ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻՆ ԱՌՋԵՒ 1910 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 25 ԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԱԿԱԴԵՄԵԱԿԱՆ Մ. ՖՌԷՏԷՐԻՔ ՄԱՍՈՆԻ ԿՈՂՄԷ [1]

Տեարք,

Ֆրանսուհիք եւ ֆրանսացիք միայն իրենց հայրենակիցներուն չէ որ կը վերապահեն իրենց գութն ու անձնուիրութիւնը։ Անոնք զայս վերածեցին «արտածելի ապրանք»ի մը, ու անոնց համար՝ որ ո՛չ իրենց ցեղէն, ոչ իրենց կրօնքէն են, ու պէտք ունին իրենց օժանդակութեանը, ո՛չ միայն կուտան իրենց հացն ու երդիքը, այլ պատրաստ են նաեւ անոնց ընծայելու իրենց կեանքը։ Ֆրանսական առաքինութեան տարեգրութիւններուն մէջ, էջերուն վրայ այն Ոսկեմատեանին, ուր նուիրագործուած են վսեմ արարքները, այսօր կը քանդակենք օրինաւոր հպարտութեամբ մը անունները ֆրանս[ական] միսիօնարներուն ի Կիլիկիա։

ԱՏԱՆԱ. Մայրաքաղաքը Կիլիկոյ, քաղաք մ՚է 75-80, 000 բնակիչով, հնոյն Սարսի-Սիհուն աջ եզերքին վրայ, գրեթէ կէս ճամբան Թարսուսէն դէպ ի Իսիս կամ Նիկոպոլիս։ Իսիսի մէջ էր որ Աղեքսանդր Մեծը՝ Պարսիկներուն վրայ տարաւ իր յիշատակելի յաղթանակը։ Ի Թարսուս, Կիւդանոսի վրայ էր որ Կղէոպատրա կը նաւարկէր ծիրանի առագաստներով ոսկեայ ցռկանաւովը։ Այս երկիրը լեցուն է պատմութեամբ ու ոտքով մէկդի մղուած իւրաքանչիւր խճաքար կը յիշեցնէ ջնջնուած փառքեր։ Հիմա այնտեղ բամպակ կը մշակուի եւ շերամ կը բուծուի. բնակիչներն հողագործ, ճարտարագործ ու վաճառական են։ Մէրսինի առեւտուրը, այսինքն Ատանայի նաւահանգիստին, ուր կը բնակին հիւպատոսները մեծապէս շահաբեր է եւ խոշոր։ Պոլիսէն Պաղտատ երկաթուղին պիտի տասնապատկէ բարգաւաճումը, որուն ապացոյցն է կէս դարու մէջ բնակչութեան կրկնապատկուիլը։

80, 000 բնակիչներէն ստուար մէկ կէսը իսլամ են, իսկ միւս կէսը կը կազմեն քրիստոնեաներ, որ կը բաժնուին չորս հատուածի 5-6, 000 օրթօտօքս, 1, 500 Բողոքական, նոյնքան Կաթոլիկ, եւ 20-25, 000 Հայ Լուսաւորչական։



Ֆրանսական «Վիքթօր Հիւկօ» մարտանաւին զօրքերէն մաս մը, Մերսինի եկեղեցիէն վերադարձած միջոցին լուսանկարուած։

Գերմաններ եւ Իտալացիներ կազմած են բարգաւաճ գործարաններ քաղաքէն դուրս, Տարսոնէն Մէրսին երկաթուղիի կայարանին մօտերը։ Հայոց թաղը որ անջատ է հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն զինքը շրջապատող Ֆէլլահ, Կրետական եւ Յունական թաղերէն, իսկ արեւելքէն ու հարաւէն շրջապատուած է Թուրք թաղերէն։ Հոն կը գտնուին Ֆրանսացի Միսիօնարներու հաստատութիւնները Ս. Փօլ Գօլէժը զոր կը վարեն Յիսուսեանները (Ժէզուիթ), թաղին մէջտեղն է. Ս. Ժօզէֆի քոյրերուն հաստատութիւնը կամ Բեթանիա, Յունական թաղին եզերքը։ Ս. Բօլ գօլէժը կը բաղկանար՝ բարձրագոյն վարժարանէ մը, ձրի նախակրթարաններէ եւ Լատինական Առաջնորդարանէն։ Հոն ուսում կը ստանային 400 տղաքներ հինգ Ժէզուիթ հայրերէ, մէկ օգնական ֆրէրէ եւ չորս Մառիսթ ֆրէրներէ։ Բեթանիա քերց հաստատութիւնը կը բաղկանար՝ գիշերօթիկ վարժարանէ մը, ցերեկօթիկ վարժարանէ մը, ձրի ապաստանարանէ մը, ձրի դարմանատունէ մը, ուր պաշտօն կը վարէին քսանեւհինգ քոյրեր։ Առանց փառաւոր շէնքեր ըլլալու, անոնք լի ու լի կը բաւէին եղած պէտքերուն։ Ոչ փառաւորութեան, եւ ոչ ալ հանգստաւէտութեան տեսակէտով կը հաւասարէին Ամերիկեան Բողոքական հաստատութեանց, ուր կը խուժեն անհնար դրամագլուխներ ու երբեմն մէկ քանի միլիոնի հասնող նուիրատուութիւններ։ Բայց առանց ունենալու հասոյթի ուրիշ աղբիւր, բացի Կաթոլիկներուն ողորմութենէն, մեր միսիօնարները կը տարածէին սէր հանդէպ Ֆրանսայի, կը սորվեցնէին անոր լեզուն եւ անոր ոգին կ՚աւանդէին ոգի՝ ներողամտութեան ու հաւասարութեան։ Դպրոցներու մէջ, առանց ազգի եւ կրօնի խտրութեան, քաղաքին բոլոր տղաք կ՚ընդունուէին, Թուրք ու Յոյն, Հայ եւ Հրեայ, Ֆէլլահ ու Կրետացի, որոնք միեւնոյն գրասեղաններուն վրայ նոյն ուսումը կը ստանային։ Փոքր Ասիոյ այս վարժարաններէն բարձրագոյն նախակրթարաններ, որոնց տուած ուսումը կ՚ամբողջացնեն Պէյրութի համալսարանն ու բժշկական վարժարանը շրջանաւարտ եղած են մարդիկ որ մանաւանդ բժշկական ասպարէզին մէջ, նաեւ Օսմ[անեան] Կայսրութեան քաղաքային վարչութեանց ու նոյն իսկ բանակին մէջ իրենց կատարած դերով պատիւ կը բերեն իրենց ուսուցիչներուն, եւ անոնց հանդէպ կը տածեն որդիական երախտագիտութիւն։



Հայ նահատակի մը դիակը Մերսինի ծովեզերքը, մարտանաւերու կողմէ լուսանկարուած եւ հրատարակուած Ֆրանսական «Մաթեն» օրաթերթին մէջ։


