Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Զուիցերիական Սահմանադրութեան տիրապետող ոգին՝ օրէնսդրական իշխանութիւնը ժողովուրդին անմիջական հսկողութեան ենթակայ ընելն է։ «Ազգ մը այն ատեն միայն ազատ է, կըսէր Պէնժամէն Քօնսթան, երբ երեսփոխաններու բերնին սանձ մը դրուած է»։ Զուիցերիոյ ժողովուրդը երբէք իր ներկայացուցիչներուն ձեռքը չի յանձներ երկրին վարչութիւնը, այլ ուղղակի կը միջամտէ եւ կը գործակցի անոնց օրէնսդրական ձեռնարկներուն։

Թէեւ Զուիցերիա շատ պզտիկ մէկ մասը կը կազմէ Եւրոպայի, եւ իր բնակչութիւնը 3 միլիոնէն աւելի չէ, բայց անիկա օժտուած է ոչ միայն բնական անհաւասարելի գեղեցկութիւններով, այլ նաեւ քաղաքական այնպիսի հաստատութիւններով, որոնք լիակատար ազատութիւն կը շնորհեն։ Զուիցերիական Սահմանադրութիւնը 1291 թուականէն սկսեալ մինչեւ 1874, բազմաթիւ բարեփոխումներու ենթարկուած է, ու վերջ ի վերջոյ նուիրագործած է ժողովրդային իշխանութեան գերակշռութիւնը, իւրաքանչիւր գաւառի սեպհական եղող տեղային ինքնավարութիւնը պահպանելով հանդերձ։ Զուիցերիական դաշնակցութիւնը կը բաղկանայ 22 գաւառներէ. իր Սահմանադրութեան 2րդ յօդուածին համաձայն, «դաշնակցութեան նպատակն է մայր հայրենիքին անկախութիւնը պաշտպանել ընդդէմ օտար յարձակմանց, ու դաշնակից գաւառներուն անդորրութիւնը եւ իրաւունքները պահպանելով՝ հասարակաց բարօրութիւնը աւելցնել»։ Յօդուած երրորդը կը տրամադրէ. «Գաւառները ինքնիշխան են, պայմանաւ որ այդ ինքնիշխանութիւնը չի խանգարէ դաշնակցական կառավարութեան իրաւունքները»։ Այսպէսով, թէեւ իւրաքանչիւր գաւառ սկզբամբ ինքնավար է, բայց շնորհիւ Սահմանադրութեան, ամբողջ Զուիցերիա մէկ կառավարութիւն՝ հանրավարութիւն մը կը ներկայացնէ։

Զուիցերիոյ մէջ տէր եւ հպատակ չկայ, ամէն Զուիցերիացի օրէնքին առջեւ հաւասար է. տեղի, ծնունդի, անձի կամ ընտանիքի առանձնաշնորհումներն ալ ջնջուած են։ Խղճի եւ դաւանանքի ազատութիւնը անձեռնմխելի է. ոչ ոք չի բռնադատուիր այնպիսի տուրք մը վճարելու, որուն արդիւնքը կը յատկացուի իր չպատկանած մէկ դաւանանքին կամ եկեղեցիին։ Մամուլի, ընկերակցութեան եւ առեւտուրի ազատութիւններն ալ անձեռնմխելի են։

Զուիցերիական Սահմանադրութիւնը երկուքի կը բաժնէ իշխանութիւնը. մէկ մասը կը պատկանի դաշնակցական կառավարութեան, երկրորդը՝ գաւառական կառավարութեան։ Առաջինին իրաւասութեան սահմանին մէջն է՝ օտար յարաբերութիւնները վարել. բանակին, մաքսատանց, նամակատանց, փողերանոցի, թնդանօթարանի եւ կշիռներու կամ չափերու վրայ վերին հսկողութիւնը կատարել։

Իսկ գաւառական կառավարութեան իրաւունք տրուած է տեղական հանգամանք ունեցող օրէնքները կազմել, եւ, առանց միջամտելու դաշնակցական կառավարութեան գործերուն, տեղական զօրագունդերը պահպանել, դաստիրակութեան, կրօնքի, ոստիկանութեան, հանրային շինութեանց եւ վերջապէս տեղական բոլոր գործերուն հոգ տանիլ։

