Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԽՐԱՄԱՏԸ

Երկու շաբաթ առաջ, մեր ազգային կուսակցական հորիզոնին վրայ պատահեցաւ եղելութիւն մը, որ աննախնթաց երեւոյթ մըն էր։ Այդ եղելութեան կատարման համար երկար տարիներու ընթացքին ջանք ու աշխատութիւն թափուած էր կուսակցութեանց կողմէ. ու դարձեալ այդ եղելութեան կատարման համար ոչ-կուսակցական շրջանակները եւ մամուլը քանի քանի անգամներ ջերմ ցանկութիւն յայտնած էին անխտիր։

Այդ եղելութիւնը՝ հայ քաղաքական կուսակցութեանց համերաշխ գործունէութիւնն է, որուն իբրեւ արտայայտութիւն, Համերաշխութեան ժողովը հրատարակութեան տուած էր իր վեցերորդ նիստին մէկ որոշումը։ Ուրեմն, երկար տարիներու ընթացքին անկարելի դարձած եւ դեռ մինչեւ երէկ ալ շատերու կողմէ անիրականալի համարուած համերաշխ գործակցութիւնը՝ ազգային հասարակական բնոյթ ունեցող խնդիրներու մէջ՝ այսօր կատարուած իրողութիւն մըն է, գոնէ սկսուած է այդ ուղղութեամբ միջակուսակցական գործ մը, որ անտարակոյս արդիւնաւոր պիտի ըլլայ, եթէ եւ հակառակը խորհելու պատճառ չունինք շարունակուի անիկա։

Ահաւասիկ գործը, նոր գործ մը, բայց ո՞ւր է խանդավառութիւնը։

Համերաշխութեան Ժողովի Զ. նիստին որոշումը կուսակցական թերթերու մէջ հրատարակութեան արուելու յաջորդ օրն իսկ, կը սպասուէր որ ոչ-կուսակցական մամուլն ու խաւերը զբաղէին անով, եւ իբրեւ բան մը՝ որ երկար ատեն խնդրուած ու բաղձացուած էր առ հասարակ ամէնուն կողմէ, խանդավառութեան հոսանքներ յառաջ բերէր։ Ի՞նչ եղաւ սակայն՝ ոչ-կուսակցական մամուլին դիրքը։ Անիկա, որ օտար ազգերու մէջ անցած դարձած ամէնէն աննշան դէպքերուն իսկ արձագանգ կ՚ըլլայ յաճախ, եւ որ աւելին է՝ անիկա որ գոնէ մէկ տարիէ ի վեր համերաշխութեան եւ միութեան քարոզը կը կարդար, նոյն այդ մամուլը ո՛չ միայն կանգ չառաւ Համերաշխութեան Ժողովին առջեւ ու անոր նշանակութիւնը չի բացատրեց իր ընթերցողներուն, այլ մանաւանդ այդ մամուլը նոյն իսկ եղելութեան չոր արձանագրութիւնն ալ չի կատարեց, այնպէս որ ոչ կուսակցական խաւերուն գրեթէ անծանօթ մնացած է Համերաշխական ձեռնարկը։ Այլեւս խօսքը չենք ըներ լրջաբարոյ համարուած հայ թերթի մը հրատարակած թեթեւամիտ ակնարկութեանց Համերաշխութեան Ժողովի մասին։

Հայ կուսակցութիւնները՝ պարզուած այս երեւոյթին շարժառիթները չի կարենալ նշմարելու չափ կարճատես չեն. ու եթէ կուսակցութիւններէն ոմանք չեն իսկ ուզեր անդրադառնալ պարզուած ցաւալի երեւոյթին եւ արհամարհանքով կ՚անցնին՝ իրենց գործը շարունակելու, մենք՝ վայրկեան մը գոնէ, եւ մէկ անգամուան համար կանգ առնելով, կ՚ուզենք բաց սրտով եւ աչք աչքի խօսիլ հակակուսակցական շրջանակներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ։

