Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի՜ՆՉՊԷՍ ԿԸ ՓՃԱՆԱՆ

Անցեալ օր Թլկատինցիէն, գաւառացի անզուգական գրագէտէն, նամակ մը կը ստանամ, որուն մէջ իմ սիրական լուսաղբարս, տաքուկ մտերմութեամբ, ինծի կը պատմէ իր կեանքէն, կը բացատրէ իր յուսախաբութիւնները, արցունքով ուռած շեշտի մը մէջ խտացնելով անհուն, անկեղծ ցաւը, իր վարժարանին փակման, այդ սրտի ու մտքի համեստ բոյնին, ուրկէ Զարդարեաններու մատաղ երամներ ամէն տարի թռցնելու յոյսն ալ՝ ցաւի մը կը փոխուի այսօր իրեն ու գրականութիւնը սիրողներուն համար։ Ժամ չունին եղեր. դպրո՞ցն ի՛նչ ընէին. դպրոցը պիտի կրնա՞ր զմեզ արքայութեան ճամբուն մէջ դնել։ Այդ բանը աւելի կամ նուազ հոյակապ եկեղեցիէ մը պէտք էր սպասել։ Ահա՛ այս պատճառով վարժարանին յատկացուած տարեկան 15-20 ոսկիի գումար մը կը խնայուի, որպէս զի, երբ այդ գումարը օր մը հազարաւոր թիւի մը յանգի, ժամը կառուցանեն։ Ո՞վ սիրտ պիտի ընէր սիրուն գտնելու այս անհեթեթ հեգնանքը։

Բայց այս կէտը չէր որ նկատողութեան պիտի առնէի։ Թլկատինցին կը գրէ ինծի թէ ձանձրացած է ա՛լ վարժապետութենէն՝ որ իր հոգին քամեց։ Ու, աշխարհի ու իրերու գրքունակ՝ livresque ճանաչողութեան մը բոլոր պաշտելի միամտութեամբը, գաւառացի մենաւորիկ գրագէտը ինծի կը հարցնէ հայ մեկենասի մը հասցէն, որուն տրամադրութեան ներքեւ դնէր իր գրական վաստակներուն արդիւնքը, զաւկըներուն հացին փոխարինութեամբ։ Այս մտածման մէջ Թլկատինցին ինքզինք ու իր ազգը կը հեգնէ, կենդանի խորհրդանշանակութեան մը մէջ թանձրացնելով իր ժամանակին «հայ գրագէտ»ին ճակատագիրը։ Ինքը չէ՞ր գիտեր թէ այդ տեսակ բերք մը մեր հողը չի բուսցներ։ Այդ հաստատաբանութիւնն ալ թերեւս ապացոյցի պիտի կարօտէր սակայն։ Վասն զի ի՞նչպէս կարելի էր մոռնալ այն օրերը, ուր հայ հարուստները փառասիրութիւններ ունէին, ու, ամէնէ՛ն աղուոր տեսակէն, գաղափարասէր փառասիրութիւններ, անմահ փառասիրութիւններ, իրենց անունը՝ նոյնքան եկեղեցիի մը, որքան գրքի մը դրան վրայ արձանագրուած տեսնելու պատուական փառասիրութիւնը։ Այսօր սակայն մեր հարուստներու մտքին մէջ այդ զգացումն ալ յոռեշրջուած է։ Չենք ըսեր թէ այսօրուան հայ հարուստը ո՛չ մէկ փառասիրութիւն չունի. անիկա, իր վրան խօսել տալու իտէալին բաւարարութիւն տալու համար հեղինակ մը վարձատրելու կամ հանրային բարեգործութիւն մը ընելու հնաւանդ եղանակը այսօր շատ միամիտ ու գուցէ շիքէ զուրկ եւ քիչ մըն ալ ռամիկ կը գտնէ։ Գրականութեան վրայ խօսելով, խնդիրը այն է թէ մեկենասներու դարաշրջանը անցած է շատոնց, ու հայ գրագէտը, (կը զգա՞ք այս փայլուն անուանումին բոլոր հեգնութիւնը) իր աչքերը պէտք է հասարակութեան դարձնէ։ Եթէ մեկենասներու տեսակը անհետացաւ, պատճառը ա՞յն է արդեօք որ, տարուինականութեան համեմատ իրմէն աւելի զօրաւոր մրցակից մը, հասարակութիւնը ունէր իր դէմ։ Այն սքանչելի մտածումը թէ հայ գրագէտը, եթէ իրօք գոյութիւն ունենար ան, կրնար ապրիլ միմիայն իր մտքի աշխատութեան արդիւնքովը, շնորհիւ հայ հասարակութեան ներողամիտ ու առատաձեռն տրամադրութիւններուն, տարտամ մտքերու կնճռոտ գիտակցութիւնը միայն կրնայ գոհացնել։ Անոնք՝ հայ գրագէտն է որ կը փնտռեն, մենք ալ՝ հայ գրագէտին ապրուստը ապահովող հասարակութիւնն է, որ կը փնտռենք։ Օ՜ն ուրեմն, ո՞ւր են մեր հրատարակիչները, ո՞ր ծակը մտած են, փնտռելու համար «հեղինակ»ը. ես իրեն պիտի ներկայացնեմ զայն։ Թլկատինցին այսօր վիպասանութեան ու թատրերգութեան քանի մը հատոր ձեռագիր կը պահէ իր դարակներուն մէջ՝ մուկերու կեր։ Մրմըրեանին ձեռագիրներու ցանկը տեսանք իր վերջին հրատարակութեան կողքին վրայ. Ռուբէն Զարդարեանն ալ ունի պատրաստ աշխատութիւններ, ու այս տողերը գրողը, առանց յաւակնութեան, մէկ երկու հատոր ցափռտուքի վրայ նստած կը մտմտայ։ Արտադրելու այս եռանդը սակայն երիտասարդական կրակով մը միայն կրնայ ապահովուիլ։ Չուշանար այն օրը, ուր ապրելու դժուարութիւնը աւելի զօրաւոր ու անտեղիտալի կը դառնայ քան գրելու եւ արտադրելու ներքին պէտքը։ Կեանքի ֆիզիքական պահանջները մեծապէս կը վնասեն ամէնէ՛ն անկեղծ տրամադրութիւններուն ու ամէնէ՛ն ճշմարիտ կոչումներուն ինքնուրոյն բողբոջման։ Արդիւնքը պատճառի տեղ ընդունելու հնարամտութիւնը տկար մտքերու մէջ միայն կրնայ հիւրընկալութիւն փնտռել։ Այսօր չէ թէ հայ գրագէտն է որ գոյութիւն չի կրնար ունենալ, հապա այն՝ թէ հայ հասարակութեան հաւաքական գիտակցութիւնը սխալ մշակուած է՝ գրագէտին ու գրականութեան նկատմամբ ունեցած իր ընդհանուր տրամադրութիւններուն մէջ։ Միամտութիւն չէ՞ առաջ քշել դասագրքերու սպառման երեւոյթը կամ օրաթերթերու յաջողութիւնը։ Մեր հասարակութիւնը չէ թէ գրականութիւնը, գրական հանդէսը, այլ լրագրա-գրականութիւնն է որ կրնայ միայն ապրեցնել, իր զարգացման ընդհանուր աստիճանին համեմատ։ Այս եղած է արդէն պատճառ որ եւ է զուտ գրական-իմացական հրատարակութեան անյաջողութեան։ Այս է պատճառ որ, նորէն, Սիպիլ մը իր տաղանդին յաջողութիւնները փոխանակ փնտռելու իր բանաստեղծի խմորին մէջ, քերականի ու հայկաբանի մտահոգութիւններու մէջ կ՚ամփոփուի։ Անդին, Թլկատինցին, Ռ. Զարդարեանը եւ ուրիշներ, տարբեր կերպով պիտի այլասեռին իրենց տաղանդներուն մէջ, ու ամբողջ անհատականութիւններ պիտի փճանան։

