Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԱԼԹ ՀՈՒԱՅԹՄԱՆ

Վալթ Հուայթմա՜ն. նոր աշխարհի մտաւորականութեան քառեակ երեւոյթներէն մին է, ամէնէն հզօրը, ամէնէն էականը։ Եթէ Էմըրսըն մտածումն է Նոր աշխարհին, եթէ Բօ երեւակայութիւնն է անոր, եթէ Թոռօ սիրտն է անոր, Նոր Աշխարհի հոգին ինքն իսկ է Վալթ Հուայթման։ Ամերիկայի մեծագոյն քնարերգուն է, իր հասակով՝ բաղդատելի աշխարհի ամէնէն մեծ բանաստեղծներուն հետ։ Վալթ Հուայթման՝ Լանկ-Իսլանտի ծովափնեայ ովկիանաթուրմ կաւէն կենդանութիւն առած այս տիտանեան երեւոյթը, բան մը ունի իր մէջ՝ տիեզերական, անսկիզբ ու անվախճան, որ ամէն ինչ կ՚ընդգրկէ, որ ամէն բանի վրայ կը ծաւալի. տիեզերական համակրութեան մը հաղորդութիւնը՝ համագոյից հետ։ Ուրեմն ինք ամէն դարերէն ու ամէն ժամանակներէն է, ամէն երկիրներէն ու ամէն ցեղերէն. աստուածաշունչ ներշնչումի մը արձակ համարձակ, հանրածաւալ, ամենագրաւ արտայայտութիւնը, որ կը գերէ, կը նուաճէ։ Վալթ Հուայթմա՜ն. վասն զի անիկա ուժն է, վասն զի անիկա Բնութիւնն իսկ է, շինիչ ուժը, եւ պտղաբերիչ մայրական բնութիւնը։

Քիչեր լսած են իր անունը. քանի՞ հոգի տող մը կարդացած է իրմէ։ Զարմանալի կերպով ծոյլ ենք ճշմարիտ մեծութիւններուն նկատմամբ, երբ այնքան կարճատես հետաքրքրութիւն մը կ՚սպառէ մեր միտքն ու հոգին՝ մանրադիտական շարժառիթներու մէջ. Վալթ Հուայթման անծանօթ մըն է մեզի. անծանօթ մը՝ մեծ Վէռհառնին նման։ Պիտի ջանամ երկու բառ թոթովել իր մեծութեան առջեւ։ Թերեւս պիտի ծաղրեն զիս, ինչպէս պատահեցաւ ուրիշ անգամ մը։ Այդ ծաղրանքը, ինչպէս բոլոր ծաղրանքները, իմ տրտմաբեկ զուարթութիւնս պիտի ըլլար։ Վալթ Հուայթմա՜ն. ո՞վ է այդ անծանօթը, ի՞նչ շահեկանութիւն կայ այդ չլսուած անունին մէջ. կ՚արժէ՞ իրմով զբաղիլ. ներելի՞ է զինքը հայ ընթերցող հասարակութեան նկատառութեան յանձնել. անհատական նախասիրութեան մը անհարկի հարկադրութիւնը չէ՞ր այս ալ, նորէն։ Այդ բոլոր առարկութիւնները, առարկելու հակամէտ սրտի մը եւ յուզուելու գերընդունակ մաղձի մը ախտանիշերը միայն պիտի ըլլային։ Ի՞նչ կարեւորութիւն ունին արդէն։ Ճշմարիտ մեծութիւնները, իրենց առաջին երեւումներուն ուժգնութեան ու տարականոն նկարագրին մէջ, ընդհանրապէս միջին ճաշակէն վիճելի, հետզհետէ սակայն ընդունելի են, իրենց պարունակած կենդանութեան ու ճշմարտութեան անհերքելիութեամբը՝ բռնաբար ընդունելի։

