Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՍՄ[ԱՆԵԱՆ] ԵՐԵՍՓ[ՈԽԱՆԱԿԱՆ] ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌՋԵՒ (19 Ապրիլ 1909)

Նախագահ. Ահմէտ Րիզա Պէյ

Նախագահին կողմէ հարցում ուղղուած էր Ատանայի կուսակալ Ճէվատ Պէյի տեղւոյն ջարդերուն նկատմամբ։ Կարդացուեցաւ իբր պատասխան Կուսակալին Ապրիլ 13 թուականով ղրկած հետեւեալ հեռագիրը.

«Ապրիլ 1ին Կուսակալութեան կեդրոնին մէջ Իսլամներուն եւ Հայերուն միջեւ ծագում առած խռովութիւնք երեք օր շարունակեցին, այն ատեն մեր ձեռքը գտնուած զինուորական փոքրաթիւ զօրութեամբ եւ մեծ դժուարութեամբ զինուորական հրամանատար փաշային հետ գիշեր ցերեկ աշխատելով հանդարտեցուցինք։ Մինչեւ երէկ հանդարտութիւնն ու անդորրութիւնը կը շարունակէր։ Երէկ սակայն կէս օրէն վերջն Հայոց թաղին մէջ հրազէնի պայթիւններ լսուիլ սկսան եւ Իսլամք մեծ յուզման եւ գրգռութեան մատնուելով կառավարական պաշտօնատունը վազեցին։ Անմիջապէս զինուորական ոյժեր ղրկելով պաշարման եւ հսկողութեան ներքեւ առնուեցան այն տեղերը, ուրկէ հրազէն արձակուած էր։ Ստոյգ տեղեկութիւն առնինք թէ դէպքին պատճառ եղան քանի մը Հայ ֆէտայիներ (. ՜. ՜…)։ Գիշերն ալ քաղաքին մէջ հրդեհ ծագելով թէեւ աշխատուեցաւ այս հրդեհները մարելու, բայց ի ձեռին գտնուած միջոցներն անբաւական ըլլալով եւ անկանոնութեան պատճառով ամբողջովին մարել անկարելի եղաւ։ Հազիւ թէ երէկ առաւօտ ժամանակ կանոնաւոր զօրաց քանի մը վաշտերը պահակախումբերու բաժնուելով եւ ամեն տեսակ զինուորական միջոցներ գործադրելով եռ այժմ կարելի եղաւ ընդհանուր վիճակը հանդարտեցնել. օտարահպատակներն եւ անոնց թաղերն ու հաստատութիւնները պահպանուեցան։ Շրջակայից զանազան տեղերուն մանաւանդ Հաճընի մէջ թէեւ յուզումը կը շարունակուի, բայց Միսիսի պահեստի զօրաց վաշտն երկու օր առաջ փութով Հաճըն ղրկուեցաւ, ինչպէս նաեւ խրատատու յանձնաժողով մ’ալ ղրկուած ըլլալով, սա մի քանի օրուան մէջ յուսալի է որ այն տեղն ալ հանդարտութիւն հաստատուի։ Ճէպէլը Պէրէքէթի գաւառին Տէօրթ-Եօլ անուն տեղն ալ կանոնաւոր զօրաց վաշտ մը ղրկուեցաւ յուզումն հանդարտեցնելու համար։ Յուսալի է որ այս զինուորք թէ այն տեղն եւ թէ Իսլահիյէի ու Խասայի կողմերը զսպեն. այսուհանդերձ ազդու զեկուցումներ եղան, որու որ պէտք էր։ Զսպողական միջոցներու գործադրութեան մասին մեծ դժուարութիւններ ծագեցան, որովհետեւ ցաւալի դէպքերը մեծ յուզումով եւ եռանդով սկսաւ, եւ անոնց սկզբնաւորութեան ատեն հազիւ 300 զինուորներէ կազմուած վաշտ մը զօրք կը գտնուէր եւ զէնքի ներքեւ առնուած քանի մը վաշտ պահեստի զօրքերն ալ տեղական ժողովուրդէն անկանոն եւ առանց համազգեստի մարդիք էին։ Սկզբնաւորութեան միջոցին իսկ զինուորական միջոցներ ձեռք առինք եւ որ կողմէն ալ դիմադրութիւն տեղի ունենայ զէնք գործածելու համար զօրաց հրահանգ տուինք եւ մէկ կողմէն ալ յորդոր կարդալու համար յատուկ մարմիններ շրջեցան. միայն այս զինուորական եւ այլ միջոցներուն շնորհիւ է որ կարելի եղաւ երեք օրուան մէջ հանդարտեցնել երկիր մը որ ինքնապաշտպանողական վիճակի մէջ գտնուող 50-60, 000 բնակիչ կը պարունակէր։ Դէպքին առաջին օրերուն իսկ ուղուած զօրքերն եթէ ժամանէին կարելի պիտի ըլլար անշուշտ աւելի շուտ կասեցնել։ Հետզհետէ դարձեալ տեղեկութիւն պիտի հաղորդուի»։

