Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՒՈՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Ահաւասիկ չորս բառ, չորսն ալ գրաւիչ, զորս քով քովի բերողները ապահովաբար շատ լաւ ուսումնասիրած են մեր ազգին տկար կողմերը շահագործելու սիսթէմը։ Ահաւասիկ այնքան խնկարկուած բառ մը՝ Միութիւն որ ընդհանուր է ու միանգամայն բարեգործական ու այս ամէնէն վերջ. ի լրումն ամենայն բարեաց, հայկական ալ է, այսինքն ազգասիրական։

Բայց ինչո՞ւ այս յառաջաբանը։

Ատենէ մը ի վեր Պօլսահայ օրաթերթերէն ոմանք սկսեր են, սիրտ առնող լեզուանիութեամբ մը, ներբողն հիւսել Գահիրէի Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեան, որուն ղեկավարները չի բաւականանալով այդ լրագրական ռէքլամներէն, վերջերս Էջմիածնի Վեհարանին, Սիսի Կաթողիկոսարանի եւ Պոլսոյ Պատրիարքարանին դուռներն ալ սկսան զարնել, կոնդակ մը կամ պաշտօնական վաւերաթուղթ մը ձեռք բերելու համար։ Գահիրէի կեդրոնին գործակալները յատուկ հրահանգներ ստացած, կազմակերպական ձեռնարկներ ալ սկսած են ընել այնքան արտասահմանի հայ գաղութներուն մէջ, որքան տաճկահայ գաւառները, եւ կեդրոնին մէջ՝ Պօլիս։

Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեան գործակալները հրապուրիչ բառեր ունին իրեն շրթունքին վրայ, եւ նոյնքան գրաւիչ ոսկիներ՝ իրենց ափին մէջ։ Անոնք կըսեն. Հայոց Ալիանս իզրայէլիթն է ասիկա, որուն հետեւորդները ո՛չ թէ Պաղեստին, այլ դէպ ի Նեղոս պէտք է ուղղեն իրենց աչքը եւ իրենց միտքը։ Նեղոսէն է որ պիտի բղխի կարգախօսը, որուն պիտի հնազանդին աշխարհիս բոլոր հայ «բարեգործական»ները, վերջ տալու համար ազգային ցաւերուն. ի՜նչ մարդասիրական երազ…։

*

Հայկ[ական] Բարեգ[ործական] Ընդհ[անուր] Միութիւնը ծնաւ Գահիրէի մէջ 1906 Զատիկին. այս տողերը գրողը, որ մօտէն տեղեակ է Միութեան կազմութեան պարագաներուն, եւ հիմնադիրներուն ներքին տրամադրութեանցը եւ յետին մտքերուն, այսօր պարտականութիւն կը համարէ ըսել իր գիտցածները, որպէսզի Արտասահմանի գաղութներուն եւ մասնաւորաբար տաճկահայ գաւառներու հայութիւնը գիտնայ ամէն բան, եւ այդ գիտնալէն վերջ ուզած ճամբան ընտրէ։

Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեան հիմնադիրներն են Եգիպտահայ երկու ծանօթ փաշաներ եւ ասոնց արբանեակ մէկ քանի պէյեր, եւ այս վերջիններուն խոհանոցէն կերակրուող կարգ մը մակաբոյծ «ազգային գործիչ»ներ։ Ուրեմն, Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեան հիմնադիրները, ըլլալով ներհակ ու հակամարտ շահերու հետապնդող, ինչպէ՞ս եկան քով քովի. շատ պարզ է ատիկա. հայ յեղափոխական ոյժին դէմ կռուելու եւ Սուլթան Համիտի իշխանութիւնը յաւէրժացնելու համար էր որ եկան քով քովի։ Առաջին դասակարգը, այսինքն պէյերն ու փաշաները՝ սահմռկած այն ստիպողական կոչէն զոր հայ յեղափոխութիւնը կ՚ուղղէր իրենց, փութաց ձեւով մը կազմակերպուիլ եւ «ազգային բարեգործ»ի համբաւ շահիլ, որպէսզի այը համբաւին բարոյական ոյժին ապաւինած՝ կարենար արհամարհել հայ յեղափոխութեան ամեհի ճիգերն ու կոչերը։ Բայց անոնք դեռ ունէին երկրորդ նկատում մըն ալ, աւելի անձնական, աւելի շահախնդրական։ Ազգային հաստատութիւնները եւ կալուածները անխղճօրէն շահագործող, եւ զանոնք իրենց սակարանական խաղերուն գործիք ընող եգիպտահայ հարուստները, որոնց տարեկան նուիրատուութիւնն իրենց շահագորումներուն տոկոսն իսկ չէ դեռ Բարեգործական Միութեան անդամակցելով պիտի կարենային ըսել. «տեսէ՛ք. մենք անոր մէջն ենք, անոր կուտանք կոր արդէն. մենք անոր միայն կը վստահինք. ամէն ոք անոր պէտք է դիմէ»։

