Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

Ո՞ՐՆ Է ԲԱՐԻՔԸ

Ազատ Բեմի անցեալ եւ ներկայ թիւերով հրատարակած ենք Վանէն թղթակցութիւն մը, որուն ապացուցիչ (documenté) հեղինակը անգամ մը եւս աչքառու կերպով մեզ կը պատկերացնէ Հայաստանի իրական կացութիւնը:

Հարկ է ըսել որ Վանի թղթակցին իրապաշտ նկարագրութիւը չի ներկայացներ ամբողջական բովանդակութիւնը այն արհաւիրքներուն, տառապանքին եւ հարստահարութեանց, որոնց ենթարկուած է ամբողջ Տաճկահայաստանը: Դեռ քանի՜ քանի՜ գաւառներ կան Վանի նման տառապող ու հիւծող եւ որոնց մէջ չի կայ յանդուգն ձայն մը որ կարենայ օգնութեան ահազանգը հնչեցնել ի լուր աշխարհի հայութեան: Անգլիացի իմաստասէր բանաստեղծ մը ըսած է թէ ովկէանոսներու ափերուն վրայ կ՚ապրի տեսակ մը ոստրէ, զոր եթէ բռնէք եւ ողջ վիճակի մէջ ականջնուդ տանիք, անոր փոքրիկ պատեանին մէջէն կը լսէք լայնածաւալ ովկէանոսին խժլտուքը, լեռնանման ալիքներուն գոռումին մէկ մանրալուր յանկերգումը:

Ճի՛շդ այսպէս, հայկական գաւառներէն մերթ ընդ մերթ խուսափող հառաչանքի գիրը, երկտողը, միա՛կ բառը՝ պէտք է ըլլայ այն ոստրէն, որ հայկական ովկիանոսացած արցունքներուն եւ ցաւի կտտանքներուն մէկ փոքր մասն է թէեւ, բայց գաղափարը կուտայ ամբողջութեան:

Վանի նամակը գերազանցապէս կը ծառայէ այս տեսակ տպաւորութեան մը գոյացման. որովհետեւ հոն, ընդհանրացումներու եւ խորհրդածութեանց հետ կայ նաեւ մասնաւոր դէպքերու տեղեկագրութիւնը, որոնք ըմբռնելի եւ շօշափելի կը դարձնեն…… եղած հայ …………:

Ականաւոր քննադատ մը Կէօրկ Պրանտէս, հայկական ջարդերուն վրայ բանախօսութիւն մը ընելու առթիւ կ՚ըսէր թէ աւելի զօրաւոր եւ անջնջելի տպաւորութիւն կը թողու միա՛կ հայու մը չարաչար սպաննութեան մանրամասն նկարագրութիւնն ընելը, քան թէ ընդհանուր կերպով ըսելը թէ 600, 000 հայեր ջարդուեցան: Հոգեբանական խորին ճշմարտութիւն մը կայ հոս: Միեւնոյն կերպով, ուրեմն, պահ մը մէկդի ձգենք Վանի նամակագրին ընդհանուր խորհրդածութիւնները, եւ քաղուածքն ընենք անոր յիշատակած մասնաւոր դէպքերուն:

Մէկ երկու ամիս առաջ, Վանի հայաբնակ գիւղերէն Եղիկիսը՝ 2000, Թացուն՝ 2500, Արբէնը՝ 700, Ծկոռը՝ 1200, Բերկրին՝ 1170, համագումար 7570 ղրշ. ի գումար մը ստիպուեր են տալ կառավարական պաշտօնեաներուն, ազատելու համար վերահաս տանջանքներէ. Դարձեալ, Կարկառի Թացու գիւղին 600 հայ էրիկմարդերը բռնադատուեր են 45000 ղրշ. նետել հարկահաւաքներու բերանը, իբր նորահաստատ շախսի տուրք: Պէտք չկայ բացատրել թէ Տաճկաստանի հեռաւոր մէկ գաւառին աննշան մէկ գիւղին բնակիչներուն համար որքա՛ն տաժանելի է այս 5-600 ոսկիի հայթայթումը:

