Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ԼՈՒԾԻՆ ՏԱԿ» (ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ)

Եօթը տարի առաջ, Under the yoke խորագրով հալած մաշած հատոր մը գտեր էի Րոպէրդ Գոլէճի գրադարանին մէկ անկիւնը, եւ ուսանողի միամիտ յափշտակութեամբ մը երկու գիշերուան մէջ կարդացեր լմնցուցեր էի զայն։ Այսօր, հին սիրելի բարեկամ մը հանդիպած ըլլալու տպաւորութիւնը կ՚ունենամ, երբ նոյն գրքին հայերէն թարգմանութիւնը կը տեսնեմ կրկին։

Լուծին Տակ։ Ահաւասիկ իմաստալից տիտղոսը այն վէպին, զոր Պուլկար վիպագիր Իվան Վազոֆ հիւսած է պարզօրէն ու իրապաշտօրէն, իր հերոսներն ու վէպին բոլոր անցքերը քաղելով  1876ի Պուլկար ապստամբական կեանքէն։ Գրքին հայերէն թարգմանութիւնը, որ առանձին հատորով մը լոյս տեսած է Ձայն Հայրենեացի տպարանէն, հակառակ իր ինչ ինչ թերութիւններուն, բնագրիչ չափ ուժով կը պատկերացնէ այն ապստամբական անձկալի կեանքը, զոր Պուլկար ազգը ապրեցաւ ճիշդ 33 տարիներ առաջ, 1876ին, այդ ճակատագրական թուականը, ինչպէս կ՚անուանէ Իվան Վազօֆ, եւ այդ անխուսափելի՛ թուականը, ինչպէս կրնայինք աւելցնել մենք, անխուսափելի՝ իր յեղափոխական շարժումներովը, ահաւոր կոտորածներովը, ժողովրդային խանդավառութեան ցոյցերովը եւ պահպանողական ու մատնիչ տարրերու աւերիչ գործունէութեամբը։

Աշխարհի  վրայ ամէն ազգ իր ազատագրական պայքարներուն մէջ կ՚անցնէ տարի մը, որ իր պատմութեան մէջ թուականի մը կը վերածուի. ֆրանսական 1793ը, յունական 1821ը, պուլկարական 1876ը եւ կրէտական  1896ը այսօրինակ թուականներ են ահա։

Իվան Վազօֆի վէպին հերոսը՝ Օկնիանօֆ, այլանուն՝ Պուայչօ, տիպար յեղափոխական մըն է։ Անիկա ուխտեալ թշնամին է տաճկական բարբարոս լուծին, ճարպիկ կազմակերպիչն է պուլկար ապստամբութեան, հարիւր անգամ վերահաս վտանգներէ ազատած շուտիկ գործիչն է, խանդավառող, հրամայող ու սաստող պետն է իր շրջանակին. «իր խռոված մտքին առջեւէն կ՚անցնին մաքառումի, չարչարանքի եւ բարձր գաղափարականի մը օրերը։ Եւ Պուլկարիա որ բոլոր ասոնք ներշնչեր էր, այդ Պուլկարիան գեղեցիկ էր, փառաւոր էր իրեն համար, եւ արժանի՝ ամէն զոհողութեան։ Աստուածուհի մըն էր անիկա, որ զինք պաշտողներուն արեամբը կ՚ապրէր։ Անոր արենագոյն լուսապսակը փառաւոր անուններու ցանկը կը կրէր իր վրայ. եւ Օկնիանօֆ իր անունը կը փնտռէր հոն եւ կարծեց թէ գտաւ. որքա՜ն հպարտ կը զգար ինքզինքը եւ ինչպէ՜ս պատրաստ էր մեռնելու, կռուելու անոր հապար… (Լուծին տակ էջ 151)

