Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԿԱՄԱՅ ՄԱՅՐԵՐԸ

Ակամայ Մայրե՛րը. ահաւասիկ սա բռնաբարուած աղջիկը, կամ այն Միսիսցի Հայուհին կամ այն անչափահաս աղջնակը, ահաւասիկ ասոնք են ակամայ մայրերը, որոնք ինն ամիս առաջ պղծուեցան կամ բռնաբարուեցան, ոճրապարտի մոնկոլ սերմը ստանալով իրենց արգանդին մէջ։ Ի՜նն ամիս, ու բնութիւնն ալ իր գործը կատարեց լմնցուց արդէն։ Պզտիկ ոճրածինները տակաւ մեծցան հայկական արգանդներուն մէջ եւ հիմա դուրս ելլել կ՚ուզեն, ո՞վ գիտէ, ինչ ճակատագրի նախասահմանուած կեանք մը քաշկռտելու համար…։

 

Ատանացի հայուհի մը բռնաբարուած. Ապրիլի կոտորածին ժամանակ, Ատանայէն 2-3 ժամ հեռու գտնուող Ապտի Օղլու գիւղը կը պաշարեն Թուրքերը եւ բոլոր Հայ էրիկմարդիկը կը ջարդեն. 15-20 Հայուհիներ տան մը մէջ կը պատսպարուին. Թուրք խուժանը այդ տունն ալ կրակի կուտայ. մահուան գերագոյն գալարումներուն դուռը հասած այս Հայուհին՝ կիսովին այրած ու խանծած, ինքզինքը տունէն դուրս կը նետէ. խուժանը իսկոյն կը յարծակի թշուառ աղջկան վրայ եւ առանց խղճալու անոր կիսամեռ վիճակին, կը պղծէ անոր կուսութիւնը, եւ ամբողջ երկու ամիս զայն գազանային կիրքերու նշաւակ դարձընելէ վերջ զուլիսի սկիզբները կը ղրկէ Հայոց Առաջնորդարանը, որովհետեւ խեղճին վէրքերը փտախտաւորած էին այլ եւս։ Իր կիսամերկ մարմնոյն վրայի նշանները ցոյց կուտան այդ վէրքերը։

 

Կոտորածի ու բռնաբարումի այն սապինական օրերէն վերջ, ուր Հայկական անբիծ ամօթխածութիւնը պատառ պատառ ըլլալով լղճրուեցաւ, ամբողջ ինն ամիսներ՝ ակամայ մայրերը ապրեցան փոխն ի փոխ մայրական զգացումի եւ վրէժխնդրական դիտումներու պայքարին եւ տարուբերման մէջ. ու իրենցմէ անոնք՝ որոնց մայրական զգացումը աւելի հզօր եղաւ, անոնք այսօր իրենց գմբէթաւոր փորերովը կը պոռան թէ Ոճիրին բեղմնաւորումովը յղացուած արարածները լոյս աշխարհ պիտի գան։ Ի՞նչ պիտի ըլլան այդ արարածները. Հայո՞ւ զաւակ, թէ գազանի. ի՞նչ արիւն պիտի հոսի անոնց երակներուն մէջ. մորթողի՞ թէ՝ մորթուողի։

Միսիսցի Հայուհիմ մը բռնաբարուած։

 

 

 

8 տարեկան աղջիկ մը բռնաբարուած աննկարագրելի պարագաներու տակ։

 

Անպատուութիւնը՝ որով Իսլամ խուժանը զարնել ուզեց մեր ցեղը. արիւնէն, թալանէն եւ տանջանքներէն աւելի ահռելի բան մըն է. Հայ ցեղը անպատուել, Հայ ազգը ստորնացնել. ահա՛ այս եղած է խուժանին հոգեբանութիւնը բոլոր այն կուսապղծումներու եւ բռնաբարումներու միջոցին, որոնց նշաւակ դարձան մինչեւ իսկ 7—8 տարեկան աղջնակներ։ Հաճոյքի եւ տռիփի ազդակներէն աւելի, քրիստոնեայ ցեղի մը ընտանեկան սրբութիւնը աղարտելու տենջն է որ մղեց ամբոխը դէպ ի սադոմգորեան ժամանցները. ու ասոր համար է որ յանձին Միսիսցի կնոջ, կամ բռնաբարուած աղջկան եւ աղջնակին, բովանդակ Հայ ցեղն է որ անպատուուած է։ Որքան ալ գտնուին իրենց այսօրուայ հաճոյքի բոյներէն ետ դառնալ չուզող Հայուհիներ, առաւելապէս՝ մտահոգուած ապրուստի դաժան ստիպողութիւններէն. որքան ալ շատ ալ ըլլայ թիւը այն Հայուհիներուն՝ որոնք իրենց ազգակից երիտասարդներուն թուլամորթութենէն ընդվզած, գացեր ինկեր են օտար գիրկերու մէջ, մեր ցեղին առնական իմացականութիւնը պէտք է դղրդի սակայն, եւ ազգային արժանապատուութեան փողը հնչէ։

Պատմական տոհմիկ եւ վէսական գերդաստաններու արիւնը կրող Հայ երիտասարդնե՜ր, մտիկ երէք ձեր ներքին ձայնին, անիկա ոչինչ չըսե՞ր ձեզի. չը՞սեր թէ մենք անպատուուած եւ քուրջի մը պէս կոխկրտուած ազգ մըն ենք այլեւս՝ որուն մայրերը եւ քոյրերը եւ աղջիկները հարէմներու քաֆէսին ետեւէն կը ճուան, ազգ մը թուլամորթներու, որուն պատուոյն գինը ի վաճառ հանած են։ Այս ակամայ մայրերը, Հայո՛ւ զաւակներ, բան մը, բան մը չե՞ն խօսիր ձեր սրտին։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Երկրորդ շրջան, 8-21 Դեկտեմբեր, թիւ 8-9 (58-59), էջ 77-78