Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գրական արհեստաւորի ասպարէզիս ընթացքին, որ տեսակ մը միստիքական հեշտութեամբ Գողգոթայ եղած է ինծի համար, ամենէն աւելի վախով ու տարակոյսով մօտեցած եմ այն նիւթերուն, որոնց մէջ պիտի պարտաւորուէի խօսիլ իմ հոգիս ու սիրտս ամենէն աւելի խորապէս, ամենէն աւելի ուժգնօրէն, ամենէն աւելի անջնջելի եղանակով տպաւորած դրուագներու մասին։ Հոտ է որ տպաւորութիւններուս եւ զգացումներուս ներքին հանդիսաւորութեան ու մեծութեան, ու զանոնք արտայայտելու իմ ստոյգ անբաւականութեանս պայծառ ու ցաւագին գիտակցութիւնը ունեցած եմ։ Եւ ահաբեկ, եւ սրտաբեկ, շատ անգամ ստիպուած եմ կանգ առնել, ու չեմ ուզած դպչիլ այդ ներքին տռամներուս, պահելով զանոնք նուիրականութեան խորանի մը վրայ, անմերձենալի, վարագուրուած, եւ հոգիիս բուրվառովը խունկ ծխելով անոնց։ Անոնք, ինծի համար, ներքին գեղեցկութիւններ են, դառնագին երանութեան պայմաններ, եւ չպիտի հանդուրժէի, որ իմ գրողի փառասիրութիւնս, բառերու անճարակ աղմուկի մը մէջ, օր մը յանդգնէր խաթարել անոնց անճառելի մտերիմ իրականութիւնը։

Ու, տարիներով, մնացած են անոնք իմ մէջս, հետզհետէ աւելի մաքրուելով, հետզհետէ աւելի բիւրեղանալով, եւ տեսակ մը գաղափարայնութեան լուսապսակի մէջ ամփոփուած, օրէ օր աւելի՜ գեղեցիկ, աւելի՜ անո՜ւշ, աւելի եթերային։

Իմ մեծ մօրս, մայրիկիս մօրը, մահուան յիշատակը՝ ատոնցմէ է։ Չըսե՛նք թէ արտաքին երեւոյթները առարկայական բացարձակ կարեւորութիւն մը ունին՝ իրենց տպաւորելու յատկութիւններուն մէջ։ Ամէն ինչ մեր ներքին տպաւորականութենէն կախուած է, եւ մեր հոգիին ընկալուչ յատկութիւնները կը վճռեն զինքը տպաւորող արտաքին իրերու եւ իրողութիւններու կարեւորութեան մասին։

Այսպէս, եօթանասուն եւ հինգ տարեկան ծեր աննշան կնկան մը մահը դէպք մըն է, որ իր սովորական պատահումով անսովորօրէն լեցուցած է գտնուեր իմ էութիւնս։ Ո՞վ կրնայ հերքել այսպիսի իրականութիւն մը, որ այնքան ինքնօրէն ճըշմարտութեամբ կրցած է ինքզինք հարկադիր ընել ինծի։

