Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Կը կարծենք ընդհանրապէս թէ՝ ֆրանսական գրականութիւնը ուժով ազդեցութեամբ կը ներգործէ արդի հայ գրականութեան վրայ։ Անո՛ւշ պատրանք, որ իր արդարացումն ունի գէթ այն գիտակցութեան մէջ՝ թէ հայ գրականութիւնը ամէն ինչ է, բացի ըլլալէ հայացի, բնատոհմիկ։

Պատրանքները՝ հանգստաւէտ ու անգիտակից կուրութիւններն են։ Իրականութեան եւ ճշմարտութեան սահմանը համոզումին բարի լոյսովը լուսաւորուած է, ու անկից անդին ա՜լ բանի մը համար չարժեր անհանգիստ ըլլալ։ Երբ համոզուած ենք, ալ ինչի՞ պէտք ունինք։ Եւ համոզումը տարափոխիկ հաղորդականութեամբ այն թովչութիւնն է, որուն կախարդանքէն ապահարկ մնալ դժուար է այնքան։

Ուրեմն համոզած են զմեզ թէ՝ ֆրանսական գրականութեան ազդեցութեան ներքեւ կը գտնուի արդի թրքահայ միտքը։

Բոլոր ասոնք՝ աղուր խօսքեր են, որոնց անիմաստութիւնը հեգնանքի կողմանկիւնէն կը դիտէ մարդ՝ լեղի ու դժգոհ հաճոյքով։ Կը զարմանայ թէ այսքա՜ն խորհրդածութենէ, անդրադարձ լրջութենէ զուրկ հաստատաբանութիւնները կրնան մտքի ճարակ հայթայթել բազմաթիւ բարի մարդոց, որոնք նոյն իսկ միեւնոյն վրէպը ընդլայնելու, բացատրելու համար այնքա՛ն անկեղծօրէն կը տքնին ու կ՚ըսեն շատ մը աղուոր անիմաստութիւններ։

Բազմաթիւ կարծեցեալ ճշմարտութիւններու մասին այսպէս է արդէն։ Առաջին իմաստութիւնը՝ հակառակ կերպով մտածելու, ժխտական կեցուածք մը ընտրելու համարձակութեան մէջն է։ Ու ատիկա որքա՜ն դժուար է։ Բայց այդ իսկ է ազատ իմացականութեան մը հիմնական յատկութիւնը։ Մարդ այդպէսով պիտի տեսնէր որ ամբողջ հին աշխարհը պիտի տապալէր իր հինաւուրց վաւերականութեան մէջ փոշիացած ու ամբողջ նոր աշխարհներ պիտի յառնէին կործանումի աւերակներէն, շլացուցիչ, զարմանալի, շուարեցնող, վախցնող նորութեամբ աշխարհներ։

Անշուշտ համարձակութիւնը այդ սաստկութիւններուն հասցնելու պէտք չկայ կարենալ պնդելու համար թէ այսօր թրքահայ գրականութիւնը բնաւ ֆրանսականին ազդեցութիւնը չի կրեր։

Ասկից առաջ, ամէն համեմատութիւն պահելով անտարակոյս, թերեւս ունեցանք մեր ռօմանթիկները։ Ըստ իս մանաւանդ պէտք էր ըսել թէ՝ ունեցանք միայն գրողներ, որոնք Հիւկօի, Լամառթինի, Էմէ Մառթէնի, Լամընէի նմանեցան, շատ անձուկ ու միակողմանի տեսակէտներէ։ Մասնաւորուելով Հիւկօին վրայ, կը ճանչնա՞նք զինքը ամբողջութեամբ։ Ազդեցութիւն կրուա՞ծ է La Légenda des Sièclesէն, Châtimentsէն կամ Orientalesէն։

Բացի այս քանի մը անուններէն, ռոմանթիկ շրջանը՝ հասարակածային զեղուն բուսականութեամբ ահագին ու շքեղ անտառ մըն է, լեցուն բոլոր անհամանման պէսպիսութիւններով, ու բոլոր այլազան ճոխութիւններով։ Կէորկ Պրանտէսի համեմատ՝ ոչ մէկ գրական շրջան ունեցած է անոր խլացուցիչ մեծութեամբ աղմուկը, շլացնող ու փայլակնաձեւ փայլը, յուզումնալից խանդավառութիւնները, անսահման առատութիւնը՝ տաղանդներու եւ գործերու պէսպիսութեան։ Չենք ճանչնար մենք զայն եւ անիկա՝ իր ամբողջութեամբը ներգործութիւն չէ ըրած մեր գրականութեան վրայ։