Նոյն համոզուած յեղափոխականը կը մնայ Օկնիանօֆ, երբ իր դէմ կը գտնէ ոչ միայն պուլկար կատնիչներ եւ լրտեսներ, զորս կ՚ատէ, այլ եւ մատղաշ, զարգացած ուսանողներ, որոնք սօցիալիստական եւ կամ անիշխանական գաղափարներով տոգորուած՝ կը վիճաբանին իրեն հետ. —Քանտօֆ, ընկերվարական ուսանողի տիպարը, ողբալի խանդավառութեամբ կը խօսի պուլկար ազգայնականներու խումբի մը մէջ. անիկա կը պատգամէ. «Ձեր պայքարին աւելի մարդկայնական, աւելւ արդիական նպատակ մը յատկացուցէք, կռիւն ըրէք չէ թէ մինակ թուրքին լուծին դէմ, այլ արդիական սկզբունքներու յաղթանակին համար, այսինքն թէ պէտք է կործանել այն յիմարական խտրութիւնները, զորս դարերու նախապաշարումը նուիրագործեր է… կարդացէ՛ք Հէրցէնը, Պաքունինը, Լասալը. ձգեցէք այս անձուկ, անասնական հայրենասիրութիւնը, եւ բարձրացուցէք արդի բանաւոր մարդկայնութեան եւ լուրջ գիտութեան դրօշակը. այն ատեն ձեզի հետ եմ»։ (էջ 151)

Ու Քանտօֆ, դեռ ժամանակ չունեցած՝ խրոխտ ժէսթ մը կատարելու այս բարձրահունչ խօսքերուն վրայ, ահա՛ Օկնիանօֆը, պուլկար ազգայնական գործիչը, որ մէջ կը նետուի, եւ այն իրաւասութեամբ, զոր ճշմարիտ յեղափոխականը կուտայ ինքզինքին. հետեւեալ պարզուկ խօսքերով կը ջրէ սօցիալիստ գործիչին Ֆռազները. «Գաղափարները զորս կ՚արտայայտես, գիտնական մարդ մը ըլլալդ կը յայատնեն. անոնք շատ ճշմարիտ են, սակայն շատ յստակ կերպով կ՚ապացուցանեն նաեւ թէ որքա՛ն անտեղեակ ես պուլկարական խնդրին…։ Մեր ընելիքը պարզ է. պէ՛տք է որ նախ պաշտպանենք մեր տուները, մեր պատիւները, մեր կեանքերը՝ ընդդէմ ամէնէն ստորադաս զափթիէին, որ ուզածին պէս կրնայ յարձակիլ անոնց վրայ։ Ընկերական գիտութիւններու, կամ աւելի շիտակը՝ մթին վարկածներու , ընդհանուր խնդիրները լուծելէ առաջ, պէտք է որ մենք զմեզ մեր շղթաներէն ազատենք։ Այն հեղինակները որոնց գործերն յիշեցիր, ո՛չ մեզ կը ճանչնան, ոչ ալ մեր տառապանքները, ու հոգերնին ալ չեն ըներ. մենք կռթնելու ենք Ազգին վրայ. չքացո՛ւր զափթիէները, ու Ազգը իր գաղափարականին կը հասնի. դուն կրնաս ուրիշ գաղափարական մը ունենալ, բայց ատիկա Ազգինը չէ՛ երբէք… (էջ94)

Որքա՜ն ճիշդ է թէ պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինքը, որովհետե քանի՜ հայ Քանտօֆներ կան այսօր մեր մէջ, որոնք՝ անմիջական պահանջներու անտեղեակ՝ կը թութակեն ընկերվարական—ռամկավար հաւատալիքներու ներբողականը, եւ որոնք խուլերու պէս չեն լսեր հայկական իրականութեան վայնասունը ու հայ ցեղին քանդումի դղրդիւնը։

