Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ԵՊՍԿ. ՎԱՆՔԵԱՆ

Միջահասակ, թիկնեղ, հաստաբուն, ամրակուռ ատաղձով, եւ հակառակ իր վաթսուն տարիներուն, տակաւին հաստատապէս աշխարհի հողին վրայ խարսխուած, Ռոտոսթոյի արդի առաջնորդական տեղապահը պատուական հողային (type terrien) մըն է, արեւէն առուգացած կլոր լեցուն կարմիր դէմքով մը, զոր կը շրջանակէ թաւախիտ գռուզ մօրուք մը, պատահական ցանցառ ճերմակ թելերու աննշմարելի պիսակաւորումներով հազիւ թէ ձիւնոտած։ Հաւասարապէս թաւ յօնքերու մացառուտին մէջ, կը փայլին իր գորշ աչքերը, խուզարկելու, թափանցելու, եւ հաւատաքննելու անհանգստութեամբ մը յարաշարժ։ Վանքեան Սրբազան այդ աչքերով կը ջանայ վերէն վար չափել զքեզ, բայց ամէն անգամ մէկ հարուածով չի յաջողիր, կ՚ենթադրեմ։

Ինքը կը վերաբերի մեր ամուրի եկեղեցականներու այն դասակարգին՝ որք ոչ մէկ օճախի չպատկանելու պարծանքովը պիտի ուզէին պարծենալ։ Ո՛չ արմաշական է, ո՛չ Երուսաղէմացի. պարզապէս ձեռնասունն է անմոռանալի եպիսկոպոսի մը, որ նշանաւոր հանդիսացաւ ներկայ ժամանակիս ոգիին տեսակ մը ըմբռնումով ու պատշաճումով։ Կ՚ենթադրեմ թէ Վանքեան Եպիսկոպոս այս տեսակէտէն բաւական բան սորված ըլլայ իր սրբազան վարպետին մօտ անցուցած աշակերտութեան շրջանին։

Երբ Ռոտոսթոյի առաջնորդութեան հրաւիրուեցաւ, թեր ու դէմ էին իր մասին յայտնուած կարծիքները, ինչպէս միշտ կը պատահի, նմանօրինակ պարագաներու մէջ։ Շատեր, նախընթացներու վրայ հիմնուելով, շատ հաւատք չունէին թէ պիտի կարենար ծայր հանել Ռոտոսթոցիներուն հետ։ Ռոտոսթոցիները համբաւաւոր հանդիսացած են միշտ իրենց առաջնորդական աղմուկներով։ Թադէոս Եպիսկոպոսէն ի վեր, որ միայն լուսաւոր համբաւի ակօս մը կը քաշէ իր ետեւէն աւանդութեան մէջ, այն պատուական Թադէոս հայրսուրբը, որ խիստ լաւ գնահատում մը ըրած էր Մալկարայի սերին ու թութմաճին, Ռոտոսթոցիները ուզածնին չգտան։ Գէորգեան սրբազան, որ եթէ չեմ սխալիր մաքուր եկեղեցական մըն էր, գովեստով չի յիշատակուիր։ Ռոտոսթոցիները տոլմաճի անուանած են զինքը, թէեւ ես շատ չեմ հաւատար թէ տոլմաներու հետ շատ հաշտ որովայն մը ունեցած ըլլար այդ անկեղծօրէն եկեղեցասէր ու դպրոցասէր պատուական նահապետը։ Հմայեակ Սրբազան, որ անուրանալի կերպով կարող առաջնորդ մըն էր, իր փափուկ մարդու դիւրազգածութիւններով, իր խստութիւններով ու բծախնդրութիւններով շնորհ չգտաւ։ Թերեւս չափազանց նրբամիտ էր ու ծածկամիտ։ Ասլանեան Եպիսկոպոս, չափէն աւելի անկեղծ, բարի կամեցողութիւններով լեցուն, սակայն երկար ատեն ջուր չկրցաւ խմել ապարդիւն պաշտօնավարութիւն մը ունեցաւ։ Անհեռատես, չափազանց յաւակնոտ, չափազանց ունայնասէր եւ անտանելի մեծաբան մըն էր Այվազեան հայր սուրբ, անընդհատ անհանգիստ էր ոսկեզօծ երազներով, որք հետզհետէ իրականացան։ Նախ եպիսկոպոս ըլլալ կ՚ուզէր. Աստուած փափաքին հասցուց զինքը. յետոյ, իր հանգիստը գնաց գտնել Նեղոսի ոսկեխառն ջուրերով ոռոգուած արգաւանդ ափերուն վրայ։ Ուրիշ վարդապետ մը բնաւ չկրցաւ համաձայնիլ։ Անղեկ մարդ մըն էր. շատ մը բաներ ըրաւ, ըսին իրեն համար, տխուր, անարժան բաներ, որոնց արդիւնքն այն եղաւ թէ այլեւս իրեն հնարաւոր չէր Ռոտոսթոյի աթոռին վրայ մնալ։

