Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԻՔԹՕՐ ՊԷՐԱՐԻՆ

Ֆրանսացի քաղաքագէտներուն հրապարակագիրներուն եւ երեսփոխաններուն այն հայասէր համաստեղութեան մէջ (Անաթօլ Ֆրանս, Բրէսանսէ, Ժօրէս, Տընի Քօշէն, Անաթօլ Լըրուա Պօլիէօ, Քլէմանսօ, եւլն. եւն. ) որ բռնապետական Թուրքիոյ լուծին տակ հեծող ու բնաջնջուող փոքր ազգերուն մասնաւորաբար Հայերուն ի նպաստ եւ այնքան յաճախ ձայն բարձրացուցին, Վիքթօր Պէրար ապահովաբար կը գրաւէ ամենէն արժանաւոր եւ ամենէն փայլուն դիրքը։

Գրագէտ, պատմագիր, լրագրող, քաղաքագէտ, մասնագէտ, մանաւանդ Արեւելեան խնդրին մէջ, Վիքթօր Պէրար ահա՛ քանի մը տասնեակ տարիներէ ի վեր իր հրատարակած հեղինակութիւններուն շնորհիւ ուժեղ ձայն մը ունի այսօր Ֆրանսայի արտաքին աշխարհավարութեան խնդիրներուն մէջ, ուր իր մասնագիտութեանը եւ թելադրութիւններուն կը դիմուի շատ յաճախ։ Ֆրանսական կարեւոր պարբերականներէն Revue de Parisի քաղաքական արտաքին խնդիրներու բաժինը իրեն յանձնուած է տարիներէ ի վեր. ու անոնք որ առիթն ունեցած են կարդալու այդ պարբերականը, անմիջապէս պիտի խոստովանին Պէրարի հանճարը, անոր թափանցելու մեծ կարողութիւնը՝ առ հասարակ Արեւելեան բոլոր խնդիրներուն մէջ։

Օգտուելով քաղաքական կարգ մը այժմէական պարագաներու զուգադիպութենէն հայկական գաւառներէն հասած վրդովիչ լուրեր, Ալպանական ապստամբութիւն, Քրդական խլրտումներ, գահաժառանգ իշխան Եուսուֆ Իզզէտտինի Բարիզ մասնաւոր այցելութիւնը, եւլն, եւլն. ։— Մտածեցինք այցելութիւն մը տալ Վիքթօր Պէրարին։ Բարիզ Տանֆէր Րօշըրօ փողոցի իր գրեթէ շքեղ բնակավայրին մէջ Պերար կ՚ընդունի զմեզ այնքան պարզութեամբ եւ մտերմութեամբ որ իբր թէ երկար տարիներու բարեկամներ եղած ըլլայինք։ Մեր այցելութեան միջոցին իր աշխատանոցը կը գտնուէր Պարսկաստանէն նոր դարձած Ֆրանսացի քաղաքագէտ մը, որ պարսկական կառավարութեան մօտ ելմտական խորհրդականի պաշտօնը վարեր է. անոր կը ներկայացնէ զմեզ իմ Հայ բարեկամներս կոչելով զմեզ այնպիսի քաղցրութեամբ մը որ հայրական գորով մը կը պարունակէր իր մէջ։

Վիքթօր Պէրար, հակառակ այն քառասո՞ւն թէ 45 տարիներուն, զորս մաշեցուցած է ուսումնասիրութեամբ եւ հեղինակութիւններ արտադրելով, տակաւին առոյգ եւ խանդավառ արտայայտութիւն մը ունի, եւ անձկութեամբ կը հարցնէ մեզ անմիջապէս։

«Հայկական գաւառներէն ի՞նչ նոր լուր ունիք. լսեցին քրդական շարժումի մասին, ա՛խ, ա՛խ. չպիտի վերջանայ այդ կոտորածի սպառնալիքը, չպիտի վերջանայ հայ ազգին գլխուն վրայէն»։

