Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

Սօֆթայանէֆէրական անիշխանութիւնը եւ իր դրդապատճառը. Օձամիտին մատը. Թուրք քօմիթէին տապալումը եւ շէֆերուն փախուստը. Աւազակութիւն կըլլայ եւ բողոքող չկայ. Զինուորապետութեան հետեւանքները. Շատ չի խանդավառինք. Կիլիկիոյ կոտորածներէն ետք լա՞նք թէ պատրաստուինք։

 

Ամէն անոնք որ պիտի թղթատեն Օսմ[անեան] ամենազգի մամուլի ապրիլ 1էն էջերը, եւ պիտի վերյիշեն Պոլսոյ մէջ նոյն օրերուն տիրող մտքի վիճակը, զզուանք միայն կարող են զգալ հանդէպ այն ստրուկ եւ ապիկար դիրքին զոր մամուլը երկիւղահար կարճատեսութեամբ մը, եւ ժողովուրդը քաղաքացիական վատութեամբ մը ցոյց տուին, ի տես նէֆէրներու եւ սօֆթաներու դաշնակից ընդվզման։ Մեր հասարակական ու քաղաքական կեանքի վարիչներէն շատերը ապացուցին թէ ժողովրդային մոլար հոսանքներուն դէմ թումբ չկարենալ կանգնելէ զատ, իրենք ալ խլեակի մը նման կը տարուին անոնցմէ։ Հանրային կարծիքի առաջնորդ ըլլալու կոչումը ինքզինքնուն տուող շա՛տ շատեր տեսանք մենք, որոնք առանց տեղւոյն վրայ քննելու անիշխանական շարժումին շարժառիթները որովհետեւ վախերնուն մէյ մէկ անկիւն ապաստանած էին «կեցցէ՛ քաջարի բանակը, կեցցե՛ն կորիւն զինուորները» գոչեցին եւ գրեցին, առանց երբէք անդրադառնալու, թէ այդ իրենց ծափահարուած բանակը գրգռիչներու թելադրութեամբը՝ անկարգապահութեան ամենածանր յանցանքը կը գործէր, իր սպաները կը պատառոտէր ու Շէրիաթի գործադրութեան պահանջումին պատրուակովը՝ հակաքրիստոնէական, հակասահմանադրական ու տեղ տեղ ալ տխուր շահատակութեանց անձնատուր կըլլար։ Ընդհակառակը, մենք դիտեցինք, որ այն սակաւաթիւ անձերը, որոնք անիշխանական երկու օրերու ընթացքին, շարունակ շփման մէջ էին սօֆթաներուն եւ նէֆէրներուն հետ, անոնք անմիջապէս ու անպատճառ տեսան թէ իսթիպտատն էր որ աղուէսի խորամանկութեամբ այլ վագերային ճիրաններով կը վերադառնար, յոշոտելու համար ազատագրուած այլ դեռ հոգիով ստրուկ մնացած ժողովուրդի մը սիրտը։ Սօֆթայանէֆէրական մեղսակից զինակցութեան այդ երկու օրերուն, մենք տեսանք խուժանապետներ, որոնք իրենց գլուխն հաւաքած հարիւաւոր ռամիկներ, անոնց կը խօսէին սապէս. «ի՜նչ խեր տեսանք սա շէնքէն (խորհրդարանը ցուցնելով) այս մարդիկը ամսական 50 ոսկի կ՚առնեն, թաւիշէ բազկաթոռներու վրայ կը նստին, բայց երկիրը կառավարելու անկարող են, կամուրջին վրայ մարդ կը զարնուի ու ձերբակալող չկայ, առաջ ասա՜նկ էր. երանի՛ այն օրերուն, երբ մեր ողորմած Սուլթանին ձեռքը կ՚իշխէր ամենուս վրայ…»։ Քիչ մը անդին, սօֆթաներն էին որ կը պատգամէին. «ժողովո՛ւրդ, արթնցի՛ր, այս երեսփոխան կոչուածները վնասակար մարդիկ են, եւրոպական օրէնքները մեր նուիրական հայրենիքը ներմուծելով մեր կործանումին պատճառ պիտի ըլլան, քանի որ Շէրիաթ ունինք, ալ ի՞նչ պէտք ուրիշ օրէնքի, պէ՛տք է որ մեր Մարգարէին պատգամին միայն անսանք, ի՞նչ կը սպասէք այդ օտարացած Ահմէտ Րիզաներէն, որոնք ո՛չ Աստուած ունին, ո՛չ բարոյական…»։ Սօֆթաներու այս յետաշրջական հաւատամքին ի լուր, կը վերյիշէինք այն չինացի մանտարինները, որոնք Չին եւ Ճաբոնական պատերազմէն ետք, երբ սկսան քննել Չինաստանի պարտութեան պատճառերը, սա եզրակացութեան յանգեցան, որ եթէ ամբողջ չինական բանակին զէնքերը հին դրութեամբ շինուած ըլլային, Ճաբոն կը ջախջախուէր…։

