Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ
Բ


Հնդիկ ազգայնականներէն թէեւ աւելի անարիւն, բայց ոչ նուազ յամառ ընդդիմութիւն մը ցոյց կուտան եգիպտացի ազգայնականները. որոնք՝ հոս ալ դարձեալ անգլիական տիրապետութեան դէմ ըմբոստացած, Եգիպտական սահմանադրութեան եւ լիակատար անկախութեան մը հռչակումը, ու մանաւանդ՝ Եգիպտոսի անգլ[իական] գրաւման բանակին (Occupation Army) վտարումը կը պահանջեն։

Ազգային ինքնուրոյն կազմակերպութեան մը գիտակցումը Ֆէլլահին քով՝ եւ սեպհական օրէնքներով կառավարուելու պահանջքը, ու օտար լուծէն ամէ՛ն գնով խալըսելու այս նորազարթ փափաքը պէտք է դասել կրկին շարքին մէջ այն ազգայնական նորագոյն շարժումներուն. որոնցմով մեր դարը պիտի կերտէ՝ Արեւելքի մէջ՝ նորանոր ինքնավար ազգեր։ Հակառակ այն պատմական անհերքելի ճշմարտութեան՝ թէ անգլիական դրօշը Եգիպտոսի համար այնքան բարերար արդիւնքներ տուաւ որքան չէր տուեր գուցէ պաշտուած Նեղոսը, այսօր, արեւմտեան ազատ ազգերու կեանքին շփումովը վերակենդանացած Ֆէլլահը ահա ոտքի կ՚ելլայ եւ իր բոպիկ ոտքերովը կը վազէ դէպ ի ազգային ազատագրութեան մեհեանը, զոր սրապղծուած կը գտնէ օտար անկրօն դէմքերու յաճախումէն։

Եգիպտացիներու ազգայնական շարժումը թէեւ անցեալ դարու ընթացքին պարբերաբար ի յայտ եկեր է, զոր օրինակ, Արապի բաշայի ապստամբութեան առթիւ, բայց 1905էն ի վեր է որ բնիկ ըմբոստ տարրը կազմակերպուած ոյժ մը կը ներկայացնէ եւ տեւական դիմադրութեան մը գրաւականը կուտայ։ Պէտք է ըսել, որ Եգիպտոսի ազգայնական վերազարթնումը իր առաջին փուլին մէջ համիսլամական, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար անուանել՝ թրքասիրական ձգտումներ սնուցանող ղեկավարներ ունեցաւ։ Մուսթաֆա Քամէլ՝ համբաւեալ պարագլուխը՝ թէեւ ինք ֆրանսական դաստիարակութեամբ խմորուած գործիչ մըն էր, բայց իր յեղափոխական քարոզութիւններուն մէջ կը դնէր խալիֆայապաշտ այնպիսի շեշտ մը, որ մեզի՝ նախկին Սուլթանական րէժիմի հակառակորդներուս՝ ոչ մէկ կերպով կրնար հաճելի հնչել։ Ազգայնական շարժում մը, վերածուած՝ հակաքրիստոնէական սպառնալիքներու ամէնէն խօտելի բանը պիտի ըլլար անշուշտ. իսկ երբ այդ շարժումը հակաքրիստոնէական ըլլալէ զատ սկսաւ նաեւ դառնալ ուղղակի պատրուակ մը՝ Եգիպտոսը կրկին նետելու համար Թուրք նախասահմանադրական Մողոքին գիրկը, ահա այն ատեն էր որ Եգիպտացի ազգայնականները նշաւակ դարձան նախատինքներու ամէ՛ն կողմէ տեղացող տարափին։