Արդ, Կաթոլիկ եւ Լուսաւորչական Հայերն էին որ կը հայթայթէին Ատանայի Գօլէճին դպրոցական բնակչութեան մեծագոյն մասը։ Կիլիկիոյ այս Հայերն իրենց ցեղին յատկութիւններն ու թերութիւններն ունին, առանց այն չափազանցութեան, զոր մերթ կը ներշնչէ Եւրոպականացած մեծ քաղաքներու մէջ յեղափոխական բրօբականտը։ Գործունեայ, ճարպիկ, ճարտարագործ ու շատ առեւտրական մարդիկ են։ Իրենց հաշիւները լաւ կը բռնեն ու կը պահանջեն ինչ որ առնելիք ունին։ Ազգայնական գաղափարներ զիրենք հրապուրեցին. պահած ըլլալով ցեղային գոյութիւնը, կը բաղձային քաղաքական գոյութեան մը, բայց կ՚ըսուի թէ բոլոր Հայերուն մէջ Կիլիկեցի Հայերն էին որ ամենէն աւելի չափաւորութիւն ցոյց կուտային։ Անշուշտ կը մաղթէին որ վերջ գտնէր 1895 ի ջարդերը կազմակերպած ռէժիմը։ Բայց թէեւ խանդավառութեամբ ընդունած էին 1908ի Սահմանադրութիւնը, թէեւ գտնուած էին «բորբոքման վիճակի մը մէջ որ կը նմանէր զառանցանքի», այլ կը հաւատուի թէ յեղափոխական ո՛ եւ է դիտում չ՚ունէին։

Սակայն, որովհետեւ գիտէին թէ Թուրքերէն ոմանք գէշ դիտումներ կը տածէին իրենց դէմ, որովհետեւ գիտէին թէ տրուած առաջին նշանին վրայ շրջակայ Քիւրտերը պիտի վազէին աւարի տալու համար իրենց վաճառատունները։ Սուլթանին հպատակներէն մեծագոյն մասին նման զէնք հայթայթած էին, ու խորհած էին ապահովել իրենց պաշտպանութիւնը։ Երիտասարդները կազմակերպուած ու վարժութիւն կատարած էին։ Ընտրելագոյն մասը՝ որ ինքզինքը կը կոչէր «Անձնազոհ մինչեւ ցմա՜հ», եւ միացած էր հանդիսաւոր երդումներով, կը կազմէր խումբ մը զոր պէտք էր հաշիւի առնել։

Մասնակի հանգամանք ունեցող կռիւ մ՚էր որ փրցուց փոթորիկը։1909 Ապրիլ 9ին երեք Թուրքերու կողմէ խոշտանգուած Հայ երիտասարդ մը քաշեց ատրճանակը, պարպեց իր  վրայ յարձակողներուն դէմ, որոնցմէ երկուքը սպաննեց եւ երրորդը վիրաւորեց։ Յաջորդ օրերուն, մէկ քանի Հայեր սպաննուեցան Թուրքերու կողմէ, բայց բնաւ նշան չկար որ գուշակել տար թէ ընդհանուր շարժում մը յառաջ պիտի գար։ Գուցէ այն զրոյցին վրայ թէ Հայերն որոշեր էին բնաջինջ ընել Թուրքերը, նշան մը տրուեցաւ։ Ապրիլ 13ին Զատկի երեքշաբթին շրջակայ գիւղերէն վազեցին եկան հրացաններով ու բիրերով զինեալ Իսլամներ, որ փաթթոց կը կրէին սովորական գլխանոցին տեղ։ Սարսափն այնպէս տիրեց որ յաջորդ օրը, ամսոյն 14ին, ո՛չ մէկ քրիստոնեայ բացաւ խանութը։ Մէկ քանի երեւելի Հայեր կուսակալին մօտ գացին օգնութիւն խնդրելու համար։ Կուսակալն ըսաւ իրենց թէ պարապ տեղը կը վրդովին, թէ քրիստոնեաները ցոյց տալու համար իրենց ապահովութիւնը պէտք է բանան իրենց վաճառատունները, եւ պաշտօն կը յանձնէ իրենց՝ այսպէս զեկոյց ընելու։ Հայ երեւելիներն ասոր վրայ շրջեցան քաղաքին մէջ, իրենց տրուած պահնորդներուն ուղեկցութեամբ։ Ժամը 11ին մօտ յանկարծ ամէն կողմէ հրացանի հարուածներ պայթեցան։ Պահնորդներէն մէկը նշան առնելով երեւելիներէն մէկուն Դաւիթ էֆ[էնտի] Ուրֆալեանի, որուն կ՚ուղեկցէր, պոռաց. «Յանուն Բարձրելոյն Աստուծոյ, քեզմով կը սկսիմ», ու գետին փռեց դիտապաստ։

Հրացանի առաջին հարուածներուն իսկ, ի Սէն Բօլ, ինչպէս ի Բեթանիա եռագոյն դրօշը պարզուեցաւ, բոլոր դռները բացուեցան։ Ապաստանն է այս զոր Ֆրանսա կ՚ընծայէ բոլոր յուսահատներուն, ապաստանն որ ցայնվայր բնաւ բռնաբարուած չէր, զի այն տուներուն առջեւ. որոնց վրայ կը ծածանէին մեր դրօշը, Արեւելքի մարդիկ կը տեսնէին, ըլլայ մինչեւ իսկ իբր ստուեր, Ֆրանսան, այն ազգը, որ Աստուծոյ շարժուձեւերը կը կատարէր, տարածելով իր մէկ սուրը, ու գիտէին կէս դարէ ի վեր որ անիկա շատ ծանր կը զարնէր։ Ի Բեթանիա, Մայր Մէլանի պարզապէս ըսաւ իր աղջիկներուն, որ ծունկի եկեր էին եւ ինքզինքնին կը յանձնէին Աստուծոյ. «Քոյրերս, դուռը գացէք, եւ ընդունեցէք բոլոր զանոնք որ կ՚ուզեն մեր մօտ ապաստանիլ»։

Հինգ վայրկեան ետքը խելայեղ դրացիները ներս կը մտնէին դռներէն, պատուհաններէն ու պատերուն վրայէն։

Օրը տարաժամելուն, կ՚ըսէ քոյր մը, աւելի քան 2000 Հայ կար մեր մօտ։

Ի Սէն-Բօլ ամէն ինչ գրաւուած է, սերտարան, դասարան, ննջարան, եկեղեցի, խօսարան, բակ, ճաշարան ու Հայրերուն սենեակները։ Եղան վայրկեաններ ուր բակէն անցնելու համար Ժէզուիթներէն մէկը ստիպուեցաւ քալել այնտեղ ապաստանած մարդոց ուսերուն վրայէն։ Բարեբախտաբար վարժարանին գիշերօթիկ աշակերտներն արձակուրդի մէջ էին, եւ վերակացուն՝ Հայր Ժիւվ գացեր էր Մէրսին՝ զանոնք առնելու համար. լսելով որ ջարդ կայ Ատանայի մէջ կառախումբ նստաւ, բայց կայարանին մէջ վար դրուեցաւ, որով նիւթապէս արգիլուեցաւ Վանատուն երթալէ։ Սակայն այնտեղ միջոցներ ձեռք առնուեր էին։ Իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով՝ Հարք Սապաթիէ ու Պընուա գացին Բեթանիա՝ օգնելու համար Քոյրերուն։ Հարք Ռիկալ եւ Թապէլ, Մարիսներուն հետ մնացին Սէն-Բօլ, սպասելով որ Ատանայի հիւպատոսը կամ կուսակալը գան կամ օգնութիւն ղրկեն։ Հրացանաձգութիւնը կը շարունակուի անդին շուկային մէջ Հայերուն խանութները կը թալանուին, ապա կողոպուտի կը տրուին անոնց տուները, ու թալանէն ետքը կը հրկիզուին։

«Տեղ տեղ պատշգամները կը թրծուին քարիւղով, իսկ ուրիշ տեղեր ծակեր կը բացուին՝ տուներուն մէջ նետելու համար դիւրավառ նիւթեր»։