Խուժանապետներու եւ սօֆթաներու այսօրինակ քարոզութիւններէն խելայեղած ամբոխը, բնականաբար, չէր կրնար Սահմանադրութեան պահպանմանը կամ ամրապնդմանը ցանկալ։ Ու Մարտ 13էն մինչ Ապրիլ 3 պատահած բոլոր սպաննութիւնները, կողոպուտնեները, թալանները, ցոյցերը եւ գոչումները ապացուցին, թէ Շէրիաթի դրօշին ծալքերուն տակ մղուած պայքարը ուրիշ բան չէր, այլ հացի կամ գոյութեան կռիւը՝ ընդմէջ հին ու նոր տարրերու։ Հին մարդ մը կար, «հիւանդ Մարդը» որ իր օր օրի կրած սեղմումներէն եւ անուանարկումներէն ըմբոստացած, փորձեց նոր դրութիւնը բնաջնջել. միւս կողմէ՝ հին գլուխ մարդիկ կային, սօֆթաները, նախկին խաֆիէները եւ արձակուած պաշտօնատարները, որոնք Նոր Րէժիմին մէջ իրենց հացն ու հանգիստը վտանգուած տեսնելով, սիրայօժար իրենց ծառայութիւնը ի սպաս դրին Օձամիտին, եւ որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէնէն գէշ գործն ընող իսկ դրօշ մը կը բռնէ ձեռքը, Շէրիաթի դրօշն էր որ պարզուեցաւ Օսմ[անեան] խորհրդարանին դրան առջեւ։ Ահաւասիկ բո՛ւն դրդապատճառը սօֆթայանէֆէրական ընդվզման, որուն աւելի կամ նուազ չափող ու կը հաւատանք թէ անգիտակցաբար ոյժ տուին զանազան քաղաքական կուսակցութիւններ, Թիւրք Քօմիթէին դէմ ծառացող ամբոխային հզօր ոյժը ի նպաստ իրենց գործածելու համար։

Եւ սակայն տեսնուեցաւ որ՝ Ահրարները եւ միւս քաղաքական խմբակցութիւնները ոչ միայն չի յաջողեցան յառաջ եկած ամբոխային ոյժը ի նպաստ Սահմանադրութեան Դատին ծառայեցնել, այլ իրենք ալ բաւականաչափ կորով չունենալնուն համար, ամենքը միասին տարուեցան ինկան բռնապետական Մողոքին գիրկը։ Սահմանադրութեան յղացումէն ճիշդ ինն ամիսներ վերջ ծնող Նոր Բռնակալը իր խանձարուրին մէջ խեղդելու միակ հոգը կ՚իյնար ուրեմն Թուրք քօմիթէին վրայ, բայց ան ալ ամէնէն ցաւագին անակնկալը պատճառեց՝ երբ տեսնուեցաւ որ իր անմիջական դրացնութեան մէջ գտնուող զինուորական ոյժը՝ այլեւս ուրիշին ծախուած՝ մեր երեւակայած «սահմանադրական քաջարի բանակը» չէր։ Յուլիս 11էն ի վեր այնպէս հաւատացուցած էին մեզ, թէ Մ[իութիւն] եւ Յ[առաջդիմութիւն] քօմիթէն իրեն հետ ունի ամբողջ բանակը, բայց մարտ 31ին յայտնուեցաւ թէ Թուրք Քօմիթէին Պոլսոյ բանակը թուղթէ զինուորներէ կը բաղկանայ, զորս տապալելու համար բաւական եղաւ ապստամբ նէֆէրներու արձակած գնտակներուն… ձայնը։

