Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԱՄԱՆՈՐ



Իրիկուան դէմ, հայրենազուրկ Քերթողը, քայլամոլոր ու սգակիր, սկսաւ ժուռ գալ գիւղին գերեզմաատան եզերքը։

Էտինքի աղօթերգութեան պահն էր, ու գիւղին հայ-յոյն եկեղեցիներու կոչնակները միաբերան կը հնչեցնէին արեւելեան angelusը, նուագ-աղօթքի ղօղանջները երկարելով մինչեւ մինարէներուն կատարը. գիրկընդխառն աստուածերգութեան րոպէն էր այդ, երբ՝ երկու ոսոխ կրինքներ՝ Քրիստոնէութիւնն ու Մահմէտականութիւնը կը ձայնակցէին, ու զիրար կը փառաբանէին։

Քերթողը՝ մտացնոր՝ մտիկ ընելու կերպարանքն ունէր այդ համադրական եղանակաւորումը, որ հակառակ իր տարբերական շեշտերուն, ներդաշնակ թրթռումներու վանկով մը կը յանգաւորէր նորէն։ Մետաղի զանգուածներն իրենց վայրահակ հլու բերաններովը, ու մինարէներուն բարձրակեաց աղօթասացներն իրենց վերամբարձ կոկորդներովը միեւնոյն Արարիչը կը փառաւորէին։ Ու այս անգիտակից աղօթակցութենէն ծնունդ կ՚առնէր սակայն՝ ատելութեան եւ վրէժի սահանք մը, որ հայրենազուրկ Քերթողին հոգիէն ներս կը խուժէր, սրտի տրոփիւնները դանդաղեցնելով։

Գերեզմանատան վանդակորմին առջեւ Քերողը հանդիպեցաւ յուղարկաւոր թափօրի մը, որ կը վերադառնար դանդաղաքայլ, անբարբառ ու գլխահակ։ Անիկա մէկիկ մէկիկ դիտեց սգակիր անցորդները. ո՛չ ոք իրեն ուշադրութիւն կընէր. ամէն մէկը իր վիշտովը կուրցած ու իր մտածումներուն մէջ թաղուած՝ կը հեռանար հողակոյտներուն քովէն։

Եւ երբ յուղարկաւորներու նոճաստանը աներեւոյթ եղաւ հորիզոնին ծայրէն, հայրենազուրկ Քերթողը ըսաւ ինքնիրեն։

Երթամ մտնեմ սա գերեզմանատան դռնէն ներս, ուրկէ անդին կը լռեն մարդկային ատելութիւնները, եւ ուր, վատն ու արին, հարստահարողն ու հարստահարուածը, դաւագիրն ու նահատակը սնարակից կըլլան իրարու. այս դուռնէն ներս ալ, նկարագրով ու զգացումով  ոխերիմ մարդիկ՝ բռնադատեալ համեղբայրութիւն մը կը փսփսան իրարու ականջն ի վար ինչպէս, քիչ առաջ, ոսոխ կրինքներու համանուագ աղօթքը կը գիրկընդխառնուէր։

Ու այս մտածումը ատելութեան եւ զզուանքի նոր փայլ մը շողացուց իր աչքերուն մէջ։

Ներսը, մեռելներու թաղին մէջ, իր թարթափող աչքերը առաջին անգամ կառչեցան Հանգստեան Քարին, ուր դագաղները կը բարձրացուէին այնքան վեր, որքան վար պիտի իջուցուէին քիչ յետոյ։ Ինքն ալ, ողջ մեռել, գնաց երկնցաւ Հանգստեան Քարին վրայ, դիտելով բուրերը՝ որոնք գերեզմանատան նոճիներուն մէջ բուրած, իրիկնամուտի տժգոյն արեւին նահանջը կը տօնէին շուրջպարելով։ Հայրենազուրկ Քերթողը նայեցաւ անոնց ու մտածեց։

Ահաւասիկ բնութեան չարածնունդ զաւակները, որոնք կը խայտան ու կը պարեն, որովհետեւ կեանքի ու երջանկութեան աղբիւր՝ Արե՛ւը կը մեռնի հիւծասպառ. այս մարդիկն ալ— ըսաւ, ու հողակոյտերուն վրայ պտցուց իր աչքերը— անշուշտ իրենց ետեւէն լացողներ ունեցան, բայց ո՜վ գիտէ, մարդկային քանի՜ բուեր ալ պիղծ երջանկութեամբ մը թեւաբախեցին մեծ բաժանումին օրը։ Ահաւասիկ՝ կենսանորոգ, շնորհաբաշխ ու տիրական Ոյժը, Արե՛ւը, որ անխտրականօրէն կը զեցու իր ճառագայթներուն հուրքը բոլո՛ր ժլատներուն, ստրուկներուն ու հոգիով աղքատներուն վրայ, բայց տակաւին գոյութիւն ունին արարածներ, որոնք տօն կը սարքեն այդ ոյժին տկարացումը եւ անհետացումը տեսնելով…։

Հանգստեան Քարին վրայ Քերթողն զգաց որ ամբողջ մարմինը կը մսի խոնաւ մարմարին հպումէն, ու դանդաղօրէն ոտքի ելաւ հողակոյտերուն շրջանն ընելու համար։

