Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Դիտուած է որ, Արտասահմանի հայ Մամլոյ կամ ընկերական շրջանակներու մէջ անցուդարձող վիճակներու վիճաբանութեանց միջոցին, անճրկած կողմը, երբ տեսած է որ այլ եւս երեւան եկեր է իր փտութիւնն ու ապականութիւնը, անմիջապէս կը կառչի տեսակ մը ապաւէնի, աղմկայարոյց ամբաստանութեան մը, որուն յանկերգն է սա խօսքը.

«Կուսակցականնե՜ր են անոնք. կուզեն ամէն բան ծառայեցնել իրենց կուսակցական «շիլ» տեսակէտներուն…»:

Ու դեռ ասոնց նման խօսքեր, աւելի կամ նուազ համեմուած՝ հոտած պառաւաբանութիւններով:

Յարուցուած ոեւէ հարց. կամ վիճաբանութեան ենթարկուած հանրային ոեւէ խնդիր հազիւ թէ կը բացուի, եւ ահա՛ քսութեան մունետիկները, փոխանակ պատասխանելու ուղղակի յարուցուած խնդրին, վիճաբանութիւնը կ՚այլասերեն. մէկ ութերորդ ճշմարտութիւնները եւ մէկ տասնեվեցերորդ իրողութիւնները կը չափազանցնեն ու կը չարափոխեն, կուսակցական ներքին ու շա՛տ բնական անհամաձայնութիւնները կը շահագործեն, եւ որ ի կարգին:

«Մեր ընդդիմախօսները կուսակցականնե՜ր են, անոնք ոեւէ միջոցի մէջ խտրութիւն չեն դներ, այլ կ՚ուզեն ամէն բան ծառայեցնել իրենց կուսակցութեան…»:

Օ՜, այս անիմաստ ու արգահատելի ամբաստանութիւնը, որ իբր թերութիւն մը կը նետուի յեղափոխական-կուսակցականներու երեսին, ամէն անգամ որ ասոնք իրենց հուժկու թաթը կը նետեն ազգավնասի մը օձիքին, կամ օյինպազի մը ու հանրային մակաբոյծներու ուսին վրայ:

Ի՞նչ ըսել կուզէ արդեօք շոշորդներու սա բազմութիւնը, իր այդ վայնասունով. միթէ ամօթ բան մըն է՝ ըլլալ կուսակցական, այսինքն պատկանիլ որոշ կազմակերպութեան մը, ունենալ որոշ դաւանանք եւ ուղղութիւն. կատարել այն խոստումը զոր ոեւէ անհատ պէտք է տայ կուսակցական ըլլալու առաջին վայրկեանէն իսկ: Ու մի՞թէ տարօրինակ է որ, կուսակցականը ձգտի դէպ իր պատկանած դրօշին նպատակը, հանրային խնդիրներու մէջ պաշտպանէ այն ուղղութիւնը ըստ իրեն, ամէնէն աւելի շուտով պիտի իրագործէ առաջադրուած ծրագիրը:

Նայեցէ՛ք սա անկարներուն, վատութեան գերիներուն եւ անձնականութեան կոյր խաղալիքներուն, որոնք մէյ մէկ ծակէ սպրդեր մտեր են ազգային հանրային գործոց շրջանակէն ներս, հոն ամէն սկզբունք եւ ամէն գաղափար վերածեր են վաճառելի առարկայի մը. դիտեցէք, խնամքով զննեցէք ազգային աղէտքի այդ շահագործիչները, մարդկային բորենիները, որոնք այսօր հոս, վաղը հոն, իրենց փորը կշտացնողին քղանցքէն կախուած՝ կ՚երերական, մտիկ ըրէք, ի՞նչ կըսեն անոնք իբր պատասխան՝ արդարութեան ճակատի հարուածին, «դուք կուսակցականնե՜ր էք: Ձեր տեսակէտները միակողմանի են. դուք կ՚ուզէք ձեռք անցընել ազգային հարստութիւնները…»:

Ու ի՞նչ տեսակ մարդիկ են այս խօսքերն ըսողները. երէկի կուսակցականներ, կամ տարի մը առաջուան դերասան յեղափոխականներ, որոնք առտու մը ինքզինքնին վռնտուած տեսնելով գացեր միացեր են դասալիքներու ու վատերու խմբակին: Ուրիշին կուսակցականութիւնը մատնանիշ ընող այդ ինկածները չե՞ն ըմբռներ արդեօք՝ թէ իրենք եւս կը ձեւացնեն կուսակցութիւն մը եթէ ներելի է այս բառով ճանչցնել ցաւագարներու խմբակ մը չե՞ն տեսներ թէ, Ամերիկայէն մինչեւ Կովկաս, եւ Պուլկարիայէն մինչեւ Եգիպտոս, վատերը թեւ թեւի կը մտնեն. ու ծիծաղելի Տօն Քիշօթները, կեղծ ըմբոստները, անգիտակից քննադատները ձայն ձայնի տուած կը հանեն աղմուկ մը, ուր ուրիշ բանի չի ծառայեր, այլ մտքեր պղտորելու, ուրախացնելու ցեղային թշնամին, եւ աւելի՛ ուժովցնելու անոր աւերիչ բազուկը:

Կուսակցականութիւնը ո՛չ թէ մեղադրելի, այլ ամէնէն գնահատելի ընթացքն է որ վայել է գաղափարի մը զինուորներուն: Շատ մը փոթորիկներ կրնան անցնիլ կուսակցականին գլխուն վրայէն, ինչպէս կ՚ըլլայ հանրային-հաւաքական ոեւէ գործի մէջ, յուսախաբութիւններ եւ պատրանքներ կրնան ատեն մը, չափաւորել իր եռանդը, բայց այն Նպատակը որ զինքը կուսակցականի մը վերածեց, այն իտէալը որուն իրագործմանը համար ոգորիլ ուխտեց, մշտավառ փարոսի մը նման հորիզոնին վրայ կը փայլի: Եւ իրեն մոռցնել կուտայ ներքին ու արտաքին ամէն կարգի տգեղութիւնները:

«Ազատ բեմ», 1906, Դեկտեմբեր 22, թիւ 70։