Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա



ՄԱՅՐԻԿ,

Երբ պզտիկ էի, կը յիշեմ ջերմ բաղձանք մը, գրէթէ իտէալ մը ունէիր զիս գրչի աշխատաւոր տեսնելու, ես երբէք այդպիսի հակամիտութիւն մը ցոյց չէի տար եւ ատիկա ցաւ էր քեզի համար։

Աստուած այնպէս մը կարգադրեց որ այդ բաղձանքդ իրականանայ թէեւ երեւակայելի էն համեստ կերպով բայց դուն չտեսնե՜ս զայն մարմնական աչքերով։ Այսօր, գրչիս առաջին արդիւնքը մամուլին յանձնած պահուս կ’զգամ թէ ան լաւագոյն ծաղիկի փունջն է՝ զոր ես կրնայի նուիրել գերեզմանիդ։ Ընդունէ՛ մայրի՛կ, ողբացեալ մայրիկ, մահուանէդ վեց տարի ետքը, գերեզմանիդ, յիշատակիդ նուիրուած այս փունջը՝ որուն ամեն մէկ թերթը քու կեանք տուած սրտիդ ծաղիկներէն փրցուած է մաս առ մաս։ Ընդունէ եւ յաւիտենական հանգստիդ մէջէն ժպտէ ինծի. ո՜հ պիտի զգամ քու ժպիտդ եւ ատիկա կորով պիտի տայ ինծի կեանքիս ճամբան քալելու։

1/14 Յունիս 1902

Գոնիա

ՓԱՅԼԱԿ