Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ԱՆԳԼԻԱ

Անգլիա՝ ներկայացուցչական րէժիմի օրրանը եղած է թէեւ, բայց կարելի չէ ձեռք անցընել այն ճշգրիտ բնագիրը, որուն բանաձեւած սկզբունքներուն համաձայն կը կառավարուի Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի միացեալ թագաւորութիւնը։ Անգլիական օրինագիրքը հաւաքոյէ մըն է աւանդութեանց, արքայական հրամանագիրներու եւ քաղաքական օրինագծերու, ու անգլիական սահմանադրութեան սկզիբը կը կորսուի իր պատմութեան գրչերին մէջ։

Անգլիական կառավարութիւնը բազկացնող երեք տարրերն են. 1. Արքունիքը, 2. Լորտերու ժողովը, 3. Երեսփոխանական Ժողովը։ Հակառակ որ այս երեք գործօն տարրերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն կը տիրէ միշտ, իւրաքանչիւրին փոխադարձ կարեւորութիւնը եւ յարաբերութեանց եղանակը մեծապէս փոխուած է վերջին դարու ընթացքին։ Բացատրենք։

Տեսականին մէջ ամէն նախաձեռնութիւն Արքունիքին, այսինքն . թագաւորին կը պատկանի. բայց գործնականին մէջ Անգլիոյ թագաւորը շատ սահմանափակ դեր մը ունի հասարակական գործերու ղեկավարութեան մէջ. այդ դերը կարելի է «շինծու» անուանել. Անգլիոյ թագաւորին ասանկ արուեստական դեր մը արուելուն նպատակն է ժողովուրդի երեւակայութեան վրայ ազդել. թագաւորը՝ երեւութապէս՝ անգլիական ազգին վեհափառութիւնը կը մարմնացնէ. անիկա կառավարութեան պետն է, բոլոր պաշտօնեաներուն, պատիւներուն եւ տիտղոսներուն աղբիւրը, ինչպէս նաեւ իր ձեռքին մէջ ունի օրէնսդրութիւնը. ազգը կը ներկայացնէ օտարներուն առջեւ, պատերազմ կը հրատարակէ, դաշնագիրներ կը կնքէ, դեսպաններ կընդունի. մէկ բառով, ինչպէս կ՚ըսէ Քօք, «թագաւորը Բարլամէնթի կազմութեան կը մասնակցի, քանի որ իր անուանած լօրտերը կը մասնակցին Խորհրդարանին. անիկա է որ ժողովի կը հրաւիրէ ու կը լուծէ Բարլամէնթին երկու հատուածները, վերջապէս, օրէնք մը այն ատեն միայն պարտաւորիչ կը դառնայ, երբ վեհապետը վաւերացուցած է զայն։ Պէտք է գիտնալ սակայն, թէ թագաւորը բոլոր այս կարեւոր անօրինութիւնները կը կատարէ՝ միջնորդութեամբ իր նախարարներուն, իսկ այս վերջիններն ալ թէեւ «Ն. Վեհափառութեան ծառաները» կը կոչուին, այսոհանդերձ բան մը չեն կրնար ընել առանց ստանալու հաւանութիւնը Բարլամէնթին՝ որուն առջեւ պատասխանատու են։

Լօրտերու ժողովը կը բաղկանայ կղերական լօրտերէ, որոնք անկլիքան եպիսկոպոսներ են, եւ աշխարհական լօրտերէ. առաջինները ժառանգական իրաւունքով կը բազմին Խորհրդարանին մէջ, իսկ վերջինները Իրլանտայի եւ Սկովտիոյ ազնուականութեան կողմէ նշանակուած ըլլալով։ Սկզբամբ, Լօրտերու Ժողովը ունի նոյն այն իրաւունքները զորս Երեսփոխանական Ժողովը կը վայելէ. բայց գերծնականին մէջ. Լօրտերու ժողովը գրեթէ ամբողջովին կորսնցուցած է իր ազդեցութիւնը օրէնքներու կազմութեան գործին մէջ. եւ Անգլիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ալ երկրորդական դեր մը կը խաղայ. Լօրտերու Ժողովին գլխաւոր առանձնաշնորհումն է, մասնաւոր պարագաներու տակ անգլիական մրացեալ թագաւորութեան դատական գերագոյն ատեանն ըլլալ։

