Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ


Երբ՝ Ֆրանսական, զուիցերական ու աւստրիական ազատ երկինքներուն տակ քաղաքակիրթ ու անդորրաւէտ կեանքը ապրելէ վերջ, ճանապարհորդը ոտքը կը դնէ ռուսական սահմանագլխին վրայ, անմիջապէս կը զգայ այն աչքառու տարբերութիւնը որ կայ՝ բռնապետական ու սահմնակադրական կառավարութեանց միջեւ։ Բովանդակ Եւրոպայի մէջ երկրէ մւ ուրիշ երկիր անցնելու առթիւ ոչ մէկ սահմանագլխի վրայ այնքան անախորժ փոփոխութիւններ եւ ըմբոստացնող հանգամանքներ կը տեսնուին, որքան ռուսական սահմանագլխին վրայ, ուրկէ կըսկսի ծայր տալ պահակ զինուորներու սուինափայլ շարքը, պահ մը աներեւութացած այլ շուտով վերադարձած բռնապետութեան մեծ ու պզտիկ բոլո՛ր նեցուկներուն վայրագութիւններովը ամբակուռ։ Կը տեսնէք խազախներ, որոնք Մանչուրիոյ վայրենաբոյր միջավայրէն դեռ նոր դուրս ելած, եկեր են Ձարին կառավարութեան ոգին ներարկելու վակօններուն մէջ. կը տեսնէք զինուորներու անհատնում տողանցումը, որ շղթայած է կայարաններուն ելեւմուտքը, երկաթուղւոյ գծին ամբողջ երկայնութեանը տարածուած, եւ կամ կամուրջներու կամարին տակ կզկտած։ Կըսես՝ գիշատիչ ագռաւի մը պէս եկած նստած է ազատութեան բաբախումներէն դեռ արոփուն այնքան հպարտ կուրծքերուն վրայ, որոնց փեռեկտումին ի տես, սակայն, մարդ ա՛լ աւելի խորունկ կըզգայ ապստամբական խարոյկին բոցամառումը, եւ որոնց անթարգմանելի զոհաբերութիւններուն ի լուր, գլուխները անզգալաբար կը խոնարհին՝ յեղափոխութեա անպարտելի չաստուածին առջեւ։

Վիէննայէն ըլլայ՝ թէ Պերլինէն, երբ ճանապարհորդը կ՚ուղղուի դէպ ի ռուսակա, սահմանագլուխ, հասնելու համար Կրանիցա կամ Ալեքսանարովսք, երկաթուղւոյ գծին ամբողջ երկարութեանը վրայ սուրացող արագութեամբ կը նշմարէ Լեհաստանի հին թագաւորութեան բեկորները, կիսաւերակր դղեակները, դարաւոր եկեղեցիները ու գեղջուկի նահապետական խրճիթները, որոնք տակաւ կորսնցնելու վրայ են իրենց ազգային գեղեցկութեան դրոշմը, ենթարկուելու համար աւստրիական ու գերմանական համայնակուլ տիրապտութեան ձուլումին։ Կը տեսնէք Բոլանիացի երիտասարդներ ու աղջիկներ, իրենց չղարշահիւս հրապուրիչ տարազով, որոնք հայրենաշունչ անտաւներուն ստուերին մէջ մեկուսացած, իրենց պատառատուն եւ ստրուկ հայրենիքին յուզումնալիր երգերը ծառերն ի վեր կը սլացնեն, մինչ կիթառի ու վիզի վրայ հնչեցուած մելանուշ եղանակները՝ աւելի հեռուն՝ Բոլոնիոյ ռուսական բաժինին տակ հեծող եղբայրներուն հեկեկանքներն ըլլալ կը թուին։ Ու կը խորհիմ թէ որքա՛ն սեղմ հանգիտութիւններ ունին հայկական եւ լեհական կեանքի իրականութիւնները, երկու դարաւոր ազգերն ալ բաժնուած՝ երեք հարստահարող տէրութեանց միջեւ, ու արիւն արցունիք մէջ ապրելու նախասահմանուած, զուրկ՝ բոլոր այն երջանիկ կեանքի պայմաններէն որոնք ազատ ծնած ու ազատութեամբ սնած ժողովուրդներ կը վայենեն։ Անոնք ալ, մեզի պէս, աշխարհագրական դժբաղդ ճակատագրով մը հատուածներու բաժնուած, առ հասարակ անվարժ՝ բիրտ ոյժի պահանջներուն, ինքզինքնին տուած մտաւորական եւ ճարտարագործական զարգացման, եւ սակայն օր մը վերջապէս ազգային վերազարթնումի ոգիէն ելեքարականցած, սկսեր են մղել գերմարդկային պայքարը՝ տիրող բռնակալ կարգերուն դէմ, ջախջախուելու՝ այլ վերամփոփուելու յամառութեամբ, քանդուելու՝ բայց վերջնական յաղթանակը ապահովելու երազովը։

