Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԳ.

Տարին կը լրանար սակայն վերջի՜նը։

Իրմէ բաժնուելու թերեւս առ յաւէտ գաղափարը՝ որուն վրայ կամայ ակամայ ստիպուած էի երբեմն անդրադառնալ՝ սարսուռ կ’ազդէր հոգիիս։ Իր տեսքը, իր ժպիտը, իր խօսքերը կեանքիս մէկ տարրական պէտքը եղեր էին ալ, ինչպէ՞ս բաժնուիլ անկէ։

Արձակուրդին մօտ, տխուր էի, ամէն մարդ քիչ մը նշմարեց ատիկա, ամէնքն ալ պատճառը կը հարցնէին։

Ինքն ալ։

Որովհետեւ պիտի մեկիմ դպրոցէն, բնական չէ՞ հինգ տարին կեանք մըն է, պատասխանեցի։

Անշուշտ, ըսաւ, երբ մանաւանդ քեզ պէս մարդ այսքան սիրուած ըլլայ դպրոցին մէջ։

Եւ ատոր պատճառը այն է որ դուն դպրոց, ընկերներ, բարեկամներ շատ կը սիրես, այնքան շատ որ ընտանիքիդ քով վերադառնալու ուրախութեան հետ կը մրցի անոնցմէ բաժնուելու վիշտը։

Աստուած իմ, եթէ գիտնա՜ր, եթէ գիտնա՜ր թէ այո՛ կը կը սիրէի դպրոցը, ընկերներս, բարեկամներս, բայց մէկը կար՝ որուն սիրոյն քով առ ոչինչ կրնայի գրել այդ ամէնքը, բոլոր աշխարհը, հոգիիս խորը թողուած սէր մը՝ պաշտում մը կար՝ որուն ջերմութեան մէջ ամբողջ աշխարհը կրնայի հալցնել…Եթէ գիտնա՜ր թէ ատիկա, այդ «մէկը», ինքն էր, ինքը… բայց ո՛չ, երբէք պիտի չգիտնար, երբէք։

Եւ չգիտցաւ։

Ինքը այնպիսի էակ մըն է՝ որուն մարդ հեռուէն կրնայ հիանալ զմայլիլ, էակ մը զոր մարդ կրնայ հեռուէն սիրել՝ պաշտել՝ բայց մօտենա՜լ, հպի՜լ, երբէք ո՜հ երբէք։

Սուրբ լեռան մը վրայ կանգնած հրեշտակ մըն էր՝ որուն մահկանացուները չեն կրնար մօտենալ , լեռան ստորոտը գծուած սահմանէն անդին չեն կրնար անցնիլ երբէք։

Սէր չէր զգացածս, այն սէրերէն չէր որոնց ունենալու. վայելելու սպառիչ, կիզիչ տենչանք մը, անյագ փափաք մը կ’ընկերանայ։ Ես երբէք բան մը չէի ուզէր իրմէ, բաց ի զինքը հեռուէն կարենալ տեսնելու, կարենալ պաշտելու արտօնութենէն, բացի անկէ զոր վայելած էի մինչեւ հիմա, եւ զոր ձեռքէս խլել կ’սպառնային։

Սիրելի քո՛յրս, միշտ այդ իտէալ բարձրութեան վրայ մնացած է սէրս, երբէք բիծ մը չարատաւորեց այդ պաշտումիս անբծութիւնը։

Միշտ իր անհասանելի բարձրութեան մէջ դիտեցի զինքը. բարձրութիւն մը ուրկէ ան մտքիս մէջ, երկվայրկեան մը իսկ վար չիջաւ երբէք։