Եւ սակայն  Քանտօֆ մինչեւ վերջը չմնաց իր նոյն հայեցողական սկզբունքներուն մէջ. անիկա, Օկնիանօֆի անձնական ազդեցութեանը տակ, թէ՝ պուլկար տառապանքին իրական գիտակցութեամբը . (վիպագիրը չէ բացատրած այս կէտը) վերջապէս մոռցաւ Հէրցէնը, Պաքունինը եւ Լասալը, ծրարեց իր «մարդկայնական եւ արդիական սկզբունքները) եւ ինքզինք նուիրեց Պուլկարիոյ ազգային ազատագրութեան խարոյկին։ Հոգեբանական խիստ ուշագրաւ այս փոփոխութիւնը, եթէ ընդլայնուած ու պարզաբանուած ըլլար Իվան Վազօֆի գրչին տակ, Լուծին տակի ընթերցողները թերեւս աւելի պիտի համակրէին այդ Քանտօֆին, որ հեռաւոր ու լայնածաւալ ու անիրականալի իտէալները կուլ կուտայ, պզտիկ, մարդկային ազգին շա՛տ պզտիկ մէկ մասը ազատագրելու համար. Այս խոնարհումը, փոքրացումը եւ ինքնամփոփումը գիտակցութեան զօրացում կը նշանակէ միայն, եւ թէեւ զուրկ է ան գեղապաշտ ու եթերային անրջանքներէ, բայց ամէնէն օգտաշատ զոհաբերումն է, զոր գործիչ մը պիտի կարենար բերել հայրենիքի խորանին վրայ։

֍

Լուծին Տակի դիբերը այնքան բազմաթիւ են եւ այլազան, որ Իվան Վազօֆ չէ կրցած անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետեւիլ խնամքով. տեսակ մը ապստամբական վիճակ կայ վէպին գործիչներուն մէջ ալ, որոնք անգամ մը հոս, ուրիշ անգամ մը հոն երեւան կուգան։ Եւ ասիկա ճշմարիտ է մանաւանդ Քանտօֆի համար, որ վէպին 93րդ էջին վրայ իբր խորթ ու անօգուտ յեղափոխական ներկայայցուելէ վերջ, յանկարծ կը յայտնուի 337րդ էջին վրայ իբր ամէնէն խիզախ կռուողը ապստամբներու խումբին։ Ու Օկնիանոֆ, ինք որ ազգային դատին միայն զոհուելու դասը կուտար Քանտօֆին, Թուրքերու դէմ մղուած կռիւի մը պահուն կը տեսնէ որ Քանտօֆ իրմէ առաջ զոհ ինկած է, եւ անոր արիւնը իր վրայ ժայթքած է, իբր վերջին բողոք Օկնիանոֆի երբեմնի կշտամբանքներուն դէմ։

֍

Եթէ Լուծին Տակի հերոսը Օկնիանօֆն է, հերոսուհին ալ անտարակոյս Ռատան է, այդ անհունօրէն միամիտ, անկեղծ ու բոլորանուէր աղջիկը, որ մենաստանի մը անթափանցելի անկիւնէն կը զգայ, կը վերլուծէ Օկնիանօֆի սիրտը, ու անոր կը նուիրուի ի գին անհամար զոհաբերութեանց։ Թուրկէնէֆի մը կամ Սէնքիէվիչի մը հզօր գրչին տակ, Ռատա, իր հոգիին անեղծանելի մաքրութեամբը եւ կամքի անայլայլ յատկութիւններովը պիտի շողշողար անշուշտ , եւ պիտի ներկայացուէր իբր գաղափարական կինը՝ յեղափոխական կեանքի համար։ Բայց Իվան Վազոֆ, որ աւելի ժողովրդային անարուեստ վիպագիր մըն է, եւ որուն քով կը պակսի հոգեբանական թափանցանց վերլուծումներու կարողութիւնը, Ռատան թողած է իր անշուք վիճակին մէջ, ենթակայ՝ ամէն հարուածի եւ հեգնութեան, մենաւոր ու վայրի, ինչպէս կը վայլէ ըլլալ լերան ծաղիկներու։