Դարձեալ Վանի այլեւայլ գիւղերուն մէջ, մէկ ամսուան ընթացքին կատարուած են սպաննութիւններ, գողութիւններ, խուզարկութիւններ, միշտ ձեռամբ կառավարական պաշտօնէից, կամ քիւրտ աշիրէթներու, տուժողը՝ աւելորդ է ըսել՝ միշտ հայ գիւղացին է. իր անունը կամ զոհաբերութեան եղանակը արձանագրուած է Վանի թղթակցութեան մէջ:

Արդ, պիտի հարցնենք թէ ընդհանուր Տաճկաստանի մէկ մանրապատկերն եղող այս նամակը ի՞նչ տպաւորութիւն թողուցած է Արտասահմանի հայութեան վրայ:

Մեր կարծիքով, ահա՛ այդ սպաւորութիւնը:

Արտասահմանի հայերը՝ հանդէպ յայս տեսակ նամակէ:

.. երեք դասակարգի. կան կուսակցականներ եւ յեղափոխական համակիրները, որոնք այս լուրերը իմանալով կը դառնանան, կը կատղին, իրենց հացի պատառներուն հետ արցունքի կաթիլներ կը կլլեն, ու իրենց վրէժի ուխտը առաւել քան երբէք զօրացուցած, նոր թափով մը կը ձեռնարկեն իրենց յեղափոխական գործունէութեան:

Կան երկրորդ դասակարգ մըն ալ, որ առաջինին հակոտնեան է, այսինքն անտարբերներուն, մաֆիշիզմի քուրմերուն եւ հաճոյքի հերոսներուն դասակարգը, որ իր մէջ կը պարունակէ ընկերական զանազան աստիճանի մարդեր, զոր օրինակ տիտղոսակիր վսեմաշուքներ որոնք իրենց պերճ սալօններուն մէջ չեն հասկնար եւ չեն զգար իրենց ցեղին ցաւը, ինչպէս հասարակ մանրավաճառներ կամ օրը օրին ապրողներ, որոնք գիշերէ գիշեր գաւաթ մը զիպիպի մէջ կը խորասուզեն իրենց բոլոր հոգերը եւ որոնց տեսողութեան հորիզոնը շուկայէն անդին չանցնր:

Բայց կայ տակաւին երրորդ դասակարգ մը, ինքզինքնին ազգասէր, բաերսէր կոչող մարդուկներու եւ հաճի աղաներու խումբը, որ հայ տառապանքի լուրերը առենոլվ, յուզուիլ կը ձեւանայ, ազգային փրկութեան նոր ծրագիր կը յղանայ ազգադաւ արարքներու պոչաւոր սադրանքները սքօղելու համար, քանի մը ղրշ. ողորմութիւն տալով իր ամբողջ պարտքը կատարած կը զգայ եւ ովսաննա կը մուրայ, եւ որ, ո՛վ ժպրհութիւն իր տուած քանի մը ղրշ. նպաստով կը կարծէ իրաւունք ունենալ քննադատելու «ազգյին գլխուն փորձանք բերող » յեղափոխականները:

Բռնե՛նք այս մարդոց ականջէն եւ վայրկեան մը խօսինք իրենց հետ:

Բարեկա՛մ, կըսես թէ բուխ սիրտ մը ունիս եւ ազգը փրկելու համար կը մտահոգուիս հայ տառապեալներու համար նպաստ կուտաս քանի մը ղրշ. կամ ոսկի, տարին քանի մը անգամ դիմում կընեն քեզի, եւ որովհետռ ըսինք թէ ազգասէր ու բարեգործ ես, անպատճառ քիչ շատ բան………., այն հաւատքով թէ ազգդ կը փրկես կոր. եւ որովհետեւ հարուստ  ֆէրեր եւ բարեկամներ ունիս, անոնց ալ քանի մը ոսկի նպաստ վճարել կուտաս Մինչեւ հոս աղէկ: Բայց խորհա՞ծ ես արդեօք երբէք թէ տարիներէ ի վեր հաւաքուած նպաստները ի՞նչ արդիւնք տուեր են եւ ո՞րն է բարիքը մեր ազգին ներկայ կացութեան համար: Արտասահմանի ոեւէ մէկ անկիւնը հաւաքուած նպաստներուն մինչեւ իրենց յատկացեալ նպատակին ժամանումը եկուր քայլ առ քայլ հետեւինք միասին. եւ տեսնենք թէ ինչի՛ կը ծառայեն անոնք. Օրինակի համար, նպաստի գումարը ղրկուեցաւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանը. ապահովաբար, եթէ այդ պահուն պատրիարքը կամ իր պաշօնեաները չեն կրցած ինքզինքնուն վճարել իրենց ամսականները, նպաստի գումարը վար պիտի դրուի Պատրիարքարան…մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն. է՛հ , ի՞նչ կայ հոս տարօրինակ. չէ՞ որ Պատրիարքն ալ ազգին անկարն է:

Բայց ենթադրենք որ ուղղակի պատկանեալ գաւառին Առաջնորդարանը ղրկուեցաւ նպաստը կամ Պատրիարքարանը բարեխղճութիւնն ունեցաւ զայն ղրկելու իր ձեռամբ: Արդ. կը ճանչնա՞ք թէ ի՞նչ տեսակ մարդիկ են Առաջնորդ ըսուածները, մեծ մասամբ անօթի եւ անվճար մնացած եկեղեցականներ, որոնց խախուտ բարոյականին վրայ ամէն ատեն ապացուցեալ իրողութիւններ կը պատմուին:

Բայց նոյն իսկ ենթադրենք թէ ազգային շրջանակի մէջ նպաստի գումարը չխորեցւմ: Կարելի՞ է երբէք նման ենթադրութիւն մը ընել սովալլուկ կառավարական պաշտօնէից կամ դողարարոյ քիւրտերուն համար որոնք դարանակալ կը սպառեն Արտասահմանի հայոց նպաստները գրպանելու: Վանի ծանօթ նամակը եւ անոր նման հարիւրաւորներ դեռ չի համոզեցի՞ն զձեզ, թէ պարբերական եւ մասնակի ողորմութեանց առաքումը արմատական դարման մը չի կրնար ըլլալ Տաճկահայ տառապանքին: Անդին, Ռուսահայ ա……պարագան տարբեր է. անոնք թէպէտ ոչ նուազ թշուառ են, բայց ինքնապաշտպանութեան կարող վիճակի մը մէջ կը գտնուին, այնպէս որ հացի համար ղրկուած դրամն իսկ տեսակ մը զէնքի դրամ է, ըստ որուն ալիւրը կամ ա… պատերազմիկին համար՝ զէնքերեն անօթութեան եւ յոգնութեան դէմ կռուելու. բայց ի՞նչ խեր ունի Տաճկահայաստան ղրկուած 10-20 կամ նոյն իսկ100-200 ոսկին, որ մինչեւ իր նպատակին ժամանումը տերեւաթափի ենթարկուած ծառերու նման կը վտւտանայ Եկէք, ուրեմն ազգովին եւ եղբայրօրէն մտածենք ուրիշ միջոցի մը վրայ, որ արմատական դարմանումն ըլլայ ոմանք ոսկիներ ունին, ուրիշներ կեանքերնին կը նուիրեն, միացնենք այս ոյժերը եւ փոխանակ մուրացկանութիւնը քաջալերելու, կամ թէ- քանի որ չպիտի՛ հասկնաք ասիկա մուրացկանութիւնը քաջալերած ատեննիս իսկ, միւս կողմէ պատրաստենք Ազգային ինքնապաշտպանութեան եւ Ազատագրութեան բազմապահանջ Գործը…:

Բայց մեր ունկնդիրը, որուն ճաղատ գանկը ուզեցի բացակայութեամբը կը փայլի, զգալով որ իր հաշուած ու աժան ծախու առնուած ազգասիրութեան տաճարը կը քանդուի ասով, պիտի պոռայ՝ ջրհանկրավայել եղանակով մը:

