Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՍՊՈՂԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

1909 Ապրիլ ամսոյ առաջին կէսին Կիլիկիոյ մէջ մանաւանդ Ատանայի եւ մասամբ Հալէպի նահանգներուն մէջ տիրող սոսկալի խռովութիւնները՝ քիչ մնաց որ կը տարածուէր փոքր Ասիոյ ամէն կողմերը, սպառնալով հարիւր հազարաւոր կեանքերու եւ սակայն բարեբախտաբար Սուլթան Համիտի գահընկէցութեան եւ Կեդր. Կառավարութենէն տրուած ամենախիստ հրամաններուն շնորհիւ՝ զինուորական զսպողական եւ կաշկանդիչ միջոցներ ձեռք առնուեցան, որով աղէտը սահմանափակուեցաւ Կիլիկիոյ մէջ, եւ Օսմանեան հայրենիքը փրկուեցաւ ահաւոր գահավէժէ մը։ Ատանայի եւ Հալէպի սահմանակից նահանգները՝ ինչպէս Կեսարիա, Խարբերդ, Ակն եւ նոյն իսկ մինչեւ Տիգրանակերտ բնակող քրիստոնեաները եւ մասնաւորապէս հայերը շատ մեծ վախեր անցուցին եւ երբեմն տեղեր պզտիկ խլրտումներ ալ տեղի ունեցան, սակայն բարեբախտաբար կառավարութեան զսպողական անկողծ ջանքերը թոյլ չի տուին ցաւալի դէպքերու կրկնութեան։