«Ժամը 6 էն սկսեալ, կը գրէ քոյր մը, հրդեհը մեզ կը շրջապատէ ամենուստ»։

Հրդեհէն փախչելով Հայերը կը ջանան հասնիլ ֆրանս[ական] հաստատութիւնները, բայց փողոցներուն բերանը Թուրքեր զիրենք հրացանի կը բռնեն կամ կը դաշունահարեն եւ բռնի կը տանին ձեռք անցուած աղջիկները։

ԿՌԻՒԸ. Ամբողջ գիշերը հրացանաձգութիւն կատարուեցաւ եւ հրդեհը տարածուեցաւ, խուժանը կը շրջի քարիւղով լեցուն ջրհաններ քաշելով։ Պաշըպօզուգները, որոնք գրգռուած էին Ֆրանսական տուներու մէջ իրենց զոհերուն ընծայուած պաշտպանութենէն, կը սկսին դուրսէն կրակ ընել այն ամէն բաներուն վրայ որ կ՚երեւին այդ տուներէն։ Առտուն ժամը 4ին մօտ, Հայր Սապաթիէ ուզեց ելլել պատշգամ, «լաւագոյն կերպով դիտելու համար կացութիւնն ու վտանգը»։ Հազիւ թէ բացեր էր սանդուխին դուռը, երբ նշան առնուեցաւ իրեն դէմ։ Գնդակ մը գլուխը կը քերէ կ՚անցնի, իսկ ուրիշ մը կը զարնէ զինքը աջ կողմէն, կ՚անցնի11րդ կողոսկրին քովէն եւ դուրս կ՚ելլէ՝ զարնելով դռան, զոր կը ճեղքէ։

«Ասիկա գաւազանի հարուածի մը ազդեցութիւնն ըրաւ»։ Բայց Հայր Սապաթիէ ձեռքը կը տանի կողին, եւ արիւնով կ՚ողողուի անիկա։ Տարօրինակ շնորհով մը վէրքը բնաւ չի կասեցներ զինքը, եւ հազիւ նախնական դարմաններն եղած, կը դառնայ պարտականութեան գլուխը, կը խոստովանեցնէ, արձակում կուտայ, աղօթը ընել կուտայ ու կ՚աղօթէ։

Կէս օրէն ետքը Բեթանիա կը հասնի Մէրսինի Անգլ[իական] հիւպատոս հազարապետ Տօթի-Ուէլի։ Ատանա վազած եկած է առաջին լուրին վրայ։ Առջեւէն ունենալով շեփորակիր մը, որ փողեր կը հնչեցնէ ու ետեւէն զինուորներ, զորս առած է կուսակալէն, ձիով կը շրջի փողոցները, զինուորական համազգեստն հագած եւ ջանալով կարգ կանոնի բերել պաշըպօզուգները։ Թեւէն կը վիրաւորուի գնդակով մը, Բայց չի կասիր, լիակատար ի գլուխ կը հանէ իր պարտականութիւնն ու պատիւ կ՚բերէ իր ազգին։

Կ՚ըսէ քոյրերուն. «Ձեզի չարիք չպիտի ընեն, պայմանաւ որ ձեր շէնքէն հրազէն չպարպուի»։

Արդէն Հայերն զգուշական միջոցներ ձեռք առած են եւ ապաստանողները կը ստիպեն յանձնել իրենց զէնքերը։ Անոնք որ կ՚մերժեն, կը ստիպուին ետ դառնալ։ Անմիջապէս ուրիշներ կուգան անոնց տեղը։

Հինգ-վեց հազար փախստական կայ վանատան մէջ երկու երեք հազար ալ Քոյրերուն մօտ։ Հրացանաձգութիւնը, որ պահ մը ընդհատուեր էր հիւպատոսին Բեթանիա գտնուած միջոցին. ա՛լ աւելի սաստկութեամբ կը սկսի անոր մէկնումէն ետքը. զինուորներն հասած են, բայց պահեստի զինուորներն են անոնք՝ առանց համազգեստի, եւ կը կորսուին ջարդարարներուն մէջ, անոնց կը հետեւին, եւ լաւագոյն կերպով զինուած ըլլալով՝ ահարկու կը դառնան։

Երկրորդ գիշերն իր արհաւրութեամբ հաւասարեցաւ առաջինին։ Առտուան ժամը 10ին, բոցերը կը մօտենային Բեթանիոյ։ Հրացանաձգութիւնը կը սաստկանար թէ՛ Քոյրերու Հաստատութեան եւ թէ Ամերիկեան Վարժարանին դէմ, որ երեսուն քայլ աւելի վերօք կը գտնուի։ Պէ՞տք է պարպել տունը, եւ մէջի մարդիկն ուղղել դէպ ի Վանատուն որ արդէն լեցուն էր այնքան, բայց աւելի խնայուած կամ լաւագոյն կերպով պատսպարուած։ Արդարեւ, Հաստատութեան շրջակայքը կեդրոնացած էր.

ՀԱՅՈՑ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ. Առաջին օրերուն մէջ Հայերը ջարդեցին իրենց դէմ յարձակողները, եւ զգալի կորուստներ պատճառեցին անոնց։

Այն պահուն ուր իրենց ապաստանարանը ձգել չուզող փախստականներուն ճիգերուն ու արտասուքներուն մէջտեղ կը կազմուէր որբուհիներու ու մայրապետներու պզտիկ խումբը, Հայր Ռիկալ հասաւ եկաւ Սէն-Փօլէն, բացարձակապէս ընդդիմացաւ այս մեկնումին, որովհետեւ ճամբէն կարելի չէր անցնիլ։ Այն ատեն վարդապետ մը ընդհանուր արձակում տուաւ, զոր ամէն ոք ընդունեց ծնրադիր։ Մահուան կը սպասէին, Մայր Մէլանի կանչեց իր աղջիկները։

Քոյրերս, ըսաւ անոնց, չեմ ստիպեր ձեզ, բայց կը հրաւիրեմ զանոնք որ քաջութիւն ունին, ինծի հետ գրաւել պատուոյ դիրք մը։

Ամենքն ալ կը հետեւին իրեն ու կը համախմբուին դրան ետին։ Թող ջարդարարները ներս մտնեն, ամէնէն առաջ պիտի գտնեն այս Ֆրանսացի մայրապետներն ու քահանաները ու պէտք է անցնին անոնց մարմիններուն վրայէն, իրենց զոհերուն հասնիլ կարենալու համար։ Կը զարնեն դրան՝ աւելի ուժգին։

Բա՛ցէք, Հայր, կ՚ըսէ ուժգնօրէն Մայր Մէլանի Հայր Պընուային։

Ու միեւնոյն ժամանակ ձեռքը կը դնէ դրան մղլակին վրայ։ Ժէզուիթը կանխաւ ազդարարած է իրեն։ Արդէն դրան սեմին վրայ է, բայց եկողները ջարդարարները չեն, այլ կանոնաւոր զինուորներ են, զորս վերջապէս կը ղրկէ կուսակալը. Վանատան Հայրերուն նոր եւ աւելի ստիպողական մէկ պահանջման վրայ։ Փղձկումի վայրկեան, զինուորներուն պետը կ՚իջնայ ձիէն, կը սեղմէ Մայր Մէլանիի մայրապետներուն ու քահանաներուն ձեռքը։ Զինուորներ կը մարեն հրդեհը որ հասած էր մինչեւ մատուռ, եւ պահակներ կը դրուին իւրաքանչիւր դրան առջեւ։

