, Ռուսահայը պիտի սորվեցնէ մեզի գրականութեան մասին մեր ունեցած աւելի կամ նուազ թեթեւ ըմբռնումը սրբագրել։ Պիտի սորվեցնէ մեզի ձգտում ու գաղափար մշակելու վարժուիլ։ Պիտի սորվեցնէ մեզի՝ Հայ ժողովրդի տեւականութեան ու կենսականութեան տեսակէտէն, ընկերային խնդիրներու տրուելիք կարեւորութիւնը։ Պիտի սորվեցնէ մեզի՝ զգալ վերջապէս մեր ցուցասէր եւ հռետոր նկարագրին սնամէջութիւնն ու ծիծաղելիութիւնը, եւն. ։ Իսկ ինք, մեզի հետ շփուելով, պիտի զարգացնէ իր արուեստագիտական ճաշակը, գրականութեան մէջ՝ լեզուին տրուելիք մեծ կարեւորութեան մասին քիչ մը աւելի պիտի գիտակցի։ Ռուսահայ բանաստեղծը՝ պիտի սթափի իր հրապարակախօս վարդապետի դանդաղ եւ անհանդուրժելի տափակութենէն, ու պիտի ջանայ, եթէ ընդունակութիւն ունի, քիչ մը աւելի աւիւն, տաղանդ, ճաշակ, նրբութիւն եւ քնարերգութիւն մտցնել իր Պեգասոսի հեծւորի անճարակ ձիավարժութիւններուն մէջ։

Ազատ մամուլի վրայ ընդհանուր տեսութիւն մը ի հարկէ կարելի չի դարձներ մանրամասնութիւններու մէջ մոլորիլ։ Այդ աշխատութիւնը կ՚վերապահուի յաջորդական ուսումնասիրութիւններու։

 

«Բիւզանդիոն»,   Սեպտեմբեր 20 3 Հոկտեմբեր, 1908, թիւ 3644