Իսկ «ազգային գործիչ»ներու խմբակ մը գնաց ինկաւ այդ ազնուապետական կազմակերպութեան գիրկը, նախ՝ որովհետեւ պէտք ունէր իր անօթի փորը կշտացնելու. երկրորդ՝ որովհետեւ այդ «ազգային գործիչ»ները, ըլլալով առհասարակ հակայեղափոխական մարդիկ կամ զանազան կուսակցութիւններէ հեռացուած յանցապարտներ, մտնելով Բարեգործականին ոսկեղէն պարիսպներուն մէջ, հոնկէ պիտի կարենային աւելի յանդգնօրէն դաւաճանել ազգ[ային] յեղափոխական նուիրական դատին դէմ։

Առաջին հակայեղափոխական պայքարի նշանը զոր Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութիւնը տուաւ, իր հրատարակած կանոնագրին այն յօդուածն էր. որով, քաղաքական կուսակցութեանց պատկանող անձանց կ՚արգիլուէր վարչական ժողովներու անդամակցիլ։ Արտասահմանի հայ գաղութիւներ, նախասահմանադրական շրջանին, իրենց կենսունակութիւնը եւ ոգեւորութիւնը կը ստանային զանազան կուսակցութեանց պատկանող ազգայիններէ, որոնք, յաճախ անըմբռնելի զոհողութիւններով, իրենց ձեռքն առած տեղական մամուլն ու հասարակական գործերը, հայ ցեղին յոյսերը վառ կը պահէին օտարութեան երկինքներուն տակ։ Այս անհերքելի փաստին առջեւ, իսկապէս լիրբ յանդգնութիւն մըն էր զոր ունեցան Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեան մենծ աղա հիմնադիրները, հեռացնելով հայ յեղ[ափոխական] պարագլուխները վարչական բոլոր գործերէն։ Միութեան, եւ այն ալ ընդհանուր միութեան պիտակին տակ երեւան եկած մարմինը ահա՛ իր ձեռքով կը բանար խրամատը՝ ընդմէջ հայութեան երկու գլխաւոր հատուածներուն «բարեգործական» եւ «յեղափոխական»։ Ուրիշ խօսքով, կազմուած մարմինի հիմնադիրներուն բո՛ւն նպատակն էր՝ ո՛չ թէ բարեգործութեամբ կամ ազգային թշուառութեամբ մտահոգուիլ, այլ հիմնել նոր կուսակցութիւն մը, որ պիտի ըլլար հակայեղափոխական, այսինքն ստրկական, այսինքն Սուլթան Համիտական։

Երկրորդ՝ Բարեգործականի հիմնադիրները այնքան խնամք տարած էին Սուլթան Համիտի կառավարութիւնը եւ անոր Եգիպտոսի Քօմիսէռը չի վիրաւորելու, որ կը յայտարարէին. «Փոքր Ասիոյ հայբնակ գաւառներուն մէջ երբ սով, երկրաշարժ, հրդեհ, երաշտութիւն պատահի, Միութիւնը դրամական օգնութեան պիտի փութացնէ»։ Ո՛չ մէկ խօսք այն ահաւոր կոտորածներուն, զազրելի բռնաբարումներուն, կառավարական եւ քրդական յափշտակութիւններուն եւ քաղաքական այն ամէն արհաւիրքներուն մասին, որոնց մէջ կը տապլտկէր տաճկահայ գաւառներու ժողովուրդը, ճիւաղային քաղաքականութեան մը երեսէն։ Ոչ մէկ խօսք, որովհետեւ Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Մ[իութեան] հիմնադիրները չէին իսկ ուզեր յիշատակել թէ հայաբնակ գաւառներու իսկական ցաւը ո՞րն էր. չէ՞ որ այդ յիշատակութիւնը կրնար դժգոհութիւն պատճառել Սուլթան Համիտին։ Ի զո՜ւր պոռացինք հայ մեծահարուստ «բարերար»ներու երեսին, թէ բարեգործութիւնը ընելէ առաջ փոխանակ թոյլ տալու որ տուներ հրդեհուին, գոյքեր յափշտակուին, կիներ առեւանգուին, փոխանակ թոյլ տալու որ անգղերն ու բուերը մշտնջենապէս բոյն դնեն մեր երդիքներուն վրայ, աւելի օգտակար է, ու աւելի տրամաբանական է խորհիլ եւ ստեղծել այն միջոցները, որոնցմով կարելի պիտի ըլլար չարիքը իր արմատէն չորցնել ու տաճկահայ ժողովուրդը միանգամ ընդմիշտ ազատել իր թշուառութենէն։ Հայ բարերար—հարուստները, այնքա՛ն գործնական իրենց անձնական խնդիրներուն մէջ, չի հասկնալ կը ձեւացնէին այս ճշմարտութիւնը, կարծես ըսել ուզելով. «Մեր նպատակը բարեգործութիւն ընել չէ արդէն. տաճկահայ ժողովուրդի ճակատագիրը քիչ կը հետաքրքրէ զմեզ. մեր բո՛ւն նպատակն է հայ յեղափոխութիւնը քանդել»։