Յետոյ սպաները կը պահանջեն որ Ժէզուիթները մէկ քանի զինուորներու հետ շրջին այն թաղերն ուր կռիւը կը շարունակուէր, եւ խաղաղութիւնն հաստատեն։ Հարք Սապաթիէ եւ Պընուա, իւրաքանչիւր քայլափոխի վտանգի ենթարկելով իրենց կեանքը, քաղաքին գրեթէ բոլոր շրջանը կ՚ընեն ու ականատեսները կը հանդիսանան բովանդակ արհաւիրքին։ Թալանի հատակոտորներն հրկիզեալ վաճառատուններուն առջեւ, արդէն փտած դիակներ՝ այնքան որ «տեղ տեղ, կ՚ըսեն. դժուարաւ կրնային անցնիլ առանց կոխկռտելու զանոնք». այրած մսերու գարշահոտութիւնը ո՛չ մէկ բան կը կասեցնէ իրենց խանդը, եւ մինչեւ կուսակալին պալատան բակը խաղաղութիւն կը հռչակեն ու կը պահանջեն։

Հազիւ թէ խաղաղութիւնն հաստատուած կը թուի երբ կուսակալը միջոցներ ձեռք կ՚առնէ։

Բեթանիա կամ Սէն-Բօլ ապաստանած Հայերը ստիպուեր էին իրենց զէնքերը յանձնել հայրերուն, որ զանոնք պահած էին խնամով. կուսակալը կը պահանջէ զէնքերն իրեն յանձնել։ Ուրիշ տեղ, կուսակալը կը գործածէ հայրերն զինաթափութիւն քարոզել եւ յորդորել ժողովուրդն որ յանձնէ զէնքերը։ Խուռներամ բազմութիւն մը այնպիսի անորակելի աղտեղութիւն մը յառաջ բերած է ֆրանս[ական] տուներուն մէջ որ Հայերը վախ կը յայտնեն թէ «ժանտախտի պատուհաս» յառաջ պիտի գայ։ Բայց հրդեհները կը շարունակուին եւ փախստականներէն մեծագոյն մասը կը մերժէ գոնէ մինչեւ երեք շաբթի օր, Ապրիլ 20 , մեկնիլ ապաստարանէն։

Կամաց կամաց սակայն, վստահութիւն կ՚ունենան, կը քաջալերուին դուրս ելլելու, կը տեսնեն իրենց քանդուած տուները, ուրիշ տեղ կը փնտռեն ապաստան, զոր ոմանք կը գտնեն բարեսիրտ Իսլամներու մօտ, ուրիշներ՝ կայարանին մօտակայ գործարաններուն մէջ, կամ ըստ բախտի կայաններու մէջ։

Ի Բեթանիա, վիրաւորեալները կը խուժեն դարմանատուն, երկու բժիշկ եւ հինգ քոյր օրական միջին հաշուով 120 վիրաւոր կը դարմանեն. կանգուն մնացած երեք տուներուն մէջ Մայր Մէլանի կը բանայ հիւանդարաններ։ Դարմաններուն համար միջոցներ կան, բայց պէտք է թէ՛ դուրսը եւ թէ՛ ներսը գտնուող այսքան մարդոց սնունդ տալ։ Երկու օրէ ի վեր բան մը կերուած չէ։ Կուսակալը կը ղրկէ քանի մը պարկ ալիւր, եւ Քրիստոնեայ ընտանիքներ իրեն կը հետեւին։

Մայր Մէլանի մտքի արթնութեամբ մը եւ իր քաջութեանն հաւասարող կազմակերպիչ կարողութեամբը փուռ մը կը հաստատէ։

Օրը երկու անգամ հաց պիտի բաշխուի։ Քրիստոնեայ մը կրցեր է ազատել շաքարի պզտիկ պաշար մը, զոր կը յանձնէ։

«Մինչեւ երկու օր, կը գրէ քոյր մը, պիտի կրնանք շաքար աւելցնել հացին վրայ»։



Ատանայի աղէտին միջոցին այրած Ֆրանսացի Յիսուսեաններու գիշերօթիկ վարժարանի հսկայ շէնքին կմախքը։

Բայց ո՜րքան կ՚եղակարծ են այսպիսի միջոցներ, եւ ո՜րքան շուտ կը սպառին անոնք։ Այն ատեն, թարգմանի մը ընկերակցութեամբ որ կ՚աղաղակէ իրենց թշուառութիւնը եւ երկու բեռնակրի հետ Քոյրերը երկու առ երկու կ՚ելլեն փողոց իրենց խնամած եղկելիներուն ի նպաստ մուրալու համար։ Նախ՝ կը շրջին Քրիստոնեայ թաղերը տունէ տուն, բայց անոնք ա՜յնքան թալլուած են եւ պէտքերն այնքան մեծ են որ…։ Այն ատեն կը դիմեն Իսլամներու, կը մուրան շուկայի վաճառականներէն, սրճարաններու յաճախորդներէն, ու կուսակալէն անոր պաշտօնատունն երթալով, մեծ շնորհակալութեամբ կ՚ընդունին ինչ որ կը տրուի կամ ինչ որ կ՚ընտրուի իրենց։ Եւ աչքին տակ Մայր Մէլանէին, որ կը հսկէ ամէն բանի վրայ, Քոյրերը զայն կը բաժնեն սովեալներուն։ Ամսոյս 23ին Քոյրերն ուրախութեամբ կը տեսնեն Ֆրանսական նաւատորմին սպաներուն ժամանումը, կուգան Վիքթոր Հիւկօյի սպաները եւ մէկ քանի ժամուան համար ալ Ֆրանս[ական] Դեր-Հիւպատոսը։ Միջերկրականի ֆրանս[ական] նաւաբաժինն համախմբուած էր ի Վիլֆրան ուր նախագահն աչքէ պիտի անցուներ մարտանաւերը։ Կիլիկիոյ ջարդերուն լուրին վրայ, նաւախումբ մը, Գ. ծովակալ Բիւվէյի հրամանին ներքեւ, հրահանգ ստացաւ մէկնելու դէպի Պէյրութ ուրկէ Վիքթօր Հիւկօ ղրկուեցաւ Մէրսին, եւ Վէրիթէ Իսկէնտէրուն։ Վերջապէս, Եւրոպա կը թուի թէ կը յուզուի։ Ծովախորշին մէջ կան Ֆրանսական, Անգլիական, Գերման, Ռուս, Իտալական զրահաւորները։ Սպաները կ՚այցելեն Ատանա, կը տեսնեն դիակները, աւերակները, անհերքելի ապացոյցներ կազմակերպուած ջարդին, բայց ասիկա գէշ երազ մ՚եղաւ։