Մեծ մայրս՝ խորին ու յարգալիր սիրով մը սիրած եմ։

Աւելի քան միջահասակ, հաստոսկր, քիչ մը կորաքամակ, հանդարտ եւ առանց խստութեան՝ վճռական շարժումներով, ամուր քալուածքով կին մըն էր։ Միշտ ծեր ճանչցած եմ զինքը։ Լայն, բայց՝ սեւ եազմայի մը տակ մեծ մասով ծածկուած անկիւնաւոր ճակատ մը ունէր։ Ակռաներէն շատոնց բոլորովին ամայացած եւ ներս քաշուած բերնին մէջ կը կորսուէին իր նուրբ եւ մաքուր շրթունքները, եւ իր սրածայր ծնօտը չափազանց մօտեցած էր թրթռուն ռնգունքներով նրբաւարտ քիթին։ Փոքրիկ շագանակագոյն աչքերուն մէջ երազ եւ քաղցրութիւն, վիշտ եւ գաղտնապահութիւն կար, ինչպէս նաեւ տեսակ մը գիտակից հեղինակութեամբ հանդարտ կամեցողութիւն, տեսակ մը անդրդուելի յամառութիւն, որ ինքզինքը կը հարկադրէր, առանց խստութեան, առանց որ եւ է դաժանութեան, բայց յաւէտ աննուաճելի պահանջկոտութեամբ։ Իր տժգոյն ճերմակ դէմքին վրայ, փափուկ այտերը թեթեւ ու գունաթափ կարմրութիւն մը կը կրէին միշտ։ Հակառակ զայն ներդաշնակութենէ զրկող ձեւազեղծութիւններու եւ անխուսափելի կնճիռներու, այդ դէմքը միշտ նուրբ էր եւ մորթը մաքուր ու փափուկ։ Կ՚ենթադրեմ թէ գեղեցիկ աղջիկ մը եղած ըլլալու էր երիտասարդութեանը։ Աւելի քան երեսուն տարիներ ճանչցայ զինքը։ Օ՛ր մը, բայց օ՜ր մը, իր նկարագրին ամուր ու լիալիր ներդաշնակութիւնը խանգարող բառի մը կամ շարժումի մը չհանդիպեցայ իր մօտ։ Միշտ միեւնոյնն էր, սիրաւէտ՝ բայց անաչառ, մինչեւ մոլեռանդութիւն հասնող ձեւով մը՝ ուղղամիտ, շիտակ եւ անճկելի. անընդունակ որ եւ է կասկածելի առաձգականութեան, սակաւախօս, խնայասէր, գաղտնապահ, վերջին ծայր մաքուր, եւ աշխատասէր աւելի քան ոչինչ։ Աշխատասիրութիւնը կիրքի մը ձեւով կ՚արտայայտուէր իր մօտ։ Իր ծերութեան ամենէն վերջին օրերուն իսկ, վայրկեան մը պարապ չկրցաւ մնալ։ Ամէն պարագայի տակ, ինքնատիպ կին մըն էր։ Ուսում առած չէր, դպրոց տեսած չէր, «այբ»ին իսկ ինչ ըլլալը չէր գիտեր, բայց բնաւ սովորական պառաւ մը չէր։

Չպիտի խօսիմ մեծ հօրս վրայ, որ այլապէս շահեկան դիմագծութիւն մը ունի։ Քսան տարի առաջ մեկնած էր աշխարհէն, իր բացակայութեան ցաւը ձգելով իրեններուն։ Ու մեծ մայրս, որ բեղուն մայր մը եղած էր, մէկէն աւելի կը համրէր սուգերը իր սրտի կտորներուն։ Այն տարին իսկ, ուր իր կեանքի ընկերը մեռաւ, մեռա՛ւ նաեւ իր ամենէն պզտիկը, տասնեւութամեայ երիտասարդ մը, իր իմացական յատկութիւններով եւ իր նկարագրին տարօրինակ անկախութեամբը խիստ ուշագրաւ ու ինքնատիպ տղայ մը։ Այս հարուածը խեղճ մեծ մօրս համար չափազանց ուժգին եղած էր։ Մէկէն ի մէկ կքեցաւ։ Այս կորովի կինը մխիթարուիլ չգիտցաւ տարիներով։ Դժբախտաբար միամիտ հաւատացեալ մըն ալ չէր, թէեւ օ՜ր մը չուզեց իր պահքը աւրել։ Ու տարիներով՝ չկրցաւ խնդալ։ Իր կսկիծը տեսակ մը հեշտանք, տեսակ մը մոլեռանդութիւն էր իրեն համար։ Անոր կրօնքն ու պաշտամունքն ունէր, ու, կարեկից հեգնութեամբ կը ժպտէր իր շուրջիններուն, երբ կը փորձէին մխիթարութեան խօսքեր ուղղել իրեն, ըսել ուզելով անոնց՝ թէ իրենք բա՜ն մը չէին կրնար հասկնալ մօր մը սուգէն, եւ թէ՝ արդէն՝ պարտաւոր ալ չէին ատոր։ Տարիներ յետոյ, իր մեծ մանչուն ամուսնութի՛ւնը միայն իրեն հոգին վերահաստատեց տեսակ մը ուրախութեան մէջ, երբ վշտահար ծերունին օրին մէկը իր ծունգերուն վրայ թոռնիկներու շարք մը փայփայեց։ Աղջիկներուն տղաքն ալ կային, անոնք ալ թոռներ էին զոր կը սիրէր անխտրական սիրով, բայց ան միւսնե՜րը, մանչուն ձագուկները, անոնք միայն մխիթարեցին զինքը։ Մէկ մանչ միայն մնացած էր իրեն, մօրեղբայրս, որով կը հպարտանար հէգ ծերունի կինը, որուն միայն կը կրթնցնէր այլեւս՝ իր խարխուլ գոյութիւնը։