Ռատային մէջ սեռային համակրութիւնը եւ հայրենասիրական գաղափարի յարումը մի եւ նոյն ատեն կը ծնին, ու երկրորդը առաջինէն կը ստանայ իր ոյժը՝ յուսահատութեան եւ լքումի օրերուն։ ԱՆիկա առանց գիտնալու Օկնիանոֆի կոչումն ու ճակատագիրը, կը մտածէ միանալ անոր. բայց այն առաջին օրը, ուր Օկնիանոֆ, իբր պարկեշտ մարդ, կը խոստովանի Ռատային թէ ինք իր անձին չի պատկանիր, թէ տակաւին քանի մը օր առաջ երկու թշնամի տաճիկ սպաննած էր, թէ պուլկար ժողովրդեան մեծամասնութիւնը զինքը «ոճրագործ» կ՚անուանէ, Ռատա, դա՛րձեալ, չի վարանիր իր սիրելիին բազուկներուն մէջ իյնալով աղաղակելու.

Դուն իմս ես. ամէնէն ազնուական մարդն ես դուն, որ երբէք ապրած ըլլայ, դուն իմ դիւցազնս ես, իմ աղուո՛ր կտրիճս…։ (էջ 88)

Ռատայի այս անվերապահ ու յանդուգն սէրն է որ Օկնիանօֆին խրախոյս տուած է յաճախ. իր գուրգուրանքին եւ հոգերուն այդ վտիտ առարկան, այդ դալկահար ծաղիկը՝ ահաւասիկ ա՛ն ալ յեղափոխական, ան ալ իրեն հետ բանտ, աքսոր երթալու մշտապատրաստ։ Եւ որքա՜ն հուժկու կամքի ոյժ կար մթերուած այդ ազազուն արարծին մէջ, որ հակառակ իր մեծաւորուհիին արգելքներուն, եւ ընդդէմ սարքուած բոլոր դաւերուն, Օկնիանօֆի ուխտեալ գերին կը մնար միշտ, Օկնիանօֆի՜ն, ո՜ճ, այն անոր մարմնացուցած Գաղափարին, անոր յեղափոխական մաքրակրօն Իտէալին։ Այս կարգի սէր մըն է որ Լուծին տակի հերոսն ու հերոսուին կապած է զիրար, եւ այդ կապին անքակտելիութիւնն է որ Ռատային ըսել կուտայ սա խօսքերը.

Ո՜հ, Պուայչօ՛ (Օկնիանօֆի յեղափոխական կեղծ անունը) ինչո՞ւ այդքան շուտով կը հեռանաս կ՚երթաս…։ Բայց չէ՛, աւելի լաւ է որ երթաս ու զիս ալ հետդ տանի։ Դուն անձդ Պուլկարիոյ նուիրած ես…ու պէ՛տք է որ երթաս։ Զիս ալ առ տար այս տխուր քաղաքէն. դի՛ր զիս այնպիսի գիւղի մը մէջ ուր կարենամ յաճախ տեսնել քեզ. կամ, եթէ կուզես. ե՛ս ալ գամ ու քեզի հետ գործեմ ազգիս համար։ Ես ալ Պուլկար մըն եմ, քու իտէալներդ ի՛մս են, Պուայչօ՛, եւ եթէ դուն մեռնիս Պուլկարիոյ համար, ես ալ քեզի հետ պիտի մեռնիմ…։ ( էջ 218)

Սպարդացի կիներու, եւ, ժամանակակից շրջաններու մէջ ալ՝ ճաբոնցի անձնասպան մայրերու հոյակապ օրինակներն յիշեցնող այս տիպարները ե՞րբ արդեօք պիտի որդեգրուին հայ կնոջ կողմէ. հայ մայրը եւ հայ քոյրը ե՞րբ արդեօք պիտի մատակարարէ սփոփարար սպեղանին՝ հայ անձնուէրին ստացած բարոյական ու ֆիզիքական վէրքերուն։ Ահաւասիկ մեծ հարցումը, որ կը ներկայանայ մի՛շտ, եւ հոս ալ, այս պահուս, մինչ Ռատայի հրամանը, «պէտք է երթաս, դուն անձդ Պուլկարիոյ նուիրած ես» պատգամը կը գոռայ Պալքաններու սարէն։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 6-19 Փետրվար, թիւ 16, էջ 157-159