Ատանայի աղէտին միջոցին այրած Հայոց Աշխէնեան վարժարանի շէնքին կմախքը։

Վերջացած է, այնպէս չէ՞։

Ո՛չ, վերջացած չէ։ Ապրիլ 25 Կիրակի օր, իրիկուան ժամը 5 1 / 2 ին, Հայեր կը խուժեն Վանաստան եկեղեցին, պոռալով. «Զինուորները զէնք կը պարպեն մեր վրայ»։ Հրացանի հարուածներ կը գոռան, կանոնաւոր զինուորներ են որ նշան կ՚առնեն ու կը սպաննեն Քրիստոնեաները, երբ անոնք ամէն միջոցէ զուրկ ու լեղապատառ, որովհետեւ հիմա ոչ ոք զէնք ունի. ու չի կրնար պաշտպանել ինչքերը, կը ջանան փախչիլ դէպի Եւրոպական տուները։ Հայոց վարժարանը բոցերու մէջ է, եւ հինգ հարիւր Քրիստոնեայ կը կորսուին այն տեղ։ Նոր շուկային մէջ գտնուող Հայոց Եկեղեցին ալ պիտի հրկիզուի. ինչպէս ամբողջ թաղը։ Մառիսթ եղբայր Անթուան-Պիօսքօռ կը վազէ այնտեղ ու իր կորովիչ լեզուով կը ստիպէ Թուրքերը անցք տալ այն տեղ ապաստանած ժողովուրդին։ Վանատան մէջ եօթը ութը հազար Քրիստոնեայ կայ, բոցեր շրջապատած են զանիկա, եւ շուրջը բոլոր կեցած են զինուորներ. որ զէնք կ՚արձակեն ներս մտնել կամ դուրս ելնել ուզողին վրայ։ Ամսոյս 26 ին առտուն կանուխ կը սկսի այրիլ Քոյրերուն կողմէ Սէն-Բօլի մօտիկն հաստատուած հիւանդարանը։ Քոյրերը մէջտեղի փողոցէն կ՚անցնին ու կ՚ապաստանին Սէն-Բօլ, գնդակներու տակէն փախչելով։

«Հայր Ռիկալ դրան առջեւ կը կենայ իբր զինուոր». ու Մառիսթ եղբայրներն իրենց կռնակին վրայ կը կրեն անկարող վիրաւորեալները, ամէն ինչ որ կը քալէ, կը կառչի Քոյրերու գոգնոցներուն ու քօղերուն, ու կ՚անցնի անոնց հետ։ Կէս օրին հիւանդարանը կ՚այրի իր ամբողջ պարունակութեամբ, մահճակալ, ճերմակեղէն, վերակապ, պալար, «ամէն ինչ, կը գրէ Քոյր մը, նոյն իսկ սիրական Ֆրանսական դրօշը, որ կը ծածանէր տան վրայ»։ Այն պահուն որ հրդեհը պիտի հասնէր Գօլէճ, փողոցէն կ՚անցնի քսան զինուորներուն հետ՝ Անգլիոյ հերոս հիւպատոսը։ Ձեռքը վիզէն կախած վիրակապով, միւս ձեռքովը կը բռնէ ձիուն սանձը, կուգայ ազատել փախստականները, երաշխաւորելով որ զիրենք պիտի առաջնորդէ ողջ առողջ Կուսակալին պաշտօնատունը։ Բայց փախստականները միմիայն Հայրերուն հետ կ՚ուզեն դուրս ելլել, ուստի Ժէզուիթներէն մէկը, ու Մառիսթ եղբայրներն իրենց կ՚ընկերակցին մինչեւ Կուսակալին պաշտօնատունը, ուր ամէն մարդու վրայ կը խուզարկուին, եւ ի չգոյէ զէնքի, կ՚առնուին գրպանի դանակները։

Այս միջոցին հրդեհը հասած է Վանատուն, զինուորներն այնքան հաւատարմօրէն կը պաշտպանեն զայն որ ժէզուիթներուն կ՚արգիլեն առնել ո՛ եւ է բան իրենց կահ կարասիէն։ Իրիկուն է, Մեծաւորը մտնելով Բեթանիա, որ ցայնվայր պահպանուած էր, կ՚ըսէ Մայր Մէլանի, «Առէ՛ք, ձեզի կը յանձնեմ ինչ որ կը մնայ ժէզուիթներուն»։ Տունին բանալիներ են ասոնք։

Բայց նոյն իսկ Բեթանիա վտանգի մէջ չէ՝ միթէ։ Ու եթէ ա՛լ աւելի երկար ատեն մնան այն տեղ, ի՞նչ պիտի ըլլան որբուհիներն ու այն տեղ ապաստանողները։ Անգլ[իական] Հիւպատոսն այնտեղ է ու կը պնդէ, Հայր Ժիւվ կը հրամայէ, մեկնիլ որոշուած է, եւ ի գլուխ անցնելով աղաչաւոր թափօրին, քոյրերն ու Հայրերը կը քալեն դէպի Կուսակալին պաշտօնատունը, ուրկէ Քրիստոնեաները պիտի բաժնուին Եւրոպական այլ եւ այլ գործարաններու ու տուներու շուրջը։ Քոյրերը կ՚ընդունուին Անգլ[իական] Հիւպատոսարանը, «Հիանալի կերպով կ՚ընդունուինք Անգլիոյ Հիւպատոսուհիին կողմէ» կը գրէ Հայրերէն մէկը։ Իր հրաշալի անձնուիրութիւնը զինքը կը դնէ մեր մայրապետներուն հետ հաւասար աստիճանի վրայ։ Եւ սիրտը նոյն մետաղէն է ու նոյն բոցերուն մէջ թրծուած։ Այս կիներն արժանի են դէպի բարին հիանալի ու սուրբ նախանձայուզութեան մը մէջ միանալու։

Ամսոյս 27ին, առտուն Մայր Մէլանի ընկերակցութեամբ Հայր Ռիկալի կը դառնայ Բէթանիա զոր տակաւին չէին լափլիզած բոցերը։

«Վիքթօր Հիւկօ»ի Բ. հրամանատարը կը միանայ քսան զինուորներու զորս առած է Կուսակալէն, եւ կը կազմակերպէ սպասարկութիւնը, ինչպէս իր մարտանաւին մէջ։ Իբր վրէժ, խուժանը մէկ քանի քայլ հեռու կրակի կուտայ ֆրանս[ական] թարգմանին տունը։ Շնորհիւ ձեռք առնուած միջոցներուն, երկու օր կ՚անցնի գրեթէ հանդարտ։ Ամսոյս 29ին բոլոր կրօնաւորներուն հրաման կը տրուի դառնալ Մէրսին։ Ժէզուիթներէն մեծագոյն մասը կը մերժէ։ Հայր Ռիկալ պաշտօն կ՚ստանայ Քոյրերը առաջնորդելու, Քոյրերը, որոնցմէ երկուքը յաջորդ օրն իսկ, ամսոյն  30ին, կը դառնան իրենց որբուհիներուն ու վիրաւորներուն մօտ։ Մայիս մէկէն երկուքի գիշերը, ի Բեթանիա, զոր ներքուստ կը պաշտպանեն քսան զինուորներ, ուր արտաքուստ ալ կը գտնուի «Կառավարութեան մարդոց կողմէ» դրուած պահակախումբերու հսկողութեան ներքեւ, յանկարծ հրդեհ կը ծագի այնպիսի սաստկութեամբ որ անկարելի կ՚ըլլայ ո՛ եւ է բան ազատել իրեղեններէն։

Շնորհիւ Հայր Ժիւվի արթնամտութեանը, քոյրերուն ու որբուհիներուն կեանքը կ՚ազատի։ Գիշերօթիկ դպրոց, մատուռ, եւն., կ՚անհետին եւ միայն որբանոցն ու դարմանատունն են որ կ՚ազատին։ Ո՞վ կրակ տուաւ շէնքին այն անկիւնը, ուրկէ սկսաւ հրդեհը, կը գտնուէին հինգ վեց պահակներ, որ, կը գրէ Ժէզուիթ մը, «մերիններուն բարեկամ չէին»։

Ցերեկը, դեր-հիւպատոսն անձամբ եկաւ կրկնելու կրօնաւորներուն՝ Մէրսին երթալու հրամանը։ Ի դարձին, հեռագիրով կը պահանջէ դեսպանատունէն որ հայրենիք դարձուին քսանըութը Քոյրերն ու իրենց որբուհիներէն երեքը։ Դեսպանատունը վեցի կը զեղչէ մեկնելիքներուն թիւը ու քիչ մը ետքը ո՜րքան պիտի զղջան այս տնօրինութեան վրայ։

