Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Ամուսնական պայմանները Պոլսոյ հակառակն էր: Պոլսեցի երիտասարդներէն ոմանք՝ կեանքի ընկեր առնելիք օրիորդէն իբրեւ առաջին ձիրք դրամօժիտ կը պահանջեն, իսկ Ատանացի երիտասարդը ընդհակառակը ինք դրամօժիտ կը վճարէ աղջկան: Ամենէն հարուստէն մինչեւ յետին մուրացիկը ամուսնութեան ձեռնարկած ատեն պարտաւոր է պատրաստ ունենալ աստիճանաբար ապարանջան՝ ոսկի կամ արծաթ, օղ, ժամացոյց, հինգ մէկնոց ոսկի, պռօշ եւ շարունակելի իր հարստութեան համեմատ: Կնօջ թեւին վրայ գտնուած ոսկի ապարանջան (պուրմա) եւ ուրիշ զարդոսկիներէն կը հասկցուէր պատկանած ընտանիքին հարստութեան աստիճանը, որով Ատանայի կիներէն շատերը իրենց ամուսինէն աւելի հարուստ կ’ըլլային. (երանի՜ թէ այդպէս չըլլար եւ հիմա գողերու կոկորդը չանցնէր…): Շատ կիներ, երիտասարդ եւ տարիքոտ, իրենց թեւերուն վրայ կը կրէին 5-6 զոյգ հաստ պուրմա ոսկի ապարանջաններ (որոնցմէ մէկ զոյգը միայն 20-30 ոսկի է): Աղջիկ մը հինգ տարեկանէն կը սկսէր ոսկի զարդերով զարդարուիլ հօրը կողմէ եւ վերջն ալ ամուսնոյն նուէրներն ալ վրան աւելնալով ոսկիներու ծանր բեռի մը տակ կը մնար եւ այդ բեռին ծանրութեան աստիճանով խրոխտ ու հպարտ կ’ըլլար Օրիորդը կամ Տիկինը:

Ամուսնութեան հանդէսները Ատանայի մէջ խիստ փայլուն կ’ըլլար եւ մեծամեծ ծախքերու դուռ կը բանար, այնպէս որ ամուսնանալու պատրաստուող երիտասարդ մը ապագայ ապրուստէն աւելի հարսանեկան ծախքերը կը մտածէր եւ որով շատեր հարսանեկան ծախքերու չափազանցութենէն չէին կրնար ամուսնանալ: Բարեբաղդաբար վերջին տարիներս, շնորհիւ Տ. Մուշեղ Սրբազանի ջանքերուն, ծախքերն բաւական թեթեւացած էին: