Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՐԷՆ ՁՈՐԷՆ

Տասնեւհինգ օրերէ ի վեր Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովը արձակուրդ կ՚ընէ, եւ մինչ թուրք, հրեայ, յոյն եւ ալպան երեսփոխանները առաջին օրէն դարձան իրենց ընտրական շրջանակները, հայ երեսփոխանները դեռ կը դեգերին մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ։ Վանի, Մուշի, Կարինի, Սիսի եւ Սեբաստիոյ հայ երեսփոխանները, որոնք խորհրդարանի վիճաբանութեանց ընթացքին՝ «Ֆրանսայի մէջ ասանկ է, Անգլիոյ մէջ անանկ է» կ՚ըսէին շարունակ, կը թուին մոռցած ըլլալ որ Եւրոպայի մէջ երեսփոխանները՝ նստաշրջանի փակումէն վերջ կ՚երթան իրենց ընտրական շրջանակներուն (cercle électorale) հաշիւ տալու՝ իրենց կատարած եւ կատարելիք գործերուն մասին։ Առաւելապէս այս տարի, իբրեւ սահմանադրական առաջին տարին, Վանի, Մուշի, Կարինի, Սիսի եւ Սեբաստիոյ հայ եկեսփոխաններուն ճիտին պարտքն էր փութալ իրենց պատկանեալ գաւառները, եւ եթէ երես չունին իրենց վտիտ գործին համարատուութիւնն ընելու, գոնէ կրնան գաւառի ժողովուրդին պարզել սահմանադրական սկզբունքներու իսկութիւնը, բարիքներն ու հարկադրած պարտաւորութիւնները, եւ մանաւանդ, առիթ կ՚ունենան մօտէն տեսնելու՝ շօշափելու իրենց ներկայացուցած շրջանակներուն պէտքերն ու պահանջները, յառաջիկայ նստաշրջանին աւելի գիտակից կերպով պաշտպանելու Գաւառի իրաւունքները։ Այսօր ո՞վ չի գիտեր թէ Օսմ[անեան] Երեսփոխանութեան հայ տարրը՝ խանդավառութեան անգիտակից օրերու մէջ ընտրուած՝ ո՛չ լիովին կը ճանչնայ իր ներկայացուցած գաւառը, ոչ ալ անոր պէտքերը ուսումնասիրած է. բանտէն կամ աքսորէն դուրս գալով ուղղակի խորհրդարան երթալը տեսնուեցաւ թէ այնքան ալ նպաստաւոր պարագայ մը չէ եղեր ո՜չ Հայութեան եւ ո՛չ ալ նոյն ինքն Երեսփոխանութեան համար։ Սա առաջին տարեշրջանի ընթացքին՝ քիչ առիթ չէր որ տուին հայ երեսփոխաններէն շատերը մանաւանդ անոնք որ նպարավաճառի թրքերէնով մը մէջտեղ ինկած էին կամ անոնք որ թրքերէնի բացարձակ տգիտութեամբ մը համրացած էին մեր նախանձոտ հակառակորդներուն՝ որոնք ծիծաղեցան մեր վրայ ու հեգնեցին զմեզ, հեգնելով նաեւ մեր պահանջներն ու բողոքները։ Եթէ խղճահարութիւնն ու պարտականութեան զգացումները բոլորովին մեռած չեն այդ երեսփոխաններուն մէջ, պէտք է յուսալ որ սա արձակուրդի օրերէն կ՚օգտուին, գլուխնին կախելով թրքերէն գրել կարդալ ու խօսիլ կը սորվին, ու նոյն ատեն իրենց պատկանեալ գաւառներուն պէտքերը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելով կը վերադառնան Պօլիս, դարմանելու համար այն ամուլ շրջանը զոր անցուցին սա առաջին տարիին մէջ։