Անոնցմէ է Վէռհառն, անոնցմէ է Հուայթման։

Լէոն Պազալժէթ, որուն անունը բոլորովին անծանօթ չէ Մամուլի ընթերցողներուն, վերջերս հրատարակեց ստուար հատոր մը, ամերիկացի հերոսին վրայ. ՎԱԼԹ ՀՈՒԱՅԹՄԱՆ, Մարդն ու իր գործը [1] ։ Մամուլի տակ է Հուայթմանի կարեւորագոյն գործին, Խոտի Տերեւներուն ֆռանսերէն ամբողջական թարգմանութիւնը, եւ քիչ ատենէն Լէոն Պազալժէթ պիտի հրատարակէ ուրիշ երկու հատորներ, ՎԱԼԹ ՀՈՒԱՅԹՄԱՆ, Բանաստեղծ-Մարգարէն, ու՝ Վալթ Հուայթմանի արձակներուն թարգմանութիւնը։

Լէոն Պազալժէթի հատորը, ուրկէ կ՚օգտուիմ մանաւանդ Հուայթմանի ծանօթացուցման այս ձեռնարկիս մէջ, աստուածացում մըն է Նոր Աշխարհի տիտանին։ Պազալժէթ պզտիկ համեմատութիւնները չի սիրեր։ Հերոսներու փառաբանիչ մըն է ինքը։ Իր հատորը, մէկ ծայրէն միւսը, տեսակ մը դիւցազներգութիւն է մանաւանդ՝ քան թէ կենսագրական ու քննադատական ցամաք ու հմտամոլ ուսումնասիրութիւն մը։ Անիկա՝ սրտով գրուած գիրք մըն է, եւ այդ եղանակը լաւագոյն էր անշուշտ, երբ խնդիրը Հուայթմանի մը վրայ է։

Հոս նպատակ չունիմ Հուայթմանը կենսագրելու։ Այդ մասին հետաքրքրութիւն ունեցողները կը ղրկեմ Պազալժէթի հատորին։ Բայց անհրաժեշտ է մարդուն հետ քիչ մը մօտէն ծանօթանալ, լիովին կարենալ հասկնալու համար իր գործին անսահման կարեւորութիւնը։

Վալթ Հուայթման ծնած է Նիւ-Եօրքի մօտ, Լանկ-Իսլանտի մէջ, 1819ին, գիւղացի ծնողքէ։ Իր ծագման աղբիւրը ոչինչ ունի շահեկան եթէ ոչ սա թէ՝ պարկեշտ, խիստ աշխատասէր, բայց անշուք ընտանիքի մը ծոցին մէջ բուսած է այս լեռներու վայրենի ծաղիկը։ Իր մանկական հոգին՝ կեանքի հետ շփումի իր առաջին տպաւորութիւններն ընդունած է անսահման Ատլանտեանին առջեւ։ Ու այդ հոգին իր մէջ իրաւամբ ունի բան մը, խաղաղաւէտ մեծութեան, անչափելի խորութեան եւ պատկառազդու մեծ վայելչութեան դրոշմ մը, որ դրոշմն իսկ է Ովկեանին։ Իր մանկութիւնն ամբողջապէս անցած է Լանկ-Իսլանտի ծովափնեայ քարաժայռերուն վրայ, դէմ առ դէմ անպարագիծ ովկիանոսին, անդադար ազդեցութեանը տակ անոր վիթխարի հմայքին, արբշիռ՝ անոր հայեցողութեամբ, եւ տոգորուած՝ անոր հեռագիծ հորիզոնին ակնախտիղ ու տարտամ երազաւէտութեան մէջ փայլատակող թելադրիչ տեսիլներուն յաճախումով։ Այդ վայրկեաններէն իսկ, կեանքը կը փրփրէր իր մէջ, ու իր հաղորդութիւնը՝ զինքը շրջապատող իրերուն հետ, այդ առաջին օրերէն կը սկսի,

«Տղայ մը կար որ կ՚երթար կը հեռանար

Ամէն օր,

Եւ առաջին իրը զոր տեսաւ՝ այդ իրն եղաւ ինք,

Եւ այդ իրը մաս կազմեց իրեն՝ բոլոր օրը, կամ այդ օրուան մէկ մասը, կամ շատ երկար տարիներով, կամ թէ տարիներու հեռաւոր շրջաններով։