Անցեալին մէջ, Հայ Յեղափոխութեան եւ Հայ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան միջեւ խրամատ մը բացուած էր։ Չպիտի քննենք հիմա թէ այդ խրամատը ինչո՞ւ  բացուած էր, ո՞վ բացած էր եւ թէ ինչո՞ւ մինչեւ վերջին օրը 1908 յուլիս10 խրամատը բաց մնաց։ Փաստն այն է որ, ոչ-կուսակցական տարրերը յուլիս 10էն ետք իրե՛նք իրենց կողմէ սրտառուչ խօսքերով եւ գործնական քայլով ջանացին գոցել այդ խրամատը, եւ գոյացաւ յետամնաց հաշտութիւնը՝ ընդմէջ ժողովուրդին եւ կուսակցութեանց։ Այսօր՝ սակայն՝ խրամատը վերսկսած է բացուիլ, եւ Համերաշխութեան Ժողովին հանդէպ ոչ-կուսակցականներու ցոյց տուած ցրտութիւնը ուղղակի ապացոյցն է արդէն խրամատին գոյութեանը։

Ինչո՞ւ է ի՞նչպէս գոյացաւ մեր քաղաքական նոր կեանքին մէջ ալ՝ նոյն առջի խրամատը, առջի ցաւը։ Այս հարցումին փափաքելի էր որ պատասխանէին իրենք՝ հայ մամուլի եւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն ամէնէն անկեղծները։ Մենք թերեւս լուսաբանէինք զիրենք։ Սպասելով ատոր, մենք այստեղ մեր կողմէ ցոյց պիտի տանք մէկ քանի պատճառներ, որոնք թէեւ պէտք չէին, այլ օգնած են բանալու խրամատը։

Առաջինը եւ ամենագլխաւորը՝ անմիջական վտանգին հեռացումը կամ անանկ կարծուիլն է։ Այնքան ատեն որ անորոշ կացութիւն մը կը տիրէր երկրին մէջ, եւ քաղաքական կուսակցութիւնները ո՛ եւ է ձեւով կրնային ազդել երկրին ճակատագրին վրայ, ժողովուրդը իր բոլո՛ր անուս թէ զարգացած խաւերով, խանդավառօրէն կուգար դէպ ի կուսակցութիւնները, կը հետաքրքրուէր անոնցմով ու անոնց բարելաւմանը եւ հզօրացմանը ներքնապէս կը բաղձար, որովհետեւ այդ զօրացումին մէջ կը տեսնէր իր իսկ կեանքին եւ շահերուն պաշտպանութիւնը։ Յուլիս 10ին եւ Մարտ 31ին եւ ուրիշ երկրորդական թուականներու միջոցին կուսակցական Մարմինները ականատես եղած են այնպիսի երեւոյթներու, որոնք բացարձակապէս կը հաստատեն այս կէտը։