*

Ձայն Հայրենեացի երրորդ թիւին մէջ։ Օսմ[անեան] Խորհրդարանի բացումէն շատ առաջ, ընտրական արդիւնքներու նուիրուած մեր մէկ յօդուածով վախ կը յայտնէինք որ Հայ տարրը տկար կերպով պիտի ներկայացուի Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովին մէջ ու չկարենալով ոյժ մը ձեւացնել հոն, չպիտի յաջողի Հայ ազգին եւ կուսակցութեանց պահանջները ընդունել տալ, ու վար պիտի նստի կամ պիտի նստեցուի։ Այսօր, ճիշդ քառասուն շաբաթներէ վերջ, կսկիծով կը տեսնենք որ մեր երկիւղը անտեղի չէ եղեր. Օսմ[անեան] Խորհրդարանի աշխատութեանց վրայ նայող ո՛ եւ է անձ անմիջապէս կը համոզուի այս դառն իրողութեան։ Ազգային առանձնաշնորհմանց դէմ ոտնձգութիւններ տեղի ունեցան, որոնք թէեւ դեռ տարտամ, բայց հետզհետէ զօրանալու սպառնական երեւոյթն ունին. համիտիյէ հայաջինջ հեծելագունդերը դեռ կ՚ասպատակեն։ Հայոց գրաւեալ հողերը եւ կալուածները դեռ յափշտակիչներու ձեռքը կը մնան. առեւանգուած կիներ դեռ օտար բոյներու մէջ կը ճուան. Հայկ[ական] գաւառները երթալիք յանձնախումբը տեղէն իսկ չշարժեցաւ. ու այս ամէնուն վրայ Ատանայի անթարգմանելի տռամին ալ ականատես եղանք, Պապիկեանին հետ թաղելով նաեւ իր Տեղեկագիրը։ Ինչ ըրաւ Հայութիւնը ներկայացնող տարրը՝ Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովին մէջ։ Բան մը չըրաւ եւ չէր ալ կրնար ընել, որովհետեւ առաջին օրէն հայ տարրը չկրցաւ bloc մը կազմել, ու նոյն իսկ միւս քրիստոնեայ կամ ազատական թուրք երեսփոխաններուն ալ գործակցութիւնը ապահովել։ Ատանայի վայրագութեանց մանրամասնութիւնները երբ առաջին անգամ Պոլիս հասան, Պոլսահայ հանրային կարծիքը այնքան վրդովուեցաւ՝ որ մեր երեսփոխանները վայրկեան մը մտածեցին ո՛ եւ է ցոյց մը՝ օրինակ՝ պօյքօթ ընել Օսմ[անեան] Խորհրդարանին դէմ. բայց այս տեսակ ձեռնարկի մը վրայ խորհրդակցելու համար երբ Զոհրապ նստի հրաւիրեց իր միւս պաշտօնակիցները՝ միայն երկու հոգի պատասխանած էին իր հրաւէրին. ու Զոհրապ՝ դառնացած՝ կ՚ըսէր մեզ այն ատեն. մեր երեսփոխաններուն միջեւ համաձայնութիւն, միութիւն չկայ. նոյս իսկ խորհրդակցութեան չեն գար. viveurներ են, չեն ուզեր իրենց գիշերուան հաճոյքներէն բան մը զոհել…։

Գէշն այն է որ նոյն ամբաստանութիւնները կընէին միւս կողմէն ալ՝ փոխադարձաբար։

*

Բերայի Զինուորական Վարժարանին սպաներու վկայականց բաշխման հանդէսին մէջ, Հասան Րիզա փաշա՝ Պատերազմական Բ. ատեանին նախագահը՝ ըսեր է Բիզանդիոնի տնօրէնին. «Բայց հայե՞րն ուր են. ինչո՞ւ չեն երեւիր. ենթասպաներու (չավուշներու) վարժարան հաստատուած է, ապագայ զինուորներուն հրամայող ու զանոնք կրթող պաշտօնակալներն հասցնելու. եւ մինչ  Յոյներ, Հրեաներ եւ Պուլկարներ եկան, բնաւ Հայ չեկաւ աշակերտելու ենթասպաներու դպրոցին. ի՞նչ կընեն, ո՞ւր են ձերինները, մենք ամենէն աւելի Հայոց վրայ յոյս ունէինք թէ պիտի փութային հայ ենթասպաներ հասցնելու ապագայ հայ զինուորներուն համար»։ Բիւզանդիոնի տնօրէնը պատասխաներ է թէ Ատանայի աղէտը շատ եռանդներ պաղեցուց եւ վիրաւորեալ սրտերու բուժումը ժամանակի կը կարօտի…։