Առաջին եղրեւանիները մարմին կազմեցին այս տղին հետ,

Եւ խոտը, եւ ճերմակ ու վարդագոյն ծաղիկները, եւ սպիտակ ու վարդագոյն առուոյտը, եւ թռչուններուն երգը…»

Վալթ Հուայթման կանոնաւոր վարժարան տեսած չէ։ Պարտէզի ծաղիկ մը չէ ինքը։ Լեռներու վայրենի միջավայրին ճակատագրականութեան մէջ, բնութեան ազատ ուժերուն հուժկու գործակցութենէն դուրս եկած կաղնի մըն է, անմշակ՝ այլ ահագնօրէն գեղեցիկ՝ իր հոյակերտ պարզութեամբ։ Բնութեան երեւոյթներուն նման, չսանձուած բնաւ, բնաւ չձեռնարկուած զսպանակում մը եւ կուսութիւն մը կայ այս հոգիին մօտ։ Իր պատանութեան տարիներէն սկսեալ, յաջորդաբար եղած է դեղագործի աշկերտ, հիւսն, գրաշար, գեղի վարժապետ, աւելի ուշ՝ ճարտարապետ, խմբագիր, լրագրի տնօրէն, յօդուածագիր։ Իր գրական սկզբնաւորութեան արտադրութիւնները (նորավէպ, խմբագրական յօդուածներ, քրոնիկներ) բնաւ չէին գուշակել տար այն մեծ բանաստեղծը՝ որ պիտի յայտնուէր օր մը Խոտի Տերեւներուն մէջ։

Մինչեւ այդ թուականը, ամբոխներու մարդը եղած էր ինքը։ Ո՛չ մէկ գրական դպրոց, ոչ մէկ գրական շրջանակ կրցան զինքն առինքնել։ Իբր մարդ՝ հակառակ իւր դիւրահաղորդ, ազնուաբարոյ եւ հաճոյակատար բնաւորութեան, իր նկարագրին բացարձակ անկախութեան բերմամբ, հեռի մնացած է միշտ պաշտօնական գրականութեան հարկադրիչ կախումներէն ու յարաբերութիւններէն, եւ ապրած է փողոցին մէջ ապրող ամբոխին հետ, բարեկամանալով անոր հետ, զայն միայն սիրելով։

Իր արտաքին երեւոյթով, խիստ ուշագրաւ մարդ մըն էր։ Բարձրահասակ, հաստաբուն, ձիգ, արեւակէզ ու համակրելի հզօր դիմագծութեամբ, երկայն գորշ մօրուքով, մշտապէս լայնեզր թաղեայ գլխարկով, անբասիր մաքրութեամբ ճերմակ շապիկին օձիքը յաւիտենապէս չկոճկուած՝ ցոյց տալով իր կուրծքին մազոտ կենսաւէտ սկզբնաւորութիւնը։ Փողոցէն անցած ատեն՝ տիտան մըն էր։ Եւ անկարելի էր վայրկեան մը կանգ չառնել, դիտելու համար այս տարօրինակ կիսաստուածը, չես գիտեր ո՛ր Ողիմպոսէն վար իջած, իր անյոյզ մթութիւնը պտտցնելու համար նոր աշխարհի քաղաքակրթութեան սալայատակին վրայ։

«Ամբողջ իր կենդանութեան միջոցին, այդպիսի հետաքրքրութիւններու առարկայ եղաւ ինքը, իր անձնաւորութեան՝ ֆիզիքական հմայքին շնորհիւ»։

«Բայց էապէս ի՞նչ էր ան, այդ տարօրինակ տղան։ Լրագրո՞ղ էր, գործաւո՞ր էր, տպագրո՞ղ էր, թէ ծպտեալ որ եւ է մեծ անձնաւորութիւն մը։ Ոչ ոք պիտի կրնար ըսել։ Վալթն է, ինքը, եւ այս չորս տառերը բաւական էին զինքը սահմանելու»։

Բայց լսել պէտք է մանաւանդ՝ Պատասխանողին Երգը.