Ահա՛ առաջնորդներու շարք մը, որոնց դէմ Ռոտոսթօ գանգատող կը մնայ։ Ինչո՞ւ։ Իր բաղդէն, բոլորն ալ անյարմար, ապիկար առաջնորդնե՞ր էին ուրեմն։ Կամ թէ արդեօք Ռոտոսթօ խիստ քաղաքակրթուած ու խիստ դժուարահա՞ճ թեմ մըն է։ Բայց մանաւանդ կը թուի թէ աւելի ճիշդ է ըսել որ Ռոտոսթոյի հայ ժողովուրդը անհամբոյր (intrétable) ժողովուրդ մըն է, եւ որ է դիտողութիւն կամ քննադատութիւն տանելի չեն իրեն համար։ Ուստի եւ երբ ըսին թէ Վանքեան Սրբազան քիչ ատենի մէջ կրցած էր համակրութիւն ու համարում վայելել, քիչ մը անհաւատալի թուեցաւ։ Բայց հիմա որ զինքը քիչ մը կը ճանչնամ, կը հաւատամ թէ շուտով չպիտի խախտի իր պատուանդանէն, զոր ամուր պահելու համար բազմաթիւ գործնական յատկութիւններով օժտուած է։

Ամէնէն առաջ, Վանքեան Սրբազան ցոյցի մարդ չէ. պերճանք, ծեքծեքում, յաւակնոտ եղանակներ իրեն համար չեն։ Վերջին աստիճան պարզ եւ դիւրահաղորդ մարդ մըն է, չափազանց ժողովրդային, ու քիչ մը ատկից աւելի։ Ի Մալկարա իր քարոզներէն մէկին մէջ ըսաւ արդէն թէ ինք ժողովուրդին մարդն է, կ՚սիրէ ժողովուրդը, թէ ինք անոր հետ միայն կրնայ ըլլալ։ Սիրուելու համար սիրել պէտք է։ Եւ ժողովուրդն այնքան իրեն մօտիկ ու իրեն նմանող գտաւ այս պարզամոլ (simpliste) եկեղեցականը։ Վանքեան Սրբազան իրեն դէմ հակառակութիւններ չի հաներ բնաւ։ Փորձառաբար, մարդոց հոգեբանութիւնը կը ճանչնայ, չափազանց գգուոտ ձեռք մը ունի, եւ երբէք ագահ չէ իր փաղաքուշ գնահատումներուն մէջ. ընդհակառակը, ու գիտէք թէ մարդիկ ի՞նչ աստիճանով զգայուն են փաղաքշանքին նկատմամբ։ Ճշդիւ հոգեբանական այս ճկունութիւնն է որ Վանքեան Սրբազանը կը մղէ յաճախ անկարելի ներողամտութիւններուն։ Այսպէս, հանրային գործերու կաղացումներուն ու տկարացումներուն մէջ ոչ ոք դատապարտելի է իրեն համար, նոյն իսկ յայտնի պատճառն ու զեղծանողը։ Որքա՛ն քրիստոնէական ոգի կայ այս վերաբերումին մէջ։ Վանքեան Սրբազան երեւոյթները կը խնամէ։ Վճռական շարժուձեւերն իրեն համար չեն։ Թերեւս զանոնք կը