Այս ձեւով պատասխաններուն՝ կ՚ըսեն կարկտան։ Քանի որ ոչ—իսլամներու զինուորագրութիւնը որոշուած վերջացած խնդիր է, եւ հայ սպաներու գոյութիւնը՝ Օսմ[անեան] բանակին մէջ, այնպիսի ստիպողական անհրաժեշտութիւն մըն է, որուն գոհացում տալու ա՛լ աւելի պէտք էր մղէին զմեզ Ատանայի նման Աղէտները։ Մենք կը կարծենք՝ թէ զինուորական վարժարանի ոչ—իսլամ աշակերտներուն ցանկին մէջ Հայու անուն չգտնուիլը պէտք է վերագրել մեր ցեղին, մասնաւորաբար Պոլսահայ տարրին մեղկ բարքերուն եւ զինուորութենէ խրտչելուն. հակառակ որ քրիստոնեաներու զինուորագրութեան ի նպաստ շատ միթինկներ եւ յայտարարութիւններ եղան Հայոց կողմէ, պիտի տեսնուի, դժբախտաբար, որ շրթունքին եւ գաւաթին միջեւ միշտ հեռաւորութիւն մը կայ, եւ թէ, երբ զինուոր ըլլալու ժամանակը հնչէ, շատ հայ երիտասարդներ մէյ մէկ հնարք պիտի գտնեն համազգեստը չհագնելու եւ հրացանին բեռը չկրելու համար. ուրիշ բան է «զինուոր կուզենք ըլլալ» ըսել, ուրիշ բան է՝ իսկապէս զինուոր ըլլալ. եթէ մեր բոլոր խօսածներուն եւ երգածներուն նայինք, «Հայաստանը ետ առած» կ՚ըլլայինք մինչեւ հիմայ, քանի որ «մեր քաջ զինուորները հիմա ոյժ ունին» եւ քանի որ գարունը մօտ է». մի՛ հարցնէք թէ՝ ո՞ր տարուան գարունին համար է. գարուն՝ շա՜տ։

Հասան Րիզա փաշայի դիտողութիւնը մեզի կը յիշեցնէ միջադէպ մը, որ մեր ցեղին յատկանշական մէկ կողմը կը ցուցադրէ։ 1907ի սկիզբները, Պուլկարիայէն բաւական թուով հայ երիտասարդներ եկան Եգիպտոս. ուրիշ տեղեր ալ՝ գլխաւորաբար Ամերիկա սպաստանածներ ալ կային։ Օր մը, Գահիրէի Էզպէքիէ պարտէզին մէջ հանդիպեցայ այդ երիտասարդներէն մէկուն զոր Պոլիսէն կը ճանչնայի. խասգիւղցի էր. իր տունը տեղը թալլած եւ ընտանիքէն ալ մարդ մը սպաննած էին 96ի կոտորածին. ինքը այն ատեն Վառնա փախեր էր եւ 10 տարիներէ ի վեր հոն հաստատուա՛ծ գործի տէր եղած, Պուլկարահպատակութիւն ալ ընդունած էր։ Երբ իր Եգիպտոս գալուն պատճառը հարցուցի։

Աղբա՛ր ձգէ՛ ըսաւ. Պուլկարիան Թուրքին դէմ պիտի պատերազմի եղեր. զինուոր կը հաւաքէ կոր, մեզի ալ զինուոր գրել ուզեցին, փախայ։

Փախա՜ր, բայց ինչո՞ւ, չէ՞ որ իբրեւ Պուլկարահպատակ պարտաւոր ես նոր հայրենիքիդ ծառայել, մանաւանդ որ աչքի առջեւ ունիս պատերազմի սքանչելի առիթ մը որ բաւական պէտք էր ըլլար զքեզ հրապուրելու…։

Դիւրի՞ն բան է զինուորութիւնը, ըսաւ։ Եւ ինքն ալ ըսածէն ամօթահար, հապճեպով մեկնեցաւ քովէս։

Ու մինչ կը դիտէի իր կայտառ սիլուէթը որ կը խուսափէր արմաւենիներուն տակէն, եւ կը լսէի իր հուժկու քայլերը որոնք պարտէզին խեցիները կը դղրդէին, շրթունքներս՝ հակառակ ինծի՝ կը մրմռային.

Աս ազգին զաւակներուն համար ամէն բան դժուար է, ամէն բան. դիւրին բանը՝ ջարդուիլը, անպատուիլը, կողոպտուիլն է միայն…։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 21 Օգոստոս-3 Սեպտեմբեր, թիւ 43-44, էջ 425-426