Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԿԵՊՏԻԿԻ ՄԸ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԷՆ

«Ո՞վ աւելի երջանիկ է, ա՞յրը թէ կինը», Պ. Շամտանճեան այս չափազանց շահեկան խնդիրը հրապարակ նետեց Սուրհանդակ ի մէջ։

Հարցական նշանը, որ այնքան ուշագրաւ է, բազմաթիւ մտահոգ աչքերու անձկալից ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ։ Անձնասիրութիւններ, դիւրազգածութիւններ, խնդրոյ առարկայ կը դառնան։ Պ. Շամտանճեան «Իրերու սիրտ»էն կը յայտարարէ խօսիլ։ Լուրջ ճաշակ, համալսարանական, գերմանական։ Ի՛նչ պատկառանք կայ այս նշանատախտակին վրայ, Իրերու սիրտը։ Նմանաբանօրէն (par analogie) կրնանք ըսել՝ իրերու փորը, իրերու աղիքները, իրերու երիկամունքները։ «Քննեա՛ զերիկամունս իմ»։ Ամբողջ բնախօսութիւն մը, ամէնէն ուշագրաւը, ամէնէն կնճռոտը։ Մարդիկ կան որ յաճախ խորութիւններու ախորժակով մը կ՚ուզեն ներկայանալ։ Ասիկա մտքի մոլութիւն մըն է։ Խորութեան ճաշակը ամէն անգամ սուզակի մը ճարտար յանդգնութիւնը չենթադրեր սակայն։ Խորութեան ամաթէօռներ կան, որ, par dilettantisme, մակերեսին վրայ կը մնան միշտ։ Պ. Շամտանճեան անութներուն մէյմէկ թօլ կապած մակերեւոյթի լուղորդ մըն է, որ կ՚երեւակայէ սուզուիլ։ Շնորհիւ թօլերուն, սունկի մը պէս թեթեւ ու դիւրաշարժ է։ Եզերքի ջուրերը շատ աւելի յարմար են իր յանդուգն լողացութիւններուն, ու ծովին բացերը նոյն իսկ չպիտի պատշաճէին իրեն։ Հոն, այն հեռուներուն մէջ, կրնար ճամբան շուարիլ, կրնար կորսուիլ։

Արդ, ահա՛ հարցում մը՝ որ իրերու սիրտէն կը յայտարարէ գալ.

Ո՞վ աւելի երջանիկ է, ա՞յրը թէ կինը։

Մտամարզական գերազանց հաճոյք մը եւ օգուտ մը կայ երբեմն խորհելուն մէջ՝ բառերուն բռնակալութեան վրայ։ Ոչինչ այնքան զօրաւոր է քան այս խորհրդաւոր գերեվարութիւնը, եւ ոչ ինչ աւելի անզգալի, աննշմարելի։ Մարդիկ կան՝ որ կեանքերնուն մէջ խորհիլ չեն կրցած։ Բառերուն շղթան կաշկանդած է իրենց իմացականութիւնը, որուն շարժումները ժամացոյցի մը սլաքներուն շարժումներն են, կանոնաւոր, միօրինակ։ Մտածումը ստեղծել, գաղափարը ծնիլ, անկախօրէն բառերու բռնակալութենէն, թերեւս առանձնաշնորհն է հանճարային գլուխի մը բեղմնաւորութեան։ Յաճախ գաղափարն է որ կը ստեղծէ, կը ձեւէ, կը ձեւաւորէ զմեզ, մեր մտքի աշխատաւորի հնհնուքներուն մէջ։

Երջանկութիւնը, ահա՛ բառ մը, մոգութեամբ ու մտահոգութեամբ լեցուն։ Կը դիտենք զայն մեր գլխին վերեւ, հիացումով, արբշռութեամբ ու անձկութեամբ, ինչպէս տղեկ մը՝ կազալից գունաւոր բուշտերու բոյլ մը։ Ոճրական պիտի ըլլար ասեղի մը հպումին փորձառական հետաքրքրութիւնը։ Ու երջանկութեան վրայ հատորներ կրցած են գրել մարդիկ։ Ոմանք կարծած են նշմարել զայն։ Սըր Ճօն Լըպպօք, մեծանուն անգլիացի մը, «Ապրելու երջանկութեան» ճամբան գտած ըլլալը կը յայտարարէ, լայն եւ անձանձրոյթ սրտով։ Հաւատացէք իր ուղղամտութեան. կամ, գէթ ես կը հաւատամ։ Շօբէնհաուէր կ՚ըսէ. «Ամէն կեանք, իր իսկութեան մէջ ցաւ է»։ Ամէնուն յայտնի է իր բացասական, ոչնչական եզրակացութիւնները, մթին ու կործանարար։ Թոլսթոյի, քրիստոնէութեան նոր առաքեալը, կը քարոզէ, յայտնութենական լեզուով մը. «Թո՛ղ իւրաքանչիւր ոք փնտռէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ ճշմարտութիւնը, թող իր ամբողջ կեանքը յատկացնէ այդ գործին, եւ ատկից առաջ պիտի գայ մեծագոյն երջանկութիւնը, ամէնուն համար»։ Նիչէ, մեծ Նիչէն, զոր, ո՜վ հեգնութիւն, մեզի ծանօթացուցած են Պ. Շամտանճեանի անունով, կ՚ըսէ, Զարատուստրայի մարգարէական հրաշունչ բերնով. «Արդարեւ, մարդը անմաքուր գետ մըն է։ Պէտք է Ովկէանոս եղած ըլլալ, կարենալու համար, առանց աղտոտուելու, իր մէջ ընդունիլ անմաքուր գետ մը։

