Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

«ՆՈՐԱՎԷՊ»ԻՆ ՇՈՒՐՋ

Նորավէպ ին ծագումը, ստուգաբանութիւնը, բանասիրա-լեզուաբանա-քերականական կշիռը ճշդուեցաւ արդէն՝ ձեռնհաս վարպետներու կողմէն։

Տէմիրճիպաշեան՝ յուզուած ու խանդակաթ նամակի մը մէջ, այդ նորեկ բառին հայրութեան պատիւը իր վրան առաւ։ Իւթիւճեան, ակադեմական ոճով յօդուածի մը մէջ, հայերէնի այդ խորթ զաւակը բացարձակապէս չճանչնալ հռչակեց, յայտարարելով թէ այդ վնասակար մակաբոյծը մեր լեզուի նուիրական բուրաստանին մէջ իր պարտիզպանութենէ հրաժարման թուականը չպիտի կրնար նախորդել անպատիժ։ Գազանճեան բարեկամս ալ բաներ մը ըսեմ ըսաւ, ու լաւագոյն բանը ըսած եղաւ իր եզրակացութեան մէջ։

Հիմա ինծի, որ աւա՜ղ, ո՛չ բանասէրի համբաւ մը, ոչ ալ լեզուաբանի յաւակնութիւն մը ունիմ, ինծի ալ թոյլ պիտի տրուի՞ այս առթիւ կարծիք յայտնել։ «Բիւրակն»ի հմուտ խմբագրապետին ներողամտութիւնն է որ այդ մասին կը քաջալերէ զիս։

Նորավէպ բառը, ֆռանսերէնի nouvelleին սխալ թարգմանութիւնն է, ըստ իս։ Ֆռանսերէնի մէջ, nouvelle կը նշանակէ 1. լուր, եւ 2. conte կամ անկից քիչ մը աւելի կարճ վէպիկ։ Լուր մը, fait divers մը արուեստագիտօրէն պատմելու եղանակը, nouvelle բառին մէկ իմաստի եղանակաւորումովը, զայն գրական սեռի մը պիտակն ըրած է թերեւս։ Ասոր համար nouvelleի նորավէպ adaptationը սխալ ըլլալ կը թուի ինծի, նկատելով նաեւ թէ հոս այս բառը նորի գաղափարին հետ շատ հեռաւոր աղերս մը միայն ունի։ Արդ, եթէ առաջին անգամ ինծի վիճակէր այդ բառը հայացնելու երջանիկ դերը, եւ ուրախ եմ որ այդ բաղդը չունեցայ, պիտի ըսէի մանաւանդ՝ լրավէպ, մեր ապագայ ակադեմականներուն թոյլտուութեամբը։ Ու տակաւին խնդրէն պզտիկ շեղում մըն ալ ընելով, պիտի ըսէի թէ, հարկ չկար nouvelleը անպատճառ հայացնելու աշխատիլ, քանի որ վէպիկ աղուոր բառը չպիտի կարենար տարբեր բան նշանակել՝ բայց եթէ nouvelle, եթէ գործածութեան մը մէջ նուիրագործելու tacteը պակսած չըլլար մեր աշխարհաբարի ինքնակոչ վարպետներուն։

Այսօր սակայն, 20-25 տարիներու անդուլ գործածութեան մը մէջ, Սիպիլին, Զօհրապին, Կամսարականին, Տ. Արփիարեանին գեղեցիկ գրիչներուն տակ, նուիրագործուած, նորավէպ բառը՝ ա՜լ հայերէն բառ մըն է, եւ բացորոշ ու անտարակուսելի կերպով, կը նշանակէ nouvelle։ Բոլոր այդ «եթէ սանկ եղած ըլլար», «եթէ նանկ եղած ըլլար»ները, որոնցմէ հատ մըն ալ ես թխսելու միամտութիւնն ունեցայ, տղայական միամտութիւններ են ճշմարիտ բանասիրութեան առջեւ։ Ի՞նչ հարկ ուրեմն դատի հրաւիրել այդ անմեղ բառը, որ եկեր մտեր է մեր աշխարհիկ լեզուին բառացանկին մէջ, գրական սեռի մը անվերծանելի ու մեկին étiquetteին երջանիկ հանգամանքով։ Խնդիրն այն է թէ նորավէպ բառը տուն տեղ ըրած է մեր լեզուին մէջ եւ որքան ալ ջանանք չպիտի կրնանք զայն վռնտելով իր տեղը նոր մը բերել, ինչպէս շատ դիւրութեամբ սովոր ենք ընել մեր առաջնորդներուն կամ վարժապետներուն նկատմամբ։