Գործաւորները զինքը գործաւոր մը կը նկատեն,

Ու զինուորները կ՚ենթադրեն թէ զինուոր մըն է, ու նաւորդները՝ թէ ծովու մարդ մըն է,

Եւ գրագէտները զինքը կը նկատեն գրագէտ մը, եւ արուեստագէտները՝ արուեստագէտ մը,

Եւ աշխատաւորները կ՚զգան թէ ան իրենց հետ պիտի կրնար աշխատիլ, ու սիրել զիրենք,

Թէ՝ ինչ որ ալ ըլլայ աշխատանքը, ինքն անիկա է որ՝ այդ աշխատանքը կրնայ ի գլուխ հանել, կամ ի գլուխ հանած է,

Թէ՝ ինչ որ ալ ըլլայ ազգութիւնը, հոն պիտի կրնար ինք իր եղբայրներն ու իր քոյրերը գտնել.

Անգլիացիները կը կարծեն թէ իրենց անգլիական կոճղէն դուրս կուգայ.

Հրեային՝ Հրեայ մը կը թուի, Ռուսին՝ Ռուս մը, ամէնո՛ւն՝ կը թուի սովորական ու մօտաւոր, ու ոչ ոքէ հեռու է։

Սրճարանին մէջ ուր կը նստին ճամբորդները, որո՛ւ որ նայելու ըլլայ՝ զինքը կը յետսապահանջէ (revendiquer),

Իտալացին կամ Գաղիացին վստահ են, Գերմանացին վստահ է, Սպանիացին վստահ է, եւ Քուպայի կղզեբնակը վստահ է.

Մեքենագործը, նաւորդը՝ մեծ լիճերուն վրայ, կամ Միսիսիբին, կամ Սէն-Լօռանին, կամ Սահրամենթօին, կամ Հութսօնին, կամ Բօմանօքի նեղուցին վրայ. զինքը յետսապահանջեն [2],

Ամէնէն մաքրարիւն ազնուականը՝ կը ճանչնայ անոր արիւնին մաքրութիւնը.

Լիրբը, պոռնիկը, բարկացոտը, մուրացկանը՝ ինքզինքնին կը գտնեն իր կերպերուն մէջ, տարօրինապէս կ՚ազնուափոխէ զանոնք։

Ահա՛ այն զեղուն ու կենսաւէտ տիեզերականութիւնը՝ որու ձեւին ներքեւ կը ներկայանայ Վալթ Հուայթման, իր գործին ստեղծագործութեան նախորդ օրը։

Այդ թուականներուն, յանկարծական փոփոխութիւն մը, որուն քանի մը կենսագիրներ յայտնութենական հանգամանք մը կ՚ընծայեն, կուգայ յեղաշրջել պարզուկ խմբագիրը։ Իր ճշմարիտ ճամբան, «Դամասկոսի ճամբան» պիտի գտնէր։

«Ըստ Պըքի, կ՚ըսէ Պազալժէթ, Հուայթման իր կեանքին մէկ թուականին, զոր կ՚անգիտանանք, բայց զոր կարելի է տանիլ իր 32 կամ 33 տարեկանին, յանկարծական լուսաւորումի մը շնորհն ընդունած պէտք է ըլլայ, պատմութեան մեծ մարգարէներուն նման, ինչպէս Պուտտա, Յիսուս, Պօղոս կամ Մուհամմէտ, որով՝ օժտուեցան նոր ու գերմարդկային իմացութիւնով մը, զոր Պըք կ՚անուանէ «Տիեզերական գիտակցութիւն» (conscience cosmique)»։

