Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԷՍ

Յուշատետրէս քանի մը էջ։

Թոյլտուութիւն չպիտի ըլլար այս յաւակնութեան։

Բայց ինծի կը թուի թէ անհատական գրականութեան շրջանակին մէջ, կրնայ իր նշանակութիւնն ունենալ երբեմն, երբ անվիճելի շահեկանութիւն մը՝ հանրային օգտակարութեամբ կը պսակէ։

Սոյն նկատողութեամբ է որ Թէոդիկին պատմութիւնը կուզեմ յիշել։

Աս տղան ի՜նչ ձիւներ փաթթեց գլխիս։ Ո՞վ ըսաւ իրեն, ո՞վ հաւանեցաւ որ հրատարակութեան տար անհատական նամակ մը, զոր իրեն ուղղելու գերագոյն անխոհեմութիւնն եմ գործեր, ատիկա հիմա՛ միայն կը զգամ։

Ու տեսէք թէ պզտիկ անհեռատեսութիւն մը ի՜նչ անտեղութիւններու դուռ կը բանայ եղեր։ Կը հաւատայի՞ք, գրական համակրութիւն մը մշակելու նպատակին մէջ, Թէոդիկին հետ անակնկալ կերպով գրական վիճաբանութեան մը բռնուած եղանք, վիճաբանութիւն մը՝ որ կրնայ երկարիլ մինչեւ աշխարհիս վախճանը, եթէ մարդ ատոր զարմանալի ախորժակն ու նախանձելի համբերութիւնն ունենայ։

Ու կացութիւնս տեսէք ինչի՛ յանգեցաւ։

Չէ՞ք յիշեր բնաւ աղուոր օր մը, լայն պողոտայէ մը անցնելու զուարթ միամտութեամբ՝ յանկարծ անել փողոցի մը մէջ ինկած ըլլալու քրտինք բերող հիասթափումը ունեցած ըլլալ։ Դէպ առաջ հնար չէ երթալ. ճամբան գոցուած է։ Ու գիտէ՞ք թէ ետ դառնալն ալ ի՛նչ դժուար, ի՜նչ ամօթ բան է։ Քովի անցորդներդ պիտի զգան թէ մոլորած օտարական մըն ես, ու քու անմեղ տգիտութեամբդ զուարճանալու cynique կոպտութիւնը չպիտի զգուշանան սքօղելու քու ամչկոտ նայուածքէդ։

Օ՜հ, տագնապի քառորդ ժամը։

Այդպիսի պարագաներու մէջ է որ ինքնիրեն մենախօսելու մխիթարող պէտքը երեւան կուգայ, եւ յուշատետրի մը մէկ քանի էջերուն անմեղ անգաղտնապահութիւնը՝ բաւարարութիւն կը կոչուի տալ շուարած մահկանացուին։

Բայց տեսէք ի՛նչ է խնդիրը։

Այս այնքա՜ն իսկատիպ, այնքան նկարագեղ ու պատուական գրողին, որուն վրայ միշտ կ՚սքանչանամ, անձնական նամակով մը միամտօրէն ըսած գտնուեցանք որ՝ իր սիրուն ու գեղեցիկ գրականութիւնը մաքրէր շուկային դարձուածքէն ու ջլթիկ, շլխտի ցուցասիրութեան արատներէն։

Ու չեմ գիտեր ինչո՛ւ այս ո՛չ հրապարակային դիտողութեան՝ «Չէ՛ այդ բանը չեմ կրնար ընել» կը սիրուի պատասխանել Մանզումէին ամենախօս բերնովը։ Ըսելիք կա՞յ։ Այն ատեն՝ նկատեցէք թէ ըսածս ինծի վերապահած եմ։

Դարձեալ, ըսած ըլլալու անխոհեմութիւնն ունեցանք թէ, հիմա որ իր ինքնուրոյնութիւնն գտած էր ալ, կրնար ու մանաւանդ պէտք ունէր իր միտքը կանոնաւորել՝ մեծ վարպետներուն ու մեծ մտածողներուն բարերար օժանդակութեամբը, թէ՝ օտարին մտերմութիւնը վնասակար էր միմիայն՝ ինքնուրոյնութենէ զուրկ նկարագիրներուն, թէ՝ բացարձակ individualismeին մէջ կարելի չէր փնտռել ամբողջական զարգացում։

Այս դիտողութեան կը պատասխանուի թէ ինքը բոլոր օրը զբաղուած է առեւտրական աշխատութիւններով, ու իր գանկը փոխանակ հեղինակներու՝ գործի մարդոց անուններով լենալ՝ պարպուելու վրայ է։