Ուրեմն անօգուտ է քրտնիլ նորավէպ ին համար։

Հիմա, որքան կը կարծեմ, իր լեզուաբանական չարաճճի հետաքրքրութեան մէջ ալ գոհ է հայերէնասէր ամերիկուհին։ Երախտապարտ ըլլանք իրեն, որ, ինչո՞ւ չէ, Հայ գրականութեան ի նպաստ կարեւոր հարց մը երեւան բերաւ անուղղակի կերպով։ Վասն զի ո՞վ չզգաց ակադեմական անաչառութիւններու այս խստամբեր հովը, որ սկսած է փշրել մեր գրականութեան retraité վարպետներուն կողմերէն։ Կը խոստովանիմ, ու դուք ալ կը խնդրեմ որ ինծի հետ խոստովանիք թէ արդէն քիչ մը շատ ուշ մնացած ենք մեր կարգին զիրենք, սիրելի վարպետները, զրկելու համար պատկառելի գմբէթի մը ստուերներուն խաղաղ առանձնութեան մէջ, կանանչ էնթարիի մը, կամ, եթէ կ՚ուզէք, շապիկի մը լեցուն հմայքները ըմբոշխնելու, հպարտ ու արժանաւոր արհամարհանքի մը մէջ սոնքացած դէպ ի սա երէկի ճահիլ գրչակներ ը, վառեակնե՜ր …։

Ու կը տեսնէք թէ իրաւունք ունի Իւթիւճեան էֆէնտին, երբ հաւատաքննական ատեան մը կ՚առաջարկէ գրական հերետիկոսութիւններուն դէմ։

Միայն թէ ես իրեն չափ մոլեռանդ չեմ։

Խոնարհաբար պիտի համարձակիմ դիտել տալ թէ ուշ կամ կանուխ Հայ բառարանը իր ծոցէն կը վռնտէ բոլոր այն կամայականութիւնները՝ որոնք առտուն կամ իրիկուան դէմ տարտամ գրչի մը ծայրէն կաթած, յաւակնոտ ու անպատկառ մուտք մը կ՚ուզեն փորձել մեր լեզուին մէջ։ Ակադեմիաներ հիմնելու պէտք չկայ։ Այդ որ եւ է իրական նորութեան ու առաջդիմութեան հակազդեցիկ հաստատութիւնները կրնան պակաս ըլլալ մեզի համար, որքան ալ մեր ապագայ ակադեմականներուն երազը ատով չաջողանքի մը դատապարտուած ըլլայ։

Այն նորաշէն բառերը միայն կ՚ապրին, որոնք իրական պակաս մը կը լրացնեն եւ անհերքելի տաղանդի մը հմայքովը նուիրագործուած են։ Մնացածները ժողովրդի հաւաքական ճաշակը դուրս կը վռնտէ իբրեւ օտար եւ անպիտան նիւթեր, ինչպէս ծովին ալիքները դուրս կը նետեն դէպ ի եզերք՝ ինչ որ օտար է իրենց տարրին։

Գէթ ասոնք են ոչ-քերականի մը, ոչ-լեզուաբանի մը կարծիքները։

 

«Բիւրակն», 1901, 26 Մայիս, թիւ 21