Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՆԴՐԵ՞Լ ԹԷ ԲՈՂՈՔԵԼ

Կովկասահայ քաղաքական բանտարկեալներու, մասնաւորապէս Ահարոնեանի ազատ արձակման համար վերջին ատեններս երկու ներհակ ուղղութեամբ ջանքեր ըրին Տաճկահայերը. ոմանք խնդրեցին, եւ ոմանք ալ բողոքեցին։ Քաղաքական արտաքին խնդիրներու մէջ զիրար չէզոքացնող միջոցներով կռուիլը առաջին անգամը չէ որ կը տեսնուի մեր մէջ. ու մեր թշնամիները նոր չէ որ կը հասկան թէ Հայերը ազգային քաղաքականութիւն մը չունին, ոչ իսկ պարզ իրերահասկացողութիւն մը՝ քաղաքական ո՛ եւ է խնդրի մէջ։

Այսպէս, երբ Տաճկահայը ուզեց եղբայրական ձայն մը բարձրացնել կովկասահայ անմեղ բանտարկեալներու համար, այս ձայնն ալ խառնակ եղաւ. անոր մէջ կար խնդրանքի մրմունջը եւ բողոքի գոռ շեշտը։

Որո՞նք էին խնդրողները, եւ որո՞նք՝ բողոքողները։

Խնդրողներն էին տաճկահայ մէկ քանի տասնեակ գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ, որոնք ստորագրած են մարտ 1 թուակիր սա՛ խնդրագրին տակ, ուղղեալ առ Դուրեան Սրբազան։

«Բարեշնորհ Սրբազան Հա՛յր,

«Ազգային կեանքի տարեգրութեանց մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ Թուրքիոյ հայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչները նախանձեռնութիւնը կը ստանձնեն սրտազեղ դիմում մը ընելու իրենց գրչի մէկ եղբօր ազատութիւնը ձեռք բերելու, ի Կովկաս։ Եւ այս դիմումը որի՞ կրնայ աւելի ուղղուիլ՝ քան մեր սիրեցեալ գրագէտ Պատրիարքին։

Յայտնի է Ձեր Բարձր Սրբազնութեան թէ ռուսահայ ներկայացուցիչներէն Պ. Աւետին Ահարոնեան Հայութեան տառապանքին երգիչը, երկար ատենէ ի վեր բանտին մէջ կը տառապի հիւանդագին։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր առիթ ունեցանք ըմբոշխնելու Ահարոնեանի գրուածքները որոնք հայրենաշունչ տաղերու թրթռացումներ են, եւ դեռ վերջերս բանտին մէջ հեղինակած մէկ թատերագրութիւնը կը ներկայացուի այս պահուս Բերայի բեմերուն վրայ, ազգային խորդհրդանիշը կրող տխուր եւ յուզիչ դրուագներով։

Մեր այս հանճարեղ եղբօր եւ մտքի մեծ վաստակաւորին փրկութեան ջերմագին տենչով՝ կը համարձակինք հաւաքաբար դիմել Ձեր Բարձր Սրբազանութեան, խնդրելով որ բարեհաճիք դիմում ընել Ամենայն հայոց Կաթողիկոսին, որպէս զի բարեխօսէ կա՛մ ուղղակի Բեդրեսպուկ եւ կա՛մ Կովկասի Փոխարքային մօտ, Ահարոնեանի արձակման հրամանը ստանձնելու համար, իբր բացառիկ շնորհ մը Հայ ժողովուրդին [1] ։

Այն համակիր ու մեծարալից ընդունելութիւնը որով Վեհ. Նիքօլա Բ. Կայսրը պատուասիրեց մեր Ս. Կաթողիկոսը՝ անոր շնորհած ունկնդրութեանը պահուն, յուսալ կուտայ մեզ թէ չմերժուիր այս գերազանցապէս մարդասիրական խնդրանքին կատարումը։

Մնանք յարգանօք խոնարհ՝ որդիք Ձեր Ամենապատուութեան»

(Ստորագրութիւնք)