Ասոր ալ ըսելիք չկայ։

Իրարու դէմ վշտանալու պատճառ մը չունինք։ Եղածը կարծիքի վատնում մըն է միայն։

Եզրակացութիւնը սա է թէ՝ այս կէտերուն մէջ իրարու խօսք մտիկ ընելու վիճակուած չենք յայտնապէս։ Այն ատեն լաւ կ՚ըլլայ որ՝ բարեկամաբար ու անշշուկ՝ իրարու կռնակ դարձնենք, ու խնդիրը կը վերջանայ՝ առանց անհաճոյ միջադէպի։

Բայց գիտէ՞ք ամենէն յուսահատեցուցիչ կէտը ո՛րն է։ Այս պատուական տղան, այս երախտագէտ սանը, անպատճառ կ՚ուզէի որ ես դարձի եկած ըլլամ Պէրպէրեանի նկատմամբ, ու, իրենց հաճոյքին համար, թքածս լզած ըլլամ, այն հիմնական պատճառով որ յայտարարեր եմ թէ գրագէտ Պէրպէրեանին քով, զոր քննադատած եմ, կը խոնարհիմ ուսուցիչ Պէրպէրեանին առջեւ, որուն վրայ կը հիանամ։

Լա՛ւ ուրեմն, եթէ ասիկա անմեղ ֆանթէզի մը չէ, ապա ուրեմն ի՞նչ տեսակ յամառութիւն է։

Իսկ եթէ ատիկա ձեր բացարձակ պահանջն է, կը հասկնամ թէ հետերնիդ խօսք չըլլար, եւ ուսերս թոթուելով անդին կը դառնամ։

* * *

Անդին՝ ուրիշ երեւոյթ։

Պ. Նուպարեան՝ արժանիքի ուրացում կ՚անուանէ Ալփասլանին չյիշուիլը՝ Սիպիլի Ցոլքերուն գրախօսականին մէջ։

Ասիկա՝ քիչ մը զարմանալի է։

Կրնայի իմ գրական նկատողութիւններս ունեցած ըլլալ, այդպէս վարուելու համար։ Սպասելու էր որ կարծիքս յայտնէի Ալփասլանի մասին։ Առանց ատոր, ինչո՞ւ աճապարել՝ լռութիւն մը արժանիքի ուրացում անուանելու։ Հետաքրքիրները թող սպասեն աչքի առջեւ ունենալ մանաւանդ այն դիմաստուերը՝ զոր պատրաստած եմ ձեր սիրական բանաստեղծին նկատմամբ։

Ասիկա բան մը չէ։ Քննադատութիւններ քննադատելու անօգուտ յոգնութիւնը՝ օրուան նորոյթն է։

Տեսէք Մասիսի խմբագիր Տիգրան Արփիարեանը, որ Նուպարեանին բարեկամ մը չէ. կրնաք յիշել Մալխաս-Նուպարեան գրավէճը, ու անոր մէջ Մասիսի խմբագրին բռնած կողմնակալ ընթացքը։ Այլ ահա՛ Տիգրան Արփիարեան կը թուի հաշտուիլ Նուպարեանին հետ, ու կը ձայնակցի անոր, խստիւ պարսաւելու համար զիս թէ ինչո՞ւ Սիպիլի Ցոլքերուն գրախօսականին մէջ մոռնալ կը ձեւացնեմ Ալփասլանը, «որուն փայլուն արտադրութիւնները Մասիսի մէջ ալ հիւրընկալելու հաճոյքը ունեցած է» եղեր։ Ամենէն կարեւոր կէտը աս չէ՞ր արդէն։ Տիգրան Արփիարեան, որ ինքզինքը համեստ քրօնիկագիր մը հռչակելու խելացիութիւնն ունեցած է յաճախ, ինչո՞ւ չզգուշացաւ վճռելու թէ Ալփասլան Սիպիլէն գերազանցապէս աւելի գեղեցիկ քերթուածներ գրած է։

Բայց գիտենք, Պ. Արփիարեան, ձեր բարի աշխատակիցներուն նկատմամբ ձեր ազնիւ սրտին զգացած բուռն երախտագիտութիւնը՝ գովեստներու անլուր ու անօրինակ շռայլութեամբ մը փոխարինել՝ ձեզի համար նոր սովորութիւն մը չէ։ Գրականութեամբ հետաքրքրուողներէն ո՞վ չի գիտեր թէ՝ անձնական գժտութիւն կայ ձեր ու Սիպիլին միջեւ, որուն աշխատակցութիւնը վայելելու հաճոյքը բաւական ատենէ ի վեր կորսնցուցած էք. եւ թէ, դուք չվարանեցաք ձեր ինծի նկատմամբ հռչակած բարեկամութիւնը ողջակէզ ընել՝ ձեր մէկ աշխատակիցը քննադատած ու ձեր թերթին ձրի patronageը արհամարհած ըլլալուս համար։