Անգլիական կառավարութիւնը բաղկացնող երրորդ տարրը՝ Երեսփոխանական Ժողովը, անվիճելիօրէն գերակշիռ ոյժն է երկրին մէջ։ Անգլիոյ սահմանադրական ոգին սա է թէ «Թագաւորը կատարեալ է. գէշ գործ չի կրնար ընել»։ Եթէ թոյլ տայ որ գէշ բաներ կատարուին, կը նշանակէ թէ չար խորհուրդ ստացած է ու Բարլամէնթը պէտք է չարիքին առաջքն առնէ։ Այս ոգիին եզրակացութիւնն այն կըլլայ որ, նախարարները իբրեւ թագաւորին խորհրդականներ, Բարլամէնթին ռջեւ պատասխանատու են. ուրեմն, նախարարները այնքան ատեն միայն պաշտօնի վրայ կրնար մնալ որքան որ Երեսփոխանական Ժողովի մեծամասնութեան վստահութեան քուէն ունին ու կը պահեն։ եթէ Անգլ. Երեսփ. ժողովի գործունէութիւնը սահմանափակուած ըլլար ելմտացոյցը (budget) քուէարկելուն եւ Լօրտերու ժողովին օրէնսդրական գործոց աշխատակցելուն մէջ միայն, ինչպէս են, օրինակի համար, Բրուսիոյ կամ Աւստրիոյ սահմանադրական միապետութեանց Ժողովները, այն ատեն անիկա ստորադաս դիրք մը պիտի ունենար. բայց ըստ որում Անգլ. Երեսփ. Ժողովը յաջողած է իր խօսքը քալեցնել եւ սկզբունք դնել. թէ նախարարութիւնը երեսփոխաններուն մեծամասնութեան հաւանութեամբը միայն կրնայ գործել, թագաւորը անուղղակի կերպով հարկադրուած է իր նախարարները ընտրել բարլամէնթական մեծամասնութեան պարագլուխներէն։ Թագաւորը քայլ առ քայլ կառավարութեան ղեկը յանձնած է նախարարութեան, իսկ այս վերջինն ալ, երեսփոխաններու մեծամասնութեան ներկայացուցիչներէն բաղկացած ըլլալով գործնականին մէջ Երեսփ. Ժողովն է որ կը կառավարէ երկիրը, վեհապետին անուան տակ եւ նախարարներուն միջոցաւ։

Երեսփ. Ժողովի իշխանութիւնը քանի՛ կը զօրանար, այնքան աւելի բնական կը դառնար որ երեսփոխաններու ընտրութիւնը՝ ընտրական լայնագոյն իրաւանց հիման մը վրայ կատարուէր։

Մինչեւ ԺԹ. դարու սկիզբները, Երեսփ. Ժողովի անդամները կընտրէին տեղային իշխանութեանց երեք դասակարգերու ձեռամբ։ Մինչեւ իսկ քուէարկութիւնը այն տեսակ պայմաններու տակ կը կատարուէր, որ քուէարկուները անկախութեան ամէն երաշխիք կորսնցուցած էին։ Բաց օդին մէջ հաւաքուած ամբոխի մը առջեւ, դատաւորը կը ներկայացնէր երեսփ. ընտրելիները, ու ամբոխը իւրաքանչիւրին քուէ կուտար ահագին աղմուկի մը մէջ։ Երեսփ. ընտրելիները ամէն ունէին քուէարկուները վախցնելու կամ հաշառելու համար։ Մրցակից ընտրելիները կռուազան մարդիկ կը վարձէին, որոնց պաշտօնն էր քուէ հաւաքել ի նպաստ այն մարդուն, որ ամէնէն աւելի վճարած էր. Հասկնալի է որ միլիոնատէր հարուստներէ կազմուած ասանկ Երեսփ. Ժողով մը չէր կրնար ներկայացուցիչն համարուիլ անգլիական ազգին։

Միջին Դարէն ի վեր ո եւ է փոփոխութիւն չի կրած այս ընտրական սիսթէմը պէտք էր բարեփոխուեր սակայն. ու այդ բարեփոխումը կատարուեցաւ քայլ առ քայլ, նախ 1832ին Լօրա Ճօն Ռըսէլի օրով, եւ աւելի վերջ 1867ին ու  1884ին՝ Կլատսթօնի ձեռամբ. Այս բարեփոխմանց շնորհիւ թէ՛ ընտրողներու թիւն աւելցաւ, եւ թէ ընտրական գործողութիւնները արդար ու կանոնաւոր հիման մը վրայ դրուեցան. 1832էն առաջ, հազիւ 500000 հոգի քուէ տալու իրաւունք ունէին Անգլիոյ մէջ. 1867ին ընտրողներու թիւը բարձրացաւ 3միլիոնի. իսկ 1884ին 5 միլիոնդ։ Հետզհետէ քուէ տալու իրաւունք ստացան ճարտարարուեստական քաղաքներու բնակիչները, գիւղացիները, գործաւորները, հողագործները. մէկ բառով՝ քուէն դադրեցաւ հարուստ դասակարգին առանձնաշնորհումն ըլլալէ։ Կլատսթօնի դաւանանքն էր. «Այն ամէն անձերը, որոնք անհատական անկարողութիւն մը կամ քաղաքական արգելք մը չունին, իրաւունքը կը վայելեն մասնակցելու երկրին կառավարութեան»։