Տօքթ. Արիֆ Իսմէթ պէյ. Ատանայի մէջ տեղի ունեցած ոճիրները արդարեւ սրտակեղէք եղեռնագործութիւն մը կը կազմեն։ Այս միջոցին կարելի չէ ուրիշ խնդրոյ հետ բաղդատութեան դնել այս դէպքին ունեցած կարեւորութիւնը։ Մենք Օսմանցի անունով եղբայրական ձեռք երկարեցինք իրարու, խոստացանք զիրար ճանչնալ միմիայն Օսմանցիի անունով։ Պարտաւոր էինք ճշդիւ կատարել մեր ստանձնած պարտականութիւնները ձեռք բերուած ազատութեան փոխարէն։ Այս մասին երդում եւ ուխտ ըրինք, երաշխաւոր եղանք միմեանց իրաւունքներուն, կեանքին, ինչքին եւ պատիւին։ Յիրաւի ցաւ կը պատճառեն Ատանայի ջարդերը որոնց նկատմամբ լրագրոց մէջ տեղեկութիւններ կարդացինք։ Կուսակալները վարժուած են բառերու հետ խաղալով արդարանալու աշխատիլ, ուստի այժմէն իսկ կը յայտնեմ թէ Կուսակալ Ճէվատ պէյի այս տեղեկութիւններն ալ ճշմարտութեան հակառակ են. բառերու հետ կը խաղայ։ Հին վարչութեան մէջ իրենց ստացած վարժութեան համաձայն պատասխանատուութենէ զերծ մնալու համար կ’ըսէ թէ պիտի կրնար այս եղեռնագործութիւնը արգիլել եթէ ժամանակին զօրք հասնէր։ Այս խօսքերով չենք կրնար համոզուիլ ու լռել, որովհետեւ մեր հայրենակիցները, մեր եղբայրները խողխողուեցան, ջարդուեցան։ Օսմանցի անունին երբէք չի պատշաճիր որ այն խեղճերն այնտեղ թշուառութեան մէջ մեռնին ու փճանան։ Այս ջարդին, այս հոգեցունց տրամին պատճառը եւ մասնակից եղողներն ալ պէտք է պատժել։ Կուսակալներուն այս տեղեկատուութեան ամենեւին պէտք չէ վստահիլ, Ազգային Ժողովը չի կրնար անոնց պէս անտարբեր մնալ նմանօրինակ դէպքերու հանդէպ։ Կ’առաջարկեմ Ժողովիս կողմէ յանձնաժողով մը ղրկել, Ատանայի մէջ քննութիւն կատարել, ջարդին պատճառներ եղողները ամենածանր պատիժներու ենթարկել որպէս զի այլոց իբր օրինակ ծառայէ։ Անկարելի է վստահիլ կուսակալին «ազդու միջոցներ տնօրինեցի» խօսքին, երբ արիւնը գետի պէս հոսած է եւ հազարներով մարդիկ մեռած են (ծափեր)։

Նախագահ. Անկարելի է երեւակայել երեսփոխան մը որ համամիտ չի գտնուի Իսմէթ պէյի խօսքերուն։ Ձեռք առնուելիք միջոցներուն վրայ խորհրդակցութիւն կատարենք։