Դաշնակցական խորհուրդի նախագահը Զուիցերիական Հանրապետութեան ներկայացուցիչն է, որ վարչական բոլոր խնդիրներու վրայ հսկողութիւն ի գործ կը դնէ. բայց իր իշխանութիւնը ո՛չ Ֆրանսայի եւ ոչ ալ Միացեալ Նահանգաց նախագահի իշխանութեան ոյժն ունի. որովհետեւ, Զուիցերիոյ Նախագահը պարզապէս ընտրեալ ատեապետն է Նախարարաց խորհուրդի մը, որ հաւասարապէս քուէարկութեամբ կնտրուի։ Զուիցերիական կառավարութիւնը հիմնուած է Մօնթէսքիէօյի այն վաղնջական վարդապետութեան վրայ, որ կը պատուիրէր իրարմէ անջատել օրէնսդրական, գործադիր եւ դատական երեք իշխանութիւնները, այսպէս, Զուիցերիա ունի դաշնակցական ժողով մը, որ օրէնսդիր իշխանութիւնն է, դաշնակցական խորհուրդ մը՝ եօթը անդամներէ բաղկացած՝ որ գործադիր մարմինն է, եւ դաշնակցական Ատեան մը, որ երկրին դատական վերին իշխանութիւնը կը ներկայացնէ։ Բայց Զուիցերիական Սահմանադրութեան ամենէն ուշագրաւ եւ յատկանշական պարագան սա է որ, Ժողովուրդը, իսկակա՛ն վեհապետը, իրաւունք ունի ուղղակի միջամտելու կառավարութիւնը բաղկացնող այս երեք Մարժիններուն գործունէութեան։

Առհասարակ, Եւրոպայի բոլո՛ր սահմանադրական երկիրներուն մէջ, քաղաքացիները միակ գլխաւոր իրաւունք մը ունին, որ է՝ ընտրել երեսփոխան մը՝ հանրային գործերը վարելու եւ օրէնքներ հաստատելու պաշտօնով. ուրիշ խօսքով՝ քաղաքացիները ընտրող են միայն։ Բայց Զուիցերիոյ մէջ, այս իրաւունքէն զատ, ամէն քաղաքացի կրնայ աշխատակցիլ կառավարութեան գործերուն, գործադիր եւ օրէնսդիր։ Արդէն, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր, Զուիցերիական գաւառներուն մէջ տարին մէկ անգամ բացօթեայ կը հաւաքուէին քաղաքացիները, եւ կառավարութիւնը այդ հաւաքուած ժողովուրդին հաւանութեանը պէտք էր ենթարկէր բոլո՛ր նոր օրէնքները. մինչեւ իսկ քաղաքացիներն իրաւունք ունէին իրենց կողմէ օրէնքներ առաջարկելու։ Երբ Զուիցերիոյ ժողովուրդը հետզհետէ բազմացաւ, եւ այս դրութիւնն ի գործ դնել անկարելի եղաւ, ժողովրդային հաւաքոյթներուն տեղ երեսփոխաններու հաւաքոյթը հաստատուեցաւ. բայց, ինչպէս կըսէ Ժան Ժագ Ռուսօ, «այն վայրկեանին որ ժողովուրդ մը ներկայացուցիչներ կ՚ընտրէ, ինք կը դադրի ազատ ըլլալէ»։ Ռուսոյի հայրենակիցները այս դաւանանքը որդեգրեցին եւ իրենց ներկայացուցիչներն ընտրելով հանդերձ, երբէք լիազօրութիւն չի տուին անոնց։ Հէկէլի աշակերտներէն մին 1831ին կը գրէր. «Ես միայն մէկ սկզբունք կը ճանչման, այն է՝ ժողովուրդին գերիշխանութիւնը, անոր կամքը՝ օրէնք է»։ Այս դաւանանքը վերջ ի վերջոյ ամբողջ Զուիցերիոյ դաւանանքը եղաւ։ Նախ, 1848ին, ժողովուրդը  vetoի (մերժումի) իրաւունք ձեռք ձգեց, որով ոեւէ օրէնք ա՛յն ատեն միայն գործադրելի կըլլայ, երբ ժողովուրդի ու գաւառներու մեծամասնութիւնը չի հակառակիր անոր։ Աւելի վերջ, 1891ին, որոշուեցաւ որ Զուիցերիական Սահմանադրութիւնը կարելի է վերաքննել երբ 50000 քաղաքացիներ պահանջեն։ Հետեւաբար, Զուիցերիոյ մէջ բարլամէնթական իշխանութենէն գեր ի վեր՝ կայ ժողովրդային իշխանութիւնը, որ բառին բացարձակ առումով՝ ուզած օրէնքը կը հաստատէ, եւ չուզածը կը ջնջէ։