Բայց, ճակատագիրը սեւ էր։ Անոր մռայլ դիմագծութիւնը չպիտի ուզէր ժպտիլ երկար ատեն։

Մօրեղբայրս, յիսունի մօտ կայտառ մարդ մը, տկարութեան մը հետեւանքով օր մը դարմանուելու համար Պոլիս մեկնելէ յետոյ, ա՜լ չէր վերադարձած։ Իր անակնկալ մահուան լուրը առաջին անգամ ինծի հասցուցին, եւ ինծի՝ վիճակուած էր երթալ ծերունի մօր ու ամբողջ ընտանիքին՝ հաղորդել անկարելի բօթը։ Տան մէջ արու մարդ չէր մնացած։ Երիտասարդ այրի մը, երեք որբերով, չորրորդ մըն ալ՝ մօտ օրէն գալիք. յետոյ՝ մեռնողին մէկ քոյրը, եւ մեծմայրս։ Որի՞ պիտի ըսէի եւ ի՛նչպէս պիտի ըսէի, ինչ որ պատահած էր։ Սպասուածին վերադարձը չափազանց ուշացած էր. վերջին նամակէն ի վեր՝ ուր հիւանդ ըլլալուն վրայ խօսած էր, օրեր անցեր էին, ու սեւ կասկածը կը սաւառնէր իսկ փտած տան անձկոտ մթնոլորտին մէջ։ Ամէն օր պէտք էր ստախօսի եղերական դեր մը կատարել։ Շինծու նամակներով ու շինծու հեռագիրներով կը պատասխանէի իրենց կասկածներուն, որոնք այլեւս սկսած էին անյաղթելի դառնալ։ Հիմա, տեսակ մը զարմացումով կ՚անդրադառնամ ըրածիս։ Ի՞նչ անիծեալ տաղանդ կրցեր եմ դնել ստախօսի այդ տառապագին դերակատարութեանս մէջ։ Այդ սպասման օրերը ճշմարիտ անձկութեան ու հատնումի օրեր էին ծերունի մօր համար։ Թռչող թռչուններէն՝ լուրի կ՚սպասէր, եւ հոգին արդէն իսկ գրաւուած էր տեսակ մը փլցնող անվստահութեամբ, որու դէմ մաքառելու համար ի գործ դրուած միջոցները արդէն իսկ սկսած էին իրենց ուժը կորսնցնել։

Այսպէս շարունակուեցաւ մինչեւ այն ատեն, այսինքն աւելի քան շաբաթ մը, երբ՝ ճամբորդներէ լսեր էին վերջապէս դառն իրականութիւնը։

Երբ լուրը առի, անմիջապէս մօտերնին վազեցի։ Տակն ու վրայ էր տունը։ Չեմ ուզեր խօսիլ ամէն մանրամասնութեանց վրայ։ Բայց այն պատկերը, որուն հանդիսատես ըրաւ զիս մեծ մայրս՝ անմոռանալի է ինծի համար։

Ծալլապատիկ նստեր էր գետինը։ Իր սեւ լաջակը քակուեր էր, եւ անոր ծայրերը կը ծփային իր ուսերուն վրայ։ Ձեռքերը՝ կիսաբաց չոր կուրծքին կը զարնէր, կը փետտէր իր արծաթագոյն մաքուր մազերը, եւ հարուածին տակ շանթահար, կշռաւոր շարժումով մը երերտկալէն, դէմքը՝ իր լեարդին խորը կրակ առած անսահման ցաւի մը արտայայտութեան մէջ բոլորովին ձեւազեղծ, իր փափուկ այտերը հիւանդագինօրէն բոսորագոյն, մարած ձայնով, սպառած, խեղդուած հեծեծանքներով, կուլար։ Բայց կուլար այնպիսի՛ լացով մը, որուն նմանը բնաւ տեսած չունիմ։ Աչքերը մէկէնիմէկ մարեր էին, եւ անոնցմէ կաթիլ մը արցունք դուրս չէր գար, հակառակ իրենց ձեւացուցած լալու սրտաճմլիկ դիմածռումին։ Շատոնց, կ՚երեւի տարիներէ ի վեր, իրեն համար ցամքեր էին այդ սփոփարար հեղուկին ակունքները։ Որքա՜ն շատ արցունք թափած ըլլալու էր այդ հէգ տառապած կինը։ Այդ միջոցին չէր կրնար իսկ լզուին տալ, ինչպէս կ՚ընեն կիները։ Քանի մը կցկտուր բառեր, գրեթէ միօրինակ յանկերգի պէս, պարբերօրէն կը դողդղային իր ցաւատանջ ցամքած շրթունքներուն վրայ, որ տեսակ մը տենդով կը վառէին, կարմիր թաւիշի նման։