* * *

Կլատսթօնի ձեռամբ 1884ին բարեփոխուած ընտրական օրէնքի հիման վրայ, 50050 անգլիացի իրաւունք ունին մէկ երեսփոխան ընտրելու. այս բարեփոխման հետեւանքով Անգլիոյ քաղաքական կեանքի պայմանները հիմնովին կերպարանափոխ եղան, որովհետեւ քուէն դադրեցաւ առանձնաշնորհեալ դասակարգի մը սեփականութիւնն ըլլալէ. մինչեւ իսկ անգլիական գլխաւոր քաղաքներուն մէջ, ուր դրամագլխի ոյժը ամենազօր է, գործաւորներն սկսան մեծամասնութիւն շահիլ։

Անգամ մը որ ժողովուրդը իր գերիշխանութիւնը ձեռք ձգեց, հարկ եղաւ զայն դաստիարակել եւ լուսաւորել. ամէնէն առաջ տարրական կրթութիւնը պարտաւորիչ եղաւ. մամուլը, իր աժան ու համայնագիտական հանգամանքովը մեծապէս նպաստեց ժողովրդային խաւերու հզօրացման։ Այս կերպով, Անգլիա թէեւ պահեց միապետական պիտակը եւ հին սահմանադրութիւնը ըստ երեւոյթին թէեւ անաղարտ մնաց, բայց կառավարութիւնը իրականին մէջ ժողովրդէն ընտրուած մարմինի մը գերիշխանութեան ենթարկուեցաւ։

Դիտելի է որ սահմանադրական կարգերու հաստատումէն անմիջապէս վերջ, իշխանութեան գլուխ անցաւ պահպանողական կուսակցութիւնը։ Ինչ երեւոյթ որ յառաջ եկաւ Ֆրանսայի մէջ՝ 1848ի խանդավառութենէն ետք, կամ Պելժիգայի մէջ՝ նորագոյն թուականի մը, նոյնը յառաջ եկաւ Անգլիոյ մէջ։ Հալլամ անգլիացի պատմագիրը կը վկայէ՝ թէ1679էն ի վեր երկու գլխաւոր կուսակցութիւններ կ՚աշխատէին ձեռք անցընել անգլիական միապետութեան ղեկը. whig կամ ազատական, եւ  tory կամ պահպանողական կուսակցութիւնները. 1832ի եւ 1867ի ընտրական բարեփոխումները ոյժ տուին ազատական կուսակցութեան, որուն գերակշռութիւնը շեշտուեցաւ մասնաւորաբար Կլատսթօնի վարչութեան տակ։ Ասոր հակառակ, սակայն, 1884էն մինչեւ 1906 կատարուած ընտրութիւնները միշտ պահպանողականներուն նպաստաւոր եղած են, թէեւ պէտք է գիտնալ որ, մինչեւ իսկ պահպանողական նախարարութեանց օրով Անգլիական ժողովուրդին իրաւանց բարեշրջումը անխափան յառաջ գացած է։

Անգլիոյ ներկայ Երեսփ[ոխանական] ժողովին մէջ կան 383 ազատական եւ 157 պահպանողական անդամներ, ինչպէս նաեւ 84 ազգայնական Իռլանտացիներ ու 46 գործաւորական կուսակցութեան անդամներ։

