Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՌՈՒՍԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ.
ՎՐԹԱՆԷՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆՑ

Թիֆլիզէն կը գրեն մեզ, թէ յառաջիկայ յունվարի վերջին, Ռուսահայերը մտադիր են տօնել Վրթանէս Փափազեանցի գրական գործունէութեան քսանեւհինգամեակը։ Ինչպէս ամէն յոբելեարի, Վ. Փափազեանցի ալ գրականութեան եւ կեանքին յատկանշական դրուագները՝ քսանեւհինգամեակի առթիւ անշուշտ պիտի արձանագրուին հայ մամուլի էջերուն մէջ։ Մենք կուզենք կանխել, եւ յառաջիկային վերապահելով Վրթանէս Փափազեանցի վրայ բազմակողմանի ուսումնասիրութեան մը հրատարակութիւնը, այժմէն գաղափար կը կուզենք տալ Հայկական Չարչարանքի նորավիպագրին՝ Վ. Փափազեանցի գործունէութեան մասին։

Վրթանէս Փափազեանց ծնած է 1866 ապրիլ 14ին, Վանի մէջ, այնպէս որ կարելի էր զինքը Թրքահայ գրող մը համարել, եթէ, ինչպէս ինքը կըսէր անգամ մը, իր դաստիարակութիւնն ու գրական խմորը ռուսահայ միջավայրի մէջ կազմաւորուած չըլլար։ Պէտք է դիտել սակայն, որ ռուսահայ մտաւորականներուն մէջ, Ռաֆֆիէն վերջ եւ Ահարոնեանին հետ ամէնէն աւելի Վրթանէս Փափազեանցն է որ զբաղած է տաճկահայ կեանքի նիւթերով, եւ իր վիպական գրութեանց մէջ պատկերացուցած է Թրքահայոց յաւէրժացեալ չարչարանքն ու իրաւազրկութիւնը։ Այս տեսակէտով, ինքը եղած է մին այն ռուսահայ սակաւաթիւ գրագէտներէն, որոնք համեստօրէն վար իջած են Արարատի ամպածրար բարձունքէն, վար՝ դէպի «հոսհոս» մականուանեալ Թրքահայերուն կեանքի խրճիթներուն մէջ, հոն պլպլացող թշուառութեան եւ հոգեւարքի ջահերը լուսավառելու համար։

Վրթանէս Փափազեանց մէկ տարեկան էր, երբ իր ծնողքը Վանէն գաղթեց Ռուսաստան։ Դեռ պատանի, անիկա յաճախեց Ագուլիսի տարրական դպրոցը, յետոյ անցաւ Էջմիածնի Գեւորգեան ճեմարանը։ Արդէն գրողի զաւակ՝ ինքն ալ ինքզինք տուաւ գրականութեան, առաջին անգամ1884ին սկսելով աշխատակցիլ Թիֆլիզի Արձագանգ թերթին. ու արտադրեց «Պատմուածքներ թիւրքահայերի կեանքից» խորագրով շարք մը վիպակներ, որոնցմէ Արեան Բծերը՝ իբրեւ նմոյշ, կերեւայ «Ձայն Հայրենեաց»ի ներկայ թիւին մէջ։ Իր գրական համբաւին կազմութեան ոչ նուազ նպաստեցին այն երկար նամակները, զորս Ապրօ ստորագրութեամբ հրատարակեց «Մշակ»ին մէջ, նամակներ, որոնք Տաճկահայաստանի իրական կացութիւնը կը պարզէին ռուսահայաց աչքին։