Այդ տիեզերական գիտակցութիւնը՝ զայն իր հետ բերած էր արդէն։ Անոր հասուն արտայայտութիւնը նախորդող շրջանը՝ սպասումի եւ թխսումի շրջան մըն էր միայն։ Եւ այս անգամ՝ հանճարը կը բռնկէր այլեւս, ու թխսումի առերեւոյթ հանդարտութեան՝ յեղակարծօրէն կը յաջորդէր հրաբուղխի հզօր պոռթկում մը։

Եւ առաջին երգը կը բարձրանար, վայրենաշունչ, նորօրինակ, անսովոր։ Նոր աշխարհի Թրուպատուրը՝ Ամերիկան կ՚երգէր այնպիսի շեշտով մը, որուն նմանը լսուած չէր ոչ մէկ ատեն։ Խոտի տերեւներուն այս առաջին տպագրութիւնը 100 էջէ բաղկացած տետրակ մըն էր։ Վալթ Հուայթման ի զուր փնտռած էր հրատարակիչ մը։ Ոչ ոք համարձակած էր ստանձնել այդպիսի բարբարոս, անսանձ, վայրենադրոշմ գործի մը հրատարակումը։ Ուրեմն ինք իսկ եղած էր իր հրատարակիչը, ինքն իսկ եղած էր նաեւ տպագրիչն ու գրաշարը իր գործին։ Գիրքը բնաւ ընդունելութիւն չգտաւ։ Ըստ ձեւին՝ ո՛չ արձակ էր ոչ ոտանաւոր։ Ոճը բոլորովին անձնական դրոշմ ունէր, արտայայտութեան եղանակին մէջ կար կանոնազանց, քաոսային, անհեթեթ բան մը, որ կը հեռացնէր ամէն պահպանողական ճաշակ։ Չէ թէ միայն ընդունելութիւն չգտաւ, այլ նոյն իսկ ծաղրեցին, քաշքշեցին, դատափետեցին գիրքն ու իր հեղինակը, այդ երէկի հիւսնը, գրաշարը կամ խմբագրի կտորը։

Բայց Խոտի Տերեւները շուրջ 15 օրէ ի վեր լոյս տեսած էր, երբ հեղինակը առտուան մէկը, անակնկալ նամակ մը կ՚ստանար, զոր ի հարկէ բազմաթիւ անգամներ կարդաց սկզբէն մինչեւ ծայրը ապահով ըլլալու համար թէ պատրանքի մը զոհ չէր։ Նամակը թուականուած էր Քօնքօրտէն ու կը կրէր Վալթ Հուայթմանի համար բոլորովին անակնկալ ստորագրութիւն մը, Ռ. Վ. Էմըրսըն։ Տարօրինակ բան, գրական աշխարհէն միաձայնութեամբ մերժուած այս գիրքը՝ հաւանութեանը կ՚արժանանար ժամանակին մեծագոյն իմաստասէրին ու բարոյախօսին։ Էմըրսըն, այն ատեն իր տիեզերական համբաւին գագաթնակէտին վրայ, ի՞նչպէս չէր վարանէր։ Իր գնահատումը յստակ ու կտրուկ էր։ «Ձեր գիրքը կը նկատեմ, կ՚ըսէր, ամենէն արտակարգ մտքի ու իմաստութեան արտայայտութիւնը՝ զոր Ամերիկան արտադրած ըլլայ ցայսօր։ Շատ երջանիկ եմ այս գիրքը կարդալով, վասնզի մեծ զօրութիւնը կ՚երջանկացնէ զմեզ։ …Կ՚ողջունեմ զքեզ մեծ ասպարէզի մը սկիզբը…։ Քիչ մը աչքերս շփեցի, տեսնելու համար թէ արդեօք արեւի այս ճառագայթը պատրանք մը չէ՞ր. բայց գրքին ամուր իմաստը՝ լուրջ ստուգութիւն մըն է արդէն…»։

Այսպէս, մեծ մը ուրիշ մեծէ՛ մը հասկցուած էր ամենէն առաջ, ու լիովին։

Բայց այս գնահատականը բաւական չէր մէկ օրէն միւսը հաշտեցնելու հասարակաց ճաշակը այս բարբարոսին աններելի յանդգնութիւններուն հետ։

