ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆՔ

Սուրէն ու հուրէն հրաշքով ազատածներս՝ հազիւ քանի մը հազար հոգի, Անգլիական հիւպատոսին առաջնորդութեամբը լեցուած էինք Թրիփանի եղբարց եւ Գերմանացւոց գործարանները (fabrique) իրարու վրայ։ Թէեւ ամէն բանէ զրկուած մերկ ու բոպիկ եւ պատառ մը հացի կարօտ եւ սակայն միւս կողմէ գոհ կ՚ըլլայինք գոնէ մեր կեանքերը ազատած ըլլալնուս համար։

Աղէտէն երեք օր ետքն էր որ չոր հողն ալ շատ տեսան մեզի, եւ երրորդ ջարդի մը նմանող ձերբակալութիւններն սկսան։ Բռնապետական անիծեալ շրջանին Թաղապ. տուրքերու հաւաքիչ ըլլալով Ատանայի ամբողջ ժողովուրդը ճանչցած եւ Սահմանադրութենէն ետքը կաշառակերութեան եւ զեղծումներու պատճառով պաշտօնէն վտարուած՝ վատոգի եւ ստորին արարածի մը ոստիկանի զգեստ հագցնելով ղրկած էին մեր վրայ։ Ոստիկանը մեծ պաշտօնատարի մը վայել շարժուձեւերով եւ խստութիւններով սկսաւ ձերբակալել ջարդէն ազատածներէն հայ ծանօթ դէմքերն ու տեսքով կտրիճները։ Ձերբակալութեան լուրը առածնուս պէս բոլորովին շուարած հասկցանք թէ՝ տեղական կարավարութիւնը ողբերգութենէն ետքը ծիծաղաշարժ զաւեշտ մ՚ալ խաղալ կ՚ուզէր, մեր վրայ բեռցնել ջանալով աղէտին պատասխանատուութիւնը։

Պահ մը մի քանի հոգիներ մտածեցինք Պոլիս հեռագրել եւ գոնէ այս երրորդ աղէտին մասին օգնութիւն խնդրել եւ սակայն ի՞նչ միջոցով պիտի կարենայինք Պոլիս հասցնել մեր աղերսը, հեռագրատունը հեռագիր չէր ընդունէր եւ ընդունէր իսկ տանող չիկար…։

Ձերբակալութիւններու թիւը կը բազմապատկուէր ժամէ ժամ եւ ծանօթ ոստիկանը՝ Ժավէրի մը դիրքով եւ տեսքով կը սարսափեցնէր զմեզ ամենքս։ Ոստիկանը կը հայհոյէր, կը նախատէր, կ՚ապտակէր կը ծեծէր եւ կատաղի վագրի մը պէս կը յարձակէր մեր վրայ։ Առանց որոշ անուններով ցանկ մը ունենալու իր ձեռքը, աչքին երեւցած ծանօթ դէմքերն ու Գասապ Միսաքի պէս անուանի եւ տեսքոտ կտրիճները կանչելով կամ բռնի քաշկռտելով կը տանէր մօտակայ երկաթուղիի կայարանին զօրանոցը, ուրկէ բազմաթիւ զինուորներով շրջապատուած կը ղրկուէին կառավարական պաշտօնատունը, յանձնուելու համար տխրահռչակ քննիչ յանձնաժողովին։

Թրիփանի եղբարց եւ Գերմանացւոց գործարաններու չորս պատերուն մէջ բանտարկուած աղէտեալներս՝ ոչ փախչելիք եւ ո՛չ ալ պահուելիք տեղ մ՚ունէինք, որով ամբողջութեամբ կը տեսնուէինք մէկ ակնարկով, եւ այսպէս ոստիկաններու քմահաճոյքին կապուած էր մեր ճակատագիրը։ Կիլիկիոյ աղէտին ճշմարիտ Ժավէրն եղող յիշեալ ոստիկանը կ՚երթար ու կուգար շրջապատուած նորանոր զինուորներով եւ յայտնի ու գաղտնի ոստիկաններով, տանելու համար նորանոր հայեր։ Անոր իւրաքանչիւր վերադարձին կը հարցնէինք իրարու «արդեօք այս անգամ ո՞ր մէկս պիտի տանի»։ Ամուսնացածները իրենց կնոջ դեռատի երիտասարդները իրենց մօրը շրջազգեստներուն ծայրերովը երեսնին ծածկած ինքզինքնին պահելու կ՚աշխատէին, եւ սակայն խայտառակ ոստիկանը կռահելով այս գաղտնիքն ալ, կը հրամայէր կիներուն եւ նոր հարսերուն որ ոտքի ելլեն եւ բաժնուին այրերէն։