Օրէնսդրական գործերու մէջ ժողովուրդի այս ուղղակի վիջամտութիւնը ի սկզբան բուռն ընդդիմութեան բաղխեցաւ. շատերը անձկութեամբ կը հարցնէին թէ ամբոխը ի՞նչպէս պիտի կարենար գերիշխան դառնալ երկրին բոլոր օրէնքներուն եւ գործերուն մէջ։ Անիշխանական եւ քաոսային կացութեան մը վախը կար շատերուն սրտին մէջ։ Բայց հռչակաւոր պատմաբանին՝ Կրօթի վարդապետութիւնները անգամ մը եւս յաղթանակեցին ու արդարացան. Կրօթ կըսէր, թէ երբեմն ամբոխը շա՛տ աւելի պահպանողական է քան Երեսփ. Ժողով մը, անիկա աւելի քիչ կուսակցական ոգի կը կրէ, ու աւելի՛ խիստ կը պայքարի յոռի բարքերու դէմ, Պէտք է միայն դաստիարակել ամբոխը, ու ա՛լ վախնալու չէ անոր նախաձեռնութեանը յանձնուելէն։

Ու Զուիցերիական ժողովուրդը հիանալիօրէն տիրացած է այս դաստիարակութեան. արեւին տակ ոչ մէկ տեղ թերես չէք տեսներ այն մաքուր ու կորովի բարքերը՝ ազատութեամբ սնած ժողովուրդներուն, որքան Զուիցերիոյ մէջ. ծեր թէ երիտասարդ, ամէն Զուիցերիացի նոյն տաք սէրն ունի դէպի իւր նախահարց հողը, ու նոյն պաշտամունքը՝ հանդէպ ազատութեան։ «Մենք որ այս ժայռերուն զաւակներն ենք, մենք որ այս հովիտներուն մէջ սնանք եւ այս սարերուն վրայ ծնանք, պիտի ուզէինք ստրուկներ դառնալ…։ Ասիկա իմ ժայռս է. հոս ոտքս կը կոխեմ հաստատօրէն. ասիկա իմ հօրենական ժառանգութիւնս է. ոչ ոքին չեմ պարտիր զայն…։ Ու ահաւասիկ իմ դաշտս, իմ ախոռտ. անոնք ինծի կը վերաբերին. այս տեղին թագաւորն եմ ես…։ Օ ազատ, ազատ աղքատութիւն, իմ նախահօրցս ժառանգութիւնը, զձեզ քաջութեամբ եւ աչքիս լոյսին պէս պիտի պաշտպանեմ…»։

Ահա՛ այս դաւանանքով ապրող Զուիցերիական ժողովուրդին համար ազատութիւնը կեանքի պայման մըն է, ֆիզիքական կամ բնախօտական պէտք մը. այդ ազատութիւնը Ալպեան լեռներուն մաքուր օդը կազմող մէկ տարրն է կարծես, որ դարձեր եղեր է Զուիցերիական Սահմանադրութեան ոգին, որով Ժողովուրդի գերիշխանութիւնը կը սնանի ու կը բարգաւաճի անխափան։