Ասիկա տխուր էջ մը պիտի մնայ Մ[իութիւն] եւ Յ[առաջդիմութիւն] Քօմիթէին պատմութեան մէջ, ուր, անկէ առաջ, այնքան փառաւոր հատուածներ կային արձանագրուած, Մենք կը հաւատանք, որ եթէ Քօմիթէին Պօլսոյ կեդրոնը դիմագրաւած ըլլար ծնող ու ծովացող վտանգին, հակասահմանադրական շարժումը չէր առներ այն լայն սահմանը զոր ստացաւ։ Քօմիթէն՝ որ Դահլիճին, խորհրդարանին, ոստիկանութեան եւ մինչեւ իսկ Եըլտըզին մէջ մարդ ունենալը կը յայտարարէր, ճէմիյէթը Մուհամէտիյէի կազմութեան օրէն սկսեալ արդէն պարտաւոր էր հետեւիլ անոր շարժումներուն, եւ հաշուի առնել բանակին մէջ, ժողովրդային խաւերու մէջ ու մանաւանդ Եըլտըզի բարձունքին վրայ հետզհետէ յառաջ եկող թշնամական հոսանքները։ Քօմիթէն ասիկա չըրաւ. այդ զանցառութիւնը պիտի վերագրէինք իր տարապայման ոյժին, որ գիտէ ու կրնայ ամէն բան արհամարհել։ Բայց դէպքերը ցոյց տուին, թէ՝ իրականութեան մէջ՝ Քօմիթէին Պօլսոյ մարմինը ներքնապէս փտած այլ արտաքուստ կարմիր խնձորի մը երեւոյթն ունէր։

Ահմէտ Րիզա լեղապատառ փախաւ ու պահուըտեցաւ. այս անգամ Եըլտըզի եւ Մաչքայի պալատին դուռները չէր որ կը բացուէին իր առջեւ. ու այն Ձեռքը որ իր գաւաթին մէջ ջուր լեցնել սկսած էր, կաթիլ մը ջուր անգամ չի ղրկեց Րիզայի վախը փարատելու համար։ Կ՚երեւակայեմ այն ցնծութիւնը, զոր սօֆթայանէֆէրական անիշխանութեան երեք օրերու ընթացքին զգաց Եըլտըզի մեծ դերասանը, տեսնելով սարքուած խաղերուն յաջողութիւնը երբ միամիտ Րիզան, ժողովուրդէն քարկոծուած ու Սուլթանէն լքուած, իր գլուխը քարի մը վրայ դնելու տեղ կը փնտռէր…։

Ըսենք բարեբախտաբար՝ այդ քարը շուտով գտաւ Ահմէտ Րիզան, Բ. եւ Գ. զօրաբանակները, Էտիրնէի եւ Մանասդրի մէջ, մասամբ Թուրք Քօմիթէի ջախջախուած վարկը վերահաստատելու, բայց առաւելապէս՝ վտանգուած Սահմանադրութեան մը դաւադրողները պատժելու համար խուժեցին Պոլիս, ուր ստացան Ազատաբար Բանակ տիտղոսը։ Տեսնենք, թէ այս տիտղոսը ո՛ր աստիճան պիտի արդարացնեն Թուրքիոյ ժողովուրդը որ այնքան յետաշրջական որքան սահմանադրական հոսանքներէն շատ դիւրաւ կը տարուի, այս վայրկեանիս իր բոլոր յոյսը դրած է Ազատարար կոչուած բանակին վրայ. իսկապէս խորհրդարան չկայ. կառավարութիւն չկայ այսօր։ Ազատարար բանակ մը կայ, ու ամէն բան անկէ՛ կը սպասուի, ինչպէս եթէ Մեսիան ըլլար ան։ Ինն ամիսներէ ի վեր թափուած բոլոր ջանքերը Թուրքիան չի կրցան ազատել զինուորապետութեան լուծէն. յուլիս 11ը բանակը տուաւ. յունվար 31ին՝ բանակի անունով եղած սպառնալիք մըն էր որ Քեամիլ փաշայի Դահլիճը սապալեց այնպիսի ցնցումով մը, որ դեռ շատ ծանր էր Սահմանադրական Թուրքիոյ համար։ Ու ահա մարտ 31ին դա՛րձեալ զինուորականութիւնն է որ փորձեց Սահմանադրութիւնը տապալել։ Այսօր, Բ. եւ Գ. զօրաբանակները կ՚իշխեն երկրին ու Օսմ[անեան] հայրենիքին ճակատագիրը կը վարեն, ու վաղը՝ չենք գիտեր թէ ո՛ր զօրաբանակը ի՛նչ ոյժի ի սպաս պիտի դնէ իր հրացանն ու սուինը. Րումէլին Պոլսոյ դէմ, Պոլիսը՝ Անատօլուի դէմ, Եւրոպական կարգ մը դաւադիր տէրութիւնք՝ ամենուն դէմ, ի՞նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը։ Pronunciamientoի այս մշտնջենական ներկայութիւնը ոչ մէկ կերպող օգտակար է երկրին խաղաղ բարգաւաճմանն համար։ Քաղաքական գործերուն մէջ զինուորականութեան միջամտութիւնը գրէթէ միշտ աղետալի հետեւանքներ կունենայ ամէ՛ն ազգի մէջ ալ։

