Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Էմմանուէլ Քանթ ի Գումգափու

Անցած կիրակի, ընկերվարական կուսակցական Հայ բանախօս մը, Գերմանացի փիլիսոփայ Էմմանուէլ Քանթի վրայ տեսութիւն մը ըրեր է… Գումգափուի Ազգ. վարժարանի սրահին մէջ։ Էմմանուէլ Քանթ եւ Գում գափու. Ի՜նչ զաւեշտ, Աստուած իմ. կապկային նմանողականութիւնը, միջավայրի պայմաններուն անգիտակցութիւնը եւ անհասկնալի բաներ ըսելով խորհրդաւոր երեւալու ախտը դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտի կրծէ մեր ազգին ուղեղը։

Մենք հոս չպիտի քննենք թէ՝ Քանթի իմաստասիրութեան վերլուծիչը ինչքա՛ն հեղինակութիւն ունի իր նիւթին մէջ. եթէ դասախօսութեան ներկայ եղող յօդուածագրի կը վկայութեանը հաւատանք, պէտք պիտի ըլլայ խնդրել պարոն դասախօսէն՝ որ վերադառնայ այն քաղաքը՝ ուրկէ եկաւ եւ ասկէ ետք աւելի ուշադրութեամբ սերտէ փիլիսոփայական նիւթերը։ Բայց ինչ որ անըմբռնելի, ազաղելի կը դաւանինք, այն ալ՝ Էմմանուէլ Քանթի իմաստասիրութիւնը Գումգաբուի Հայ հասարակութեան գլուխին մէջ մտցնելու համար թափուած ճիգն է։

Էմմանուէլ Քանթ կը պատկանի գերման իմաստասէրներու այն դասակարգին, զոր ըմբռնել կարենալու համար պէտք է՝ կանոնաւոր դասընթացքով մը՝ հոգեբանական գիտութիւնները ուսումնասիրած ըլլալ եւ նաեւ սերտած ըլլալ փիլիսոփայութեան պատմութիւնը։ Գումգաբուի մէջ ծնած եւ տեղւոյն դպրատան մէջ հազիւ գրել կարդալ սորված մարդիկը, որոնք շատ շատ պատարագիչներու կրօնական քարոզը մտիկ ըրած են իրենց մանկութենէն ի վեր, ինչպէ՞ս կ՚ուզէք որ հասկնան դասախօսին պարզած վարդապետութիւնները, ինչքան ալ մանկավարժական դրութեամբ արտայայտուած ըլլան անոնք։ Եթէ նոյն իսկ համեմատաբար աւելի զարգացած թաղի մը մէջ տրուէր այդ դասախօսութիւնը, կը կարծէ՝ք որ ունկնդիրները բան մը հասկնային, բան մը սորվէին անկէ։ Պօլսոյ եւ գաւառաներու հայ հասարակութեան ո՛չ մէկ խաւը պատրաստած է հասկնալու եւ մարսելու Էմմանուէլ Քանթը եւ իր Դպրոցը. այս անպատրաստ վիճակը բնաւ մեղադրանք պէտք չէ համարել ժողովուրդին համար, այլ մեղադրելի են անո՛նք, որ Եւրոպական քաղաքներու մէջ քանի մը դասախօսութիւն ունկնդրած կամ քանի մը գիրք կարդացած ըլլալով եկեր են Պօլիս, եւ բացարձակապէս անպատրաստ հողի մը վրայ կը ցանեն փիլիսոփայական դրութեանց սերմերը։ Տաճկահայ ժողովուրդը փոխանակ ժամավաճառ ընելու այդ վերանցական նիւթերով, եւ ժողովուրդին թեթեւամիտ մասը փոխանակ փքացնելու եւ յաւակնոտ դարձնելու, կարելի էր դասախօսութեանց տալ աւելի օգտապաշտ հանգամանք մը, եւ խօսիլ քաղաքական, տնտեսական, պատմական եւ հասարակական բնոյթ ունեցող այնպիսի նիւթերու վրայ, որոնք տաճկահայ ժողովուրդի ներկայ առօրեայ կեանքին հետ այնքան սերտ առնչութիւն մը ունին։