ՎԵՐՋԻՆ ՋԱՐԴԵՐԸ. Մայիս 2ին ամէն ինչ բնաջինջ եղած էր, ամսոյն 4ին Մայր Մէլանի եւ Հայր Ժիւմ կ՚որոշեն դառնալ Ատանա ու բանալ հիւանդարան մը։ Ամսոյն 8ին, նոյն օրն իսկ ուր Քոյրերէն տասը «Սակալիէն» կը դրուին, Մայր Մէլանի եւ Հայր Ժիւվ իրենց հիւանդարանին կը կցեն օգնութեան գրասենեակ մը։ Շնորհիւ «Վիքթօր Հիւկօ»ի հրամանատարին, որ իր մարտանաւին ատաղձագործներէն երկուքը կը ղրկէ, եւ հիւանդարանի գրասենեակը կը բացուի ամսոյն 12ին։ Օրական մինչեւ 1700 մարդու օգնութիւն կ՚ընծայուի։ Մայիս  13ին կը բացուի դարմանատունը, ուր «Վիքթօր Հիւկօ»ի առաջին բժիշկն հիւանդները կը քննէ։ Ամսոյն 18 ին, Հայր Ռիկալ կը դառնայ Մէրսին, մնացած քոյրերուն հետ եւ 19ին կը բանայ երկրորդ հիւանդարան մը։ Ամսոյս16ին, «Ժիւլ Միշլէ» Պէյրութէն բերած է բժշկական վարժարանի բժիշկներուն հետ ամէն տեսակ նիւթեղէն եւ կատարեալ դեղարան մը։ Ընդհ[անուր] Հիւպատոսն այս առթիւ օժանդակութիւն ստացած է եւ եթէ Քոյրերն ու միսիօնարներն անձնապէս բացարձակ չքաւորութեան մէջ կը գտնուին, գոնէ շնորհիւ ծովակալին ու հիւպատոսին կրնան խնամել ու դարմանել հիւանդներն ու վիրաւորեալները, բայց հազարաւոր հայեր սպաննուած են, միմիայն Ատանայի մէջ գրեթէ երեսուն հազար հոգի։

Արդարեւ, մինչ այս տռամները տեղի կ՚ունենային մայրաքաղաքին մէջ Կիլիկիոյ ամբողջ մակերեսին վրայ հողը կը թնդար Քրիստոնեաներու ոտքերուն տակ Էգպէզի մէջ։ Հալէպի եւ Իսկէնտէրունի միջեւ, ստորոտը Ամանոս լերանց, որ այժմ կը կոչուին Կեավուր տաղը Թիւրքմէններու Հայերու եւ Քիւրտերու միջեւ՝ որ անյիշատակ ժամանակներէն ի վեր, ապրուստի ուրիշ միջոց չունէին, բացի կողոպուտէ։ Լազարիս[տ]ները 1868էն ի վեր կը պահէին միսիօնարութիւն մը, որ սկսեալ 1873էն կարեւորութիւն ստացեր էր. եւ մինչեւ իսկ մասնաճիւղեր հաստատեր էր։ Ապրիլ 15ին լերան Հայ գիւղերէն անոնք որ խոյս տուած էին Քիւրտերուն յարձակումներէն, փախան վանք, ուր 1600 հոգի խռնուեցան։ Հայր Տիլանժ Մեծաւորը միակ մնացեր էր, Պուլկար վարդապետի մը հետ Բանզէս անունով եւ պաշարումը տեւեց Ապրիլ15 էն մինչեւ Մայիս

«Տասնը եօթը գիշեր շարունակ, Հայր Տիլանժ հսկեց, առանց բնաւ հանգիստ առնելու. ցերեկը մէկ քանի ժամ կը քնանար առանց հանելու հագուստները։ Երկու յարձակումներու միջոցին զոր գիւղին դէմ գործեցին, Էգպէզի մօտէն անցած ատեննին Տէօրթ-Եօլի խուժանները, Հայր Տիլանժ շարունակ կեցաւ դրանը առջեւ Վանքին որ վտանգի ներքեւ կը գտնուէր, ու մերժեց յանձնել այն տեղ ապաստանողները, ըսելով յարձակողներուն թէ պէտք է նախ զինք սպաննեն դպչելէ առաջ Հայերուն զորս ինք կը պաշտպանէ»։

Արդէն, անոնցմէ չէր որ անձնատուր կ՚ըլլան առանց կռուելու։ Հայր Տիլանժ բարոյական հեղինակութեամբ եւ կրօնապետական արժանապատուութեամբը կը պաշտպանէր Վանքին դուռը եւ պատերուն ետին Քրիստոնեաները կը հսկէին զէն ի ձեռին. ու վտանգի ամենափոքր աղաղակին ամէն ոք կը վազէր իր տեղը, զէնքն ուսին։ Պահապաններուն տրամադրութիւնը լաւ է, բայց քիւրտերն աւելի քան երկու հազար են ու աղէկ հրացաններ ունին։

ՎԱԽՃԱՆԸ. Մայիս կը զուգադիպի Կիրակի օրուան մը։ Վճռական յարձակումի մը կը սպասուի։ Փրկութիւնը այն ատեն միայն կրնար գալ, երբ հասնի ֆրանս[ական] Հալէպի հիւպատոսը որուն համար լուր առած են թէ ճամբայ ելած է, ուտելիք չկայ եւ համաճարակէ կը վախցուի։ Փախստականները , ուժասպառ, ջղայնոտ, խելացնոր ամենս փոքր աղմուկ մը լսելով իրարու մօտ կը սեղմուին, ինչպէս հօտ մը փոթորիկի պահուն, բարի հովիւին շուրջը։

Այլեւս զանազանութիւն չկայ, կ՚ըսէ Հայր Տիլանժ, Կաթոլիկներուն, Բողոքականներուն եւ Հայերուն միջեւ. Մենք ամենուն ալ հայրերն ենք։

Սակայն պատարագ մը մատուցուի։

«Հեծկըլտուքները կը խեղդեն պատարագի եղանակները։ Իրական պատարագ մ՚է հոգեհանգիստի։ Հազիւ թէ կրօնական զգեստներս հանած եմ երբ մեր քով կը խուժեն»։

«Ի՞նչ կայ»։

«Ֆրանսայի հիւպատոսը հետեւորդներուն հետ ջարդուեր է ասկէ հինգ ժամ հեռու տեղ մը»։

«Պաշտօնակիցս կը կանչեմ»։

«Ահ սիրելիս, կ՚ըսեմ անոր, վերջին ժամը եկած է, քաջութի՜ւն»։

«Կէս օրէն ետքը ժամը 3ին մօտ յանկարծ կը թնդան զարհուրելի աղաղակներ։ Ձիաւորներ կուգան քառասմբակ։ Մեր բոլոր մարդիքը իրենց տեղն են եւ սուղ պիտի ծախենք մեր կեանքը»։

«Թատերական տեսարա՜ն, հիւպատոսն է՝ Մ. Ռոքֆէրիէ, իր թարգմանին, Մ. Ալեքսանտր Պալլի եւ տասը սպաներու խումբի մը հետ որ կուգայ թափօրին առջեւէն, փոշիէն ճեփ ճերմակ կտրած»։