Հասարակութիւնը պէտք չէ խաբուի երեւոյթներէն։

* * *

Մարդուկին մէկն ալ Սիպիլի Ցոլքերուն գրախօսական գրելու պատրուակին ներքեւ՝ Ցոլքերուն երեք գրախօսները, Զարդարեանը, Գազանճեանը ու զիս յօդուածի մը նիւթ կ՚ընէ (Մանզումէ, թիւ 415)։

Ո՞վ է արդեօք այդ Վարդը, որուն երանգագեղ երեւոյթին ներքեւ՝ տխրահռչակ փշենի մը գուշակել կուտայ ինքզինքը։

Բայց որքա՜ն թափանցիկ է այդ չարակամ խծբծանքին զզուելի դիմակը։

Մարդ կրնայ ամենէն խիստ ու ծանր քննադատութիւնն ընել, առանց կասկածելի ըլլալու իր ներքին ուղղամտութեան եւ անկեղծութեան մէջ։ Հաւասարապէս մարդ կրնայ ամենէն թեթեւ, ամենէն զգուշաւոր շրջահայեաց խեղաթիւրումն ընել, մատնուելով սակայն իր թաքուն չարամտութիւններուն մէջ։

Այդ Վարդը՝ չէ կրցած իր փշենիի արիւնախանձ ախորժակը պարտկել։

Ցաւալի՛ էք, ողորմելի էք, երբ ձեր քննադատութեան մէջ կ՚առաջնորդուիք անձնական, այսինքն intrigant կիրքէ։ Կիրքը, քննադատութեան մէջ, պատուական է՝ միմիայն Գաղափարին, հաւատքին սպասարկութեանը համար։

Ձենէ ինչո՞ւ մէկը առաջին քաջութիւնը չունեցաւ իր անկեղծ մտածումն ըսելու Սիպիլի հատորին վրայ, եւ սպասեցիք որ Սիպիլին հետ որ եւ է անձնական վերաբերութիւն չունեցող գաւառացիներու կարծիքները խծբծէիք այնքան անփափկանկատօրէն, կնահաճութեան ու չգիտեմ ինչի անվայել ու անշնորհք մեղադրանքներով։ Անիրա՛ւ էք, Պ. Վարդ, ձեր այդ յետամնաց համարձակութեան մէջ, որ Սիպիլէն աւելի՝ իր գրախօսներուն հետ հաշիւ կարգադրելու հնարամտութիւն մը կ՚զգացնէ։

Ամենէն յետոյ, անձնական տպաւորութիւնս սա է թէ, Թլկատինցիին բացատրութեան համեմատ, գրականութիւնը օրէ օր այարէ կ՚իյնայ, ու լրագրութիւնը կ՚աղտոտուի intrigant ու ցած կիրքերով։

* * *

Հապա ինչ ըսելու համարձակիլ սա Բինկեանցի տէր պապային [1], որ ապագայ հաւատաքննութեան ատեանին հայ անդամը ըլլալու ամէն առաքինութիւններով օժտուած ըլլալ կը թուի։

Այս գեղջուկ միամտութեամբ սեւազգեստը, որ իր զգուշաւոր ու երկիւղած տոտիկները Բարիզի ամպարիշտ սալայատակներուն վրայ պտտցուցած ըլլալու ունայնամտութեամբ կը սոնքայ հասարակութեան առջեւ, ո՞ր շոշորթին ո՞ր ոչխարամիտին պիտի կրնայ հաւտացնել թէ՝ իր կրօնքին ծառայած կ՚ըլլայ, պնդելով որ Կոստանդեան դատապարտելի է անբարոյականութեամբ, որովհետեւ Միլօյի Վէնիւսի մը լուսանկարը կը պահէր իր սենեկին մէջ ու որովհետեւ իր թանգարանը Իզմիրի Յոյն ընթերցատան նուիրեց։ Դատելու այս ազդու եղանակը արդեօք դուք ձեր երկնային վարդապետէ՞ն ուսաք։ Այս ապշութենէն դեռ ճաշակ առնող կա՞յ արդեօք։ Դիտելի կէտը սա՛ է որ՝ դէպի հաւատաքննական գիշախանձ ու մոլեռանդ ոգին հայ քահանայի մը կողմէն փորձուած այս յետսադարձութիւնը լրջօրէն չարագուշակ կրնայ նկատուիլ մեր համայնքին համար։