Ահա՛ այն մտածումները, զորս կ՚ունենայ հայ ճամբորդը, երբ արագօրէն կ՚անցնի աւստրիական ու գերմանական Բոլոնիոյ նկարագեղ մարգերէն, թաւուտ անտառներէն եւ ճարտարարուեստական քաղաքներէն։ Բայց երբ կը հասնի ռուսական Բոլոնիան, հոն այլապէս խռովիչ պատկերներ կ՚արիւնոտեն զգացումներդ, որովհետեւ հոն այլեւս քաղաքացիական իրաւունքները կամ ազատ մարդու կենցաղին պայմանները չեն միայն որ ոտնակոխ կլլան, այլ կեանքե՜ր, ամբողջ նորահաս ու ըմբոստութեան արեւովը օծուած սերունդներ են որ կ՚իյնան խազախներու նապութին կամ գնդակին տակ, այնքան դիւրութեամբ, որքան ցորենի հասկերը կ՚իյնան մանգաղահար։ Իսկ երբ մեծ ու պզտիկ բռնաւորներուն արիւնապահանջ ախորժակը պահ մը յագեցած է, ու Կարմիրը տակաւ կ՚անհետանայ հողերուն եւ աչքերուն վրայէն, ուրիշ սարսափներ, ինչպէս հաւաքական խուզարկութիւն, դիւրին ու անպատասխանատու բանտարկութիւն, զինուորական դատարան, աքսոր ու կախաղան չեն յամենար զգացնելու ժողովուրդին՝ թէ ինքը ստրուկ պէտք է մնայ, բռնաւորին կամքին ու քմահաճոյքներուն նշաւակ։

Մեր թռէնը՝ անուշադիր՝ իր շուրջբոլորի բնակչութեանց սուգին ու լացին, կը սուրայ կ՚անցնի կոտորածէ փախչող թշուառներուն նման սուլելով, մինչ մեր աչքերուն առջեւ հետզհետէ կուգան եւ կ՞անհետանան Լօցը, Պէլօսթօքը, Սէտլէցը, Վարչավան, բոլոնիական ճարտարարուեստի, մտաւորականութեան եւ ապստամբութեան բոլոր այս կարեւոր կեդրոնները, ուր՝ վերջին տարիներու ընթցքին տեղի ունեցած կոտորածներն ու անսանձ բռնութիւնները Տումայի բեմէն մինչեւ տիեզերական մամուլի էջէրը, բողոքի նիւթ մատակարարեցին։

Բան մը կայ սակայն որ հետամուտ ուղեւորին ուշադրութենէն չի կրնար վրիպիլ. ատիկա այն անբարբառ այլ ինքնավստահ հաւատքն է որ արիւնի եւ կրակի մէջէն անցնող ժողովուրդին վրայ կը տեսնես, հաւատքը՝ վերջնական յաղթանակին, որ պիտի գա՛յ ուշ կամ կանուխ, հակառակ ամէն ճնշումի եւ հարստահարութեան։ Ու կը խորհիս թէ որքա՜ն անզօր կամ ապարդիւն պիտի ըլլային յեղափոխական գաղափարի կռիւները, եւ քանի կախաղաններ փայտէ դիակներ ցուցադրած պիտի ըլլային, եթէ այդ անկորնչելի հաւատքը արմատ կապած չըլլար հարստահարուած ժողովուրդի մը արի ու լաւագոյն զաւակներուն սրտին մէջ, հաւատքը՝ արդարութեան դատին որ արհամարհել կուտայ բոլոր հալածանքները, ոբոլոր խութերը, ու փարոսի հեռաւոր լոյսին պէս անխոտոր կ՚առաջնորդէ դէպի մտասեւեռեալ հանգրուանը։

«Ձայն հայրենեաց», 1908, 20 Նոյեմբեր-2 Դեկտեմբեր, թիւ 5, էջ 33-34