«Ի՜նչ հաճոյքով կ՚ողջագուրենք, կը գրէ Հայր Տիլանժ։ Տասնը եօթը օրէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով զանգակը կը հնչուի բոլոր ուժով։ Հէ՜ք սիրելի զանգակ. Ուրախութենէս կ՚արտասուեմ։ Պաշտօնակիցս, Տ. Բանգէս Մառսէյյէզը կը հնչեցնէ գալարափողովը, եւ կը գոչէ «Կեցցէ՜ Ֆրանսան, կեցցէ՜ Տէր հիւպատոսը, անոր կը պարտինք կեանքերնիս»։

Անմիջապէս պաշարումը կը վերանայ եւ կ՚ազատի Թրաբեանց մենաստանն ի Շէյխլի։ Նօթր-Տամ Տիւ-Սաքրէ-Քէօռ՝ ուր Հայր Էթիէն Լապառտէն նոյնքան Քրիստոնեայ պաստպարած է նոյն փորձութիւններուն ենթարկուած, եւ այն անձկութիւններուն մատնուած, Հայր Տիլանժի նման մերժելով միեւնոյն յամառութեամբ՝ յանձնել իր վանքն ապաստանած հայերը։

Այսպէս, ուր որ ալ բնակին, ինչ զգեստ որ ալ կրեն, ինչ միաբանութեան ալ պատկանին, Ֆրանսացի կրօնաւորները հիանալի անձնուիրութիւն ցոյց տուին։ Անտիոքի եւ Թարսուսի մէջ, ուր ջարդ ու հրդեհ իրենց արհաւիրքներով հաւասարեցան Ատանայի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն եւ հրդեհներուն Քաբուչինեանները, Սուրբ ընտանիքի Քոյրերը, Երեւման Սուրբ Յովսեփայ Քոյրերը, հաւաքեցին, պատսպարեցին ու սնուցին ողջ մնացողները կին ու տղայ։

Ի Թարսուս, ուր մէկ քանի հարիւր Հայ ջարդուեցաւ, ի Բոտուպէք եւ Մէրսին, ուր բնաւ արիւն չհոսեցաւ, խուռներամ բազմութիւններ ապաստան գտան Քաբուչինեաններուն մետ՝ «յամառ պաշտպան այն դատին, որուն նուիրուած են երեք դարէ ի վեր Արեւելքի մէջ»։

Հայրենասիրական հպարտութեամբ է որ ասիկա կ՚ըսեմ։ Ոչ ոք այն Ֆրանսացիներէն, որուն տունն ապաստան եղած է, փորձութիւնն ունեցաւ իր գոյութեան եւ իր ինչքերուն պահպանումը գնել կեանքովն այն թշուառ էակներուն որ ինքզինքնին իրեն յանձներ էին։ Քաբուչինեան ու Լազարիսթ Թրաբեան ու ժէզուիթ, զանոնք սնուցանելու համար սպասելով իրենց գերագոյն միջոցները, անոնց սորվեցնելով արիութիւն, ու այն վայրկեաններուն իսկ՝ ուր մահը կը թուէր վերահաս, անոնց սիրտերն ապահովելով Ֆրանսական զուարթութեան ժպիտովը. իրենց ապաստանողները տարին մինչեւ փրկութիւն։

Ու կրօնաւորներուն մօտ կ՚երեւին գործարանատէրներ, ճարտարագէտներ, վաճառականներ, Տէր եւ Տիկին Տօցէ Համիտիէի իրենց գործարանին մէջ ապաստան ընծայեցին ինը հարիւր հոգիի, զանոնք սնուցին իրենց պահեստի ցորենով, ու աւելի քան մէկ ամիս, հիանալի մխիթարութիւններ շռայլեցին, նմանապէս Համիտիէի մէջ՝ Տիկին Սապաթիէ։

«Ջարդէն խոյս տուող բոլոր Քրիստոնեայք իրեն կը պարտին կեանքերնին։ Հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Երեսուն այր եւ երեք հարիւր եօթանասուն կին միայն ժամանակ ունեցան ապաստանելու գործարանը…։ Սապաթիէ ընտանիքը սնոյց ու պատսպարեց աւելի քան հարիւր յիսուն այրի ու որբ։ Յետոյ, Մ. Շառթիէ, գլխաւոր ճարտարագէտ Ատանայի կուսկակալութեան կամուրջներուն ու խճուղիներուն, Մ. Կօտար ճարտարագէտ պաշտօնեայ Օսմ[անեան] Հանր[ային] շինութեանց նախարարութեան։ Անտարակոյս կը մոռնամ անուններ, բայց գոնէ ի վեր հանեցի զանոնք, անոնք պէտք էր յիշուէին այստեղ, մանաւանդ որ Հանրապետութեան կառավարութենէն գնահատուեցան, եւ ստացան ոսկի եւ արծաթ շքադրամներ, անոնք որ կառավարութեան կողմէ ամենէն աւելի արժանաւոր դատուեցան։



Ատանայի նահատակներէն՝ մսավաճառ ԼԵՒՈՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ որ տասնեւեօթը հայերու հետ յոշոտուած եւ Էսկի աթ-պազարը Քիւլխանճը Կարապետի տան ջուրի հորը նետուած է։

Ամենէն վերջի պահեցի այն անձնաւորութիւնն որ Քրիստոսի պաշտօնեաներուն միացնելով Ֆրանսացի պատուիրակը, այս անգամ եւս ցոյց տուաւ թէ ի՞նչ ոյժ յառաջ կուգայ անոնց միութենէն, թէ ի՞նչ ներուժութիւն կ՚երաշխաւորէ ան, այս անձն է Հալէպի ֆրանս[ական] Հիւպատոս Ֆէռնան Ռօքֆէրիէ։ Իր հայրենասիրութենէն ու գթասրտութենէն քաղելով ներշնչումն այն պարտականութեանց, զորս ոչ մէկ կանոն կը հարկադրէր իրեն։ Հալէպէն եկաւ, արիւնոտ ճամբու մը վտանգներուն մէջէն, հայցելով խաղաղութիւն մը, զոր կրնար կոչել Ֆրանսայի խաղաղութիւնը, եւ որ Աստուծոյ իսկ խաղաղութիւնն էր։

Յիսուն տարեկան չկար, երբ այս կամաւոր պաշտօնին միջոցին շռայլելով հիանալի սրտի մը գանձերը, մեռաւ այն հիւանդութենէն, զոր քարշ տուեր էր Կիլիկիոյ ճամբաներուն վրայ։



Ատանայի ջարդէն յիսուն օր ետքը՝ վերոգրեալ սպաննուածներու ազգականներուն եւ պաշտ. Քննիչ Յանձնաժողովին ստիպումներուն վրայ, Քիւլխանճը Կարապետի տան ջուրի հորէն հանուած Լեւոն Մանուկեանի եւ ընկերներուն դիակները։