Իրեն կը հաղորդենք 1908 յուլիս10էն ի վեր հայկական գաւառներու մէջ պատահած դէպքերու ընդհանուր վիճակը, ու կը ծանրանանք մասնաւորաբար սա վերջին ամսուան դէպքերուն վրայ. Մուշէն հասած քրդական շահատակութեանց լուրերը կը թուենք։ Քղիի մէջ բռնի իսլամացուած հայ կնոջ պարագան կը պատմենք. Տրապիզոնի մերձակաները առեւանգուած երկու նոր հարսերուն վրայ կը խօսինք. վերջապէս՝ բռնի կերպով գրաւուած ու դեռ Հայերուն չվերադարձուած հողերուն կարեւորութիւնը կը շեշտենք։

Պէրար ուշադիր անձկութեամբ մտիկ կ՚ընէ մեզ, յաճախ հառաչելով եւ իր կապոյտ աչքերուն խորը տխրութեան ամպի մը անցնիլը զգացնելով։ «Մենք կը կարծէինք որ, կ՚ըսէ, Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ այս բոլորը այլեւս դադրած են, այլեւս պիտի դադրին, բայց դժբաղդ Հայ ազգը, ինչպէս կ՚երեւայ, դեռ չէ վերջացուցած իր մարտիրոսութիւնը։ Ի՞նչ պէտք է ընել, ըսէ՛ք, եւ ես պատրաստ եմ՝ իմ եւ բարեկամներուս կարողութիւնը տրամադրել ձեզ, օգտակար ու զօրավիգ ըլլալու համար տառապող Հայ ժողովուրդին. Երիտասարդ Թուրքերուն մէկ մասը պէտք է ըսել մե՜ծ մասը դժբաղդաբար դեռ անկարող է ըմբռնելու իսկական սահմանադրութիւնը, իսկական արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը. իսկ Երիտասարդ Թուրքերուն այն փոքրամասնութիւնը որ կը զգայ կացութեան ծանրութիւնը, որ գիտէ թէ ջարդով, թալանով, առեւանգութեամբ երկիր մը չի վերածնիր, դժբաղդաբար իր ձեռքին մէջ մեծ ոյժ մը չունի՝ որպէս զի կարենայ իրագործել իր ծրագիրները, տեսէ՛ք, օրինակի համար, անցեալ տարի, Ատանայի կոտորածէն անմիջապէս ետք, երբ թուրք խորհրդարանական պատգամաւորութիւն մը Եւրոպա այցելեց, ես ամբողջ օր մը հոս իմ պարտէզիս մէջ պահեցի պատգամաւորութեան անդամներէն Թալէադ պէյը եւ իրեն յայտնեցի բացարձակ կերպով մը, թէ մինչեւ որ Ատանայի վալին եւ զինուորական հրամանատարը կախաղան չի հանուին, երիտասարդ Թուրքիոյ պատիւը փրկուած չըլլար։ Բայց կը տեսնէք որ ո՛չ միայն այդ գլխաւոր պատասխանատուները չի պատժուեցան, այլ նոյն իսկ ուրիշ երկրորդական ոճրագործներ ատեն մը բանտը մնալէ ետք հետզհետէ ներման կ՚արժանանան։ Այս կերպով չէ որ պիտի վերածնի Տաճկաստան։ Ատանայի կոտորածին մասին իմ քաղած տեղեկութիւններս բոլորովին չէզոք աղբիւրէ են, ջարդի ժամանակ հոն ներկայ եղող Ֆրանսացի զինուորականէ մը լսած եմ ամէն բան. ու ոչ մէկ կասկած չունիմ, թէ կառավարութեան տեղական պաշտօնեաները ոճիրին մեղսակիցները եւ դրդիչները եղած են։ Եւրոպական տէրութիւնք, մասնաւորաբար Ֆրանսա եւ Անգլիա երկար ատեն սպասեցին արդարութեան գործադրութեանը. բայց երբ յուսահատեցան, միակ զէնքը որով կրնային խաղաղօրէն կռուիլ Նոր Թուրքիոյ հետ, անոր վարկ չի բանալն էր, անոր փոխ դրամ չի տալն էր. այս պատճառով է որ Թուրքիոյ ելմտական նախարարաը նիւթական դժուարութեանց մէջ է այսօր, եւ անկարող է ի գլուխ հանելու երկրին յառաջդիմութեան անհրաժեշտ եղող ծրագիրները, մասնաւորապէս երկաթուղիի երեք գիծերը, ճամբաներու շինութիւնը, եւլն, եւլն»։

