Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՆԱՆՑ ՅԱՏՈՒԿ ԹԵՐԹԸ

Երբ առաջին անգամ մտքիս ներկայացաւ մերթ ընդ մեր գրական քրոնիկի վերնագիր մը շահագործելու գաղափարը, չէի յուսար թէ լուրջ զբաղման նիւթ արտադրելու ընդունակ շահաստան մը պիտի կարենայի գտնել հոն։ Միշտ համոզուած չե՞նք թէ՝ աղքատ ու անշուք գրականութիւն մը ունինք Պոլսոյ մէջ, եւ աւելի կամ նուազ միամիտ ու սրտառուչ լաւատեսութեամբ մը զայն մեր խօսակցութեանց ու կարծիքներու փոխանակման նիւթ կ՚ընտրենք։ Կը խորհիմ հիմա սակայն, սրտաբեկ հեգնութեամբ մը, թէ մեր քիչը աւելի շահեկան կրնար նկատուիլ ամէն պարագայի մէջ այն շատէն՝ որ մերը չէր բնաւ։ Երբ մարդ խղճամիտ հետամտութիւն մը ունենայ գրական շարժումին, իր շուրջը կրնայ գտնել միշտ՝ ուշադրութեան առարկայ դառնալու արժանի երեւոյթներ եւ անոնց վրայ օգտակարապէս խորհրդածելու տրամադրութիւն մը գտնել իր մէջ։ Զարմանալի յամառութիւն մը կը յատկանշէ մեր տոհմը։ Հակառակ տնտեսական պայմաններու անձեռնտու խստութեան, հակառակ հացի պայքարին ստացած անձկալի դժուարութեան, տակաւին մտաւորական ու գրական մթնոլորտի մը մէջ շունչ առնելու ոգեւորութեամբ ու կարօտով առլի հոգիներ գոյութիւն ունին, նոյնքան գաւառներուն՝ որքան Պոլսոյ մէջ։ Անտարակոյս, այս նկատողութեանց սահմաններէն դուրս կը մնայ արտադրուած գրական գործունէութեան կամ մանաւանդ խլրտումին քանակական ու որակական հանգամանքները ճշտելու պարագան։

Ապահովաբար գրական երեւոյթներու կարգին մէջ կանանց յատուկ հանդէսին՝ առանց յատուկ կաղանդի բացառիկ թիւը ուշագրաւ կրնայ համարուիլ։ Խմբագրութիւնը ուզած է շատ հաճելի անակնկալ մը ընել իր ընթերցուհիներուն, որք տեսարանին վրայ շրջազգեստներու, պլուզներու եւ կապոյտ-գուլպաներու (Bas-bleu) միայն սովոր էին հանդիպելու։ Այս անգամ անակնկալ կերպով տեսարան կ՚իջնեն վեղարներ, շուրջառներ, տաբատներ, ռըտէնկօթներ։ Դուրեան Եպսկ. սքանչելի բանաստեղծութիւն մը կը ձօնէ կանանց հանդէսին, Վէռլէնեան շունչ մը թրթռացնելով իր տողերուն մէջ.

Եթէ ինձմէ «ձուկ» ուզողին

«Օձ» մը տըւի զազրաթորմի,

Թո՛ղ սողամ մերկ վըրայ հողին՝

Ծովէն մինչեւ ծայրն Եդովմի,

Ու լորձունքովը քարփերուն

Թող կպրանայ մաղձս ու արիւն։

Հրանտ էֆ[էնտի] Ասատուր, յոյժ արժանաւոր ու յարգելի գրագէտ մը, այս անգամ ալ կուտայ հակիրճ՝ բայց հիւթեղ ուսումնասիրութիւն մը հայ գրագիտուհիին վրայ մինչեւ Կիթառ։ Հրանտ էֆ[էնտի] Ասատուր այն հազուագիւտ գրողներէն է, որք իրենց մշակած ամէնէն ցամաք նիւթերը հաճելի ու շահեկան ընելու գաղտնիքը գիտեն։ Բանաստեղծութիւններ ունին՝ Տիրայր Վարդապետ, այս վարդապետը ամէն սեռ կը մշակէ, Մկրտիչ Աճէմեան, որ անակրէոնեան սիրուն քերթուած մը կուտայ, Թաւշանճեան էֆէնտիին ձօնուելու արժանի յատկութիւններով պճնուած. Թովմաս էֆ[էնտի] Թէրզեան, որ Հիւկօէն կը ներշնչուի հնաբոյր լեզուով մը. Փանոսեան՝ որ միշտ լաւ կը գրէ երբ նմանողաբար կը գրէ. Տէր-Յակոբեան՝ որ տարտամ, շփոթ ու արձակունակ «Ինճէ Սազ» մը լսելի կ՚ընէ. Պարսամեան՝ որ յաջող քերթուածով մը Առիւծի սէրը կը տաղէ. Վահան Թօշիկեան՝ որ Յանգապատումի մը մէջ տան հիւրերը կը մեծարէ, եւ Արտաշէս Յարութիւնեան, որուն Մաշած Պատկերները, եղանակի՞ն ազդեցութեամբ արդեօք, եղած են Ձմրան Պատկերներ եւ քերթուածին երրորդ տունը անճանաչելի կերպով այլանդակուած է։ Յարութիւնեան՝ որ չափազանց խիստ բծախնդրութիւն մը ունի իր մտքի զաւակներուն հարազատութեան պահպանման մասին, ցաւալի կը գտնէ ի գործ դրուած անխոհեմութիւնը՝ փափուկ սեռին պատկանող խմբագրապետուհիի մը կողմէ մանաւանդ։ Ֆէմինի՞սմ, բայց չէ՞ք կարծեր որ անհեթեթ է։ Անցնինք։