Միեւնոյն բանը պիտի կրնայինք ըսել նաեւ բնապաշտ դպրոցի մասին։ Ոչ մէկ գիրք չէ թարգմանուած այդ շրջանի մեծ վարպետներէն։ Լաւ չենք ճանչնար Զոլան, կամ մանաւանդ՝ սխալ կը ճանչնանք զայն. բնա՛ւ չենք ճանչնար Պալզաքը, գրեթէ չենք ճանչնար նաեւ Տօտէն, Կօնքուռները, Սթանտալը, Ֆլօպէռը, իւրաքանչիւրը՝ անհատական ուրոյն ու անհամանման եւ երբեմն նոյն իսկ բոլորովին իրարու ներհակ յատկանիշներով գրագէտներ։ Բնապաշտութեան վարդապետական անձուկ գեղեցկագիտութիւնը միայն երբեմն շահագրգռած է զմեզ։ Կարծած ենք բնապաշտ գրողներ ունենալ, կարծած ենք բնապաշտ գրողներու վտանգին դէմ հակազդել։ Isme յետադաս մասնիկով վերջավորւող բառերուն շատ անգամ խափուսիկ ու վտանգալից հմայքը կարելի՞ էր միթէ ասկից աւելի տխուր կերպով երեւան հանել։ Մարդիկ յաճախ, երբ իրական արժանիքը կը բացակայի, վարդապետութեան մը կեղծ պիտակով կը պարտկեն իրենց կարկամած ու ճապաղ գիտակցութեան համեստ պահանջքը։ Միեւնոյն կերպով՝ մարդիկ կրօնք մը ունին, իմաստասիրութիւն մը ունին, եւ ատիկա՝ իրենց բարոյական զրահն է։ Պէտք կը մնա՞յ կասկածելու թէ՝ մարդոց բարոյական արժանիքը՝ իրենց դաւանանքներէն տարբեր կարգի մը մէջ անհրաժեշտ է փնտռել։ Ասոնց բոլորը՝ քաղցրիկ ինքնախաբէութիւններ են։

Ամէն պարագայի մէջ, սակայն, գոհունակ պարտաճանաչութիւնով պէտք է արձանագրուին այն ջանքերը՝ որ գործադրուեցան երբեմն քանի մը երիտասարդ գրագէտներու եւ բանաստեղծներու կողմէն, ի նպաստ օտար գրականութիւններու ծանօթացման։ Պէտք չէ մոռնալ Ծաղիկ հանդէսի մէկ կարճ՝ այլ կարեւոր շրջանը, զոր շարունակել կարելի չեղաւ։ Աշխատուած ու գաղափարի գրականութեան յուսատու սկիզբ մըն էր ան, տոհմային ինքնաճանաչութեան եւ օտարին ծանօթութեան գեղեցիկ զուգընթացութիւն մը։ Քննադատական ուշագրաւ ու պատուաբեր նորութեամբ փորձեր եղան այդ նպատակներով, ու մենք անուշ եւ հրճուալից հանդիպումով մը իրարու մօտեցած տեսանք հայ մեծ բանաստեղծ Նարեկացին ու ֆրանսացի ժամանակակից Վէռլէնը։ Անիկա ուրուագիծ մըն էր միջազգային մտաւորականութեան շքեղ ալպօմին, ուր, նախապէս ծանօթ դէմքերու քով, իրենց տեղը կուգային գրաւել հիւսիսի ներկայացուցիչները, մարգարէական դիմագծութեամբ ու մառախուղներու տարտամութեան մէջէն պոռթկացող հրացայտ նայուածքներով մարդիկ, ռուս Թոլսթոյին, նորվէկիացի Իպսէնն ու Պիօրնսընը, բոլոնիացի Միցքիէվիչը, եւն։

