Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐՈՒՄ

Երկաթէ հրաժարականը


Տարին՝ որ անցաւ, իր յաջորդին ժառանգ թողուց կարգ մը ազգային—քաղաքական խնդիրներ, որոնց հաշուեյարդարումը պատշաճ է ընել այսօր։
Այդ խնդիրներուն մէջ իր բազմակողմանի եւ համայնապարփակ հանգամանքովը՝ առաջին տեղը կը գրաւէ Դուրեան Սրբազանի քառամսեայ հրաժարականի խնդիրը, զոր կարելի է անուանել Հայ ազգային պահանջմանց խնդիր. որովհետեւ, առանձնացեալ Պատրիարքին բողոք հրաժարականը կը պարունակէ այնպիսի կէտեր, որոնք՝ Կիլիկեան լախտէն ճմլուած մեր ամենուս սրտէն կը խօսին ուղղակի։ Օսմ[անեան] կառավարութիւնը որ նախորդ Պատրիարքներու օրով սորված էր կապարէ դիւրաբեկ հրաժարականներ ստանալ, անտարակոյս անհանգիստ է այս երկաթեայ հրաժարականէն, եւ դիւանագիտական բոլոր փաղաքուշ խօսքերը գործածեց, ձեւով մը Դուրեանը Աթոռ դարձնելու։ Կրօնից տեսուչ Պէհա պէյ՝ Դուրեան Սրբազանի հետ իր ունեցած վերջին տեսակցութեան միջոցին որոշապէս ըսած էր թէ Նոր—Թուրք կառավարութիւնը ինքզինք հանգիստ պիտի չըզգայ այնքան ատեն որ Հայոց Պատրիարքը չի հեռանայ Քատըքէօյի առանձնարանէն։ Բայց, ինչպէս կը հաւատայինք արդէն, եւ ինչպէս վճռապէս ի յայտ եկաւ, Դուրեան Սրբազան դիւրաւ տարուող չէ ասանկ ձեւ բանիներէ, ու վճռած է հաստատ մնալ իր որոշման վրայ այնքան ատեն որ արդարութիւնը իր լրութեամբը չի գործադրուիր Կիլիկիոյ մէջ։ Հայոց Պատրիարքին այս խրոխտ դիրքը խախտող կամ սայթաքեցնող ո՛եւ է փորձ, ո՛ եւ է ընթացք. ո՛ր Հայուն կողմէ ալ գայ, ուղղակի ազգադաւութիւն է։ Եթէ կը հաւատանք թէ Դուրեանի հրաժարականը ազդեցութիւն մը ունեցաւ 4 ամիսէ ի վեր Ատանայի, Մարաշի, Էրզինի, Ճէպէլը Պէրէքէթի եւ Հալէպի մէջ իսլամ ոճրագործներ դատող Պատ[երազմական] Ատեաններուն վրայ, ուրեմն նո՛յն հրաժարականին ոյժը պէտք է դեռ աւելի եւ աւելի հզօրացնել, Գերագոյն Արդարութեան վրայ հիմնուած ազգային պահանջները վերջ ի վերջոյ կորզելու համար։