Այո՛, մեր հասարակութիւնը անհիւրընկալ է մտքի կեանքին ու իր հետեւանքներուն։ Անոր համար է որ մեր գրականութիւնը չի յաջողիր։ Ինչո՞ւ չեն հեղինակեր Զօհրապ, Պէրպէրեան, Մամուրեան, Դուրեան եպիսկոպոս, Թէրզեան, Աղեքս. Փանոսեան, Աճէմեան, եւ ուրիշներ, ամէնքն ալ հեռու սովորական médiocritéներ ըլլալէ։ Գրականութիւնը ա՛յն ատեն պիտի հասնի իր բանաւոր բարոյական ու գեղեցկագիտական բարձրութեան, երբ գրագէտը գործնականապէս ու դրապէս ի վիճակի գտնուի զայն իր կեանքին գործը, կեանքին ապահովուած զբաղումը տեսնելու։ Հակառակ պարագային, երիտասարդութեան թափէն մղուած amateurներ միայն պիտի ունենանք, որոնք գրչի սահմանափակ գործունէութիւն մը ցոյց տալով պիտի բաւականանան։ Այս պայմաններուն մէջ գրականութիւնը, իբրեւ միայն թռուցիկ պերճանքի նիւթ ու թեթեւ ժամանցի առարկայ, չի հասնիր իր բարձրագոյն զարգացման, իր իսկական նշանակութեան։

Սպասելով այդ երջանիկ իտէալին իրականացման, Թլկատինցին ու իր նմանները կը փճանան անդարմանելի կերպով։

 

«Մասիս», 1900, 2 Դեկտեմբեր, թիւ 36, էջ 567-568։