Վարդգէս էֆ[էնտի] Ճէվատ պէյի հեռագիրը սուտ է. իր պարունակութենէն իսկ յայտնի է, ջարդին վրայ ժողովուրդը, եկեղեցիներն ու վարժարաններն ապաստանեցաւ եւ այնտեղ կը մնար։ Ի՞նչպէս կարելի է որ 5-6 օր յետոյ այս կոտորուած ժողովուրդին մէջէն ֆէտայիներ կ’ելլեն եւ զէնք կը պարպեն։ Թուրքիոյ մէջ հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցող տեղեկատուութեան դրութեան կը հետեւին։ Յայտնի է որ այս դէպքն ալ Կ. Պոլսոյ դէպքին հետ միեւնոյն ատեն ծագում առաւ, ուրեմն միեւնոյն անիծեալ անձին գրգռումն են այս երկու դէպքերն ալ։ Եթէ Սելանիկի բանակը չի հասնէր՝ թերեւս ուրիշ տեղեր ալ գրգռէր։ Այս դէպքերուն վերադարձն արգիլելու համար պէտք է որ Ազգ[ային] Ժողովը Օսմանցի անունին վայել միջոցներ տնօրինէ։ Ա. Պէտք է այնտեղ ալ պատերազմական վիճակ հրատարակել. թէ Մայրաքաղաքս գտնուող Սելանիկի բանակէն եւ թէ Խորհրդարանիս կողմէ մէյմէկ յանձնաժողով ղրկել որպէսզի ջարդին պատճառ եղող անձերուն ինչքը գրաւէ եւ յառաջ եկած վնասները հատուցանէ։ Բ. Աւարառութեան մասնակցող մարդոց ինչքն ալ պէտք է գրաւել։ Գ. Ապտիւլ-Համիտի ինչքն ու հարստութիւնը առնելով մէկ մասը Ատանայի դէպքին զոհերուն տալու է, որովհետեւ անոր մատը կայ այս դէպքին մէջ։

Ճէնանի պէյ. Այս խնդրոյն մէջ կուսակալն ալ մասնակցութիւն ունի, հեռագիրէն յայտնի է։

 

Յետոյ կարդացուեցաւ հետեւեալ թագրիրը.

«Կ’իմացուի թէ՝ Ատանայի մէջ վերջին ջարդերը վերսկսած են։ Այս վիճակին շարունակուելուն եւ կրկնուելուն պատճառն այն է որ առաջին ջարդը գրգռողները չի պատժուեցան եւ լրջօրէն միջոցներ չի տնօրինուեցան։ Կը խնդրենք հետեւեալ միջոցները ընդունիլ, 1. Այս դէպքերը ծագում առին, որովհետեւ ներքին գործոց նախարարի խորհրդական Ատիլ, եւ Ատանայի կուսակալ Ճէվատ պէյերն իրենց պարտականութեանց մէջ թերանալով անփոյթ գտնուեցան եւ ուրիշ պաշտօնեաներ ալ մասնակցեցան ջարդին, պէտք է պատերազմական ատեանին առջեւ դատել զանոնք։ 2. Պատերազմական վիճակը տարածել նաեւ Հալէպի նահանգին, Զէյթուն, Անթաքիա եւ այլ տեղերը, ուր խռովութիւնները ծայր տուած են։ Պատերազմական Ատեանին չեզոքութիւնը ապահովելու համար այս տեղէն ղրկել զայն։ 3. Այս միջոցին պաշարման ներքեւ գտնուող Տէօրթ-Եօլ քաղաքն ազատելու համար հեռագրով անմիջապէս հրահանգներ տալ։ 4. Անօգնական այրիներն ու որբերը պատսպարելու եւ ողջ մնացողները անօթութենէ փրկելու համար բաւական գումարներ յատկացնել, եւ եթէ դժուարութիւններ կան տեղւոյն վրայ իսկ հայթայթելու համար պէտք է անյապաղ կեդրոնէն դրամ եւ ուտեստ ղրկել։ 5. Թալանի գոյքերն անմիջապէս ետ առնել եւ իրենց տէրերուն յանձնել, հրկիզեալ տուներուն թիւն ու արժէքը, սպանեալներուն թիւն ու անունները ճշդել եւ արձանագրելով տետրակները կառավարութեան յանձնել, ամէն քաղաքի մէջ խառն ու չէզոք յանձնաժողովներ կազմել։ Կ’առաջարկենք որ ժողովս այս կէտերուն նկատմամբ որոշում տալով, հիմայ իսկ գործադիր իշխանութեան հաղորդէ։ (Ստորագր. ) Վարդգէս, Տաղաւարեան, Պապիկեան, Համբարձում Պօյաճեան, Գեղամ, Ալի Ճէնանի, Արիֆ Իսմէթ եւ Իհսան»։