Եւ յետոյ չմոռնանք սա կէտը թէ այսօրուան Ազատարար կոչուած բանակը, եթէ մինչեւ իսկ յաջողի ճզմել օձին գլուխը, եւ ո՛չ թէ զայն իր սառած վիճակին մէջ կրկին կենդանացնել, ինչպէս ըրին 9 ամիս առաջ դա՛րձեալ խանդավառելու զօրաւոր պատճառներ չունինք մենք՝ Հայերս. չէ՞ որ Սահմանադրութեան անվտանգ օրերուն ալ շարունակ կը գանգատէինք, եւ իրաւամբ։ «Իթթիհատի բռնակալութենէն» անոր ազգայնամոլ ծրագրին՝ զանազան ցեղերու առանձնայատկութեանց սպառնացող վտանգներուն դէմ։

Եթէ, Վերակազմեալ Հնչ[ակեան] կուսակցութեան բոլոր շրջանակները սրտի ճմլումով եւ զայրոյթով դիտեցին Շէրէֆ փողոցի խուժանային թալանը, ու Թուրք Քօմիթէին անդամատումը. եթէ Քօմիթէին Պոլսոյ հալածական անդամները եղբայրական սիրազեղ վերաբերումով մը ընդունուեցան մեր կողմէ՝ եռօրեայ տագնապի միջոցին, եւ, եթէ Վերակազմեալ Հնչ[ակեան] պատգամաւորութիւն մը գնաց ողջունել ազատարար բանակը, պատճառն այն էր որ, Սահմանադրութեան եւ Հայրենիքի դատն էր որ վտանգուած էր, ու Թուրք Քօմիթէն քանդողները կ՚ուզէին՝ յանձին անոր՝ Սահմանադրութիւնը քանդուած տեսնել։

Սուլթան Համիտեան միապետութեան օրով Փոքր Հայքն ու Բարձր Հայքն էր խեղդուեցաւ արիւն—արցունքի մէջ։ Իթթիհատեան տիրապետութեան տակ գործող Սահմանադրական վարչութիւնն ալ ահա մեղսակից կը հանդիսանայ այն կոտորածներուն ու թալանին, որոնք գործուեցան ու կը գործուին ապրիլ 1էն ի վեր՝ Կիլիկոյ գրեթէ՝ ամէն կողմերը, մասնաւորաբար Ատանա, Մարաշ, Սիս, Հաճըն եւ Գօզան։ Իրարու պակաս թողածը՝ ամբողջացուցին. շէ՛ն մնան։ Այլեւս մեր լեզուին մէջ բառ չի մնաց որակելու համար՝ իսլամ խուժանին ու անոր ոճրակից պաշտօնէութեան ընթացքը. ալ ի՜նչ գրենք, ի՜նչ խօսինք. աւելի լաւ չէ՞ փշրել ասանկ գրիչ մը, որ ուրիշ բանի չի ծառայեր, եթէ ոչ՝ ամբողջ ժողովուրդի մը մարտիրոսացման ու բնաջնջման ապիկար արձանագրիչն ըլլալու։ Մինչեւ երբ պիտի նահատակուի այս ժողովուրդը ու մենք մինչեւ ե՞րբ պիտի նկարագրենք այդ նահատակութիւնը. ա՛լ ամէն ածական, ամէն որակական կորսնցուց իր ոյժը. զգացումները blasé եղան, ջիղերը անզգայացան. Մշեցի Կիւլիւզարին առեւանգումէն մինչեւ Ատանացի Հայ պատանիին սա պատւոյ բռնաբարման փորձը, իսլամ խուժանին երեսէն Հայ ցեղին կրած լլկումները վէպի մը անիրական հանգամանքը ստացած են այլեւս։ Հայ ցեղին արի զաւակները ե՞րբ արդեօք պիտի ըմբռնեն, թէ դիցաբանական Նեմեսիները մինչեւ որ մեր պաշտամունքին առարկայ չըլլայ, մենք ազատելիք չունինք կարմիր վտանգէն։ Թագաւորներ կրնար փոխուիլ, Օսմ[անեան] զօրաբանակները կրնան Սահմանադրութիւնը բերել ու տանիլ. բայց Հայ ցեղին ճակատագիրը փոխուելիք չունի, մինչեւ որ մենք մեր գլխուն ճարը չի նայինք։