Ահա՛, կ՚ուսուցանեմ ձեզի գերմարդկայինը (Surhumanie). ան՝ այդ ովկիանոսն է. անոր մէջ կրնայ թաղուիլ ձեր մեծ արհամարհանքը։

Ատկից աւելի ի՞նչ մեծ բան կրնայ պատահիլ ձեզի։ Ատիկա՝ ժամն է մեծ արհամարհանքին, ժամն՝ ուր ձեր երջանկութիւնն իսկ ձեզի կը դառնայ զզուանք, նոյնքան՝ որքան ձեր բանականութիւնն ու ձեր առաքինութիւնը։

Այն ժամն՝ ուր կ՚ըսէք դուք, ի՞նչ փոյթ ինծի իմ երջանկութիւնս. ատիկա աղքատութիւն, զազրութիւն ու ողորմելի ինքնագոհութիւն է»։

Ահա՛ երեք կարծիքներ միեւնոյն խնդրոյ մասին, որք իրարու կռնակ դարձուցած են։

Բայց յայտնապէս, Նիչէի Հայ մեկնիչը, Գերման փիլիսոփային մտածումէն շատ հեռու է, իր հարցումին մէջ։

Զարմացողներ կան, ու թերեւս Նիչէ մին է անոնց, թէ մարդիկ ա՜յնքան մտահոգութիւններու, այնքան չարչարանքներու ենթարկած ըլլան իրենց միտքը, օճառէ պղպջակներու պարունակութեան համար։ Ի՜նչ հեգնութիւն, երջանկութեան հոգը՝ որ կ՚ապերջանկացնէ զմարդ։ Եթէ մարդիկ, իրականութեան մէջ, ոչինչով կ՚ապերջանկանան, թերեւս նաեւ կ՚երջանկանան ոչինչով։ Մարդկութիւնը տղու մը պէս կուլայ ու տղու մը պէս կը խնդայ. ոչ ինչ պատճառներով։ Անօգուտ է աւելի հեռուները երթալ։

Բայց կարելի է ուղղակի խնդրին մէջ ոտք դնել։ Ո՞րը աւելի երջանիկ է, կի՞նը թէ այրը։

Կարելի է հարցումները բազմապատկել, ճշմարտասէր հետաքրքրութեամբ։ Կա՞ն իրականութեան մէջ առնական եւ կնոջական երջանկութիւններ։ Կա՞ն ընդհանուր պայմաններ, որ հնարաւոր պիտի կացուցանէին այս հարցումի առարկան։ Իրականութեան մէջ, թերեւս միայն անհատներ կան, որք ինքզինքնին երջանիկ կ՚զգան կամ ապերջանիկ իրենց անձնական բացարձակապէս մասնաւոր պատճառներուն եւ նկատողութիւններուն համեմատ։ Երջանկութեան պարագային մէջ, միեւնոյն պայմանները միեւնոյն արդիւնքները կրնա՞ն տալ ամէն անհատի համար։

Պ. Շամտանճեանի յարուցած խնդիրը ֆէմինիսմի հեռաւոր հոտ մը կը բուրէ, անուղղակի կերպով։ Այդ հոտը շատ ուշագրաւ չէ, թէեւ ըլլայ ֆէմինիսդ հոտ մը։ Պ. Շամտանճեան՝ կ՚եզրակացնէ այր մարդուն ի նպաստ իր երջանկութեան տեսութիւնը, եւ կը խղճայ կիներու թշուառութեան վրայ։ Պ. Շամտանճեան, որ արտածական (?) (déductif) մըն է, կ՚ուզէ համոզել ու համոզուիլ, ու կը բանաձեւէ իր մտածումը։ Տրամաբանութիւնը պատուական գործիք մըն է։ Մարդ կարող է ճշմարտութեան դրամարկղը բանալու գործածել զայն։ Բայց գործածութեան եղանակը եւ գործածողին ճարտարութիւնը՝ պայմաններ են։ Մարդ կրնայ փականքը խանգարել, եւ դրամարկղը գոց կը մնայ։