Օսմ[անեան] երեսփոխանաց դիրքը

Կարելի չէ մտածել Կիլիկիոյ վրայ, առանց վերյիշելու այն վատաբարոյ ընթացքը, զոր ցոյց տուին Օսմ[անեան] Խորհրդարանի հայ անդամները հաւաքաբար, յաւէտ անպատուելով Պապիկեանի յիշատակը։ Քանի մը շաբաթ առաջ հաւաստողներ կային թէ, իբրեւ վերջին փորձ, կը մտածուի Ահմէտ Րիզայի սեղանին վրայ հանել դարուս մեծագոյն Ոճիրը, եւ արդարութեան լիակատար գործադրութիւնը Երեսփ[ոխանական] Ժողովէն պահանջել։ Մենք ստուգեցինք՝ որ տասնեակ հայ երեսփոխաններէն հազիւ համաձայն են այս ձեռնարկը ընելու. մնացեալները՝ առաւելապէս զբաղած՝ պարարտ թոշակ մը չի կորսնցնելու եւ ապագայ դիրքեր ձեռքէ չի հանելու մտահոգութիւններով, սա սիրտ առնող  a la mode բացատրութիւնն ալ իբր զենք գործածելով (թէ «օսմ[անեան] զանազան տարրերու համերաշխութեան դէմ պէտք չէ գործել նորանոր խնդիրներ յարուցանելով»։ Ով համերաշխութիւն, ի՜նչ ոճիրներ կը գործուին քու անունովդ…։ Ժամանակակից հայ օրաթերթ մը՝ Առաւօտ հնադարեան սիսթէմի մը դիմած է, եւ բարոյական սպառնալիք մը ի գործ դնելու մտօք անշուշտ, երկու ամիսէ ի վեր խեցի կը հաւաքէ, անոնց վճռովը դատապարտելու համար ապիկար հայ երեսփոխանութիւնը։ Այս խեցեհաւաքութեան արդիւնքը դեռ չի ծանուցուեցաւ հասարակութեան, բայց որքան որ մենք իմացան. հայ—աթենացիները խեցիին աջ կողմը (անվստահութիւն) ստորագրած են առաւելապէս։ Մինչեւ հոս լաւ. բայց ո՞ւր է այն բարոյական ոյժը, այն հանրային կարծիքը կամ ժողովրդային զայրոյթը, որով կարելի պիտի ըլլար գործադրութեան դնել խեցեվճիռը։ Երբ Միլթիատէսներ, Արիսթիտիսներ եւ Թէմիսթոքլէսներ աթենական խեցեվճռով աքսորի ենթարկուեցան, այդ վճիռը ունեցաւ գործնական նշանակութիւն մը, իսկ հոս, մեր մէջ, բարոյականն ու բարքերը ապականած, հայրենադաւն ու հայրենանուէրն շփոթուած, սողունն եւ արծիւը հաւասարցուած, ամէն բան կ՚երթայ գէշէն դէպ ի վատթարագոյնը, դէպ ի քաօսային վիճակ մը, ուր այլեւս ո՛չ մէկ խտրութիւն դնող կ՚ըլլայ խարանուածին եւ խարանողին միջեւ…։

Կրթական խնդիրը

Ազգային միտքն ու խիղճը խռովող Կիլիկեան խնդրէն դուրս ելլելով, անմիջապէս մեր առջեւ ցցուած կը գտնենք երկու ոչ նուազ կենսական խնդիրներ, կրթականը եւ զինուորականը։
«Կրթական խնդիր» ըսելով կը հասկնանք այն ապաժամ եւ անընդունելի միջամտութիւնը զոր Նոր Թուրք կառավարութիւնը կը փորձէ ընել ոչ-իսլամ վարժարաններու մէջ։ Այս մասին Ձայնի վերջընթեր թուով պարզած էինք մեր տեսակէտը, ազգային տեսակէտը. անկէ ի վեր, թուրք թերթերը հրատարակեցին սա զեկոյցը, որուն մանուածապատ նախադասութիւններէն սա իմաստը կը մակաբերուի, թէ կառավարութիւնը իր գեղեցիկ երազներէն մասամբ սթափած է։ Ահաւասիկ այդ զեկոյցը։
«Կրթական նախարարութեան խնդրանքով ներքին գործոց նախարարը շրջաբերականով մը ամէն կողմը ծանոյց թէ գանձուած տուրքերու կրթական բաժինը ներկայ տարուընէ սկսեալ ուղղակի ելմտական գանձին պատկանելով, ելմտացոյցին ներած չափով բաժին մը պիտի հատկացուի Կրթական նախարարութեան, որ այս բաժինէն իւրաքանչիւր նահանգի պիտի տայ։ Ամէն նահանգ իրեն ինկած բաժինէն կրթ[ական] տեսչութեան եւ խառն վարժարաններու ծախուց գումարները զեղելէ յետոյ նախնական վարժարաններու իր բնակչութեան թիւին համեմատութեամբ զանազան տարրերու վարժարանաց կը բաշխուի, սակայն այս գումարէն իսլամ եւ ոչ-իսլամ վարժարանաց ծախքերը միասին եւ միանգամայն հոգալ անկարելի ըլլալով, ոչ-իսլամ տարրերուն վարժարանները, ինչպէս մինչեւ հիմա, անոնց կողմէ պիտի մատակարարուին դարձեալ երկար ժամանակի մը համար։ Իսկ կրթական ելմտացոյցին մէջ անոնց որոշուած գումարը պիտի գործածուի գիւղերուն մէջ հետզհետէ դպրոց բանալու, կամ տեղւոյն վրայ անբաւական թոշակ ստացող ուսուցիչներուն յաւելուածական գումար մը վճարելու։ Միայն թէ՝ այս վճարումները ստացող վարժարանները ամէնքն ալ պաշտօնական կը նկատուին եւ ուղղակի կառավարական սնտուկէն թոշակ ստացող ուսուցիչներն ալ հանգստեան թոշակի իրաւունք կ՚ունենան»։
Կառավարական շրջաբերականը կ՚ըսէ նաեւ թէ՝ քրիստոնեայ հասարակութեանց կողմէ թէեւ դժուարութիւններ կը յարուցուին, բայց ժողովուրդը չվնասուելու համար նոյն դժուարութիւններուն տեղի չտրուելով վերոյիշեալ որոշումներն անարգել գործադրուին։
Ինչպէս կը տեսնուի, շրջաբերականին այս վերջին տողերը բացարձակապէս կը հակասեն Քաղաքական Ժողովի մէկ անդամին ստացած այն հաւաստիացումներուն, թէ Ազգ[ային] Պատրիարքարանի իրաւասութիւններուն դէմ ոտնձգութիւն պիտի չըլլայ։
Ազգ[ային] Կեդրոնական Վարչութեան վրայ մեծ պարտք կը ծանրանայ այս հակասութեան աղբիւրը ժամ առաջ պարզել, եւ ասանկ փափուկ գործերը յեղյեղուկ Տաղաւարեաններու ձեռքէն կորզելով. լաւագոյն բանագնացներու յանձնելու զանոնք։