Ու Պէրար դեռ երկար կը խօսի անկեղծութեան խորունկ շեշտով մը, Երիտասարդ Թուրքիոյ ազատական եւ իսկապէս սահմանադրական հատուածին առաքինութիւնները խոստովանելով, բայց միեւնոյն ատեն յարելով թէ անիկա անկարող հանդիսացաւ իր ոյժը զգացնելու եւ հակառակորդ կողմը ճզմելու։ Յետոյ խօսակցութիւնը կը դառնայ կրկին զուտ հայկական խնդիրներուն վրայ. Պէրար անհրաժեշտ կը համարէ Եւրոպայի մէջ ֆրանսերէն թերթի մը հրատարակութիւնը, որ զբաղեր զուտ հայկական խնդիրներոմ ու Եւրոպայի ականջին տակ միշտ տեղեկութիւն տար օրը օրին հայկական գաւառներու մէջ պատահած դէպքերու մասին։ Պէրար կ՚առաջարկէ նաեւ որ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ըստ կարելւոյն նոյնացնեն իրենց ծրագիրները եւ զուտ ազգային ծրագրի մը շուրջ գործեն այսուհետեւ, վազ անցնելով ընկերվարական կամ հակակրօնական վարդապետւթիւններէն. որոնց համար՝ կ՚ըսէ՝ դեռ հող չկայ Տաճկաստանի մէջ, եւ որոնց մասին անժամանակ կերպով կատարուած բրօբականտը մեծապէս վնասած է զուտ հայկական-քաղաքական շահերուն։ Պէրար ուրախութեամբ, մեծ ուրախութեամբ կ՚իմանայ մեզմէ, թէ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները այսօր այլեւս մէկդի դրած են հին ատելութիւնները եւ վրէժխնդրական արարքները, ու կ՚աշխատին համերաշխաբար, կը մաղթէ որ այս համերաշխութիւնը տանի դէպ ի այնպիսի ազգային ծրագրի մը ընդգրկումը, որուն գլխաւոր նպատակն ըլլայ, առ այժմ, հայ կեանքի, հայ ինչքի եւ հայ պատուի ապահովութիւնը։ Ես ինքս, կ՚ըսէ, ամէն ջանք պիտի ընեմ որ հայ կուսակցութիւնները իրենց ճիգը կեդրոնացնեն այս երեք անհրաժեշտ պահանջներուն վրայ, որոնց կատարեալ տիրացումէն վերջ միայն պէտք է զբաղիլ ուրիշ հարցերով։

Պարսկական կառավարութեան մօտ խորհրդականի պաշտօն վարած ֆրանսացին, որ նոյնպէս լաւ կը ճանչնայ Արեւելքն ու Հայերը, կատարելապէս կը ձայնակցի Պէրարին, ու կը թուէ բոլոր այն անժամանակ ու կապկային ձեռնարկները, զորս կատարեցին Պարսիկ սահմանադրականները։ Ազատութեան վաղորդայնին, երբ այնքան ուրիշ շինարար ու ստիպողական պէտքեր կային գոհացնելիք։

Համախմբուիլ կեանքի, ինչքի եւ պատուոյ տարրական իրաւանց ստացման եւ պահպանման ծրագրին շուրջ. ահա թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ մեր ազգային քաղաքական անմիջական նպատակակէտը։

Հայկական գաւառներու կացութենէն դուրս, Թուրքիան զբաղեցնող միւս հրատապ խնդիրներուն վրայ ինչպէս Ալպանիական ապստամբութիւնը, քրդական խլրտումները, գահաժառանգ իշխանին այցելութիւնները Վիքթօր Պէրար կը յայտնէ իր հեղինակաւոր տեսութիւնները, որոնց մասին պիտի խօսինք երկրորդ յօդուածով մը։

Հրաժեշտ կ՚առնենք իրմէ, հաստատ խօսք տալով իրեն որ ըստ իր ցանկութեան, յաճախ պիտի այցելենք իրեն՝ Հայաստանի կացութեան տեղեակ պահելու համար զինքը։

«Ձայն հայրենեաց», 1910, Երկրորդ շրջան, 28 Մայիս-10 Յունիս, թիւ 27 (77), էջ 296-297