Այս տէրտէրը, որ բան մը հասկցած չունի կրօնքին, գիտութեան ու բարոյականութեան իրարու հետ ունեցած առնչութիւններուն նկարագրէն, այս տէրտէրը, որ հայ հասարակութիւնը կը ջանայ հմայել կեղծ քրիստոնէութեան մը խաբեպատիր ցուցամոլութեամբը, սրբապիղծ բերնով կը հայհոյէ այնպիսի անուններու յիշատակին, որոնք մարդկութեան իմացական ազնուապետութեան պատկառելի կաճառը կը խմբեն։ Եւ յետոյ, Յիսուսի անբասիր յիշատակին պաշտպանութիւնը ձեր աղքատիկ ու ողորմելի տրամաբանութեա՞ն է կարօտ մնացեր ալ։ Ինչո՞ւ կը խաբէք դուք մեր ժողովուրդը՝ թէ քրիստոնէութիւնը, որ անարժան եկեղեցականութեան մը ձեռքը խաթարուեցաւ իր աստուածային նկարագրին մէջ, այսօր, իր կրօնական արդի ապականարար ու վատթար դրութենականութեամբ, ընդունակ է բարոյական փրկութեան ուղիղ ճամբայ հանդիսանալու մեզի։ Ինչո՞ւ կը յամառիք շահանկատ ու ոճրական անխղճութեամբ քաջալերել երկու հազար տարուան մեծ պատրանքը, զոր դառն այլ փրկարար Հիասթափումին մէջ կը փորձեն ցնցել ու արթնցնել։ Ու դուք կը հաւատաք թէ ձեր ըրածը եւ ձեր ընել քարոզածն է քրիստոնէութիւն, Նազովրեցիին երկնային իտէալին համեմատ։ Վա՜յ ձեզի։

Հապա որի՞ դէմ բողոքած են Էռազմ ու իր նմանները, հապա որի՞ դէմ արձակուած է Թոլսթոյի, քրիստոնէութեան ժամանակակից առաքեալին, սրտմտած ու արդարամիտ պարսաւանքը։

Ձեզի հետ վերջացնելու համար՝ խօսքը կուտամ նորէն Կոստանդեանին, այդ պատուական գիտունին, որուն յարգելի յիշատակը հալածելու հեթանոս առաքելութեան կը նուիրուիք, հակաքրիստոնէական ոգիի մը հանդիսամոլ շարժուձեւին մէջ.

«Որքան կրկնենք քիչ է՝ թէ բարոյական ըսուածը՝ կղերէ կախում չունի բնաւ։ Մեր սրբազան իմաստակները ինչ որ ըսեն գիտութիւնը [2] ամբաստանելու, նոյնը իրենց պիտի վերադառնայ։ Զի անբարոյութիւնը հոն է ուր նոյն Մարդկութեան զաւակները՝ կրօնի համար իրարու ատելի կ՚ընեն, սուրբ ըսուած պարապ բառեր՝ ստակով ծախելով։ Անբարոյութիւնը հոն է՝ ուր ոսկեղէն ու մէրմէրէ բարձրաբերձ եկեղեցիներ կառուցանելու համար, ժողովրդին դպրոցը աւերակ ու կինը բոզ կը թողուն։ Անբարոյութիւնը հոն է՝ ուր «երկնային իրաւունքներ» պաշտպանելու պատրուակաւ՝ իրենց նմանները շունի պէս կը գործածեն…» (Մէթոտ)։

Կարգը ձերն է հիմա, արժանապատիւ Տէր Հայր (Տէր եւ Հայր հէ՞) անուանելու՝ ինչ անբարոյականութիւն որ գործուած է յանուն գիտութեան։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1902, Սեպտեմբեր 15, թիւ 18, էջ 783-788


[1]            Աւելորդ չենք համարիր յիշել որ Բինկեանցի Տէր Հօր անճահ յօդուածին առթիւ խմբագրութիւնս ստացած է երկու պատասխաններ Կ. Պօլսէն՝ Խոսրով Քէշիշեանէ եւ Շաբէնէ, առաջինը լուրջ գրուածք մը «Իմ ըսելիքներս Տ. Վարդան քահանայի» վերնագրով եւ երկրորդը սուր ու հեգնող երգիծաբանութեամբ համեմուած «Մանչեսթըրի հովիւ պէտք է ըլլայ» «օրուան թատրերգութիւնը» խորագրով։ Սակայն նկատելով որ խնդրոյ առարկայ եղող անձերէն երկուքն արդէն իրենց պատասխանն տուին թերթիս մէջ եւ երրորդն արհամարհոտ լռութիւն մը նախադաս համարեց, կը ցաւինք որ չպիտի կրնանք հրատարակութեան տալ վերեւ յիշուած երկու յօդուածները։ Ծ. Խ.

[2]            Քովէս կ՚աւելցնեմ նաեւ գիտունները։