Զինուորագրութեան խնդիրը

Ոչ իսլամներու զինուորագրութեան բաժակը թէեւ շատ լեցուեցաւ, բայց բաժակին եւ շրթունքին միջեւ հեռաւորութիւնը կայ ու կը մնայ։ Արձանագրութիւնները կատարուած, թուրաները քաշուած, սիրտերը տրոփուն ամէն զինուորցու կը սպասէ կայսերական ֆերմանին, որ կ՚ուշանայ սակայն։ Յունաց Պատրիարքարանի դրած պահանջները թերեւս բաժին մը ունին այս յետաձգման մէջ. բայց, եթէ պիտի հաւատանք եւրոպական թերթերու Պոլսոյ թղթակիցներուն տեղեկատութեան, ոչ-իսլամներու զինուորագրութեան յետաձգումը ունի աւելի խորունկ, աւելի կնճռոտ պատճառներ, որոնց վրայ խօսիլ կանխահաս է դեռ։ Ինչ որ անցողակի դիտել տալ կ՚ուզենք. Յունաց Պատրիարքարանի դրած պայմաններուն իմաստն է, զոր Հայ Մամուլին մէկ մասը ծաղրով խեղաթիւրեց. Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը, յանուն յոյն զինուորներուն ինչպէս նաեւ Հայ, Պուլկար եւ բոլո՛ր քրիստոնեայ զինուորներուն անուամբ կառավարութեան կը ներկայացնէ կարգ մը սովորամոլական եւ ազգային կրօնական պահանջներ, որոնք իրենց մէջ ծայրայեղութիւններ պարունակելով հանդերձ, կը ձգտին պահպանելու ոչ—իսլամ տարրերու ինքնուրոյնութիւնը։ Յունաց Պատրիարքը՝ անհրաժեշտ միջինը գտնելու համար մասնամոլական ծայրայեղ պահանջներ կը դնէ։ Ծաղրել զանոնք՝ կը նշանակէ օտարին թաթը ուժովցնել Ինչո՞ւ չեն զգար այս ճշմարտութիւնը։

«Ձայն հայրենեաց», 1910, Երկրորդ շրջան, 4-17 Յունվար, թիւ 12(62), էջ 121-122