Եւ արդարեւ, եկաւ ատեն մը, երբ Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Մ[իութեան] ազգասէ՛ր հիմնադիրները բարձր ձայնով ըսին այն՝ զոր նախապէս կը մտածէին միայն։ Այդ ոսկիէ խամաճիկները, իրենց զսպանակ ունենալով Սուլթան Համիտի երկրպագու Տաղաւարեան մը 1907ին հրատարակեցին մեծադղորդ յայտարարութիւն մը, որով կ՚աւետէին թէ քիչ ատենէն Գահիրէի մէջ պիտի սկսին հրատարակել մեծ հայ օրաթերթ մը, աժան եւ թարմ լուրերով, եւ որուն ուղղութիւնը պիտի ըլլար՝ չէզօքացնել հայ յեղ[ափոխական] օռկաններու ազդեցութիւնը։

Ա՛լ կռիւի նշանը տրուած էր. միութեան, եւ, կը կրկնենք, հայկական ընդհանուր միութեան դիմակին տակ պահուըտած այդ դաւաճանները այնքան յառաջ կը տանէին իրենց համարձակութիւնը, որ մարտիրոսուող ցեղի մը ամէնէն նուիրական, ու արդար ըմբոստութեան գեղեցկագոյն արտայայտութիւնը խեղդել կը փորձէին։ Այսպէս, ուրեմն, Եգիպտոսի պէյերն ու փաշաները, ձեռք տալով  պոլսականներուն, իրենց ցանցնած մէկ քանի հարիւր ոսկի նպաստին կաշառքովը, կը ճգնէին մտնել ժողովրդային խաւերուն մէջ, ստրկութեան եւ համակերպութեան համիտաբոյր թոյնը ներարկելու համար այնքա՜ն կանխապատրաստուած հայ թուլամորթ ժողովուրդի երակներուն մէջ։

Բայց 1908 յուլիս 10ի փոթորիկը քշեց տարաւ Բարեգործականներու այս «ազգաշէն» ծրագիրները։ Երկար ատեն ոչինչ լսեցինք իրենցմէ, յեղափոխութեան յաղթանակը սահմռկեցուցած եւ ամօթահար ըրած էր զիրենք. փութացին օգտուիլ նոր հոսանքէն. Աղեքսանդրիայէն՝ Աբրահամ փաշա Բարթող, այն՝ որ Սուլթան Համիտէն պատուանշան կ՚առնէր միշտ եւ Օրմանեանին խազէվիներով բրինձ կը ղրկէր, այս բարեգործական Բարթող փաշան որ կեանքին բոլո՛ր օրերուն եւ ժամերուն մէջ անիծելով անիծած էր հայ յեղափոխութիւնը ահա՛ այս մարդը շռնդալից նամակով մը զոր հրատարակել տալու խնամքն ալ ունեցած էր Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դաշնակցութեան ղրկեց 2500 ֆրանք նուէր։ Ուրիշ բարեգործական մը՝ Նազարէթ Տաղաւարեան, այն որ նախապէս Օրմանեանին եւ Համիտին կատաղի թշնամին ըլլալով, Գահիրէ՝ Պօղոս փաշայի տայրէն մտնելէն ետք ճամբան փոխեց եւ արտասահմանի մէջ հայ յեղափոխութեան փոսը երկար ատեն պատրաստեց, օգտուելով յուլիս 10էն, իբրեւ յեղափոխական Պոլիս վազեց եւ իբր Հնչակեան՝ մէպուս ալ եղաւ։ Եւ տակաւին ուրիշ մեծ ու պզտիկ «բարեգործական»ներ հայ յեղափոխութեան այդ թունաւոր ցեցերը, ազգ[ային] դատին վիժման մեծագոյն պատճառն եղող այդ չարագործները  Պօլիս գալով յեղափոխութեամբ պարծենցան եւ դիրքերու տիրացան։ Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեանը իր իսկական նպատակը թաղած էր ուրեմն. կանգուն կը մնար միայն իր արտաքին նպատակը, որ էր՝ նպաստ հասցնել հայ աղէտեալներու։

