Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ 

Դժնէ ձմեռուան սեւ սուգը ցրտին՝

Գարնան արեւին, գարնան շունչին հետ

Ջինջ հոգիներէն ա՛լ եղաւ անհետ.

Ու ձիւներուն տեղ, փոխան սարսուռին,

Տխուր ձմեռուան,

Մեր հոգիներուն վըրայ կը բացուին՝

Ծիլեր կենսունակ, վարդեր հոտեւան.

 

Ջերմ կեանքով մը՝ հողն է յըղի,

Ու հին երկրին շընչերակը կը բղխի,

Բանաստեղծին ալ հոգին՝

Կը բողբոջի նոր յոյզերու մէջ անգին։

 

Ու հեռո՜ւ քաղքին հոգերէն ռամիկ,

Խաբող սէրերէն ու պատրանքներէն,

Քերթողը մենիկ՝ իր անուրջներուն

Իր խոհերուն հետ,

Կ՚երթայ երազել պուրակին մօտիկ։

Իրիկնամուտը, երանգներու, հծծիւններու, ստուերներու, բուրմունքներու եւ ձայներու աննկարագրելի դիւթութեան մը հեշտանքներուն մէջ կը նուաղի։ Խուսափուկ ու երազագին ոսկեզօծում մը, այնքա՜ն թեթեւ, այնքա՜ն գաղափարային, հպանցիկ համբոյրի մը գգուանքը կը պտտցնէ հեռաւոր գիւղանկարներուն վրայ։ Ստուերները կապոյտ խանդաղատանքի մը մէջ կը ծրարեն հեռակայ ձորերն ու մարգագետինները։ Բոլոր դաշտի աշխատաւորները կը վերադառնան, այլ բանաստեղծը կը մնայ պուրակին մօտիկ, վայելելով ու երազելով։ Պուրակին խորը շողշողացող փոսուռաներուն հետ լոյսի կատակ մը կը փորձէ, իր հոգուն ներքին փողփողումներուն խորհրդանշանը լուսաշար պսակաւորելով իր ճակտին վրայ։ Ծաղիկներուն հետ, բիւր բուրեաններուն, հազարուբիւր երանգներուն հաճոյական ներդաշնակութեան մէջ, բնութեան բարիքները կ՚ըմբոշխնէ, գոհունակ վայրկեանի մը անփակ երանութեանը պատրանքովն արբշիռ։ Խարշափը դեռածիլ տերեւներուն, քաղցրաբոյր հովահրութիւնը գարնանային համբուրաւէտ գգուոտ զեփիւռին, իրեն մոռցնել տուեր են ունայնութիւնը իր մոլոր մտահոգութիւններուն, մեծագոյն աննպատակ անիմաստ ունայնութիւնը՝ բովանդակին գոյութեան։

Հիմա, միմիայն տպաւորութիւնները, միմիայն բարի ու մաքուր բնազդներն են որ կ՚եղանակաւորուին իր ներսիդին, բնութեան ամէնէն անկեղծ ու ամէնէն թովիչ հնչունութեամբ լարերն են որ կը թրթռան իր հոգուն խորը, ամէնէ՛ն հմայիչ երգերն են, որ բնազդներու երաժշտութիւնը կը յօրինեն բանաստեղծին սրտին մէջ։

Ա՜յ տղայ, ըսէ՛, ի՞նչ կը տատամսիս։

Մօտեցի՜ր սա կարմիր աղջկան, կարմիր-կիրակիի մը բովանդակ բնական բիւր հրապոյրներովը պճնազարդուած պչրոտ գեղջկուհիին, որ դաշտային աշխատութիւններէն վերադարձի մը մէջ ապահովաբար ուշ մնացեր է, իր ետեւէն վազվզող սեւաչուի ու ձիւնասպիտակ անմեղ գառնուկին չխաբող մտերմութեան մէջ ինքզինքը մոռցած։