 

Հ. Պօյաճեան էֆ[էնտի] Կուսակալին նկատմամբ Հալէպի երեսփոխանք հեռագիրներ ստացած էին, ներքին գործոց խորհրդականին դիմում եղաւ, նկատողութեան պիտի առնենք պատասխանեց, բայց կարեւորութիւն չի տուաւ։ Երբ տեսնուեցաւ որ առաջին ջարդէն յետոյ պաշտօնեաները չի պատժուեցաւ, երկրորդ անգամ եւս պատահեցաւ։ Կուսակալին հին դրութեան հետեւողութեամբ տուած հեռագիրը կը հաւաստէ իմ խօսքերս։ Պահեստի զօրք ղրկած է, բայց անոնք ալ փոխանակ ժողովուրդը պաշտպանելու Կ. Պոլսոյ ապստամբ զօրաց նման ըմբոստ կողմին յարեցան։ Կը յուսամ թէ մեր առաջարկները կ’ընդունուի, եթէ Երեսփ[ոխանական] Ժողովս խղճմտօրէն շարժի, ամէն ինչ կը կարգադրուի։ Երբ խղճմտօրէն կ’ըսեմ, մի՛ այպանէք զիս, մինչեւ հիմա հայերն իբր կրօնքի եւ ազգի թշնամի կը նկատէինք, բայց հիմայ ամէն ոք հասկցաւ թէ՝ հայերն ամենեւին յանցանք չ’ունէին, ուստի կը յուսամ թէ յայտնի եղաւ թէ՝ սուտ կը խօսին այս կուսակալները. որոնք՝ հայերն իբր գէշ կը ցուցնեն։ Ջարդը կատարող բռնակալներն օտարներուն ալ վնասած են եւ երբ անոնք բողոքեցին, խորհրդական Ատիլ պէյ հեռագրեց թէ օտար հպատակներուն չի դպչին եւ չի վնասեն։

Տաղաւարեան էֆ[էնտի] Հեռագրուեցաւ որ հայերուն վնասեցէք, բայց օտարահպատակներուն մի վնասէք։

Վարդգէս էֆ[էնտի] Այս ցաւալի վիճակին ու դէպքերուն հեղինակները պէտք է պատժել։ Այս դէպքերն անգամ մ’ալ կը յայտնեն թէ Անատօլուի նահանգները բարենորոգման կարօտ են, ուստի կ’առաջարկեմ ամենէն առաջ Անատօլուի բարենորոգիչ յանձնաժողովին կանոնագիրը քննել։

Իսմայիլ Հագգը պէյ. (Կիւմիւլճինէ) Խորհրդականն ու կուսակալը պաշտպանելով ըսաւ թէ՝ առանց քննութեան կատարելու անկարելի է դատի ենթարկել նոյն պաշտօնատարները։

Գօզմիտի էֆ[էնտի] Յայտնեց թէ ժողովը բացատրութիւն միայն կրնայ պահանջել կառավարութենէն, բայց հիմայ խնդիրը մեծ կարեւորութիւն ունի, աւելի յարմար է Ազգ[ային] Ընդհանուր Ժողով կազմել եւ բացառիկ որոշումներ քուէարկել։

Տաղաւարեան էֆ[էնտի] Այս ջարդը կազմակերպելու համար երկու ամիս առաջ Պոլիսէն մարդիք ղրկուած են, եւ Մարտ 31ին թէ՛ այստեղ եւ թէ՛ այնտեղ միաժամանակ տեղի ունեցան դէպքերը, դարձեալ մենք, խեղճ հայերս ենք որ բազմաթիւ հարուածներ կ՚ուտենք։ Եւ երբ հայերն են որ կը ջարդուին ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ մեր դիմումին հետեւանօք փոխանակ ժողովրդեան ապահովութեան հսկելու համար հրաման տալու, կը հեռագրուի օտարահպատակները պաշտպանել։ Վարչապետին ներկայութեանը այսպէս յայտարարեցին։