*

Ահաւասիկ իր անցեալը, բիրտ իրականութեամբ պատկերացուած։ Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ իր ներկան։ Ահա խնդիրը։

Մենք չպիտի ըլլանք այնքան խստապահանջ, որ ներկայիս՝ Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեան գոյութիւնը եւ գործունէութիւնը վնասակար համարենք, ի պատիժ անոր անցեալին ոճրապարտ, ու գիտակցօրէն յանցաւոր ուղղութեանը։ Մենք կը կարծենք թէ այդ կարգի միութիւն մը կրնայ իր բարերար ներգործութիւնը ունենալ մասնաւորաբար գաւառի հայութեան նիւթական կեանքի պայմաններուն վրայ, եթէ, սակայն, միութիւնը ինքզինքը հեռու պահէ քաղաքական ամէն ձգտումէ, ինչպէս արդէն կը տրամադրէ իր ծրագիրը։ Անցեալին փորձառութիւնը եւ ներկայիս մեր ստացած կարգ մը վաւերական տեղեկութիւնները եզրակացնել կուտան մեզ դժբաղդաբար, թէ այսօր ալ դարձեալ, բարեգործութեան եւ ընդհ[անուր] միութեան գրաւիչ խայծերով, ջանք կը թափուի հակակուսակցական հոսանք մը ստեղծելու եւ հայ ժողովուրդին քաղաքական ըմբռնումներուն վրայ ճնշում բռնեցնելու. ինչ որ մարդորս բաթէրաներ եւ միսիոնարներ կ՚ընեն Կիլիկիոյ այս ու այն կողմը, նոյնը սկսած են ընել «բարեգործականի»ի գործակալները, շնորհիւ ամենազօր դրամին։ Մենք գիտենք, տեղն ի տեղօք, թէ որ գաւառներուն մէջ, ի՞նչ մարդիկ, ի՞նչ շրջանակներու մէջ քարոզութիւններ կ՚ընեն ընդդէմ հայ յեղ[ափոխական] կուսակցութեանց եւ ի նպաստ Բարեգործականին քաղաքականութեան. երբ ատենը գայ, ամէն բան պիտի հրատարակենք, որպէս զի հասարակութիւնը գիտնայ թէ «Գահիրէի որջ»էն դուրս ելած կարգ մը կեղծարարներ եւ provocateurներ, անպատկառ անուանարկումներով ինչպէս կը ջանան խախտել ժողովրդային խաւերու հաւատքը՝ դէպ ի հայ կուսակցութիւնները։ Մենք գիտենք որ պիտի չյաջողին, որովհետեւ հայ «բարեգործական»ները չեն կրնար ըլլալ աւելի վայրագ եւ հնարամիտ քան որքան էին Սուլթան Համիտի արբանեակները։ Մենք գիտենք որ դառն յուսախաբութիւնը կը սպասէ իրենց ճամբուն ծայրը, բայց ինչ որ կ՚ուզենք որ հայ ժողովուրդն ալ գիտնայ, այն է թէ՝ Բարեգործական Ընդհ[անուր] Միութիւն անունին տակ կ՚աշխատուի հիմնել նոր կուսակցութիւն մը, համակերպութեան, ստրկութեան եւ լուացարարութեան կուսակցութիւնը. ասկէ վերջ երբ մեր ազգային դարաւոր իրաւունքները կապտուին, երբ ո՛ եւ է կառավարական պաշտօնեայ անիրաւութիւն մը գործէ, երբ ո՛ եւ է քիւրտ՝ հայ օրիորդ մը առեւանգէ, կամ թալլէ հայրենական օճախ մը, Հա՛յ ժողովուրդ, «բարեգործական»ը պիտի ըսէ քեզի. «հոգ չէ, ձայնդ մի հաներ, ծռէ գլուխդ, կամ միւս երեսդ ալ դարձուր»։

Պիտի ընե՞ս այս վատութիւնն ալ. մենք դեռ յուսալով պիտի ըսենք՝ թէ ոչ, չպիտի ընես։

«Ձայն հայրենեաց», 1910, Երկրորդ շրջան, 5-18 Փետրվար, թիւ 16 (66), էջ 161-163