Ձայն Հայրենեացի վերջին թուով խօսած էինք այն խրամատին վրայ, որ սկսած է վերաբացուիլ Հայ կուսակցութեանց եւ «չէզոք» կոչուած ժողովուրդին միջեւ։

Դարձեալ Խրամատը

Այսօր պիտի անդրադառնանք նոյն նիւթին, քանի մը լրացուցիչ կարծիքներ յայտնելու, եւ այն կարեւորութեանն համար զոր խրամատը ստացաւ Ազգ. Երեսփ. Ժողովի վերջին նիստին մէջ։

Զանազան կուսակցութեանց պատկանող երեսփոխաններ իտողութիւն ըրին Ազգ. Ժողովի անցեալ ուրբաթի նիստին մէջ. թէ նոր Քաղաքական Ժողովի ընտրութեան պահուն, հակակուսակցական երեսփոխաններ մասնաւոր ջանք թափած են, որպէս զի կուսակցութեանց պատկանող մարդիկ չընտրուին Վարչութեան անդամ։ Կուսակցական երեսփոխաններու այս դիտողութիւնը շատ արդարացի է, քանի որ փաստը մէջտեղն է արդէն, թէ՝ անցեալին՝ Վարչութեան անդամակցութիւնը օգտակար արդիւնք յառաջ չի բերաւ. թէ՝ կուսակցականները իրենց պատկանած մարմնին աշխատութեանց մէջ սահմանափակուելու են միայն, հակակուսակցականաց այս առաձկութիւնները աւելի քան երբէք ուժգնութեամբ ի յայտ կը բերեն խրամատը եւ անոր անկամուրջ վիճակը։ Հայ կուսակցութեանց անդամները տարբեր ցեղի մը եւ տարբեր հողի մը զաւակները չեն. անոնք այս միեւնոյն ժողովուրդէն սերած, ունին բոլոր այն առաքինութիւնները եւ մոլութիւնները, կարողութիւններն ու ապիկարութիւնները որոնք մեր ազգային յատկանիշը կը կազմեն։ Այս պայմաններուն մէջ, անիմաստ բան է կուսակցականի չէզոքի խնդիր յարուցանել եւ ազգային ճիգը տկարացնել հակամարտ ոյժեր ծնեցնելով։ Մեր հարեւան Թուրքերը, որոնք ժամանակագրականօրէն մեզմէ ծա՛տ վերջը ապրեցան կուսակցական կեանքը, քաղաքական իմաստուն հեռատեսութեամբ մը անմիջապէս ըմբռնեցին թէ այն ազգը՝ որ իր կազմակերպուած ոյժին կուսակցութեանց դէմ կռիւ կը յայտարարէ, այդ ազգը անպայման փեռեկտուելու է դատապարտուած։ Ու Թուրքերը, իբր արտայայտութիւն իրենց այս ըմբռնումին. 1908 յուլիս10 էն ասդին պնդօրէն փարեցան իրենց ազգայնական ձգտումներուն խորհրդանշանն եղող Մ. եւ Յ. կուսակցութեան դրօշին, ու հակառա՛կ մղուած բոլոր պայքարներուն, հակառակ՝ այդ դրօշին հասցուած անարգանքներուն, չի լքեցին զայն, աւելի բարձրացնելու եւ մաքրելու առաջադրութեամբ։ Երիտասարդ Թուրքերը, իրենց կառավարական ամբողջ մեքենականութեամբը եւ ժողովուրդային խաւերովը կուսակցականի—չէզոքի խնդիր չի յարուցին, եւ այդ խտրական մտածումները սերմանողներուն դէմ ըմբոստացան անմիջապէս։

Այսօր՝ ուր Հայ կուսակցութիւնները համերաշխ գործակցութեան քայլեր կ՚առնեն, եւ երկար տարիներու ընթացքին բացուած կուսակցական խրամատը գոցուիլ կը սկսի, պիտի գտնուի՞ն դարձեալ Հայեր որ նոր խրամատ մը բանան, ընդմէջ Հայ ժողովուրդին եւ կուսակցութեանց. պիտի գտնուի՞ն այդպիտի դաւաճաններ։

 

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Երկորդ շրջան, 6-19 Նոյեմբեր, թիւ 5 (55), էջ 41-42