Նախագահ. Չեմ յուսար որ խղճի տէր պաշտօնեայ մը միայն օտարահպատակներուն պաշտպանութիւնն հրամայէ։

Տօքթ. Րիզա Թէվֆիգ պէյ. Մեծ վտանգ մը կը սպառնայ մեզ. բազմաթիւ եւ զանազան տարրերէ կազմուած ազգ մ’ենք եւ մանաւանդ Անատօլուի ժողովուրդն ալ տգէտ է, ներեցէք բացատրութեանս, մինչեւ հիմայ իբրեւ շուն ու կատու ապրեցանք։ Հիմայ մտածեցէք թէ մեր այս անհամաձայնութիւններն որչա՜փ ճարտարօրէն իրենց նպատակներուն համար պիտի գործածեն իրենց բռնակալները։ Վստահ եմ որ հակասահմանադրականները մեծ շահ ունին իրարու իբր թշնամի ցոյց տրուած այս երկու ժողովուրդները գրգռելու մէջ։ Այս փորձանքն արգիլելու համար Ատանայի մէջ պէտք է պատերազմական վիճակ հրատարակել, ոճրագործները խստիւ պատժելու է որ ամէն մարդ հասկնայ։ Թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ այլ քաղաքներու մէջ բազմաթիւ անգործներ կան, պէտք է մտածել թէ՝ ասոնք որչափ մեծ ոյժ մը կը կազմեն։ Բռնակալ մը կամ հարուստ կուսակցութիւն կը կրնայ հինգ ղրուշով գնել անոնց խիղճը։ Զինուորագրութեան օրէնքն ալ շուտով գործադրել պէտք է։ Ֆէտայի ըսելով ի զուր չենք կրնար ամբաստանել հայերը, այո՛, հայերը ֆէտայի են, բայց ազատութիւնը վերստանալու համար մեզ օգնող ֆէտայիներ են, եւ մեր կողմէն ալ այս տեսակ վարմունք մը տեսնելով հանդերձ հայերը կը մրցին դարձեալ ուրիշ ցեղերու հետ, որպէսզի մեզմէ չի բաժնուին։ Նմանօրինակ ժողովուրդ մը ո՛ եւ է կերպով չենք կրնար ամբաստանել։ (Ծափեր)



Կիլիկիոյ աղէտին միջոցին Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովի Հայ անդամները։

Գ. Զօհրապ էֆ[էնտի] Նախ սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Րիզա Թէվֆիգ պէյի, իր խօսքերուն համար։ Պոլսոյ դէպքերը արգելք եղան որ մեր ու ուշադրութիւնը դարձնէինք Ատանայի խռովութեանց վրայ։ Մայրաքաղաքիս մէջ ամբողջ Օսմանցիութիւնը վտանգի մէջ էր, ուստի չի կրցանք հայերու վիճակին վրայ խորհիլ, բայց հիմայ սահմանադրութիւնն ու օսմանցիութիւնը վտանգէ զերծ են, հարկ է մտածել նաեւ օսմանցիներու ամենէն կարեւոր մէկ տարրին, մէկ անդամին վիճակը։ Չենք կրնար այստեղ դատել այս գործերը, որովհետեւ բաւական վաւերագիրներ չ’ունինք ի ձեռին։ Երեսփոխաններէ ոմանք Ներքին Գործոց Նախարարութեան հեռագիրէն գանգատեցան, գրած այն հեռագիրը, բռնակալութեան ոճով գրուած էր։ Ոչ թէ հայերը ջարդեցէք, այլ անդորրութիւնը վերահաստատեցէք ըսուած է, մեր մէջ շատերը գիտեն այն բռնակալութեան մէջ այս խօսքերը կը գործածուէր։ Անդորրութեան խանգարման միջոցին յարձակող եւ ինչքերը պաշտպանող երկու կողմեր կը գտնուին։ Անդորրութիւնը վերահաստատեցէք, եւ «մանաւանդ» օտարներն ու պանքաները պաշտպանեցէք ըսելով, այս մանաւանդ բառը այնտեղ շատ գէշ կը մեկնուի։ Մեծ թերութիւն մ’է որ արդի վիճակը նկատի չ’առնուեցաւ։ Կուսակալը Պալատան մարդոցմէն է, եւ այս պարագան շատ գէշ ազդեցութիւն կ’ընէ։ Երկու ստիպողական պարագաներ կը ներկայանան։ Կարելի եղածին չափ շուտ անդորրութիւնը վերահաստատել եւ օգնութիւն փութացնել հարկ է։ Այս մասին Ժողովս ձեռնհաս է որոշում տալու։ Իտալիոյ երկրաշարժէն վնասելոց հազարներով ոսկի ղրկուելու համար Ժողովս հրաման ըրաւ։ Աղէտը մեր հայրենիքին մէջ տեղի կ’ունենայ հիմա, ուստի պէտք է որոշել 20, 000 ոսկի նպաստ ղրկուի Ատանա։ Պատերազմական վիճակ հրատարակուած է այնտեղ, բայց տեղուոյն պաշտօնեաներով կազմուած պատերազմական ատեան մը ամենեւին օգուտ չ’ունի։ Նախ որոշում տանք գրելու համար Ելեւմտական Նախարարին որ 20, 000 ոսկի ղրկէ Ատանայ եւ յետոյ Կ. Պոլսէն ղրկուելիք սպաներով Պատերազմական Ատեան մը պէտք է կազմուի Ատանայի մէջ։