Մանաւանդ թէ այս առաջին նիհար տետրակէն յետոյ, Խոտի Տերեւներուն յաջորդական տպագրութիւններն հետզհետէ պիտի ստուարանային։ Վալթ Հուայթմանի լրջագոյն գրական գործունէութիւնը այդ գրքին մէջ կը սահմանափակուի այլեւս։ Իւրաքանչիւր տպագրութեան՝ վերաշինած ու ստուարացուցած է զայն։ Խոտի Տերեւներու 10րդ տպագրութիւնը, 500է աւելի էջերով թանձրազանգուած հատոր մը պիտի ըլլար։ Եւ ի՞նչ պիտի պարունակէր ան։ Իւրաքանչիւր անգամին՝ բանաստեղծին ծրագրին աստիճանական իրագործումը պիտի ըլլար, Ամբողջական երգ մը, որ պիտի պանծացնէր բնութեան բոլոր թագաւորութիւնները. տիեզերական հսկայ քնար մը, որուն լարերուն վրայ պիտի թրթռային բոլոր ձայներն ու պիտի հնչէին բոլոր վանկերը։ Կիներուն քերթուածը, Բազմութիւններուն՝ մէկի մը մէջ քերթուածը, Ցորենի յարութեան հրաշալիքին քերթուածը, Երգիչներուն եւ քերթուածներու բառերուն քերթուածը, Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի, Ամերիկայի, Աւստրալիայի, Քուպայի, եւ ծովին Արշիպեղագոսներուն ազատութեան քերթուածը, Մերկութեան առաջարկութեանց քերթուածը, Երկրի վրայ բառեր ըսողներուն քերթուածը… եւ այլն։ Միեւնոյն ատեն զգացումով ու երեւակայութեամբ, կիրքով ու խանդավառութեամբ արձակուած ձայն մըն էր, որ կը թնդար, իբր թէ ըլլար համադրական արձագանգ մը բոլոր ձայներուն, բոլոր երգերուն։

Ես մարմինին բանաստեղծն եմ.

Եւ հոգիին բանաստեղծն եմ նաեւ ես…

Իմ մէջէս արգիլուած ձայներ կը լսուին,

Ձայները սեռին ու ցանկութեան, քօղածածուկ ձայներ՝ որոնց քօղը կը պատռեմ ես.

Անվայել ձայներ ինձմով մաքրուած՝ ու կերպարանափոխուած.

Ես կը հաւատամ միսին ու իր ախորժակներուն։

Տեսնել, լսել, զգալ՝ հրաշքներ են, եւ մարմինին իւրաքանչիւր մասը, իւրաքանչիւր հատուածը՝ հրաշք մըն է։

Աստուածայի՜ն եմ ես, ներքնապէս ու արտաքնապէս, եւ ես նուիրական կը դարձնեմ՝ ինչ բանի որ դպչիմ, ինչ բան որ ինծի կը հպի։

Իմ անութներուս բոյրը՝ աւելի նրբին անուշահոտութիւն մըն է քան աղօթքը։

Իմ գլուխս աւելի՛ կ՚արժէ քան բոլոր եկեղեցիները, բոլոր Աստուածաշունչները, բոլոր հաւատալիքները…։

Ի՞նչպէս կրնային հաւանիլ այս խիզախօրէն նորօրինակ եղանակին։ Մանաւանդ թէ ընդհանուրին համարձակօրէն ու անստուեր եւ հզօր անկեղծութեամբ զգայապաշտ նկարագիրը՝ իրմէն կը հեռացնէր ամերիկեան խպնասիրութիւնը։

Սեռը՝ ամէն ինչ կը պարունակէ…

Բոլոր յոյսերը, բոլոր բարիքները, բոլոր ձիրքերը,

Բոլոր կիրքերը. բոլոր սէրը, բովանդակ գեղեցկութիւնը, բոլոր ուրախութիւնը երկրին…

Ինչ որ մտազբաղ եմ պանծացնելու, հռչակելու, եթէ նոյն իսկ երկրի վրայ միակ մարդն ըլլամ այդ գործին համար…