Տեսէք ի՛նչ կ՚ըսէ Պ. Շամտանճեան։

«Հետեւաբար եզրակացնելով կ՚ընդունիմ թէ այր մը աւելի երջանիկ է քան կին մը, որովհետեւ աւելի բարձր գործարանաւորութիւն ունեցող էակ մըն է, հետեւաբար վայլեքներ ունենալու աւելի մեծ կարողութիւն մը ունի»։

Բարձր գործարանաւորութիւն. խնդրական կէտ։ Բայց միւս կողմէն, միթէ ճշմարի՞տ է որ վայելքներ ունենալու աւելի մեծ կարողութիւն մը անհատին երջանկանալու ընդունակութիւնները պիտի զօրացնէր։ Որո՞նք են վայելքները։ Արդեօք ճշմարտութիւնը հակառակին մէջ չէ՞ մանաւանդ։ Վայելքներու բազմութիւնն ու բարդութիւնը երջանկութեան իրակա՞ն պայմաններն են։ Հարցում մը եւս. Ո՞վ աւելի երջանիկ կրնար ըլլալ արդեօք, միօրեայ թաղանթաթե՞ւ մը թէ Կօրիլլօ (Gorille) մը։ Հոս, գործարանաւորական գերազանցութեան բաղդատութիւն մը եթէ կարելի ըլլար, իրօք շահեկան եւ հրահանգիչ պիտի ըլլար։

Ուրիշ տեսակէտներ. ի՞նչպէս կրնան բաղդատուիլ կանացի հաճոյքները՝ առնական հաճոյքներուն հետ։ Կրնա՞ն միթէ անոնք իրարու տեղ անցնիլ, առանց խանգարելու բնական կարգը։ Ի՞նչ բան կայ բանաւոր ֆէմինիսդ շարժումին մէջ, որ իրաւանց հաւասարութեան սկզբունք մը կը մշակէ։ Պ. Շամտանճեան կ՚ըսէ, ի մէջ այլոց, օրինակի համար, թէ՝ այրը երջանիկ է, կամ այնպէս կը նկատէ ինքզինքը, կարող ըլլալով ազատ ու նոյն իսկ ցոփ կեանք մը անցնել. առանց իր արժանապատուութիւնն ու հանրութեան յարգանքը կորսնցնելու։ Կինը ապերջանիկ է՝ միեւնոյն ազատութիւնը չունենալուն համար։ Պ. Շամտանճեանի միւս պատճառաբանութիւնները միեւնոյն հրահանգը կ՚ընդլայնեն։ Բայց ասիկա շատ անձնական, հետեւաբար շատ անձուկ տեսակէտ մըն է։ Անձնական տեսակէտները անքննադատելի են, բայց անոնց ընդհանուր հարցերու պատշաճեցուցման փորձը՝ յաւակնոտ ու անճիշդ է։ Ցոփ կեանքի սահմաններուն մէջ այր մարդուն վայելած ազատութիւնը կրնա՞յ երջանկութեան պայման նկատուիլ իրեն համար, եւ ժուժկալութեան, ընկերային կարգերու, կրօնական օրէնսդրութիւններու կանոնապահութեան հարկը՝ կանացի թշուառութեան։ Նիչէ կ՚ըսէ. «…երբէք չպիտի ընդունէի թէ կարելի ըլլար խօսիլ առն եւ կնոջ հաւասար իրաւունքներու վրայ, սիրոյ սահմանին մէջ։ Այդ իրաւունքները գոյութիւն չունին։ Պատճառն այն է որ, սէր ըսելով այր մարդը եւ կին մարդը տարբեր բաներ կը հասկնան, եւ այս՝ մին է սիրոյ պայմաններէն երկու սեռերուն մէջ, որով միեւնոյն զգացումը գոյութիւն չունի միւսին մօտ։ Բաւական բացայայտ է, ինչ որ կինը կը հասկնայ սէր ըսելով, մարմնի եւ հոգիի կատարեալ անձնատուութիւն (ո՛չ թէ միայն անձնուիրութիւն), աննկատ եւ անսահման։ Անիկա ընդհակառակն ամօթով ու սոսկումով կը խորհի այնպիսի անձնատուութեան մը՝ որուն պիտի խառնուէին պայմաններ եւ սահմաններ։ Պայմաններու այս բացակայութեան մէջ իր սէրը կատարեալ հաւատք մըն է, եւ կինը ուրիշ հաւատք չունի։ Կինը կ՚ուզէ ստացուիլ, ընդունուիլ, իբրեւ ստացուածք, կ՚ուզէ ձուլուիլ «ստացուածք»ի, տիրացումի գաղափարին մէջ, որով՝ կը բաղձայ մէկուն՝ որ առնէ, որ ինքզինքը չտայ, անձնատուր չըլլայ, որ ընդհակառակն, կ՚ուզէ եւ պարտի ճոխացնել իր «ես»ը, յաւելմամբը ուժի, երջանկութեան, հաւատքի, որով ինքզինքը կուտայ, կը նուիրէ կինը։ Կինը ինքզինքը կուտայ, մարդը կ՚առնէ։ Կը խորհիմ թէ այս բնական ընդդիմակալութիւնը չպիտի ոտնակոխ ըլլայ ո՛չ ընկերային դաշինքներով, ո՛չ իսկ արդարութեան լաւագոյն բարեկամեցողութեամբ…»։

