Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԴԵՐԸ


Այս ընդհանուր խորագրին տակ «Ձայն Հայրենեաց»ի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք ժամանակակից Եւրոպայի սահմանադրական կառավարութեանց առած բարեշրջական քայլերը վերջին դարու ընթացքին, եւ պիտի ցոյց տանք, թէ ի՛նչ շրջաններէ անցած են Սահմանադրական սկզբունքները, կառավարութեանց կազմակերպութիւնը, ներկայացուցչական րէժիմը, ընտրական եւ բարլամէնթական գործողութիւնները, եւ զանազան տեսակի ազատութիւնները։ Տաճկահայ ժողովւորդին համար, որուն առջեւ սահմանադրական—խորհրդարանական նոր կեանք մը կը բացուի, մէկէ աւելի շահեկան ու հրահանգիչ էջեր կը պարունակէ այս յօդուածաշարքը։ Պիտի սկսինք Անգլիական կառավարութենէն, եւ հետզհետէ պիտի խօտինք Պէլճիգայի, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ ու Գերմանիոյ սահմանադրական կազմակերպութեանց վրայ, օգտուելով գլխաւորաբար Etienne Flandinի մասնագիտական հրատարակութիւններէն։