Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՀԻՆԵՐԸ ԵՒ ՆՈՐԵՐԸ

Աշխարհի վրայ, հինի եւ նորի պայքարը մշտնջենական է, եւ համասփիւռ։

Հինի եւ նորի պայքարը գոյութիւն ունի իմաստասիրական թանձրակուռ ոլորտներուն մէջ, վաղնջական դարերէ ի վեր, երբ Պլատոն իր վարպետին՝ Սոկրատի դէմ ելաւ, ու Արիստոտէլ՝ Պլատոնի աշակերտը, իր կարգին այս վերջնոյն դէմ պայքարեցաւ:

Հինի եւ նորի կռիւը կայ դարձեալ գրականութեան մէջ, ուր նորահնար սեռեր եւ ուղղութիւններ կը տիրապետեն հինին վրայ գիտութեան մէջ՝ որուն Երէկը կը մեռնի Այսօրին երկունքէն. մանկավարժութեան մէջ՝ ուր Ֆլօպէռներ ու Բէսդալօցցիներ կը յեղաշրջեն մանուկներու դաստիարակութեան հնաբոյր դրութիւնները: Վերջապէս հինի եւ նորի կռիւը մուտ գտած է ազգերու քաղաքական, ընկերական ու բարոյական կեանքին ամէն երեւոյթներուն մէջ, եւ ամէն նոր տարի իր հետ կը բերէ հինը յաղթահարող գաղափար մը, գործ մը: Ու մանաւանդ կարելի չէ անյիշատակ թողուլ գեղարուեստը, որուն մէջ տիրող տարրը նորութիւնն է, եւ հին ձեւերն ու գոյները պահ մը մաքառելէ վերջ՝ դալկահար ու յաղթահար՝ կը սմքին կ՚անհետանան, տեղ տալու համար Նոր Արուեստին:

Հինի եւ նորի մարտը անխուսափելիօրէն պիտի մղուէր նաեւ ազգերու յեղափոխական կեանքին մէջ, ու մղուած է ան, երեւակայուած ամէնէն կատաղի ուժգնութեամբ: Հայ յեղափոխութեան տարեգրութիւնները կը պարունակեն շահեկան էջեր, որոնք այդ ներքին բարեշրջական կռիւին ցուցանիշներն են: Ու մինչեւ այսօր ալ, պայքարը կը շարունակուի մամուլին մէջ կամ բեմերուն վրայէն, հետզհետէ նորին յաղթանակը ապահովելով:

Հայ ազատագրական ոգիին նախազարթոյցները յորջորջուած երկու բրածոյ դէմքեր, Չերազ եւ Բորթուքալեան, իրենց ներկայ վիճակով շատ դիւրըմբռնելի կ՚ընեն հինի եւ նորի պայքարը: Ահաւասիկ երկու երբեմնի յեղափոխականներ, որոնք իրենց ժամանակին պահանջմանց լաւ կամ գէշ գոհացում տալէ վերջ, փոխանակ իրեն դերը լրացած համարելու եւ ասպարէզէն քաշուելու, շարունակած են խառնել իրենց աններդաշնակ ձայնը՝ նոր եղանակներուն, եւ այս կերպով ծիծաղելի դարձուցած են ինքզինքնին: Այդ ալեհեր մարդիկը փառք մը նկատած են ամէն առթիւ կրկնել թէ իրենք քսան տարուան գործիչ են, թէ Այսօրուան Յեղափոխութիւնը դեռ ծնունդ չառած իրենք Գաղափարին զինուորագրուած էին…: Չեն ըմբռներ թէ այս աւազական խօսքերը դատապարտութիւնն իսկ են իրենց ներկային, քանի որ անոնք չեն կրցած նորոգուիլ ժամանակին հետ, եւ նոր պահանջքներուն անհրաժեշտութիւնը ծաղրած են ցնդածի զառանցանքներով:

Նորերը միշտ գուրգուրանքով պիտի պահեն յիշատակը, այն վաղեմի գործիչներուն, որոնք կը մնան իրենց ժամանակին մարդը եւ չեն փորձեր խափանել նորածագ ոյժերու թռիչքը:

Նորերը հոգեզմայլ պաշտումով պիտի վերաբերին բոլոր այն յեղափոխական ռահվիրաներուն հանդէպ, որոնք հակառակ իրեն արծաթեայ մազերուն եւ կքած քամակին, հոգիով երիտասարդ կը մնան միշտ եւ կը գիտնան պատշաճիլ նոր ժամանակի պահանջմանց, իրենց փորձական ծանօթութիւնները լծելով նոր ոյժերու արօրին:

Բայց նորերը անխնայ պիտի հարուածեն բոլոր այն խռֆածները, մտքով ու սրտով ծերացածները որոնք յանուն իրենց անցեալ գործունէութեան եւ միա՛յն անով, կը կարծեն իրաւունք շահած ըլլալ պատգամելու այսօրուան ճգնաժամին մէջ. անո՛նց մենք պիտի կրկնենք իմաստասէր վիպագիրի մը խօսքը՝ «Ձեզմէ այլեւս խեր չկայ, բայց ձեր զաւակները թերեւս մարդ ըլլան. միայն թէ դուք նախ եւ առաջ պէտք է սնանկանաք, ապա թէ ոչ ձեր թոռներէն ալ խեր չըլլար (Սէնքիէեւիչ. Առանց Դաւանանքի)։

Կը պատմեն թէ Ֆրանսայի թագաւորներէն մին անգամ մը սա պէս կ՚ըսէ իր նախարարապետին. այն օրը որ տեսնես թէ այլեւս անկարող կը դառնամ կոր կառավարելու իմ պետութիւնս, անմիջապէս իմաց տուր ինծի որ գահէս հրաժարիմ:

Կէս դարէ ի վեր ծագում առած մեր ազգայնական շարժումներուն մէջ որքա՜ն գործիչներ ունեցանք, որոնք պէ՞տք էր որ Ֆրանսայի թագաւորին այս վերհանձն դաւանանքը կարենային ըմբռնել, եւ գիտնային Գործը գերադաս համարել իրենց անձնական սնափառութիւններէն: Աշխարհի օրէնքն այս է որ մարդիկ կ՚ապրին ու կը գործեն անհունութեան որոշ ու շա՛տ կարճ մէկ շրջանին. յաւիտենականութիւննե՛րը միայն կրնան յաւակնիլ՝ իշխելու բոլո՛ր մարդոց եւ ամէ՛ն ժամանակի գործերուն վրայ, դիտեցէք հիւսիսային աստղը, որ հին հին դարերէ ի վեր կը փայլի ու կ՚առաջնորդէ անապատի ուղեւորներն ու ովկէանոսի նաւարկողները. այդ աստղն էր որ շողաց վաղնջական ազգերու խանձարուրքին վրայ, եւ ինքն է դարձեալ որ կը լուսաւորէ անոնց գերեզմանները:

Մարդկային էակին տրուած չէ սակայն այս յաւիտենական իշխողութիւնը. յարգա՜նք այն մարդուն, որ իր ժամանակին ոգին ըմբռնելով կը գործէ անոր պահանջմանց համաձայն, եւ այն րոպէին, ուր նոր գաղափարներու արշաւանքը կը տեսնէ, խոհեմութեամբ տեղի կուտայ անոնց առջեւ:

Նո՜ր ոյժ, նո՜ր կռիւ, այս չէ՞ արդէն Քրիստոսի Յարութեան տօնին ալ բուն իմաստը:

«Ազատ բեմ», 1906, Ապրիլ 14, թիւ 52։