Էօմէր ֆէվզի էֆ[էնտի] Պահանջեց որ Կառավարութիւնը ստիպողաբար օրինագիծ մը ներկայացնէ ղրկուելիք նպաստին համար։

Զօհրապ էֆ[էնտի] Հետեւեալ թագրիրը ներկայացուց. «Ատանայի եւ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններէն վնասուողներուն իբր առաջին նպաստ վերոյիշեալ նահանգներուն կուսակալութեանց 20, 000 ոսկի ղրկելու համար կառավարութիւնն այսօր իսկ Երեսփ[ոխանական] Ժողովին առաջարկ մը բերէ, երկրորդ պէտք է պատժել մեծ ու փոքր պաշտօնեաները, երրորդ անդորրութիւնը վերահաստատելու համար բաւական զօրք ղրկուի եւ Նախարարաց Խորհուրդին ալ ծանուցուի որ անդորրութիւնը վերահաստուած է»։ Նախագահին առաջարկով որոշուեցաւ Ներքին Գործոց Նախարարին բացատրութիւնը լսել եւ ապա որոշում մը տալ։

Պահ մը դադարէ յետոյ Ներքին Գործոց Նախարար Րէուֆ փաշա եւ խորհրդականը Ատիլ պէյ ներկայացան Ժողովին։ Որովհետեւ Ատիլ պէյ աւելի տեղեակ էր եղելութեանց, յանուն Նախարարին՝ ուզուած բացատրութիւնները տուաւ ըսելով՝ «Ատանայի դէպքերը շատ ցաւալի են եւ անոնց պատճառ եղողներն ալ անիծապարտ ու եպերելի։ Ապրիլ 1ին հեռագիր առնուեցաւ թէ Ատանայի մէջ խռովութիւն եւ աւարառութիւն ծագած է։ Անմիջապէս հեռագրեցինք ամէն միջոց գործածել, պահակախումբեր եւ յորդոր կարդացող յանձնաժողովներ կազմել եւ վերջնականապէս անդորրութիւնը վերահաստատել, ինչպէս նաեւ յայտնեցինք թէ զօրք ղրկուելու համար Պատերազմական Նախարարութեան գրուեցաւ։ Յաջորդ օրերն ալ հրահանգները կրկնուեցան։ Ապրիլ Դշ. օրը Նախարարաց Խորհրդին մէջ Պատերազմական Նախարար Էտհէմ փաշա յայտնեց թէ՝ տեղուոյն զօրքը անբաւական է եւ Բ. զօրաբանակէն երկու վաշտ զօրք պիտի ղրկուի։ Կուսակալին գրութեան համաձայն երկու վաշտերն ալ անբաւական էին, ուստի խնդրեցի որ Սիլիֆքէի վաշտն ալ Ատանա ղրկուի, դժբախտաբար շոգենաւին հապաղման պատճառաւ զօրքն ժամանակին չի հասաւ եւ խռովութիւնք շարունակուեցան։ Կուսակալը նախապէս հեռագրած էր Ոստիկանական Նախարարութեան եւ սովորական իրողութիւն մը կարծելով բաւականաչափ թուով ոստիկան