Այդ գնահատելի ու գեղեցիկ ջանքերը, սակայն, շուտով ընդհատուեցան. գրագէտը, գրականութիւնը իրեն համար լուրջ գործ մը, զբաղում մը նկատող տիպարը հետզհետէ անհետացաւ մեր մէջէն եւ ֆրանսական գրականութեան լուրջ ու բազմակողմանի ազդեցութեան բացակայութիւնը կը տեսնուի մանաւանդ թրքահայ՝ արդի լրագրական անգոյն ու անջիղ գործունէութեան մէջ։ Չկարծուի թէ անկումի (décadence) շրջան մը կը բոլորենք։ Տէքատանսը՝ հիւանդագին ու նրբին զարգացման արտայայտութիւն մըն է, բարեշրջման ուշագրաւ փուլ մը։ Հայ մտաւորականութիւնը՝   այսօր կազմալուծութեան ու տկարացումի շրջան մը կ՚ընէ։ Մեքենականութեան խանգարում մը եւ կենդանութեան պակաս մը կայ հոն։ Այդ է պատճառը որ մակաբոյծ գրողներու անյաղթելի եւ աճեցուն անտառ մը կը զարգանայ օրէ օր։ Ոչ մէկ ատեն հայ գրականութիւնը այսքան ողբալի սնամէջութեան մը, այսքան աղմկալից ոչնչութեան մը մեղադրանքովը չպիտակուեցաւ։ Որոշապէս խօսելով, այսօր գրեթէ գրականութիւն մը չունինք, քանի որ չունինք գիրքը կամ գէթ անոր փոխանորդող գրական խոշոր պարբերականը։ Բարոյական ուժէ եւ հեղինակութենէ զուրկ հրապարակագրութիւն մը միայն ունինք, այնքան անպէտ՝ որքան անտանելի, որ իր ամենօրեայ շատախօս տռտռոցով անհանգիստ կ՚ընէ ընթերցող հասարակութիւնը կամ անոր վարժութիւնը կուտայ թռուցիկ ժամանցին ու աւելորդաբան մասալին։ Այս է պատճառը որ հետզհետէ հրապարակի վրայ ցանցառօրէն կ՚երեւին այն քանի մը ճշմարիտ արժանիքով ու տաղանդաւոր գրողները՝ որոնք անպատճառ բան մը գրած ըլլալու դիւրին փառասիրութենէն տարբեր բան մը կը փնտռեն գրական գործունէութեան իտէալին մէջ։

Այս վիճակը ախտանշական է, ու pronosticը շա՜տ ծանր։ Պէտք է վախնալ հետեւութիւններէն, պէտք է շուտով դարման տանիլ այս վտանգաւոր հիւանդութեան։

Ասոր համար երկու լուրջ միջոցներ կան։ Մէկ կողմէն, գիտակից զարթնումի մը մէջ համադրել ինքնուրոյն կենդանութեան ցրուուն մասնիկները, անդրադառնալ անձնական ինքնամփոփման, եւ միւս կողմէն՝ կազդուրիչ սննդառութեամբ մը ապաքինիլ կործանարար հիւանդութենէն։

Ճշտիւ այս վերջին պարագային մէջն է որ օտար գրականութիւններու իսկական ազդեցութեան բարիքները երեւան կուգան։

Յաճախ ցաւ յայտնուած է որ միա՛յն ֆրանսերէնով պատրաստուած են մեր գրողները, եւ իրենց մտաւորական նկարագիրը կազմուած է շա՛տ միակողմանի կերպով։ Թերեւս շատ իրաւացի ըլլայ այս դիտողութիւնը, բայց ֆռանսերէնը մեղադրելի չէ բնաւ մեր մէջ իրեն առաջ բերած գրական հետեւանքներու մասին։ Մեր գրողները միշտ միակողմանի ու անձուկ կերպով առաջնորդուած են, ֆռանսերէնի օժանդակութեամբ իրենց հետեւելիք իմացական կրթութեան շաւղին մէջ։

Իսկապէս, ֆռանսական միտքը այն տիեզերական խտացուցիչն է, որուն մէջ կուգան իրարու միանալ համակեդրոն շառաւիղները մարդկային ընդհանուր իմացական գործունէութեան։ Բոլոր ցեղերը, բոլոր ձեւերը, բոլոր նորութիւնները, բոլոր գրականութիւնները հոն կը նուիրագործուին. ֆռանսական մատենագրութիւնը, իր բազմաթիւ հսկայ ճիւղաւորումներուն մէջ, ոչ մէկ բան դուրս կը ձգէ, ոչ մէկ բան կը մոռնայ։ Բաւական է որ սկսինք վարժուիլ գիտնալու թէ՝ Հիւկօէն, Զոլաէն, Լամառթինէն, Միւսէէն անդին, անոնցմէ անկախօրէն, գործունէութեան ու կենդանութեան անսահման դաշտ մը կայ, որուն գոյութեան մասին բնաւ չենք կասկածած։

Ուրեմն չվախնանք ֆռանսերէնէն, ընդհակառակն մենք հոս ամէն ինչ պիտի կարենայինք գտնել, բաւական է որ փնտռել ու տեսնել գիտնայինք։

Սկսելու համար պէտք է ծանօթանանք ֆռանսական մտքին վերջին շարժումներուն, պէտք է ճանչնանք նորագոյն դպրոցները, իրենց գունագեղ պէպիսութեամբը, հանդիսատես ըլլալու համար հոն՝ մարդկային մտքին ընդունակութիւններուն հրաշալի այլազանութեանը, այլ եւս դուրս ելնելով վարդապետականութեան մթին ու խոնաւ որջերէն։