գտնէ անխոհեմ ու ժամանակիս ոգիին անյարմար։ Փտած թեւ մը, խորտակուած անօգուտ դարձած ոտք մը կտրել նետելու քաջութիւնը չունի։ Հեշտիւ կը գոհանայ բարեքիչներով (palliatif) ու մնացածը կը թողու բախտին։ Այս է իր թեմական գործունէութեան եղանակը. Մեթոտի խնդիր, հետեւապէս, աւելի կամ նուազ վիճելի։ Վասնզի վերջապէս փոփոքիչ մը առաւելապէս վաղանցիկ ամոքում մը առաջ բերելու կը ծառայէ։ Վանքեան Սրբազան, որ առակներուն այնքան կարեւորութիւն կը թուի ընծայել, չի յիշեր այն անգամ աւետարանին խօսքը. «ամենայն ծառ…»։ Յիսուսի ջատագոված մեթոտը վճռական է ու հատու։ «Եթէ աջ ձեռն քո գայթակղեցուցանէ զքեզ, հատ զնա եւ ընկեա ի քէն» եւ «եթէ փոքր մի խմոր զամենայն զանգուածն խմորէ։ Սրբեցէք ի բաց զհին խմորն…»։ Բարոյական վիրաբուժութեան ու քիմիագիտութեան այս դեղագիրները հիմնական են ու փրկարար։ Վանքեան Սրբազան քիչ օրէն դարձեալ խոստացած է Մալկարա գալ։ Տեսնենք այն ատեն։ Ո՜վ գիտէ, կրօնականները հնարագիտութիւննե՜ր ունին։ Պօղոս առաքեալ, «առ Կորնթացիս» գրելով, տեղ մը ըսած է. «զի եթէ եկից երկրորդ անգամ, ո՛չ խնայեցից…»։

Եկեղեցիին մէջ՝ Վանքեան Սրբազան՝ եկեղեցական պետի մը արժանավայել նախանձախնդրութիւններ ու խստութիւններ ցոյց կուտայ։ Չի ներեր որ պատահի որ եւ է թերութիւն կամ անկարգութիւն, երգեցողութեանց, արարողութիւններու կամ ընթերցուածներու մէջ։ Եւ այս նախանձախնդրութիւնը, սաստկութեան վայրկեանի մը մէջ, կարելի կը դարձնէ բարկութիւններ, կշտամբանքներ, ի կարգ հրաւիրումներ, զորս Վանքեան Սրբազան ըստ բաւականին կորովի ու ձայնաւոր եղանակով մը իր շուրջի տէրտէրներուն, լուսարարներուն ու մոմակալներուն հարկադիր ընելու չի վարանիր, ի հարկէ մտքէն իսկ չանցնելով թէ, յանուն կարգապահութեան ի ցոյց բերուած այս նախանձայուզութիւնները՝ կարգին մէջ խզումներ կրնան նկատուիլ։ Բայց Վանքեան Սրբազանին տէգերը չեն վիրաւորեր։ Մէկ ձեռքով կ՚ապտակէ, միւսով կը գգուէ, առաջ բերելով տեսակ մը տպաւորութիւն, որ կը շփոթեցնէ։