Դո՛ւք ազգը կը կործանէք կոր. ժողովուրդը յորդորելով որ բարեգործական նպատակներու դրամ չի տայ, դուք բարոյականը կըսպաննէք կոր. դուք յեղափոխութեան «սուրբ գործը» շահագործողներ էք, մարդասպաններ էք, մի մօտենաք մեզի, մենք բարեգործութեամբ պիտի փրկենք Ազգը…:

Ու ա՛լ թող չես կրնար տագ որ խօսքը շարունակէ, կը բռնես օձիքէն ու կըսես. -

Ո՛վ հայութեան ազնուաշուք ցեցերը եւ վարձկան ըաւաճապպերը. գիտէինք որ դուք ցեղին ցաւը չէք զգար ձեր մսին ու ոսկորին մէջ. գիտէինք որ դուք ձեր ընտանեկան պատիւը անարգողներուն եւ ցեղը անճիտողներուն գլուխ ծռելու յօժար էք, բայց գոնէ կը սպասէինք որ, իբր գործի մարդ, ըմբռնէիք թէ ձեր՝ ի ցոյցս մարդկան տուած ողորմութիւնները կորսուած դրամներ են: Դուք այսինչը մարդասպան ու այնինչը դրամաշորթ կանուանէք ըստ ձեր քսուավայել սովորութեան. լաւ ուրեմն, բոլոր հայ յեղափոխականներուն մէջ չի գտա՞ք մէկը որ ձեր վստահութիւնը վայելէր, որուն կարենայիք բանալ ձեր քսակը, եթէ դեռ չէ ծնած այդպիսի պատուաւոր մէկը, որո՞ւնն է յանցանքը. իսկ եթէ կայ արդէն, գացի՞ք, մօտեցա՞ք իրեն, եւ ձեր դրամարկղին մ՚գլոտած ոսկիները դիր՞ք անոր ափը, ըսելով անոր. «Ա՛ռ ասոնք եւ ազգային ազատագրութեան կռիւը պատրաստէ. այլեւս մեր ցեղը չպիտի մուրայ, այլ պիտի կռուի, եւ եթէ մահ եւ բնաջնջում՝ նախասահմանուած է իրեն, թող այդ մահը ըլլայ քաջավայել, հերոսակա՛ն»: Արեւին տակ ապրած ու ապրող բոլո՛ր հայ յեղափոխականներէն գոնէ մէկ հատին ըսի՞ք այս իսկապէս հայրենասէրի խօսքերը. ո՛ճ. այլ դուք անզգամաբար վարկաբեկել ուզեցիք հայ յեղափոխութիւնն ու անոր նուիրականութիւնը, դուք ձեր չգիտցած եւ գիտնալ չուզած խնդիրներուն յանկարծ խառնուելով լկտի զրպարտութիւններով մրոտել փորձեցիք հայ յեղափոխական գործիչները: Դուք Գաղափարը շփոթեցիք, եւ յատկապէս խառնեցիք Անձին հետ. առաջինը ցեխոտեցիք երկրորդով, յեղափոխական    շարքերու մէջ սպրդած անարժանները մատնանիշ ըրիք իբր անարգանք յեղափոխութեան. բայց դուք քիչ յետոյ սիրայօժար սնուցիք, եւ հագուեցուցիք նոյն անարժանները, երբ այլեւս անոնք նետուած էին կազմակերպական շարքերէն: Ձեր միակ ու բացարձակ մտահոգութիւնն էր ոեւէ զոհողութիւն չնել ազգային ազատագրութեան գործին համար. ու երբ մարդիկ տեսաք դէմերնիդ, որոնք այդ զոհողութեան պարտականութիւնը զգացուցին ձեզ, անմիջապէս խռովուեցաք, երկինք եւ երկիր իրար բերիք, եւ անլուր հայհոյանքներ տեղացիք այն ամէն բաներուն վրայ, որոնք նուիրական են եւ այնպէս ալ պիտի մնան:

Լա՛ւ ուրեմն…:

«Ազատ բեմ», 1906, Դեկտեմբեր 12, թիւ 67։