Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԳԱՒԱՌԻ ՄԱՄՈՒԼԸ

Յուլիս 11ին ծնեցուցած բարիքներէն մէկն ալ եղաւ այն ազատութիւնը որով գաւառի մտաւորական դասակարգը կ՚արտօնուի ունենալ սեպհական մամուլ եւ թերթ. իւրաքանչիւր գաւառի տեղային պահանջմնաց եւ մտքի վիճակին համապատասխան հրատարակութիւններ ընելու համար։ Նախասահմանադրական շրջանի միջոցին, մայրաքաղաքէն ու շրջակայ կեդրոններէն դուրս ոչ մէկ տեղ թոյլատրելի էր մամուլի գոյութիւնը Խրիմեանի Արծիւը հազիւ սուրալ սկսած Բարձր Հայքի վրայ, շուտով իր թեւերուն մէջ առաւ տարաւ գաւառական մամլոյ խանձարուրքը։ Ու ահա երկարատեւ թափառումէ մը վերջ անիկա կը վերադառնայ մեզի, գաւառի հայութեան մտքին վրայ սրսկելու իր վերանորոգիչ ճառագայթը։ Սեբաստիան ունեցաւ իր Անդրանիկը. Ռօտօսթօն՝ Կայծերը. ուրիշ գաւառներ ունեցան Ջահ, Արծուիկ եւ զանազան թերթեր, տպագիր կամ խմորատիպ, խնդիր չէ։ Քիչ մըն ալ, եւ ահա գաւառը հայ պարբերականներու հրատարակութեանց տեսակէտով ետ չպիտի մնայ Պօլիսէն։

Գաւառական մամուլի այս սկզբնաւորութեան օրերուն մէջ, սակայն, կը կարծենք թէ էական գործ մըն է մասնաւոր ուղղութիւն մը գծել անոր, որպէսզի, ինչպէս գուցէ իրաւունք ունինք ենթադրելու, գաւառական հայ թերթերը չի գան ստուարցնել անօգուտ հրատարակութեանց շեղջակոյտը, եւ որպէսզի ազատութեան բարիքը չարիքի չի փոխուի հոս ալ։ Առանց չափազանց խստապահանջ նկատուելու, կրնանք հաւաստել որ, ցարդ մեր ձեռքը հասած գաւառական թերթերը չունէին այն խորապէս ազատաշունչ եւ գիտակից ոգին, որը միակ պայմանը պէտք է ըլլայ իրենց գոյութեան։ Գաւառի թերթերէն գրականութիւն չէ որ կը սպասենք, մանաւանդ երբ կը տեսնենք որ այդ թերթերու հրատարակիչները Թլկատինցիներ, Յարութիւնեաններ կամ Գազանճեաններ չեն, այլ հոսկէ հոնկէ բուսած գրողներ, ասոնք մեր մամուլի էջերուն մէջ գոյութեան ոչ մէկ իրաւունք ունին. եթէ չը ստանձնեն իրենց գերագոյն պարտականութիւնը. որ է՝ գաւառի ժողովուրդը տեղւոյն վրայ պատրաստել ինքնապաշտպանութեան գաղափարին, քաղաքացիական իրաւունքներու ստացման ու պահպանման սկզբունքներուն, ազգային արժանապատուութեան գիտակցութեանը. մեր նուիրական աւանդութեանց ու հաստատութեանց անկաշկանդ պահպանմանը, եւլն. ։ Եթէ գաւառի մամուլը Արշակաւան պիտի ըլլայ բոլո՛ր տիրացուներուն եւ պատուելիներուն բանագողութեանց եւ գրական սպաննութեանց, աւելի լաւ է որ հիմակուընէ խափանուի անիկա. որովհետեւ գէշ ղեկավարուած մամուլը շատ աւելի մեծ չարիք մըն է քան մամուլի չգոյութիւնը։

Մայրաքաղաքացիի պահանջկոտ ակնոցով չէ որ պիտի նայինք հեռաւոր գաւառներուն մէջ գործի սկսող մեր պաշտօնակիցներուն. ընդհակառակը գուրգուրանքի եւ եղբայրակցական աննկատ վերաբերումով մը պիտի հետեւինք իրենց նախաքայլերուն. որովհետեւ գիտենք. թէ մտաւորական կեդրոններու մամուլին հետ ներելի չէ բաղդատել գաւառական մամուլը։ Ռուսահայոց գաւառի թերթերը՝ Ախուրեան, Ժայռ, Մեր ձայնը եւ ուրիշներ ոչ մէկ կերպով կը հաւասարին Թիֆլիսի հայ պարբերականներուն, ու նոյն իսկ Ֆրանսայի գաւառական թերթերը ակնյայտնի կերպով ստորադաս կը մնան Բարիզեան մամուլէն։ Բայց մեր տաճկահայ գաւառի թերթերէն առանց սպասելու պօլսականին հաւասարող յատկութիւններ ու արդիւնքներ. մենք պիտի կրկնենք թէ գաւառի մամուլին այլապէս մեծ ու շինիչ դեր մը տրուած է, այն է՝ իւրաքանչիւր գաւառի համայնքը առաջնորդել եւ տանիլ դէպ ի քաղաքականապէս եւ տնտեսականապէս հզօր դիրքի մը, ու անոնց ուղեղին երակներուն մէջ ներարկել անվեհեր ու պատուաւոր կեանք մը ապրելու սկզբունքները, հոնկէ միանգամ ընդ միշտ վանելով հին օրերու բոլոր թուլամորթ ու ստրկային հաւատալիքները։ Առանց այս հասարակական միա՜կ կոչումին, գաւառի մամուլը գոյութեան իրաւունք չունի, եւ կրնայ հետզհետէ ազատութեան չարիքներէն մին դառնալ։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 20 Փետրվար -5 Մարտ, թիւ 18, էջ 177