Առաջին պատեհութեամբ մը, Վանքեան Սրբազան, բեմին վրայէն պարծանք համարեց ըսել թէ ինք «անանկ շատ ուսումնական» եկեղեցական մը չէր։ «Այլ վասն անձին ինչ ոչ պարծեցայց, բայց եթէ ի տկարութիւնս», ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը։ Գովելի համեստութիւն եւ ինքնաճանաչութիւն, որուն ըսելիք չկայ։ Եւ իրաւամբ, իր քարոզները չունին աստուածաբան վարդապետի մը յաւակնոտ հռետորական ուռուցիկութիւնները։ Անոնք ժողովրդային են, նոյն իսկ քիչ մը շատ ժողովրդային։ Ռամկին բան հասկցնելու համար, քիչ մը իր ոճով խօսելու է, այնպէս չէ՞։ Յետոյ նաեւ, Վանքեան Սրբազան միշտ առակներով կը բացատրէ իր միտքը։ Առակը, ճարտար, իմաստուն ու պատշաճաւոր կիրառութեամբ մը, լաւ արդիւնքներ կրնայ տալ, անտարակոյս։ Վարդապետներու վարդապետն ալ յաճախ այդ միջոցին չէ՞ր դիմեր միթէ, ուսուցանելու համար տգէտ եւ անպատրաստ ժողովուրդը. «վասն այնորիկ առակօք խօսիմ ընդ նոսա, զի տեսանեն եւ ոչ տեսանեն, եւ լսեն եւ ոչ լսեն եւ ոչ առնուն ի միտ»։ Ռամկին գլուխը բաւական բարակ չէ, դժբաղդաբար։ Վանքեան Սրբազան շատ լաւ գիտէ ատիկա, ու թերեւս այդ է պատճառը որ իր վարուելու եղանակին մէջ չափազանց ժողովրդային բան մը կայ, որ միեւնոյն կերպով չազդեր ամէն մարդու վրայ։

Մալկարայի մէջ, ուր երկու անգամ իր սուրբ աջը համբուրելու բաղդն ունեցայ, Վանքեան Սրբազան պարզեց գործունէութեան յայտնի եռանդ։ Իրաւ է թէ գործունէութեան եռանդն ամէն բան չէ։ Բայց առաջնորդ մը առ առաւելն միջոց կրնայ հանդիսանալ հասարակութեան մէջ պահծու, քնացող ուժերը դրդելու, երեւան հանելու։ Եթէ անոնք բնաւ գոյութիւն չունին, առաջնորդ մը չստեղծեր զանոնք, երբեմն կը պատահի որ այդ ուժերը խիստ թաքուն կը մնան։ Սովորական հնարքներն անբաւական են զանոնք երեւան բերելու։

Վանքեան Սրբազան աշխատեցաւ կիսաւարտ դպրոցին շինութիւնը լրացնելու։ Կը յուսանք թէ կը յաջողի։ Իր երկրորդ գալուստը վճռած կ՚ըլլայ զայդ։ Նոյն պատեհութեամբ, Սրբազանը մտադիր է եղեր նաեւ ձեռնադրել քանի մը քահանաներ։ Զանազան թեկնածութիւններ յաջողցնելու եւ ուրիշներ սայթաքեցնելու համար, այս առթիւ, ի՞նչ ողորմելի դիւանագիտութիւններ, ի՞նչ գծծութիւններ, ի՜նչ չարախօսութիւններ, ի՞նչ կիրքեր, ի՞նչ թարթիւֆութիւններ, հանդիսասրահին վրայ։ Այս անօրինակ եռանդը ցոյց տուողը Մալկարայի անտարբեր ու մեռած ժողովո՞ւրդն է ուրեմն։ Զարմա՜նք. մինչդեռ Մալկարան այնքա՜ն անխնամ հանրային հիւանդութիւններ ունի անդին։ Ո՜հ, այս մարդիկ, որ յանուն քրիստոնէութեան իրարու սիրտ կը դաշունահարեն, որ մութին մէջ զիրար կը հալածեն, արդեօք որքա՛ն երջանկութիւն պատճառած կ՚ըլլան Անոր որ աստուածային միամտութեամբ մը օր մը լերան քարոզը խօսեցաւ, ու մարդկութիւնը հովուական կենցաղի մը անմեղութեան ու բանաստեղծութեան մէջ տեսնելու իտէալին համար խաչուեցաւ։ Յաւիտենական պատմութիւն, յաւիտենական հեգնութիւն։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1907, 26 Սեպտեմբեր, թիւ 39, էջ 973-976