1891ին Փափազեանց յաջողեցաւ երթալ Ժընէվ, ուր  4 տարուան աշխատութենէ մը վերջ ստացաւ licencie es sciences socialesի տիտղոսը ու անմիջապէս հրաւիրուեցաւ Թէհրան, հրատարակելու համար «Շաւիղ» անուն շաբաթաթերթ մը, որ արմատական ուղղութիւն մը բռնեց։ Նոյն ատեն, Փափազեանց կը հրատարակէր «Մշակ»ի եւ «Մուրճ»ի մէջ՝ կարգ մը վիպակներ եւ նամակներ, որոնցմէ Աննա ն եւ Անգլիական Նականեր ը՝ Պօլսականի վերածուելով տպուեցան Պօլսոյ «Հայրենիք»ին մէջ։ Յիշատակելի է նաեւ իր երկարատեւ աշխատակցութիւնը «Բիւզանդիոն»ին, ուր կը գրէր Վ. սկզբնատառ ստորագրութեամբ, եւ՝ Թուրք գրաքննութեան ներած չափով՝ կը խօսէր ռուսահայ գրականութեան եւ հասարակական կեանքին վրայ։

1885ին՝ Փափազեանց Պօլիս եկած եւ հոս մէկ տարի մնալով, գրական հետքեր ձգած է Արեւելք, Մասիս ու Արեւելեան Մամուլ թերթերուն մէջ։ Իր գլխաւոր գործերը ամփոփուած են այն 40 հատորներուն մէջ, զորս հրատարակած է շատ տարիներ առաջ, եւ որոնցմէ Ժայռ անունթատերախաղը խօսուն ապացոյց մըն է, թէ Փափազեանց այնքան յաջող թատերագիր է, որքան նորավիպագիր։ Ու պէտք է ըսել, թէ նոյնքան ալ յաջող թարգմանիչ է. ինքն է որ ռուսահայոց ներկայացուցած է Էրքման Շաթրիանի Histoire d'un paysanը, Նիցչէի Ainsi parlait Zaratustraն եւ Ալֆոնս Տօտէի մէկ քանի նորավէպները։ Փոխադարձաբար իր գրուածքներէն շատը թարգմանուած են ռուսերէնի, իսկ մէկ քանին ալ՝ գերմաներէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի ու վրացերէնի։

֍

Տպաւորութիւնը՝ զոր Փափազեանց կը թողու իրեն հետ առաջին անգամ խօսակցողին վրայ, միանգամայն յարգանք ու թաղծութիւն է։ Առ երեւոյթս, անիկա հայ ուսուցիչի սովորական տիպարն է, երկար տարիներու աշխատութեան ընթացքին գուատած, վշտահար աչքերով, որոնք՝ կըսես սեւցած են ցեղին սգալիր կեանքին պատկերները դիտելէն՝ դիտելէն։ Բայց Փափազեանցի արտաքին անփառունակ երեւոյթը հակապատկեր մըն է իր մէջ խոկացող մտաւորական մարդուն, որ տաղանդի ժայթքումներ ու վերացումի խանդավառութիւններ ունի, երբ կը խօսի, հնչեց ու եղանակաւոր ձայնով մը, տաճկահայ ու ռուսահայ գրականութեան կամ քաղաքական կեանքի նիւթերուն վրայ։ Ազատութեան հռչակումի առաջին օրերուն, իր ծրագիրն էր երթալ շուտով դէպ հայրենի երկիրը՝ Վան, ու Խրիմեանի օրերէն Վարագայ վանքին մէջ թաղուած մամուլին կենդանութիւն տալով, գաւառի հայ ժողովուրդին մտաւորական ու ընկերական վերածննդեանը աշխատիլ։ Պիտի իրագործէ՞ այս ծրագիրը. այն ատեն միայն՝ մենք՝ Պօլսահայերս ուրախութեամբ պիտի դիտենք, որ գաւառի զաւակները՝ երկար տարիներու թափառումէ մը վերջ կը դառնան հայրենի հողին, առանց հրապուրուելու մայրաքաղաքի ցուցամոլական միջավայրէն, իրենց հետ տանելով մտաւորական այն պաշարը զոր լաւագոյն երկիրներէ հաւաքեցին ու մանաւանդ իրենց հետ գաւառ ներածելով կորովի, պայքարի ու խիզախ գործունէութեան այն ոգին, զոր ազատ արեւներուն տակ ծծեցին։

«Ձայն հայրենեաց», 1908, 30 Հոկտեմբեր, թիւ 2, էջ 12