Վա՜խ եավրուս… վա՜խ… ինչո՞ւ սըրաս առիր… հիմա ես ի՞նչ պիտի ընեմ… ի՞նչ պիտի ընեմ… ի՞նչ պիտի ընե՜՜մ…

Դերասանի պաշտօնիս մէջ բոլորովին սնանկացած, ահաւոր վիշտի մը այդ անհուն արտայայտութեան առջեւ, այլեւս կը մնար ինծի յարգալիր եւ խորին ցաւակցութեան մը լռութիւնը։ Ո՛չ մէկ բառ ուղեղս գտաւ, ծերունի մօր մը այդ անմխիթարելի կսկիծը թեթեւցնելու համար։ Արդարեւ զգացի թէ ընելիքս տեսակ մը սրբապղծութիւն պիտի ըլլար։ Իբրեւ ամէն բան՝ պապանձած մնացի տեսարանին մահասարսուռ գեղեցկութեան առջեւ, ու մէկ կողմ քաշուեցայ։

Այս եղերական օրերէն յետոյ, որոնք կարծես թէ յաւիտենացան, մեծ մայրս տակաւին տարի մը ու քիչ մըն ալ աւելի ապրեցաւ։ Բայց այլեւս ամէն օր՝ դէպի գերեզման առնուած յօժարամիտ ու կարօտաւէտ քայլ մըն էր իր գոյութիւնը։ Հինաւուրց ամուր կաղնին շանթահարուած էր, ջախջախուած էր։ Բունը ծռեր էր դէպի հողը, որուն կը մօտենար հետզհետէ, գիտակցօրէն ու ըղձանքով։ Այդ անկարելի ժամանակամիջոցը՝ պարզապէս ապրեցաւ թոռներուն համար։ Բոլորովին վստահ եմ այդ մասին։ Մէկը չունէին, որ կարենար ստանձնել հարուածեալ բոյնին անմիջական խնամքը։ Միս մինակ էին, չորս որբեր, հօրաքոյր մը, հարս մը, եւ ծեր կինը կ՚զգար թէ տակաւին պէտք կար իր անիծեալ ու դառնացեալ գոյութեան։

Այդ մէկ տարուան ընթացքին, սրտին քար կոխած, ապրեցաւ ու աշխատեցաւ իբրեւ տան ամէնէն ամուր սիւնը։

Մեղուաբուծութեան տեսակէտով՝ առատութեան տարի մըն էր։ Բաւական ընդարձակ մեղուանոց մը ունէին։ Եւ տան պարտէզին մթնոլորտը՝ նեկտարի ու արեւի արբեցութենէն գինովցած պարսերու հանդիսարան մըն էր։ Ինքը եօթանասունեւհինգամեայ հանին էր որ, փախչելու պատրաստուող պարսերը կը բռնէր, ձախ ձեռքով՝ ողորահիւս փեթակ մը օդին մէջ բարձրացուցած, աջով՝ թրնջխոտի խնկահոտ փունջով մը հրաւիրելով արբշիռ մեղուները, որոնք, հրապուրուած թրնջխոտի անուշ բուրմունքէն ու հետեւելով մայր թագուհիին՝ չէին ուշանար փեթակին մէջ գալ տեղաւորուելու, ծերուկ մեծ մօրս երեսներուն, ձեռքերուն ու գլխին վրայ անվնաս հանգրուանում մը փորձելէ յետոյ։ Եւ ասիկա, գրեթէ ամիս մը, ամէն օր, եւ օրը քանի մը անգամ։

Ինքը դիմացաւ այդ աշխատանքներուն եւ դեռ ուրիշներու՝ տեսակ մը հերոսական ճիգով։ Անոնք վեր էին իր երեք քառորդ դարու բեռնով բեռնաւորուած ուժերէն։ Անչափահաս անօգնական թոռներուն սէրը՝ իրեն տուած էր հոգեկան արիութիւն մը՝ որ երեւան կուգար իր այդ անսպասելի չարքաշութեան մէջ։