Այս խնդրագրին տակ ստորագրած մտաւորականներուն գրեթէ ամբողջութիւնը կը ճանչնանք անձնապէս. անոնք բոլորն ալ շնորհ խնդրելու եւ բարեխօսութեանց ապաւինելու կուսակից եղած են միշտ. հազիւ կը հանդիպիք մէկ կամ երկու անուններու, որոնք, ինչպէս իրենք իսկ խոստովանեցան, Ահարոնեանին համար բան մը ընելու իրենց աճապարանքին մէջ, առանց իսկ կարդալու խնդրագիրը, ստորագրութիւն դրած են։ Բայց մենք համոզուած ենք, որ ստորագրողներուն ստուար մեծամասնութիւնը օգտակար ու մեծ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գիտակից համոզումովը ձայնակցած է խնդրագրին բովանդակութեան. եւ ահա՛ ճիշդ ասոր համար է որ տաճկահայ մտաւորականութեան առաջնորդներուն մտքի վիճակը ողբալի կը գտնենք. իսկ իրենց գործը՝ զուրկ ազգային արժանապատուութենէ եւ քաղաքական գիտակցութենէ։

Արդարեւ, ի՞նչ է մեր շնորհախնդիրներուն ուզածը։ Անոնք բաղձանք կը յայտնեն, որ Վեհ. Կաթողիկոսը բարեխօսէ Ձարին կամ Փոխարքային մօտ, եւ իբր բացառիկ շնորհ մը բանտէն հանել տայ Ահարոնեանը։ Ամէն անոնք որ ճանչցած են Ահարոնեանը եւ անոր գաղափարական հայրենասէրի խրոխտ ոգիին թափանցած են, անմիջապէս պիտի խոստովանին թէ Ահարոնեան ինքզինք վիրաւորուած կը զգայ ասանկ միջոցներով իր արձակումը խնդրողներուն ի տես։

Ռուս բռնակալութեան քմահաճոյքը այսօր բանտ նետած է ոչ միայն Ահարոնեանը, այլ Ռուսահայ մտաւորական եւ հասարակական գործիչներէն դեռ շատեր. անիրաւ ու անիմաստ չէ՞ք գտներ սոսկ Ահարոնեանի համար կատարուած դիմումը, մանաւանդ ազատ արձակումը քան Ահարոնեանինը, ըստ որում Ահարոնեան ունեցած է քաղաքական գործունէութեան, մինչ Ձարական անիրաւութիւնը գրեթէ տարիէ մը ի վեր բանտը պահած է զուտ մտաւորական եւ դաստիարակչական դէմքեր։

Թրքահայ շնորհախնդիր գրագէտները եւ հրապարակագիրները յուսադրուեր են այն համակիր եւ մեծարալից ընդունելութենէն որով Վեհ. Ձարը պատուասիրեր է մեր Ս. Կաթողիկոսը։ Ինքնախաբէութեան ո՞ր աստիճանն է այս, եւ սին յոյսերով օրօրուելու ի՞նչ ցնորամիտ քաղաքականութիւն է. մեր թրքահայ մտաւորականները չի լսեցի՞ն կամ չի կարդացի՞ն թէ Ձարին զրուցեալ խոստումը՝ կովկասահայ բանտարկեալները ազատ արձակելու մասին՝ ո՛չ միայն չ՚իրականացաւ, այլ անկէ ետքն էր մանաւանդ որ հալածանքն ու խստութիւնները աւելցան կովկասահայ ազատական տարրերուն դէմ։ Եւ ինչո՞ւ չի խորհիլ թէ «երկաթէ» Իզմիրլեանն իսկ կապարի վերածուած դուրս ելաւ Ձարին Պալատէն, քանի որ Թիֆլիսի բանտը այցելած միջոցին, անիկա կովկասահայ բանտարկեալներուն երեսին տուաւ թէ «իրենց յանցանքն է որ կը քաւեն»։ Այս պայմաններուն մէջ առնուազն միամտութիւն է նպաստաւոր արդիւնք մը սպասել նախ՝ Իզմիրլեան Վեհափառէն, եւ երկրորդ Ձարէն կամ Փոխարքայէն։ Այսօր յետադիմական հակազատական հոսանքը այնքան ուժգին է բովանդակ Ռուսաստանի մէջ որ կը կասկածիմ թէ Ձարը համարձակի «իսկական ռուս»երուն զայրոյթը հրաւիրել իր վրայ, յեղափոխական համարուած Հայեր կամ նոյն իսկ միակ Հայ մը բանտէն ըստ կամս արձակելով։ Լսած ենք, որ Ձարը ներում կը շնորհէ, այո՛, հակահրէական դաւեր սարքողներուն կամ ականաւոր ազատական դէմքեր հալածող «իսկական ռուս»երուն. բայց ներել յեղափոխականի մը, բանտէն դուրս հանել «վտանգաւոր» էակ մը, ո՛չ։ Երկրորդ Տումային վրայ թագաւորող Ձարը չի գործեր այդ սխալը, մինչեւ որ ստիպուած չըլլայ։