Երկրորդ պատճառ՝ խրամատի բացման՝ եղաւ Ատանայի կոտորածը։ Բոլոր այն Հայերը ու որքա՜ն ալ շատուոր են որոնք Համիտի օրերուն վարժուած էին անիծել հայկական բողոքի եւ ընդվզումի արտայայտութիւնները, յուլիս 10ի ցնցումէն սա՛չափ չազդուած, վերստին լայն բացին իրենց վայնասան բերանները եւ ըսին. «Եթէ Հայ յեղափոխականները գրգռած չըլլային Ատանայի Իսլամ տարրը, կոտորածը տեղի չէր ունենար…»։ Դեռ վերջերս այս խնդրին վրայ կը խօսակցէինք Թէքիրտաղի նորընտիր Օսմ[անեան] երեսփոխան Պօյաճեան էֆէնտիի հետ, որ նոյն այս համոզումը յայտնեց։ Երեւակայեցէ՛ք, հայ երեսփոխան մըն է ասիկա, Պապիկեանի յաջորդը…։ Թէ հայ կուսակցութեանց գործիչներէն ոմանք յուլիս 10էն ետք ցուցամոլական անճահ ընթացք մը ցոյց տուին, այդ մասին մենք շատ կանուխէն ըրինք մեր խոստովանութիւնը. բայց ո՞ր հայուն բերանը վրայ կ՚երթայ՝ ըսելու համար թէ կոտորածին սկզբնապատճառ՝ հայ կուսակցութիւնները եղան. կը հարցնենք կրկին՝ որ Հայուն կամ ո՞ր մարդուն, երբ այդ մարդը բացարձակ դաւաճան մը եւ ուրացող մը չէ ճշմարտութեան եւ թափուած անմեղ արիւններուն։ Խոհեմութեան քաղաքագէտ ասպետները ո՞ւր էին այն օրերուն՝ երբ հայ կուսակցութիւնները գրգռիչի դեր կը կատարէին, ինչո՞ւ այն ատեն չի բողոքեցին եւ վտանգը մատնանիշ չըրին, եւ ինչո՞ւ միայն կը ծանրանան կուսակցական գործին բացասական կողմին վրայ, եւ կ՚ուրանան՝ որ առանց կուսակցութեանց ներարկած ոգիին, գուցէ ամբողջ Կիլիկեան ջարդուէր ոչխարի պէս, վատերու պէս…։

Խրամատի բացման երրորդ պատճառը՝ մենք կը կարծենք թէ պէտք է փնտռել՝ որոշ կուսակցութեան մը վերագրուած արարքներուն եւ ծրագրին ու քարոզութիւններուն մէջ, որոնք խորթ կը հնչեն թրքահայ ժողովուրդին եւ որոնք մերթ ընդ մերթ շահագործուելով խառնակիչ տարրերու կողմէ, ա՛լ աւելի վնասակար արդիւնքներ յառաջ կը բերեն։ Այդ անժամանակ քարոզութեանց մասին մեր կարծիքը յայտնած ըլլալով, ոչ-կուսակցականները գիտեն թէ սկզբունքային տեսակէտով, մենք ալ բողոքողներ ենք ատոնց դէմ։ Եւ սակայն, տարբեր բան է մասնաւոր կէտի մը կամ խնդրի մը դէմ բողոքել ու անոր դարմանումին աշխատիլ. տարբեր բան է՝ այդ կէտը գործիք ընելով հարուածել զոհողութիւններու եւ ճիգերու վրայ հիմնուած կազմակերպութիւն մը։

Խրամատը, որ անցեալին մէջ բացուած էր Հայ Յեղափոխական փոքրամասնութեան եւ Հայ Ազգին մեծամասնութեան միջեւ, շատ վնասակար եղաւ հայկական ընդհանուր շահերուն։ Այսօր, ուր թէ՛ մեր հայրենիքին եւ թէ՛ մեր ազգին գլուխին վրայէն դեռ չեն հեռացած բազմատեսակ վտանգները, պէտք չէ կրկնել անցեալին ոճիրը. եւ Հայ կուսակցութիւնները, որոնք ազգային կազմակերպուած ոյժը կը ներկայացնեն, պէտք չէ որ ստիպուած զգան ինքզինքնին՝ առանձին գործելու, ինչպէս եղաւ անցեալին մէջ։ Բոլոր անոնք՝ որ պաշտօնը ունին այլ չեն աշխատիր խրամատը գոցելու, բոլոր անոնք որ գոհսիրտ հանդիսատեսները կըլլան խրամատին թողած աւերներուն, այդպիսիները ազգային միութեան ազգային թշնամիներն են։ Իսկ անո՛նք՝ որ զանազան էնթրիկներով եւ մանէօվրներով, բահ ու բրիչ ի ձեռին կ՚աշխատին խրամատը լայնցնելու. ատոնք ազգային դաւաճաններ են, որոնց հետ հարկ չըլլայ վարուիլ այնպէս՝ ինչպէս կը վարուին դաւաճաններու հետ։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Երկորդ շրջան, 30 Հոկտեմբեր-12 Նոյեմբեր, թիւ 4 (54), էջ 29-30