Բայց ասիկա ալ երկար չէր կրնար տեւել։ Իր ցաւին ահագնութիւնը պիտի խորտակէր իր մէջ ամէն հակակշիռ պատրուակ, ու, գիտնալով հանդերձ թէ իր ապրիլը շատ պէտք էր տակաւին, կը խօսէր յաճախ մեռնելու վրայ, իբրեւ հոգեւին ցանկացուած բանի մը վրայ, դառնօրէն այպանելով իր յամառող ու անիրաւ գոյութիւնը։

Օր մը վերջապէս հիւանդ ինկաւ։ Անմիջապէս բժիշկ տարի։ Մերժեց բժշկական քննութեան ենթարկուիլ.

Չեմ ուզեր, ծօ՛ տղայ, ինծի դեղ պէտք չէ, ես վաղը կ՚աղեկնամ…։

Բայց իմ աղերսանքներուս չդիմացաւ։ Կողատապէ բռնուէր էր։ Ծերերը ընդհանրապէս չեն տոկար այս հիւանդութեան։ Առաջին օրերուն, թէեւ դժուարաւ, բայց հաւանեցաւ դեղ առնել։ Հիւանդութիւնը հետզհետէ կը ծանրանար սակայն, եւ օր մը այլեւս դեղ ու դարմանը վճռական եղանակով մը մերժեց։

Իմ կսկիծս իս փլցուց. իմ կրակս իս հատցուց, կ՚ըսէր հիւանդի մարած ու ձգձգուած ջղաթափ ձայնով մը, դեղը ի՞նչ ճար պիտի ընէ ինծի…, ա՜լ ամէն բան լմնցած է…

Յայտնապէս որոշած էր ա՜լ չապրիլ, այլեւս ո՛չ մէկ ջանք ըրաւ ապրելու, վասնզի ա՜լ վերջացած էր, իր կրակը զինքը հատցուցած էր։

Եւ յիրաւի, չկրցաւ հիւանդութեան տագնապին դիմանալ։ Իւղը հատած ճրագի մը պէս մարեցաւ, անշշուկ ու դիւրին, գրեթէ անզգալի մահով մը, որ իբր թէ խաղաղ քուն մը ըլլար մանաւանդ։

Դեռ նոր պատանքեր էին զինքը, երբ իր մօտը գացի։ Քիչ անգամ իրեն չափ գեղեցիկ մեռել տեսած ունիմ։ Երկայն հասակովը պառկեր էր ճերմակ պատանքին մէջ։ Դէմքը, որուն բոլոր կնճիռները փոթորկալից ամպերու նման փարատեր էին յանկարծ, տժգոյն ու մոմեղէն մաքրութեան մը օծումը կը կրէր։ Աչքերն ու բերանը՝ խաղաղութեան եւ անսահման գոհունակութեան արտայայտութեան մը մէջ փակուեր էին։ Անզգալի թեթեւութեամբ ժպիտ մը կը սաւառնէր երեսին վրայ, միանգամայն քաղցր ու հեգնալիր։ Իր ճերմակ մազերը՝ արծաթէ լուսապսակ մը կը ձեւացնէին դէմքին շուրջ։ Բնաւ երեւոյթը չունէր մահուան հրեշտակին դէմ մաքառած հոգիի մը լքած չարատանջ դիակին։ Բոլորովին հակառակն էր։ Իր դէմքին վրայ կը ճառագայթէր անսահման գոհունակութեան տպաւորութիւն մը, իր թռած հոգիին վերջին տպաւորութիւնը, որուն կորստական հետքը տակաւին քանի մը վայրկեանի համար տեսանելի պիտի ըլլար մեզի։

Այսպէս մեռաւ իմ մեծ մայրս։

Բայց իմ գրողի արհեստս բաւական եղա՞ւ արդեօք արտայայտելու իրենց բովանդակ ուժգնութեան ու եղերական գեղեցկութեան մէջ այն քանի մը դրուագները իր կեանքի տռամին՝ որոնց հանդիսատես ըլլալ տրուեցաւ ինծի, չեմ կարծեր բնաւ։

 

«Հայ Գրականութիւն», 1/14 Ապրիլ 1912, թիւ 10