ուզած էր։ Իսլամք եւ ոչ իսլամք ընդհարման մէջ կը գտնուէին մինչդեռ օտարահպատակները չեզոք կը մնային, բնական է որ հրահանգ ղրկէինք օտարները պաշտպանել եւ օտար միջամտութեան ու քաղաքական դժուարութեանց պատճառ չի տալ։ Ցաւալի է որ նախարարութեան հեռագիրը սխալ մեկնութեանց տեղի տուած է, մինչդեռ հեռագիրին մէջ, ըսած էինք որ կուսակալն ու զինուորական հրամանատարը միահամուռ ոստիկան զօրքէ եւ զինուորներէ պահակախումբեր կազմեն, ժողովուրդը արգիլեն իրարու վրայ յարձակելէ եւ յարձակմանց դէմ պաշտպանեն հիւպատոսարաններն ու օտար հաստատութիւնները, ասիկա բնական էր եւ կառավարութիւնն իր պարտականութիւնը կատարեց։ Ատանա ղրկուելիք քննիչ յանձնաժողովը միայն պիտի կրնայ որոշել թէ ո՞ր կողմը նախայարձակ եղաւ։ Յատուկ Պատերազմական Ատեան մը պիտի ղրկուի եւ սկզբնապատճառ եղող անձերը պիտի պատժուին, որով այժմէն իսկ մանրամասնութեանց վրայ վիճաբանելու հարկ չի կայ։ Քանի մը օր առաջ Հայոց Քաղ[աքական] Ժողովոյ անդամները դիմում ըրին վարչապետին, հեռագիրները կարդացի իրենց եւ պատասխանեցի թէ Ատանայի մէջ հայերը սակաւաթիւ են, ուստի անկարելի է որ անոնք սկզբնապատճառ եղած ըլլան։ Ցեղերու հիման վրայ վիճաբանիլ անտեղի է, ես տեղէն առած ծանօթութիւններս միայն յայտնած եմ, բուն յանցաւորը գտնել հարկ է, հեռագրուեցաւ նաեւ անոնց բնակութեան եւ սնունդին համար պէտք եղած գումարը ծախսել։ Նախարարաց խորհուրդին մէջ ալ պիտի որոշուի թէ ապագայի համար ո՞րչափ գումար մը ծախսուիլ հարկ է, դէպքի սկզբնաւորութեան ատենն իսկ պատերազմական վիճակ հրատարակուեցաւ, կ’երեւայ թէ նոր ժամանող կուսակալը տեղեկութիւն չունի թէ՝ արդէն հրատարակուած է, որովհետեւ նորէն այդ միջոցը կ’առաջարկէ։ Ջարդուածներուն թիւը յայտնի չէ, քննութիւններէն յետոյ պիտի ճշդուի։ Այսօր (Շբ. ) Ճէպէլը Պէրէքէթէն հեռագիր ստացանք թէ անդորրութիւնը վերահաստատուած է, Թագվիմը վէգայիի մէջ պիտի հրատարակուի։ Վարչապետն ու Մահմուտ Շէվքէթ փաշա խորհրդակցութեամբ որոշեցին այս տեղէն մասնաւոր յանձնաժողով մը ղրկել։