Հիւանդութիւնն յաղթեր էր իր ֆիզիքական կորովին այլ ոչ երբէք իր բարոյական կորովին։ Ասպարէզին մէջ երէց մը. թարգմանի պաշտօնին բոլոր շրջաններէն անցած, 1895ին առաջին ջարդերուն ժամանակ կը վարէր Կարնոյ դեր-հիւպատոսութիւնը։ Կեցաւ Ֆրանսական հաստատութեանց առջեւ, որ լեցուն էին Քրիստոնեաներով, ու ետ ընկրկել տուաւ յարձակողները։ Կառավարութիւնն այն ատեն իրեն ընծայեց ոսկի շքադրամ մը եւ պատուոյ լէգէոնի խաչը։1906ին Արեւելք դարձաւ նորէն, եւ Հալէպի հիւպատոս անուանուեցաւ։ Ռոքֆէրիէ խռովութեանց առաջին լուրն առնելուն պէս, Թուրք իշխանութիւններուն մօտ պնդեց եւ յաջողեցաւ վստահելի 150 կանոնաւոր զինուոր ղրկել տալ Էգպէզի հայերուն օգնութեան։ Աւելի ապահովութեան համար Դեսպանին մօտ թախանձեց եւ արտօնութիւն ստացաւ Ապրիլ 29ին, եւ ճիշդ ժամանակին, Մայիս 2ին հասաւ Էքպէզ, ուր մնաց մէկ քանի օր, քարոզելով տեղական իշխանութեանց թէ ինչ միջոցներ պէտք է ձեռք առնել խաղաղեցումի համար։ Յետոյ թանչքէն ուժասպառ շարունակեց ճամբան դէպ ի Մէրսին. Շէյխլիի Թրաբեանց Վանքէն իր հետ տանելով Հայր Էթիէնը, եւ անոր հետ շրջելով ամենէն աւելի աղէտեալ գիւղերը։ Ժամանակ չունեցաւ խմբագրելու իր տեղեկագիրը, բայց կան իր ղրկած հեռագիրները եւ իր ընկերոջ նամակները։ Անոնք ամբողջութեամբ այստեղ  յիշատակուելիք թուղթեր են, զի թէ պատիւ կը բերեն իրենց եւ թէ այն Ֆրանսացիներուն. զորս գտաւ իրենց ճամբուն վրայ։ Մայիս15ին Ռօքֆէրիէ ժամանեց Ատանա։

Ութն օրէն այս աւերակ քաղաքին մէջ կազմակերպեց օգնութեան կարաւան մը, որ յանուն Ֆրանսայի կը շրջէր լեռան գիւղերը։ Անոր կը մասնակցէին Հայր Էթիէն, Հայր Ռիկալ, Մայր Մէլանի, որ երբ դիտողութիւն եղաւ, ժպիտով մը բողոքեց ըսելով թէ «լեռան օդն աղէկ պիտի գալ իրեն» ու անոր հետ կային Սուրբ Յովսէփայ երկու մայրապետներ ու թարգման մը։ Հազար հինգ հարիւր ֆր. ի վարկ մ՚ունէին եւ կը տանէին դեղեր ու պաշար զորս հայթայթած էր ծովակալ Բիվէ. ու 12 վրան զորս իրենց տրամադրութեան ներքեւ դրեր էին Պոլիսէն նոր ժամանած զինուորական հրամանատարն ու կուսակալը։ Ռօքֆէրիէ, կարաւանին մեկնումին ներկայ ըլլալէ ետք, շարունակեց իր պտոյտը դէպի Մէրսին, Իսկէնտէրուն ու Անտիոք։ Հիանալի քաջութեամբ մը կատարեց այս տաժանելի ճամբուն շրջանը, ու դարձաւ Հալէպ այնտեղ մեռնելու համար։ Իր կեանքը տուած էր Ֆրանսայի համար, պատուոյ դաշտին վրայ ինկած զինուոր մ՚է։ Ողջունե՜նք տեարք…։

Ֆրանսայի միակ զոհը Ռօքֆէրիէ չեղաւ։

Լիօնի Սուրբ Յովսեփայ Քոյրերէն Քոյր Մառի Անթուանէթ Յուլիս 27ին մեռաւ ընդհանուր թունաւորումով մը, որուն ենթարկուեր էր հիւանդներուն սնարին մօտ։  1910 Յուլիս 21ին Հայր Ժիւվ մեռաւ յոգնութիւններու, յուզումներու եւ ձմրան անբարեխառնութեանց հետեւանօք, զոր անցուցեր էր շինուելու վրայ եղող տեղերուն մէջ։ Երկուքին համար ալ քրիստոնեայ ժողովուրդը յուզիչ յուղարկաւորութիւն կատարեց։ Այս կրօնաւորներն անցան իրենց զգեստներու ակօսներուն վրայ թողլով յոյսի երիզ մը։ Իրենց կեանքը տալու չափ սիրեցին զանոնք որ թէեւ իրենց հօտը չէին բայց իրենց եղբայրներն էին, մինչեւ իրենց կեանքը տալու չափ, ու տուին ալ։ Այս տարի, Յուլիսին Էքպէզի մէջ տղաքները դուրս կ՚ելլէին Լազարիսթներու վարժարանէն։ Տեսնուեցաւ կատղած շուն մը. որուն առջեւը նետուեցաւ հայր Տիլանժ, իր տղաքը ծածկելու թեւերուն տակ։ Շունը գէշ կերպով խածաւ զինքը, եւ օգուտ չունեցաւ Եգիպտոսի Փասդէօռեան հաստատութեան մէջ տրուած խնամքները։ Մեռաւ ահռելի տառապանքներու մէջ։ Հեռաւոր գերեզմանի մը վրայ, գուցէ արդէն կորսուած է, ուր Ակադեմիան պսակ մը պիտի զետեղէ։ Ձեզի այնպէս չի թուիր թէ այս հիանալի անձնազոհութիւնը որ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ մէկ անկիւնը, մէկ պատկերն է բոլոր անոնց զորս կը փափաքի դրուատել արժանաւոր բառերով՝ այն ընկերութիւնը զոր կը ներկայացնեմ։ Ինչ որ կը բղխի բարոյական ու մտաւորական Ֆրանսայէն. անոր կը վերաբերի, ու երբ կ՚ըսեմ թէ մեր հայրենիքին համբաւը պաշտպանեցին այս երկրին վրայ, որ մերն եղաւ, կը զգամ խորին յուզում մը, եւ միանգամայն ամենէն սուրբ ուրախութիւնը։

Ահաւասիկ թէ ի՞նչ շարժառիթներով Ակադիմիան, լուսաբանուելով Բ. Դրան մօտ նախկին Դեսպան Մ. Գօնսթանի եւ Արեւելքի նաւաբաժնին հրամանատար ծովակալ Բիվէի այժմ Գ. ծովակալ, ու Վիքթօր Հիւկօի հրամանատար նաւապէտ Լա Ժառթի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան գործակալներուն տեղեկագիրներէն, որոնք սիրայօժար հաղորդուեցան մեզ, ահաւասիկ թէ ինչ շարժառիթներով, Ակադեմիան աշխարհականներուն անունները միացնելով կրօնաւորներու անուններուն՝ 2000  ֆր. ի շքադրամներ կը յատկացնէ Ժէզուիթ Հայր Ռիկալի, Լազարիսթ Հայր Տիլանժի, Թրաբեան Հայր Էթիէն Լապառտէնի, Մարիսթ եղբայր Անթուան Տիօսքօռի [2], Մ. Ռէսիքօյի. Մայր Մէլանիի, աշխարհիկ կեանքի մէջ Մառի Մէլավար Լիօնի Ս. Յովսեփայ Քոյրերէն, 1000ական ֆրանքի շքադրամներ՝ որ յարգանքի նշան մ՚են եւ ոչ թէ վարձատրութիւն, Տիկին Սապաթիէի եւ Տիկին Տօտէի։



[1]            Մ. Ֆռէտէրիք Մասոն՝ ֆրանսական ակադեմիայի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկն է եւ որ մեծ համբաւ հանած է «Նաբօլէօն Պօնաբարդ»ի պատմութիւնովը։

[2]            Ամենէն մեծ ծառայութիւն մատուցանողն այս վեհոգի կրօնաւորն է, որ իր կեանքը վտանգի տակ դնելով 4-5000 հոգի ազատեց Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիէն, որոնցմէ մէկն ալ այս տողերը գրողն է։ . Թ. )