Տե՛ս, գարունն իր բովանդակ կենդանի առուգութեամբն է զինքը ողողեր։ Գիշերազուարճի մը բոլոր թարմութիւնն ու դիւթութիւնն ունի ան, իրիկնամուտի այս հմայական պահուն։ Իր այտերուն բոցեղէն կարմիրը, ձեռքիդ հարսնուկին նախանձը կը գրգռէ, ակռաներուն անբիծ մարգարտաշարութիւնն՝ ապրիմ-մեռնիմներդ կը տրտմեցնէ. մորթին փափուկ թափանցկոտութիւնը՝ գառնուկին ծծած կաթէն բան մը փոխ առած ըլլալ կը թուի։ Տե՛ս, լեցուն սրունքները մերկ են, ու բոբիկ ոտքերը՝ քնքշօրէն գիրուկ պճեղները՝ արեւով արբշիռ ու ակաղձուն ծաղիկի մը կը նմանցնեն զինքը։ Անիկա՝ կենդանի նշանն է յաւիտենական անխարդախ Իգութեան որ այսօր քու չորս բոլորդ կը պտղաբերուի բիւր ձեւերով։ Իր բոլոր հրապոյրները, իր բոլոր արժանիքները երգելու համար, չնչի՛ն աննշան բանաստեղծ, քու մեծագոյն վարժապետներուդ իսկ պակսած է հանճարի վերջին աստուածային շունչ մը։ Տե՛ս, ի՛նչ աղուոր, ի՜նչ պաշտելի է ան։ Գիտե՞ս արժէքն այն թանկագին գանձերուն՝ որ թուլօրէն ըմբոստ յառաջակարկառութեան մը ժայթքումովը՝ իր կակաչի գոյն պասմայէ էնթարիին չփակը կ՚ուռեցնեն։ Երթայի՜ր, փնտռէի՜ր, գրկէի՜ր զանոնք, նետէի՜ր ձեռքիդ գունագեղ ծաղիկները մէկդի, դրացուդ աղջկան երեսին վրայ, թաւշանման տամուկ շրթունքներուն, դեղձան մետաքսաւէտ խոպոպիքներուն, երկինքի ու մանիշակագոյն զոյգ վճիտ աչուկներուն մէջ բացուածքները քաղելու, անոնցմէ սիրոյ գերագոյն փունջը հրաշակերտելու համար։

Այլ աղջիկը, վերջալոյսի շէկ բոցերէն աւելի շառագոյն, ամչկոտ փախուստով մը կը խուսափի բանաստեղծին բազուկներէն, ու իր գառնուկին հետ կը հեռանայ…

Ինչո՞ւ համար ո՜վ աղուոր դիցուհի,

Ինչո՞ւ խոյս կու տաս դրացուդ տղին հիւրընկալ գրկէն.

Չե՞ս ճանչնար զինքը, բանաստեղծն է ան,

Հսկայ ու մաքուր մեծ յուզմունքներուն,

Ու թովիչ, ու դիւթական երազներուն,

Ու իրական Գեղեցկութիւններուն՝

Յաւիտենական հիւրընկալ ընդունարանը.

Օհ, դուն պէտք չէի՜ր խուսափիլ անկէ…։

Ե՛ս, Բնութիւնը, Մայր բովանդակ էութեան, անսպառելի բղխում՝ յաւիտենական Արգասաւորութեան, ե՛ս եմ որ քու միսին ու արիւնին մէջ մարմին առած, զքեզ դէպ ի իր գիրկը կը մղեմ։ Անիկա, բանաստեղծը, իմ ներքին հրամաններուս համեմատ, քու երջանկութիւնդ պիտի հիւսէ իր տաղերուն մէջ։ Քու անունդ ու գեղեցկութիւնդ ու հրապոյրներդ, պատրուակ անոր թարմ տաղանդին, սիրով սարսռացող բիւրաւոր շրթունքներուն վրայ պիտի տարբողին, ու դուն անոր համբաւը պիտի շինես քու ներշնչումով, ու անիկա՝ քու փառքդ պիտի երգէ՝ նորագոյն երգ-երգոցի մը քնարերգական թրթռումներուն մէջ։ Օ՜ն, մի փախչիր, մի՛ վախնար անկէ, Գեղեցկութեան անկեղծ ու մաքուր արուեստաւորէն։

Կարմիր աղջիկը՝ փախեր է սակայն,

Ու բանաստեղծին գինով մտքին մէջ՝

Պատրանքը միայն

Կ՚առնէ ելեւէջ.

Զի բընութեան ձայներն աղու՝

Խեղդուեր են հէգ աղուորին լանջքին տակ,

Որուն հոգին՝ պարկեշտ մարդոց

Սեւ, ժխտական կարգ ու սարքին է ենթակայ։

Ու բանաստեղծն, յուսակըտուր յաւիտեան,

Իր տաղերուն մէջ այսօր,

Կուլայ մահը բընազդներուն բընութեան։

 

«Մասիս», 17 Յուիս 1900, թիւ 25, էջ 387-388։