Տէմիրճիպաշեանէն՝ հատուած մը յաւիտենական Նիրվանային նուիրուած։ Գայսէրեանէն՝ ռէքլամ-Բաց-Նամակ մը՝ կնամեծար ոճով՝ ուղղուած թերթի խմբագրապետուհիին։ Քասիմէն յօդուած մը՝ Հարուստ կամ Հարուստի աղջկան վրայ. Երուանդ Տէր-Անդրէասեանէն՝ փորձ մը քնարաշունչ սաղմոսերգութեան. Արամ Անտոնեանէն՝ արհաւրալից պատմութիւնը Փարոսի Խորհրդաւոր պահապանի մը՝ որ վառելանիւթի պակասութեան վսեմ վայրկեանի մը մէջ ինքզինքը կուտայ ամենակուլ բոցերուն։ Զեղխ ու բռնազբօսիկ երեւակայութեան մը ջանքը դրած է Անտոնեան այդ երկար պատմութեան մէջ՝ որ չեմ գիտեր ինչո՞ւ պէտք եղածին չափ հաղորդական չէ ու անտարբեր կը թողու։ Յետոյ նաեւ իր սովորական եղանակով, նորօրինակ բառեր, կենդանաձիր, կինընծայ, պորփիւր, պորտապարար, պարգայիկ, պարաբոյր, եւն, բառարանական քաղուածքներ՝ ամենքն ալ։ Սիմօն Չէօմլէքճեան՝ որ յաջող առեւտրականներ գիտէր գրել, կեղծ sentimentalismeով ուռած փամփուշտ մը կը պարպէ։ Զաւեշտական մասնակցութիւն մը բերած են նաեւ՝ խեղկատակ Թոլայեանը եւ մի ինչ որ Թորոսեան Գրիգոր անուանակոչութեամբ գրական խրտուիլակի ստուերը։ Դիտմամբ ամէնէն վերջը թողուցի յիշել Պէրպէրեան էֆէնտին՝ որ խնամեալ, երկարաշունչ ու անկեղծ ոգիով յօդուած մը գրած է, «Կանանց թերթ եւ Ճշմարիտ ֆէմինիզմը» վերնագրով։

Պէրպէրեան էֆ[էնտի] իր հարազատ մտածումը ըսելու համար պէտք չէ տեսած մեղմաբանութեանց կամ կնահաճոյ փափկանկատութեան։ Այդ կարգի նկատողութիւններ՝ իրեն համար չեն այլեւս։ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] մանաւանդ խստիւ ու աններող ոգիով կը քննադատէ կնոջ ֆէմինիսդ ձգտումները՝ արդի քաղաքակրթութեան մէջ։ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] վճռականապէս կը դատապարտէ անխորհուրդ ու թեթեւամիտ ֆէմինիսմի մը բոլոր յետսապահանջումները, զորս կը նկատէ անբարոյացուցիչ ու վատթարացնող։ Այս բոլորին դէմ կը հանէ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] իր քրիստոնէական հոգեպաշտութեան (spiritualisme chrétien) չքնաղ իտէալը։ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] մաքուր բարոյագէտ մըն է եւ ամէն բարոյագէտի հոգւոյն մէջ միամիտ իւթոփիսդ մը կը սնանի։ Քաղաքակրթութիւններ՝ կուգան ու կ՚անցնին, վարուած անքննելի որոշագրականութեան մը կոյր մեքենականութենէն. մարդկութիւնը յարատեւ կը ծփայ կասկածելի ծովի մը անվստահելի լանջքին բոլոր քմահաճ պատահականութիւններուն ճակատագրուած ողորմելի խլեակի մը նման, ու մենք պահ պահ, ինչո՞ւ չէ, մեր սրտին ու մտքին իղձերն ու հակումները կը սնուցանենք՝ իտէալ բարելաւութեան մը ոսկեզօծ երազներով ու ցնորքներով։ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] պատուական բարոյագէտ մըն է. իրաւամբ, սքանչելի են իր խորհրդածութիւնները, միշտ շա՜տ գեղեցիկ է իր աւետարանական մաքուր իտէալը եւ, աւա՜ղ, այնքան թշուառ է մարդկութիւնը։

