Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԷՐԶԻՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ՀԱՃԸՆՑԻՆԵՐԸ

Հաճընի վրայ յարձակող Իսլամաց դէմ ինքնապաշտպանութեան դիմող Հայերէն դատապարտուողներուն անունները. զինուորի մը սպաննութեան առթիւ դատապարտուած Փանոս Գըլլը-Քէշիշեան 5 տարի, Արբահամ Փէթէնեան 3 տարի։ Հաճընի Իսլամ ժողովուրդը գրգռելով եւ զէնք պարպելով Հաճընի վրայ յարձակող րէտիֆ միւլազիմի Թէպէր էֆէնտիի սպանման եւ ընկերոջը հարկա[հա]ւաքին վիրաւորման պատճառով դատապարտուած են վերոգրեալ Հաճընցի Նազարէթն ու Հրանդը։ Միհրան Հանէսեան15 տարի, (հարկահաւաքը սպաննած ըլլալուն համար), Մսավաճառ Հաճի Պավուգեան15 տարի (հարկահաւաքին զէնքը առած ըլլալուն համար), Մինաս Էօլմէսէկեան15 տարի (հարկահաւաքին 20 փամփուշտ առած ըլլալուն համար։) Արշակ Աճէմեան 15 տարի (հարկահաւաքին ստակը առած ըլալլուն (համար)։ Հաճի Պետրոս Սիսլեան 1 տարի (հարկահաւաքին թղթապանակը ետ տուած ըլլալուն համար)։

Զէնք պարպելով Հաճընի վրայ յարձակող չէրքէզի մը մուտքը արգիլելու համար, փոխադարձաբար իր վրայ զէնք արձակուած եւ ինքը սպաննուած էր, այս պատճառաւ դատապարտուողներն են. Գարեգին Աճէմեան՝ մահուան դատապարտուած եւ վճիռը գործադրուած է։ Համբարձում Պաղպուտարեան10 տարուան սպաննուած չէրքէզին կրկնոցը առնելուն պատճառաւ, Հաճի Կիւրեղեան 10 տարուան՝ սպաննուած չէրքէզին դանակին պատեանը առնելուն պատճառաւ։ Կարապետ Աշըրեան 10 տարուան՝ սպաննուած չէրքէզին պարկը առնելուն պատճառաւ. Կարապետ Պուչագճեան 10 տարուան՝ սպաննուած չէրքէզին վեցհարուածեանը առնելուն պատճառաւ. Սեդրաք Գարատէմիրճեան 10 տարուան՝ սպաննուած չէրքէզին ժամացոյցը առնելուն համար եւ որ Փայասի բանտին մէջ մեռաւ։

Գալուստ Հանէսեան 1 տարուան, սպաննուած չէրքէզին մտրակը առնելուն համար. Արշակ Կէչիճեան 10 տարուան՝ անձնական վրէժխնդրութեան առթիւ։

Տինամիթ շինելու կասկածով մինչդեռ բացարձակ սուտ մ՚է— դատապարտուած են հետեւեալները։

Տէօքմէճի Պաղտասար Թումճըգեան 10 տարուան, Ոսկերիչ Եղիա Գալայեան10 տարուան։

Հաճընի պաշարման երրորդ օրը Շար-տէրէ եւ Րումլույի գիւղացիները ազատելու համար, Հաքիմը՝ Տ. Յովհաննէս քահանան, 13 րէտիֆներ եւ մաս մը Հայեր միասին առնելով գացած ատեն րէտիֆներուն ընթացքէն կասկածելով մարթինները կ՚առնէ եւ իւրաքանչիւրին անունները գրելով Հայոց կը յանձնէ որ պահեն, բայց վերջը կ՚առարկեն թէ Հայերը բռնի առած են, որով հետեւեալ Հայերը կը դատապարտուին տասնական տարի Տ. Համբարձում քահանայի որդին Արմենակ, Գրիգոր Չիլինկիրեան, Սամուէլ Ծըլիկեան, Աւագ Փէնիկեան։ Հինգական տարի Գառնիկ Ճիյէրեան, Հաճի Թօփալեան, Գալուստ Թէրզեան, Նորիս Րէճէպեան, Արմենակ Մանուկեան, Եբրեմ Գույումճեան, Գրիգոր Մանկրեան (համր) եւ Պետրոս Պալասանեան։

Երկու թուրքեր գիւղը Իսլամներուն վառօդ եւ գնդակներ բաժնած միջոցին չորս հայ հովիւներու վրայ յարձակելով զանոնք սպաննել ուզած, եւ հայերը ստիպեալ ինքնապաշտպանութեան դիմելով յիշեալնեը սպաննած էին. այս պատճառով դատապարտուողներն են. Զատիկ Չըգրըգճեան, եղբայրը Սարգիս Չըգրըգճեան, Աստուր Փաչափանոսեան, եւ Յակոբ Փանոսեան ( 15 տարեկան) ասոնց ամենքը նախ մահուան եւ յետոյ ցկեանս թիապարտութեան դատապարտուեցան։