Յանկած, բարեկամ դէմք մը դամրարանի մը անկիւնէն դուրս ցցուեցաւ, դէմք մը՝ այնքան գունատ եւ մահատիպ՝ որքան մարմարեայ շիրիմները միայն կրնային ըլլալ։ Բարեկամը կը հեկեկար ու անոր աչքերը գիշերամուտի ցօղին տակ տամկացած խոտերուն չափ թաց էին։ Անիկա կուլար վաղաժամ մահը իր զաւկին, զոր այն օրն իսկ թաղել եկած էին. յուղարկաւորներու թափօրը որ պահ մը առաջ գերեզմանատունէն դուրս կ՚ելլար, այդ որդեկորոյս հօր սուգը կը տանէր ուրեմն։

Քերթողը սեւեռաբիբ կը նայէր իր բարեկամին, թոյլ տալով որ անիկա թեթեւնայ արցունքներու բեռնէն, նկարագրելով բոլոր այն մանկական քաղցրութիւնները որոնց ճաշակն սկսած էր տալ իր երկոտասանամեայ զաւակը. եւ մինչ անիկա այսպէս կը խօսէր, կռթնած՝ շիրիմի մը, իբր յենարան իր դեդեւող ծունկերուն, հայրենազուրկ Քերթողը կը մենախօսէր իւրովի.

Տասներկու տարեկան զաւա՜կը…տասներկու տարի…ի՛նչ զուգադիպութիւն, մեր մեծ Աղէտին տարեդարձն է ան. հայ արիւնի լիճերուն վրայէն տասներկու տարիներ անցան գացին, բայց ամէն նոր տարի փոխանակ ցամքեցնելու այդ լիճը, աւելի եւ աւելի խորունկցուց զայն, նո՞ր տարի… չէ՜, արիւնի՛ տարի…վրէժի տարի։

Ու երբ որդեկորոյս հայրը վերջապէս աւարտեղ իր ողբը ու լռեց, այն ատեն, Քերթողը՝ ձայնի շեշտով մը որուն մէջ խտացած էր հայ մարտիրոսներու բոլոր բովանդակ կսկիծը, ըսաւ իր խօսակցին.

Հա՛յր, դուն որ այսօր զաւակդ յանձնեցիր մայր հողին ու հիմա կուլաս անոր համար, խորհէ որ հայրենիք մը ունինք մենք՝ որ ամէ՛ն օր բռնադատուած է ապրիլ մահուան դրացնութեան մէջ։ Զաւակդ մեռաւ ու սգակիր բարեկամներու թափօր մը շրջապատեց զքեզ, մխիթարական խօսքերով ողողեց, ու դուն, աշխարհի ունայնութեան վրայ փիլիսոփայելով, վաղը նորէն պիտի դառնաս կեանքիդ սովորական ճամբային. բայց մենք ո՛չ մէկ յուղարկաւոր տեսանք մեր յօշոտուած ու փեռեկտուած նահատակներուն ետեւէն գացող, ու ոչ ոք մխիթարանքի բառ մը ըսել համարձակեցաւ կախաղանի զոհերու ծնողին. մե՛նք եղանք դագաղակիր, մե՛նք եղանք գերեզմանափորն ու վերջին աղօթքը կարդացողը։ Հոգիս լայնածաւալ գերեզմանատուն մըն է, ուր կարգով պառկած են հայ հերոսներն ու նահատակները, ոմանք՝ ծաղկահաս եւ մանկունակ, ուրիշներ՝ ալեհեր կամ պարթեւական. ու միտքս անոնց յիշատակին նուիրուած աղօթքներ կը յօրինէ ամէն ժամ։ Գանկս քարայր մըն է անյատակ, որուն մէջ կը լեցուին շարունակ Չարչարանքին զոհերուն ոսկորները, եւ անոնց պաղած արիւնը երակներուս մէջէն անցնելով մարմինս կը սառեցնէ։ Ու ահաւասիկ դեռ կը ջարդեն մեզ, կը հարստայարեն ու կ՚անպատուեն, եւ ցեղին զաւակներուն մէջէն ո՛չ ոք, տէ՜ր Աստուած, ոչ մէկը կ՚ուզէ վրէժին փառքը պանծացնել։ Տարիները քանի՛ կը նորնան, այնքան աւելի կը բարձրանայ մեր զոհերուն ոսկորներէն կերտուած բուրդը, ու քանի կը լսեմ եկեղեցիներու կոչնակին ընդհատ հնչիւինին մահերգը, կը մտածեմ՝ թէ քու զաւկէդ ալ, հին տարիէն ալ զատ, որոնք այսօր մեռան, կա՜յ տակաւին բան մը, հայ ցեղը՝ որ կը ճուայ ու յամրօրէն կը մահանայ, մինչ իր հարազատ զաւակները՝ շլմորած ու ստրուկ, դեռ կը տատամսին խիզախ ու առնավայել ժէսթով մը յաւերժանալու…։

֍

Մայրամուտին, մինչ հայրենազուրկ Քերթողն ու որդեկորոյս հայրը, սուգի երիզովը իրարու միացած, տուն կը դառնային յամրաքայլ, եկեղեցիներու կոչնակները վերսկսան իրենղ աղօթերգութիւնը, այս անգամ ձայնակցելով էզանին, զոր մօլլաները կ՚եղանակէին, երեւութական եղբայրակցութիւն մը սաւառնեցնելով հայու արիւնով կարմրած հորիզոնին վրայ։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 16-29 Յունվար, թիւ 13, էջ 122-123