Խնդրագիր ստորագրելու եւ խնդրագիր խմբագրելու վարժուած տաճկահայ մտաւորականները կրնային գոնէ մոռցած չըլլալ։ Թէ իրենցմէ շատ առաջ, Ֆրանսացի ականաւոր գրագէտներ Ահարոնեանի անձնական ազդեցիկ բարեկամները Բարիզի ռուս դեսպանին մօտ դիմումներ ըրին Ահարոնեանի արձակումը ստանալու համար. բայց ամենակարող Լըժինը, բանտերու վրայ իշխող այը երկրորդ Ձարը ոչ իսկ թոյլ տուաւ Ահարոնեանին՝ հիւանդանոց փոխադրուիլ՝ դարմանուելու համար։

Գրուեցաւ թէ խնդրագրին հեղինակներէն մին հանճարեղ գաղափարն ունեցեր է զայն լուսանկարել տալու եւ ստորագրողներուն մէյ մէկ լուսանկար բաշխելու։ Խնդրագրին տակ ստորագրողներուն մէջ ես կրնամ ցոյց տալ առնուազն քսան հոգի մտաւորականներ որոնք այդ լուսանկարին շրջանակ մը անցընել տալով զայն պիտի կախէին իրենց տան պատէն վար։ Ասիկայ չի յիշեցներ այն դպրոցականները որոնք իրենց բարի վարուց վկայականը ոսկեզօծ շրջանակի մէջ անցուցած կը ցուցադրեն։ Բայց մենք տակաւին յոյս ունինք որ մեր մտաւորականներ ինքզինքնուն պիտի գան, եւ չպիտի ուզեն յաւերժացնել իրենց անպատուաբեր մէկ արարքը։ Հո՛ն, Էջմիածնի Դիւանատան փոշիներուն տակ թաղուած խնդրագիր մը նորէն պզտիկ ամօթ մըն է. բայց հոս, պատէն կախուած լուսանկա՜ր խնդրագիր… չէ՛, ա՛լ այս ծանծաղամտութիւնն ալ թոյլ մի՛ տաք, ո՛վ շնորհախնդիր բարեմիտ մտաւորականներ։

*

Ռուսական բռնակալութեան արդի ապերասան ու անխիղճ վիճակը աչքի առջեւ ունենալնուս, եւ ատանկ արիւնխում կառավարութենէ մը շնորհք խնդրելը՝ ազգային արժանապատուութեան հիմնովին հակառակ դաւանելնուս համար է որ, մենք կը կարծենք թէ բողոքի ձայն մը շա՛տ աւելի արժէք ու իմաստ ունի, քան ծնրադիր աղաչանքը։

Այդ բողոքի ձայնը Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ բարձրացուցին քանի մը հազար օսմանցի քաղաքացիներ, ի նպաստ Կովկասի տառապահիւծ եղբայրներուն։ Օրուան բանախօսներէն ոչ մին արտասանեց անիմաստ սպառնալիքի կամ աւելորդ գրգռումներ պատճառող ֆռազներ՝ ընդդէմ ռուս բռնակալութեան. ընդհակառակը՝ քանիցս մասնաւոր կերպով շեշտողներ եղան թէ այս բողոքը կը կատարուի յանուն մարդկութեան եւ յանուն օրէնքի, ո՛չ թէ ամբողջ ռուս կառավարութեան դէմ, այլ այն մէկ քանի բանտային ու դատական պաշտօնեաներուն դէմ, որոնք ոտնակոխ ընելով խղճի եւ օրէնքի բոլոր պատուէրները, տարիէ մը ի վեր բանտը պահած են հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ եւ արհեստաւորներ, այն ենթադրութեամբ թէ անոնք յեղափոխական կուսակցութեան մը կը պատկանին, կամ ժամանակին պատկանած են։ Կովկասահայ բանտարկեալներուն մէջ կան մահամերձ հիւանդներ որոնք սակայն կը շարունակեն մնալ շղթայի տակ. կան բացարձակ անմեղներ որոնք յեղափոխական անձի մը անունը միայն կրելնուն համար կամ դիմագծով անոր նմանելնուն համար բանտ նետուած են. իրենցմէ կաշառք կը պահանջուի ու երբ չեն տար. բանտային չարչարանքներ կը հրամայուին, դատական քննութիւնը կը յապաղի եւ զեղծարար պաշտօնատարներ անպատիժ կը ծծեն թշուառ ժողովուրդի մը բանտուած զաւակներուն արիւնը։ Ո՞ր սիրտ, ո՞ր քար սիրտը չպիտի դղդրէր, երբ իմանար թէ, հոն, մեր Կովկասահայ մայրերը երբ բանտ կ՚երթան պզտիկ ծրար մը թեւերնուն տակ, իրենց բանտարկեալ տղուն քիչ մը ուտելիք կամ ճերմակեղէն տանելու, բանտապահները բրտութեամբ ետ կը դարձնեն զանոնք, եւ օր մըն ալ, երբ թշուառ մօր մը կը խոստանան իր զաւակը ցոյց տալ, եւ մայրը՝ ուրախութենէն խելայեղ դէպի բանտին դուռը կը յառաջանայ, ահա դագաղ մը կը ցուցնեն շնական հեգնութեամբ մը, ուր պառկած կը տեսնէ իր որդին, որ մեռած էր՝ բանտային չարչարանքներուն չդիմանալով։ Բոլոր ասոնք չե՞ն յիշեցներ Համիտի բանտերուն եւ ոստիկանութեան սրտաճմլիկ եղերերգութիւնները։ Մենք ապահով ենք թէ, ամէն տաճկահայ, որքան ալ քաղաքագէտ ու շրջահայեաց ըլլալ ուզէ, եթէ ներկայ գտնուէր Բերայի միթինկին, սիրայօժար պիտի մասնակցէր բարձրացուած բողոքի ձայնին, որը, կը կրկնենք, սնամէջ սպառնալիքի ո՛ եւ է շեշտ չէր պարունակեր, այլ բնական ու չափաւոր արտայայտութիւնն էր մարդկային տարրական իրաւունքներէն զրկուած ժողովուրդի մը։ Ակնարկուած միթինկին ոգին՝ այս, եւ միայն այս ըլլալուն համար էր որ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, իբրեւ զուտ տաճկահայ քաղաքական կուսակցութիւն, ձայնակցեցաւ բարձրացուած բողոքին։