Բայց հոն ուր Պէրպէրեան էֆ[էնտի] կը թուի ամէնէն աւելի իրաւունք ունենալ կիները քննադատելու, այն է՝ երբ անոնք, խիստ պչրանքով մը, դռուըները կուզեն գոցել իրենց դրախտի հինաւուրց լուսաղբօր երեսին։ Մի՛միայն կիներէ խմբագրուած ու կիներու յատուկ հանդէ՜ս մը։ Բայց ասիկա շատ շահեկան է, այն հանգամանքով՝ երբ կիներ՝ դուռը ետեւէն կղպուած սենեկի մը մէջ հաւաքուելով, կը խօսին ու խելքերնուն փչածը կ՚ընեն։ Մենք գիտենք թէ իրենց համար այդ առանձնութիւնը ո՛չ տանելի է ոչ ալ լուրջ նկարագիր մը ունի։ Այդ է պատճառը որ տօմինօի հագուստով պչրագեղ մանկլաւիկներու գաղտագողի մուտքը կարելի կը դառնայ հոն, կապոյտ-գուլպաներու այդ քաղցրիկ շրջանակին մէջ։ Եւ սակայն, նկատեցէ՛ք որ, գայթակղութեան ու բամբասանքի պատրուակ մըն է այս պարագան։ Յետոյ, շարժուձեւը, որ զուտ ֆէմինիսդ նկարագրով մը եւ յաւակնութիւններով կ՚ուզէր ինքզինքը ներկայացնել, չաջողանք մը եւ պատրանք մը միայն կ՚ըլլայ։

Այո՛, ըստ հին առածի մը, քառասունին մէկ համեմատութեամբ, թողելու է որ կիները ուզածնին ընեն. ասիկա թէ՛ կը գոհացնէ զիրենք. կը մեղմէ իրենց դժուարապահանջութեան թափը, եւ թէ բանի մը չի վնասեր. մանաւանդ թէ՝ զուարճալի ալ է։ Օրինակի համար, այս անգամ՝ գրական կնակումբ մը ուզած են փորձել. ինչո՞ւ չէ։ Համբերող եղէք մինչեւ այն օրն՝ ուր դռուըները ինքնին պիտի բացուին, սրտազեղ ու կարօտակէզ հիւրընկալութեան մը մեծարանքներով։

Կը յիշէ՞ք թէ երբեմն կիներ՝ Բարիզի մէջ Frondeը հրատարակեցին։ Օրաթերթ մըն էր, կիներու կողմէ խմբագրուած ու մատակարարուած։ Մէկ երկու տարի միայն տոկաց։ Այսօր լուրը նորէն Բարիզէն կուգայ, ուր ֆէմինիսդ նոր օրաթերթ մը կը հիմնուի, կիներու նախաձեռնութեամբ, որ սակայն պիտի չարհամարհէ այր գրողներու աշխատակցութիւնը եւ մանաւանդ պէտք տեսած է հիմակուց ապահովել աշխատակցութիւնը Մարսէլ Բռէվօի, Բօլ է Վիքթոռ Մարկրիթի եւ ուրիշ շատ մը ծանօթ գրագէտներու։

Գիտական տեսակէտէ մը նկատուած, մարդկային ցեղին մէջ, ամէնէն իմաստուն կերպով ըմբռնուած ու ի գործ դրուած ֆէմինիսմ մը՝ այրերու գերակշիռ օժանդակութեամբ եւ յօժարութեամբ ձեռք բերուած ֆէմինիսմն է թերեւս։ Կ՚երեւի թէ չի կրնար ըլլալ որ առանց անպատեհութեան կին մը ինք իր գլխին ուզածն ընէ։ Բայց որքա՜ն սիրուն, որքա՜ն հեշտին, որքա՜ն պաշտելիօրէն կարելի է որ կին մը իր ուզածը ընել տայ ամէն ատեն, պայմանով որ քիչ մը գիտնայ թէ ի՛նչ է իր ուզածը։ Ասկից դուրս, մնացեալները, անխորհուրդ ընդվզումներ են, որք ընտանեկան ու ընկերական կարգերուն մէջ շփոթութիւն, պառակտում, անկարգութիւն միայն կրնան առաջ բերել, յանգելու համար օր մը՝ դառն յուսախաբութեանց ու անօգուտ զղջումներու։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1906, 15 Փետրվար, թիւ 8, էջ 185-188