Բարեբախտաբար, Եգիպտացի ազատական խաւերուն գիտակից տարրը շուտով գործի գլուխ անցաւ, եւ ազգայնական շարժումը մաքրելով իր հակաքրիստոնէական ու Սուլթանապաշտպան կեղտերէն, անոր տուաւ մէ՛կ նշանաբան. Եգիպտոսը հանել օտար տիրապետութեան աղօրիքին տակէն, եւ Եգիպտացի բնիկ տարրին ձեռքը տալ ինքզինքը կառավարելու հոգը։ Եգիպտ[ական] ազգայնական շարժումի պատմութեան մէջ դարագլուխ ձեւացնող այս բարեշրջումը, որ Արեւելքի 3 մոգերը առաջնորդող գիսաւորին չափ ղեկավար դեր մը պիտի ունենայ անոր կեանքին վրայ, անկասկած վերջնական յաջողութեան ամէնէն ապահով գրաւականն է. որովհետեւ, այն երկու գլխաւոր ու արիւնահեղ ցոյցերը զոր եգիպտացիները սարքեցին, առաջինը 1905ի ձմրան՝ Աղեքսանդրիոյ մէջ, եւ երկրորդը 1906ի ամրան՝ Տէնշավիի մէջ. «մա՜հ քրիստոնեաներուն» աղաղակելով— պիտի կրնային, շարունակուելով, վտանգել իրենց ազգայնական անջատ դատը։

Մուսթաֆա Քամէլի մահէն ի վեր Եգիպտոսի ազգայնական շարժումը կրնայ ըլլալ որ կորսնցուց իր ոսկեփայլ շպարը եւ ճամարտակող բերանները, բայց ապահովաբար դարձաւ եղաւ բո՛ւն իսկ  Ֆէլլահ ժողովուրդի սրտին բաղձանքը. աւելի քան 10 միլիոն գլուխ հաշուող ժողովուրդ մը, որ դարեր դարե՜ր գլուխ ծռած էր պարսկական, յունական, հռոմէական եւ թրքական ու ամէնէն վերջն ալ անգլիական լուծին, հիմա այլեւս կը բաղձայ ապրիլ ազատ, կ՚ուզէ որ օտարամուտ մարդիկ յարգանքով վերաբերուին իր բարքերուն, իր կրօնքին, իր պատմութեան եւ իր լեզուին հետ, կը պահանջէ որ կառավարական ու հանրային պաշտօնները օտարներու մենաշնորհն ըլլալէ դադրին, եւայլն։ Այն օրը, որ այս բաղձանքներն ու պահանջները որդեգրուին եգիպտական ազգին ստուար մեծամասնութեան կողմէ, ու մանաւանդ այն օրը որ՝ այդ պահանջներուն պարտադրած զոհողութիւնը եւ ընդունակութիւնը ցոյց կուտան ազգայնականները, այն ատեն այլեւս Լօրտ Քրօմըր չպիտի համարձակի ըսել թէ «բոլոր եգիպտացիներուն պահանջները կրնայ լռեցնել անգլիական զինուորի մը փողահարութիւնը հնչեցնելով»։

Եգիպտացի ազգայնականները այսօր այլեւս ենթակայ չեն այն ներքին ու արտաքին վտանգներուն, զորս անխորհուրդ ու իմաստակ ղեկավարներ ծնեցուցին 1905ի եւ  1906ի ընթացքին։  Իրենց առջեւ կ՚երկննայ մաքուր եւ սպիտակ ճամբայ մը, որուն ծայրը բարձրացող յաղթութեան Բուրգը՝ եգիպտական դալարագեղ արմաւենիներուն եւ մշտավառ արեւին պսակներովը զարդարուն՝ կը սպասէ իրենց։ Եթէ քալեցին, ու մանաւանդ անսայթաք եւ անվկանդ քալեցին այդ ճամբայէն, այն ատեն կրնան ապահով ըլլալ որ գերութեան դարաւոր շրջանը պիտի փակուի իրենց առջեւ, ու Փարաւորններուն հին բարի օրով ունեցածնուն պէս, պիտի վայելեն ազգային սեպհական կեանքի մը եւ դրօշի մը քաղցրութիւնները։