Յետոյ նաեւ, ինքը Մարգարէն է, նոր ժամանակներու Մարգարէն, որ գեղածիծաղ վաղորդայններու աւետիսը կը քնարերգէ, կենսալիր ու անդրդուելի հաւատքով մը։

Ահա՛ իր լայն գիծերուն մէջ՝ այս տարօրինակ բանաստեղծը։ Ոչ ոքի կը նմանէր։ Ոչ ո՛ք իրեն կը նմանէր։ Ու չհասկցան զինքը տարիներով, ու չսիրեցին։ Ծաղրանքի, հալածանքի, օրինական հետապնդմանց նշաւակ եղաւ իր գիրքը, որուն վաճառումն արգիլեցին։ Բայց հակառակ այս ամենուն, թո՛ղ ըլլայ շատ վերջը միայն, կեանքի արեւմուտքին, ինքը ճանչցաւ տիեզերական հռչակը։ Ռօսէթթինfր, Սուինպըրներ, Թէնիսըններ, իրենց հիացումն ու բարեկամութիւնը ղրկեցին իրեն։ Անգլիան ամբողջ ու հին աշխարհը բովանդակ տեղեկացաւ այս նախնական թրուպատուրին գոյութեան, եւ այսօր անվիճելի կերպով Հուայթման աշխարհի մեծագոյն ու ամենէն եզական բանաստեղծներէն մին է։

Վալթ Հուայթման մեռած է 1892ին, պանծալի ծերութեան մը մէջ, երգելով Մահը, բարի ազատարարը, որմէ բնաւ չվախցաւ, եւ զոր ընդունեց գրկաբաց հիւրընկալութեամբ։

Մթամա՜ծ մայր, որ թեթեւ ոտքով մը անընդհատ դէպի մեր մօտիկը կը սահիս,

Ոչ ո՛ք չերգեց քեզի համար ամենակատարեալ բարիգալուստի երգ մը։

Այն ատեն ե՛ս կ՚երգեմ զայն, կը պանծացնեմ զքեզ՝ ամէն բանէ վեր,

Կը նուիրեմ քեզ երգ մը՝ որ նշանակէ թէ երբ իրաւամբ պիտի գաս դուն՝ եկուր առանց վարանումի…

Ինձմէ առ քեզ կը պարտին ուրախալիր սիրերգներ…

Այս համառօտ սահմանափակ էջերը՝ մեծ բան մը ըսած չեղան իր մասին, բայց վերջին պահուն գրեթէ պարտականութիւն մըն է ինծի համար աւելցնել թէ՝ հայ ընթերցողը պարտի ճանչնալ զինքը։ Եւ ճանչնալ՝ երախտագիտութեամբ։ Հուայթմանի տիեզերական ողջոյնէն, «Ողջո՛յն Աշխարհի» անկեղծ ու սրտագին բաժին մըն ալ իրեն ելած է։ Բարեւի այն անմոռանալի ձայնը, սիրով ու համակրութեամբ ուռած, որ Նոր աշխարհի հեռաստաններէն հնչեց, սահելով թռչելով ովկիանոսներու ու ցամաքներու վրայէն, հասնելու համար մինչեւ ափունքը դրախտավայրի ջուրերուն, այդ ձայնը պէտք է յուզէ զմեզ, ու մեր սիրտերը տաքցնէ դէպի մեծ Քերթողը բոլոր ժամանակներուն, բոլոր երկիրներուն, ու բոլոր ցեղերուն։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1908, 2 Սեպտեմբեր, թիւ 36, էջ 841-848



[1]            Léon Bazalgette. Walt Whitman, l'Homme et son œuvre, 1 Vol., 513 pages, 7, 50fc, Société du Mercure de France, 26 Rue de Condé, Paris.

[2]            Այսինքն իր մէջ՝ ինքզինքնին կը ճանչնան. Ծ. Թ.