Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՊԱՍՈՒՄ


Կայնած՝ պիշ պիշ կը նային

Լերկ ժայռերը ծովափին,
Ու կը սպասեն որ աղի
Կոհակներուն կատաղի
Փրփուրներուն տակ թաղուին
Լերկ ժայռերը ծովափին։

 

Փարախին մէջ գառնուկներ
Մայիւններով տարուբեր,
Մայր ոչխարին կարօտով
Կ՚ողբան սուգը հոգեխռով
Ու կըսպասեն անհամբեր։
Մայիւններով տարուբեր։

 

Սիրահարի սրտեր թունդ
Յուզումներու խոր անդունդ,
Սէրը կ՚երգեն բարբառուն
Աշուն, ձմեռ թէ գարուն,
Կերտեն կեանք մը անծընունդ
Յուզումներու խոր անդունդ։

 

Խորհող մըտքեր՝ սերմնացան
Մըշակներու ճիշդ նըման,
Սերմ—մտածումին ուռճացման
Յար ըսպասեն անբաժան.
Հերկեն մըտքեր, կոշտ խոպան,
Մըշակներու ճիշդ նըման։

֍

Սպասումն է այս կեանքին
Մեծ Օրէնքը ցաւագին,
Յոյս երազներ կը ցնդին
Անհուն ծոցը Պատրանքին,
Պէտք է յարգել տակաւին
Մեծ Օրէնքը ցաւագին։

«Արեւելեան մամուլ», 1903, 29 Մարտ, թիւ 13, էջ 294