Երբ մարդ հարեւանցի կերպով միայն կ՚ուսումնասիրէ Անգլիոյ աւանդական սահմանադրութիւնը եւ հին օրէնքներու ու սովորութեանց պահպանումը կը տեսնէ, կարելի է այնպէս կ՚ենթադրէ, թէ Անգլիոյ վաղնջական հաստատութիւնները դարերու ընթացքին դեռ կանգուն մնացած են. բայց երբ խնդրոյն խորը քննենք, եւ չի խաբուինք արտաքին երեւոյթներէն ազգի մը՝ որ անցեալի մասին տածած յարգանքը մինչեւ աւելորդապաշտութիւն կը հասցնէ, այն ատեն պիտի համոզուինք թէ խաղաղօրէն եւ առանց ցնցումներու, իրական յեղափոխութիւն մը կատարուած է Անգլիոյ մէջ, թէ՛ շնորհիւ ազնուական դասակարգին լուսամիտ ազատականութեան ու գործանական ոգիին, եւ թէ՛ շնորհիւ ժողովրդային խաւերու իմաստուն ընթացքին։ Թագաւորութիւնը դեռ կանգուն է, եւ , ապահովաբար ոչ մէկ ազգ այնքան խանդավառ հպատակութիւն կը յայտնէ իր վեհապետին, որքան անգլիացին, բայց թագաւորը այլեւս ոչինչ դեր մը միայն կը խաղայ օրէնքներու կազմութեան գործին մէջ, եւ այլեւս չի կառավարեր։ Լորտերու Ժողովը կը պահպանէ իր նախկին առանձնաշնորհումները, միայն իբրեւ փառաւոր յիշատակն անցեալին, ու այն պայմանաւ որ Երեսփ. ժողովի որոշումները արձանագրէ միայն։

Դարերէ ի վեր Անգլիա՝ ազատութեան երկիրը եղած է. Լօրտ Չաթամ կ՞ըսէր. «Փոթորիկն ու անձրեւը կրնան մտնել»։ Միւս կողմէ, գործաւորն ալ կառավարութեան գործերուն մէջ չէր կրնար մտնել։ ԺԹ. դարը վերանորոգեց ընկերական կազմակերպութիւնները, ու քաղաքային իրաւանց հաւասարութենէն ետք, քաղաքական հաւասարութիւն ալ յառաջ եկաւ, ջնջելով բոլոր այն խտրականութիւնները, որոնց ենթարկուած էին աղանդաւորները, կաթոլիկները եւ հրեաները։

֍

Մեծն Բրիտանիոյ  եւ Իռլանտայի թագաւորութեան գործադիր իշխանութիւնը կը պատկանի վեհապետին, որ իր նախարարներուն միջոցաւ կը գործէ։ Անգլիոյ թագաւորը գահ բարձրացած ատեն Քէնթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին առջեւ հետեւեալ ուխտը կ՚ընէ։

Կը խոստանաք եւ հանդիսաւորապէս կ՚երդնո՞ւք կառավարել անգլիական ժողովուրդը եւ գաղութները, համաձայն Բարլամէնթին, օրինաց եւ սովորութեանց։

Այո՛, կ՚երդնում հանդիսաւորապէս։

Կուզէ՞ք ձեր իշխանութիւնը գործածել օրէնքի եւ արդարութեան համաձայն. կուզէ՞ք օրէնքին եւ հաւասարութեան համաձայն տալ ձեր բոլոր վճիռները։

Այո՛, կուզեմ։

Կուզէ՞ք ձեր իշխանութիւնն ի գործ դնել պահպանելու համար Աստուծոյ օրէնքները, Աւետարանի ոգին եւ բողոքական կրօնքը. կուզէ՞ք նաեւ պաշտպանել այս թագաւորութեան եպիսկոպոսները եւ կղերը եւ իրենց խնամքին յանձնուած եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ այն իրաւունքներն ու առանձնաշնորհումները, որոնք շնորհուած են օրէնքով։

Այս ամենքը կը խոստանամ եւ պիտի գործադրեմ ինչ որ խոստացայ. Աստուա՛ծ օգնէ ինձ։

Կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւնը վեհապետին յանձնուած է. բայց այնպիսի օրինական տրամադրութիւն մը կայ, որ գրէթէ ոչինչ կը վերածէ թագաւորին տեսական ամենազօրութիւնը։ Վեհապետը պարտաւոր է գործել համաձայն նախարարութեան, եւ այս վերջին ալ պատասխանատու թ Բարլամէնթին առջեւ. իր տարեկան ծախուց համար 490 հազար ոսկի որոշուած է։ Պըրք կըսէր թէ «Ազգը կը փարի իր թագաւորին այնպէս՝ ինչպէս բանակը իր դրօշին. ու այս այնքան ազնիւ եւ անգլիական զգացումը՝ օրինապահութիւնը՝ կը ստանայ կիրքի մը ոյժը եւ անձնական համակրանքի մը ջերմութիւնը»։