Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Տիգրա՛նս, ըսաւ Նուարդ երիտասարդին մազերն շոյելով, աղւոր Տիգրա՛նս, որչափ շատ կը սիրեմ զքեզ։

Արդէն սիրոյ համար ստեղծուած էակ մըն ես դուն հոգիս, ըսաւ Տիգրան անոր քնքուշ ձեռքը համբուրելով մեղմիկ, բան մը ատել չես կրնար արդէն, այնքան փափուկ է սիրտդ։

Ո՛չ տղաս, մի չափազանցեր, կրնամ ատելութիւն ունենալ, ո՜հ մանաւանդ աշխարհի վրայ երկու բան մահու չափ կ’ատեմ, մին նախապաշարումն ու միւսը դրամ։

Նախապաշարումը կ’ըմբռնեմ թէ կատես, բայց դրամը ինչո՞ւ։

Պա՜հ, եթէ ուրիշ ո եւ է պատճառ չունենայի զայն ատելու, հինգ տարի ամբողջ քեզ ինձմէ բաժնելը բաւականէն աւելի պատճառ մը չէ՞ր միթէ զայն ատելու, ըսէ նայիմ։

Բայց դրամին յանցանքը չեմ տեսներ այդ խնդրոյն մէջ, Նուարդ, ուսման փափաքը՝ կանոնաւոր կերպով Անգղիերէն սորվելու բաղձանքը ստիպեցին զիս որ հինգ տարի հեռու ապրիմ ձենէ։

Հոս, Պոլսոյ մէջ Անգղիերէն չէի՞ր կրնար սորվիլ, Ռօպէրթ գօլէճէն շրջանաւարտ չէի՞ր կրնար ըլլալ, ի՞նչ հարկ կար երթալ Փոքր Ասիոյ խորերը տարիներով մեզմէ հեռու ապրելու եթէ դրամական տեսակէտը գոյութիւն չունենար… Չխօսի՞ս։ Ինչ որ ալ ըլլայ իրաւունք ունիմ դրամը ատելու եւ կ’ատեմ։

Բայց քոյրս, չէ՞ մի որ երջանիկ ենք հիմա, չէ՞ մի որ քուկդ եմ դարձեալ։

Այո՛, բայց գիտե՞ս որչափ կարօտցած էի քեզ, Տիգրանս։

Վերջին բառը տեսակ մը հպարտութեամբ կ’արտասանէր, վերջին տառին, «ս»ին վրայ ուժգին շեշտ մը դնելով, այդպէսով Տիգրանին իրենը ըլլալը, իր եղբայրը ըլլալը որոշապէս զգացնելու համար ամէն անգամ ինքզինքին։

Գորովի, խանդաղատանքի կուռ խտացում մը, հոգիէն, սրտէն չես ինչ մը կը դնէր այդ մէկ տառին մէջ. Տիգրա՜նս։

Հինգ տարի շարունակ աշխատեր էր Տիգրան Փոքր Ասիոյ Ամերիկեան գօլէճներէն մէկուն մէջ։ Հօրը համեստ քսակը չէր թոյլատրած որ Պօլիս գայ արձակուրդներու ատեն։ Վերջապէս` շրջանաւարտի վկայականը ձեռքը՝ վերադարձեր էր դեռ շաբաթ մը առաջ եւ Հալքիի մէջ համեստ տուն մը բռնած էին որպէսզի տղան քիչ մը հանգստանայ, կազդուրի հինգ տարուան անընդհատ աշխատութենէ մը ետքը։

Տիգրան միշտ երկար նամակներ կը գրէր թէեւ դպրոցէն, սակայն Նուարդ քիչ անգամ եւ կարճ պատասխաններ կուտար։ Նամակը, անզգայ թուղթի կտորը չէր բաւեր իրեն, սրտին բոլոր խանդաղատանքը չէր կրնար դնել հոն։ Շատ հեզ, եղբօրմէն եկած նամակները քանի մը անգամ լափելէ ետքը, գրասեղանին առջեւ կը նստէր ու կ’սկսէր գրել, բայց այնքան շատ բան կ’ունենար գրելու, զգացումները այնքան առատօրէն կուգային, որ անկարելի կ’ըլլար զանոնք արտայայտել մինչեւ բերանը լեցուած շիշերու պէս զոր եթէ յանկարծ դարձնես, բերանը բաց ըլլալով հանդերձ ջուրը չթափիր, օդ չառնելուն համար։

Գրածը կը պատռէր, յետոյ նորէն կ’սկսէր, միեւնոյն փորձը քանի մը անգամներ, մինչեւ որ վերջապէս լալով գրիչը մէկդի կը նետէր ձեռքէն ու զայրոյթով գրասեղանը ետ հրելէն յետոյ կ’առնէր կը քալէր։

Այսպէս, հինգ տարի, շարունակ սրտին խորքը կուտակած էր իր բոլոր գորովն ու սէրը, հոգիին բոլոր խանդաղատանքը, զոր կարօտին բոցերը կ’եռացնէին միշտ, պայթելու պատրաստ հրաբուխի մը պէս։ Հիմա շաբաթէ մը ի վեր հրաբուխը ժայթքեր էր։

Տիգրան որչա՜փ երախտագէտ եղաւ հօրը՝ երբ տեսաւ թէ ան, ինչպէս իր, նոյնպէս եւ քրոջը կրթութեան ու զարգացման համար ո՛ եւ է զոհողութիւն չէր խնայած, հակառակ իր համեստ արհեստաւորի վիճակին

Տղան գտէր թէ ազնիւ քոյր մը գանձ մըն է երիտասարդի մը համար, թանկագին գանձ մը, եւ այդ գանձին արժէքը այնքան աւելի կը մեծնա՛յ որքան այդ քոյրը, զարգացած, կրթուած, բարոյապէս նրբացած ու սրտի մը պէտքերը հասկնալու կարող եղած ըլլայ։

Հիմա զիրար կ’ըմբոշխնէին երկուքն ալ, ազատօրէն, անյագօրէն։ Նուարդ՝ արդէն քիչ մը զուարթ՝ հիմա շաբաթէ մը ի վեր, ուրախութենէն կը ճառագայթէր։ Հարցումներու անվերջ անհատնում տեղատարափ մը սկսեր էր ան թափել Տիգրանին գլխուն, իր հինգ տարուան կեանքին վրայ՝ դպրոցականի կեանքին ամէն մէկ մանրամասնութիւնները կամաց կամաց կը պարզուէին այդ հարցումներուն առջեւ։ Տիգրան ի բնէ լուրջ, հանդարտ խօսուածքով մը կրցածին չափ կը պատասխանէր իր քրոջը անկապակից հարցումներուն՝ որոնք առջի օրերը մանաւանդ, զիրար կ’ընդմիջէին, զիրար կը կտրատէին շարունակ։ Քրոջական սիրոյն յորդումը կը տեսնէր տղան այդ հարցումներուն մէջ ու կը ձգէր որ այդ քնքուշ ու փափուկ հեղեղը ողողէ զինքը։

Հողին վրայ՝ դէմ դիմաց, նախաճաշեցին հոն հաւկիթով ու պանիրով առտուան պտոյտէն ախորժակնին սրուած, լափեցին ինչ որ կար փոքրիկ սակառին մէջ եւ յետոյ քիչ մը անդին, եղեւինի մը շուքին տակ, ծուլաբար գացի ըմկողմանիլ դէմ առ դէմ, աչքերնին Մարմարայի վէտվէտուն տարածութեանը վրայ յառած։