Յստակ կերպով կ՚երեւայ թէ, կանացիութեան եւ առնականութեան պայմաններ կան, որք չեն կրնար իրարմով շփոթուիլ։ Գործարանաւորական եւ բնախօսական հանգամանքներով որոշադրուած են այդ պայմանները։ Ճիշտ եզրակացութիւն մը չպիտի ըլլար հաճոյքներու աղբիւր մը ճոխութիւնը եւ երջանկացուցիչ յատկութիւնը բղխեցնել՝ բնախօսական տարբերութիւններէ։ Ֆէմինիսմը երբէք չի կրնար առնչութիւն ունենալ երջանկութեան խնդրին հետ։ Ընկերային կարգեր կրնան փոխուիլ, ենթադրելով որ ֆէմինիսդ յետսապահանջումներ իրականանան օր մը, բայց երջանկութեան պայմանները նոյնը կը մնան, անհատական խառնուածք, պզտիկ, աննշան, թեթեւ, առօրեայ, վայրկենական կացութիւններ, պատրուակներ, պատահումներ։

Կի՞նը աւելի երջանիկ է թէ այրը, այսպիսի խնդիր մը գոյութիւն չպիտի կարենար ունենալ երբէք։

Բայց կ՚երեւի թէ Պ. Շամտանճեան ինքզինքը բաղդատմամբ կիներուն շատ երջանիկ կ՚զգայ։ Կարելի էր խնդակցիլ իրեն։

«Մենք հնարեցինք երջանկութիւնը, կ՚ըսեն վերջին մարդիկը, եւ աչքերնին կը քթթեն։

Մարդ իր ցերեկեայ պզտիկ հաճոյքն ու գիշերուայ պզտիկ հաճոյքն ունի. բայց մարդ կը յարգէ առողջութիւնը։

Մենք հնարեցինք երջանկութիւնը, կ՚ըսեն վերջին մարդիկը, եւ աչքերնին կը քթթեն»։

Պ. Շամտանճեան չի թուիր նոյն իսկ առողջութիւնը յարգելու մտահոգութիւն մը սնուցանել։ Թերեւս ինքը աւելի՛ վերջին մարդն է։ Զարադուստրա, երբ առաջին անգամ ներկայացաւ մարդերու ամբոխին Գերմարդկայինը կամ Գերամարդը ուսուցանելու համար, նախաբան մը ըրաւ։ Կը ջանամ բացատրել պզտիկութիւնն ու ճղճիմութիւնը վերջին մարդերուն՝ որք քաղաքակրթութեան հպարտութեամբը սոնքացած, չտես անձնագովութեամբ պիտի հռչակէին երջանկութիւնը գտած ըլլալ, ցերեկեայ եւ գիշերեայ պզտիկ հաճոյքներու մէջ։ Ուզեց դէմ դիմաց բերել այս գետնաքարշութիւնները՝ Գերմարդկայինի տիպարին արհամարհոտ հպարտութեան հետ։ Բայց քարոզը չկրցաւ աւարտել, միտքը կիսատ մնաց, վասն զի տակաւին խօսքը բերանն էր, երբ ուրախութեան խանդավառ աղաղակներ ընդհատեցին զինքը. ամբոխն էր, որ կը պոռար, «Տո՛ւր մեզի այդ վերջին մարդը, ո՛վ Զարադուստրա, ըրէ՛ որ նմանի՛նք այդ վերջին մարդերուն, այն ատեն ապահարկ պիտի կացուցանենք զքեզ Գերմարդկայինի ուսուցումէն»։ Եւ ամբողջ ժողովուրդը ցնծագին եւ ախորժագին՝ լեզուն կը շաչեցնէր։ Զարադուստրա, սակայն, տխրեցաւ եւ ըսաւ իր սրտէն.

«Զիս չեն հասկնար, ես չեմ այն բերանը՝ որ պէտք էր այս ականջներուն»։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1905, 1 Յունիս, թիւ 23, էջ 585-590