Մենք ապահով ենք թէ, Բիւզանդիոնի տնօրէնը փոխանակ հոսկէ հոնկէ լսուած, խեղաթիւրումներով գոհանալու, եթէ ինք անձամբ ներկայ ըլլար միթինկին եւ ունկնդրէր բանախօսները, չպիտի գրէր այն խմբագրականը, որ գաւազանի հարուած, եւ թուք եւ քանի մը հատ ալ ողորմելի գնահատականներ շահեցուց իրեն։

Բիւզանդիոնի տնօրէնը ուզած էր ազգին օգտակար ըլլալ. ռուսասիրական թելադրութիւններ հրամցնելով իր ընթերցողներուն. շատ բարի. միայն թէ, այն donnéeները, որոնց վրայ հիմնուելով հանած էր իր եզրակացութիւնները, հիմնովին սխալ էին։ Պիտի ուզէինք որ այս կէտը միանգամ ընդ միշտ հասկցուէր, եւ տարբեր խնդիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող կարծիքի տարբերութիւններ եւ անձնական հակառակութիւններ պատճառ չըլլային որ ազգային քաղաքական կենսական հարցի մը շուրջ այսքան խեղաթիւրում կուտակուի։

*

Կովկասահայ բանտարկեալներու արձակման համար ոմանք խնդրելը օգտակար դատեր են, ուրիշներ՝ բողոքելը։ Անոնք՝ որ բողոքին, բայց լուրջ ու նպատակայարմար բողոքին կուսակից են, ապահովաբար շատ աւելի ազգային արժանապատուութիւն ունին, քան շնորհախնդիրները։ Բողոքը յեղափոխական գործելակերպի առաջին աստիճանն է։ Ու գոնէ մենք՝ Տաճկահայերս, մոռցած ըլլալու չէինք որ, երկար տարիներու ընթացքին կատարուած գրաւոր ու բերանացի աղաչանքը չէր որ բերաւ  1908 Յուլիս11ը. ինչպէս աղաչանքը չէր որ Նիգոլա Ձարին ստորագրել տուաւ 1905  Հոկտեմբեր 17ի մանիֆէսթը։ Բռնաւորները աւելի կը լրբանան խնդրողին ու աղաչողին հետ։ Ու եթէ երբէք տեղի տան, աւելի բողոքողին ու դիմադրողին առջեւ տեղի կուտան, քան խնդրողին։ Ասիկա է պատմութեան աւանդած եւ մեր ժողովուրդի դառն ճակատագրին սորվեցուցած դասը։

«Ձայն հայրենեաց», 1910, Երկրորդ շրջան, 9-22 Ապրիլ, թիւ 23 (73), էջ 245-247



[1]            Մենք կը ստորագծենք։