Վերջապէս ծանօթ ոստիկանը ինձ ալ հրամայեց որ հետեւիմ իրեն։ Յանկարծակիի եկած, կը խնդրեմ որ իմ ձերբակալութեանս պատճառը յայտնէ, «պատճառ մատճառ չեմ գիտեր, միայն քեզ կը հրամայեմ որ իմ ետեւէս գաս» կը պատասխանէ վայրենավայել շեշտով մը։ Ասոր վրայ առանց պատճառի երթալ չեմ ուզեր եւ ահա ոստիկանին ատրճանակը կը մերկանայ պատեանէն եւ կուղղուի կուրծքիս, հրամայելով որ քալեմ, «հայտէ նայինք խընզըր կեավըր, հիմա մարմինդ կը փրեմ գետինը» կը գոռայ ոստիկանը, ակամայ կը սկսիմ հետեւիլ իրեն։ Մի քանի զինուորներ անմիջապէս կը շրջապատեն զիս եւ կ՚առաջնորդեն մօտակայ պահականոցը, որուն փոքրիկ մէկ սենեակին մէջ իրարու վրայ թխմուած կը գտնեմ Ատանայի հայ երեւելիներէն ոմանք։ Բոլորն ալ ծանօթ դէմքեր են։ Ամենուն ալ աչքերը լեցուած լուռ ու մունջ կը սպասեն իրենց ճակատագրին, որոնց կը խառնուիմ ես ալ։ Յանկարծ պահականոցին երիտասարդ սպան կը մօտենայ մեր նեղ զնտանին դուռը եւ խրոխտ շեշտով մը կը հարցնէ մեզ «ձեր մէջէն Սամուէլ Աւետիսեանը ո՞րն է»։ Ատանայի հայ երեւելիներէն եղող Սամուէլ էֆ[էնտի]ն առաջ անցնելով՝ «ես եմ» կը պատասխանէ, կարծելով թէ իր նախկին ազդեցութեան շնորհիւ ազատ պիտի արձակուի. «դուրս եկուր» կը պատասխանէ սպան, եւ իր քովը կը կանչէ երկու հսկայ զինուորներ, հրամայելով որ թանձր չուանով մը Սամուէլ էֆ[էնտի]ի թեւերը ետեւը կապեն։ Անգութ արապ զինուորները ուրախութեամբ ետեւը կը դարձնեն Սամուէլ էֆ[էնտի]ի թեւերը եւ կ՚սկսին պինդ կերպով կապել ու քաշկռտել։ Սամուէլ էֆ[էնտի]՝ լալով կը պոռայ եւ արիւն արցունք կը թափէ, աղաչելով պաղատելով որ խիղճ ունենան, գոնէ քիչ մը թուլցնելու համար չուանը։ Եւ սակայն անգութ սպան եւ զինուորները ա՛լ աւելի կը խստացնեն իրենց տուած չարչարանքը, որուն տակ կը թապլտկի դժբախտ հայորդի Սամուէլ էֆ[էնտի]ն։ Ասդին մենք մեր մութ զնտանին մէջ արիւն արցունքով կուլանք մեր սիրելի Սամուէլ էֆ[էնտի]ի վիճակին վրայ եւ կը սպասենք մեր կարգերուն, ենթարկուելու համար միւնոյն չարչարանքին։ Սամուէլ էֆ[էնտի] թեւերն ու ոտքերը կապուած գունդի մը պէս կը գլտորի անխիղճ սպային ոտքերուն տակ, եւ վերջապէս ոտքերով հրելով ու հրմշտկելով կը տանին քովընտի սենեակ մը, ուր անընդհատ կը պոռայ խեղճ Սամուէլ էֆէնտին։



Աղէտէն ետքը՝ Պապական նուիրակին՝ իր հետեւորդներով այցելութիւնը աղէտավայրերու կարգին Քէսապի Հայոց Եկեղեցին։

Սպան դարձեալ մեր դուռը կը մօտենայ եւ կը հրամայէ որ դուրս ելլենք։ Քսանի մօտ հայերս՝ բժիշկ, դեղագործ, փաստաբան, վաճառական, ուսուցիչ եւայլ դուրս կը թափուինք։ Զօրանոցին առջեւ գերիի պէս քովէ քով կը շարեն զմեզ, պահ մը ամենքնիս իրարու կապել կ՚ուզեն, եւ յետոյ յիսունի չափ սուինաւոր մավզէրներով զինուորներ կը շրջապատեն զմեզ։ Այս ամենը տեղի կ՚ունենար Անգլիական հիւպատոսին աչքին առջեւ, որն որ երկու քայլ անդին գտնուած հիւապտոսարանէն կը դիտէր զմեզ եւ մենք պաղատագին ակնարկներ կ՚ուղղէինք անոր, տգիտաբար խնդրելով որ զմեզ գոնէ այս աղէտէն փրկէ։ Անգութ արապ զինուորներով շրջապատուած մեր խումբը ճամբայ կ՚ելլէ դէպի կառավարութեան դուռը։ Ճամբաները զմեզ դիտելու համար յատկապէս հաւաքուած խուժանը հազարումէկ նախատինքներ եւ լուտանքներ կը թափէ մեր հասցէին, եւ մենք դժբախտներս լուռ ու մունջ, տրտում տխուր կանցնինք մեր՝ դեռ կրակները չի մարած աւերակներուն մէջէն։ Արապ զինուորները իրենց ձեռքի մավզէրներուն կոթերովն ու սուիններուն ծայրերովը կը հրեն ու կը հրմշտկեն, եւ որով մենք կը վազենք վայրկեան մ՚առաջ ողջ առողջ հասնելու համար կառավարութեան դուռը։ Մանաւանդ մեծ շուկային մէջ կարգ մը ճիւաղներ կը պոռան, կը հայհոյեն, կը սուլեն եւ ամէն տեսակ նախատինքներ ու լուտանքներ կը թափեն, եւ ասոնց հանդէպ մեզ ընկերացող զինուորները կը խնդան ու կը քաջալերեն այն կատաղի վայրենիներուն ստորնութիւնները։ Վերջապէս կը հասնինք բանտի մը առջեւ ուր լեցուած էր մեզմէ առաջ տարուած բազմաթիւ հայերը։ Բանտին տնօրէնը կը համրէ զմեզ եւ կ՚առաջնորդէ նորակազմ քննիչ յանձնախումբին գտնուած սենեակին դուռը։