Ատանայէն՝ Վերակազմեալ Հնչ[ակեան] կուսակցութեան հասած հեռագիրը ծանոյց արդէն, թէ կոտորածը շաբաթներ առաջ ծրագրուած էր, ու կապ չունէր Պօլսոյ յետաշրջական շարժումին հետ. միեւնոյն հաւաստումը ըրաւ մեզ՝ Պօլսոյ անգլիական դեսպանատան մէկ լաւատեղեակ պաշտօնատարը։ Ասիկա կ՚ապացուցանէ, թէ թուրք խուժանը, ըլլա՛յ սահմանադրական, ըլլա՛յ միապետական վարչութեան տակ, միշտ նոյն արիւնախում ու աւարառու տարրն է, անպատիժ մնալու սահմանուած եւ այդ իսկ հետեւանքով՝ քաջալերուած։ Կոտորածին սկզբնապատճառը ինքնին ցոյց կուտայ արդէն, թէ Հայերը նախայարձակ չեն եղած բնաւ, այլ անձնապաշտպանութեան տիեզերականօրէն յարգուած սկզբունքովը Հայ երիտասարդ մը գետին փռած է իր պատւոյն սպառնացողները։ Ի՞նչ ընէր նորէն՝ թոյլ տար որ անպատուութեան թարախը ժայթքէր իր վրայ, իր ցեղին վրայ։

Ատանայի եւ շրջակայից մէջ գործադրուած թալանը, ջարդը եւ բռնաբարումները անգա՛մ մըն ալ եկան ապացուցանել՝ հայ կուսակցութեանց եւ ի մասնաւորի Վերակազմեալ Հնչ[ակեան] կուսակցութեան այն դաւանանքը, թէ, եթէ մեր ցեղը կ՚ուզէ ապահով ու պատուաւոր ապրիլ, պէտք է ազգովին փարի ինքնապաշտպանութեան սկզբունքին։ Յուլիս 11էն ի վեր քանիցս այս թելադրութիւնները եղան հրապարակաւ, բայց ափսո՜ս որ թատրոնի ծափերէն ու հռետորական բացագանչութիւններէն խլացած մեր ականջները չի լսեցին այդ փրկարար թելադրութիւնները։ Յուլիս 11էն ի վեր Յեղափոխութիւնը դերասանութեան վերածուած է, ու հռետորութիւնը հերոսութեան տեղ կ՚անցնի։ Մեր հարուստներն ու ժողովուրդի ամէն խաւերը քիչ շատ դրամ տուին հացի համար կամ նպաստի անունով։ Բայց քիչեր. օ՜ շատ ապահովող ——— մտահոգուեցան տանջուեցան սա խոհուրդով, թէ գաւառի Հայ ժողովուրդը իր դրացի սպառազէն ու վաչկատուն ցեղերուն դիմադրելու համար ոեւէ միջոց չունի։ Վաղը նորէն պիտի սկսին նուագահանդէսները եւ թատերական ներկայացումները «ի նպաստ Ատանայի ու Կիլիկիոյ կարօտելոց». վաղը նորէն ցուցադրութիւն, նորէ՛ն ճառախօսութիւն, նորէն ծափ. ամէն մարդ 5—10 ղրշ. պիտի ողորմութիւն տայ, ու գիշերը հանգիստ պիտի քնանայ, մտածելով «ազգասիրական պարտականութիւնս կատարեցի»։

Իսկ անդին, (կոտորածի յոգնութիւններէն վաստակաբեկ խուժանը, որ այս պահուս իր որջին մէջ առանձնացած՝ անշուշտ գողօնը կը բաժնէ ու արիւնաքամ լեզուն շաչեցնելով քանի՛ հայ մորթած ըլլալը կը հաշուէ, պիտի խորհրդածէ. «ժողովեցէք, ժողովեցէք դրամները եւ հոս ղրկեցէք. օր մը նորէն իմս պիտի ըլլան անոնք…»։

Օ՜ այս անգիտութիւնը հայ ժողովուրդին. նոր Յիսուս մը չպիտի՞ գայ իր կոյր աչքերը բանալու։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 10-23 Ապրիլ, թիւ 24-25, էջ 257-259