Թերեւս ոչ մէկ ատեն գիտութիւնը եւ իմաստասիրութիւնը ուղղակի խառնուած են գրական գործին՝ որքան այսօր։ Հետեւիլ արդի ֆռանսական գրական շարժումին՝ կը նշանակէ ծանօթութիւն հաստատել բոլոր գիտութիւններուն ու բոլոր իմաստասիրութիւններուն հետ։ Արդի գրողին գիտակցութիւնը անօրինակ զարգացում մը եւ եսը՝ արտակարգ տարածականութիւն մը ունին։ Գիտութիւնները՝ աշխատանոցներու դժնեայ սահմաններէն դուրս կը ճառագայթեն, լուսաւորելու համար արուեստագէտին ու բանաստեղծին ուղեղը, եւ իմաստասիրութիւնը՝ իր հնհնուքները կը սփռէ մտածող մարդկութեան վրայ, փիլիսոփաներու մենարաններու մէջ չսահմանափակուելով։

Մտքերու տիեզերական հաղորդակցութիւն մը կայ, որ երկրագնտիս բնիկները իրարու կը լծորդէ իմացական անսահման ցանցի մը օղակներուն համակրութեան մէջ։

Ամէն հայ գրող որ քիչ մը գիտակից է այս ամէնուն, պարտաւոր է պահ մը լրջօրէն անդրադառնալ իր ըրածին վրայ, մոռնալ իր փորի ցաւերը, իր ակռայի անհանգստութիւնները, որոնց անունով գրականութիւն եւ կամ հրապարակագրութիւն ընելու չափ ինկած ու ստորնացած է ինքը այսօր։ Պէտք է անկեղծ ու խորունկ ատելութեամբ մը արհամարհել անգոյն ու անպիտան գործունէութեան չքոտի փառասիրութիւնը, եւ նուիրուիլ օտարին ծանօթութեան լուրջ ու կենսական գործին, ուսումնասիրելով, թարգմանելով, աշխատասիրելով։

Այսպիսի նպատակի մը՝ ծառայութեան փոքրիկ մասնակցութիւն մը բերելու բաղձանքով։ Արեւել[եան] Մամուլին մէջ պիտի ներկայացնենք թարգմանաբար ֆռանսական՝ արդի գրականութեան ամենէն կարկառուն դէմքերէն շարք մը, Ռէմի տը Կուռմօնի Դիմակներու գիրքէն (Le livre des masque)։

Տը Կուռմօն, սէմպօլիսթ դպրոցին ամենէն նշանաւոր քննադատն է։ Իմացական բարձր ու յանդուգն կարողութիւններ, ընդարձակ ու շատ բազմակողմանի հմտութիւն մը՝ բոլոր գրականութիւններուն, բոլոր իմաստասիրութիւններուն ու բոլոր բանասիրութիւններուն, հեգնաբանի շատ սուր ու նրբին յատկութիւններ, մտաւորական ճկունութիւն եւ անկաշկանդութեան արտակարգ ընդունակութիւն, սքանչելի լեզու մը եւ կարկառուն իսկատպութեամբ գունագեղ ոճ մը, ահա՛ Ռէմի տը Կուռմօնը, քանի մը բառով։

Ու բոլոր այս յատկանիշները, բոլոր այս յատկութիւնները իրենց բազմաթիւ կիրառութիւնն ունին Դիմակներու գիրքին շարքերուն մէջ։ Իւրաքանչիւր հեղինակ, ուսումնասիրուած իւրաքանչիւր տիպար, իր մասնաւորութիւններուն համեմատ ճարակ հայթայթած է Ռէմի տը Կուռմօնի մտքին բիւրաբեղուն ընդունակութիւններուն։

Լուրջ մտադրութեամբ հետեւելով այս խիտ եւ հիւթեղ ուսումնասիրութիւններուն, արթնամիտ ու սորվելու հակամէտ հայ ընթերցողը՝ նախաճաշակ մը պիտի առնէ մարդկային իմացականութեան երփներանգ փետրափոխումներուն, պիտի ընտանենայ բազմաթիւ գաղափարներու հետ, պիտի վայելէ հաճելի անակնկալութեամբ նորութիւններ, ու ինքզինքը պիտի առաջնորդուած տեսնէ մտաւորական ոստանին ճոխ սրահներուն մէջ, ներհուն ու հաճոյակատար Մենտորին կողմէն։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1903, Փետրվար 15, թիւ 7, էջ 148-151