Գր. Զօհրապ էֆ[էնտի] Երկու կերպով կարելի է ճշմարտութեան տեղեկանալ, այսինքն կամ խօսքերէն, կամ գործքէն ու վկայութիւններէն։ Խորհրդականը մեզ կը կարդայ Ատանայի կուսակալին ու Ճէպէլը Պէրէքէթի կառավարչին հեռագիրները, իբր թէ վստահելի վաւերագիրներ ըլլային։ Իրեն հարցուցին թէ մօտաւորապէս քանի՞ հոգի ջարդուած են, եւ պաշտօնի գլուխ գտնուող խորհրդականը, որ օրը տասն անգամ հաղորդակցութիւն կ’ունենայ տեղւոյն հետ, չի կրցաւ տեղեկութիւն տալ։ Ես տեղեկութիւն տամ։ Մէրսինի Ֆրանս[ական] հիւպատոսարանի թարգմանն իր եղբօրը կը գրէ Ատանայի մէջ 20-30, 000 հայեր ջարդուեցան։ Հայու մը տուած տեղեկութիւնը չի պիտի ընդունէի, բայց օտար մ’է որ կը գրէ։ Այսօր նամակ մ’ալ եկաւ թէ՝ Ատանայի մէջ հայ մը իսկ չէ մնացած եւ թէ հայոց եկեղեցին ու վարժարանն ալ այրած են։ Քիչ մ’առաջ նրբանցքներուն մէջ կ’ըսէին թէ՝ ջարդը կառավարութեան պաշտօնատան մէջ սկսած է «կեցցե՜ Սուլթան Համիտ» գոչելով։ Իրենց ամբողջ գոյութիւնը օսմանցիութեան նուիրող Հայոց վերագրեալ ապստամբութեան զրպարտութիւնը իմ ամբողջ ուժովս կը մերժեմ, բայց այս խժդժութիւնները կը յայտնեն թէ՝ նոյն զրպարտութիւնները կը շարունակուին։ Բռնակալութեան ատեն, ջարդերու միջոցին երբ հայերն իրենց կեանքը ապահովելու համար եկեղեցիները կ’ապաստանէին։ Ըմբոստացան եւ եկեղեցիներու մէջ ամրացան, կ’ըսէին, հիմայ դարձեալ կը գործածուին այս բառերը, ո՛չ թէ ամրափակուելու համար, այլ ապաստանելու համար եկեղեցին կը մտնեն։ Գանք կուսակալ Ճէվատ պէյին։ Այս մարդը պալատէն ելած է։ Բռնակալի մը հասցուցած մէկ պաշտօնեան է։ Ատանայի երեսփոխանները խնդրեցին որ այս կուսակալը փոխուի, Ֆրանսական առած մը կ՚ըսէ «կառավարել, ապագան գուշակել կը նշանակէ». ներքին գործոց նախարարը պարտաւոր էր գիտնալ կացութիւնը։ Կուսակալն այնչափ անճարակ է որ դէպքը կատարուած միջոցին իսկ քանի մը ոստիկան կ’ուզէ եւ երբ ջարդն ընդհանուր կը դառնայ այն ատեն միայն զինուոր կ’ուզէ։ Անկարելի է բարի դիտումներու վերագրել այս ապիկարութիւնը։ Ամէն գործի մէջ անփութութիւն կայ, զօրք ղրկել կ՚ուզեն, շոգենաւ չի գտնուիր, յետոյ շոգենաւը կը գտնեն, զէնք չեն գտներ, մինչդեռ անդին մարդ կը ջարդուի, հայրենիքին ապահովութիւնը այսպիսի թերի միջոցներու վրայ հիմնել կարելի՞ է։ Թշուառութեանց ենթակայ այն մարդիկն ազատել պէտք է։ Միայն «անդորրութիւնը վերահաստատեցէք» ըսելով կառավարել անկարելի է։ Կը կրկնեմ նախորդ առաջարկս եւ կը պահանջեմ որ ստիպողաբար օրինագիծներ ներկայացուին։

Խորհրդական Ատիլ պէյ. Զօհրապ էֆ[էնտի] ցաւ յայտնեց որ հեռագիրները կարդացի, կը մերժեմ այս պարագան, քանի որ ժողովին որոշումով կարդացի։

Նիսիմ Մազլեահ էֆ[էնտի] - Եթէ ձեռք առնուած միջոցներ ըսելով միայն հեռագրել կը հասկնաք, միշտ ցաւ կը յայտնուի։

Խորհրդական. Դէպքին ատեն նախարարական տագնապ կար, հայրենասիրութեամբս առանձին գործերը վարեցի։ Ի՞նչու համար այսչափ կը քննադատուիմ, անշուշտ անձնական նպատակներ կան, կը ցաւիմ (ծափեր)։

Վարդգէս էֆ[էնտի] Ժողովին այս ծափերը զիս լռելու կը դատապարտեն (աղմուկ)։ Աղմուկ մի՛ հանէ՛ք, ձեր ծափերը քաջալերութիւն են։ Հայերը իսլամ չեն, թո՛ղ ջարդուին, սատկին (բողոքի ձայներ)։ Ես խտրութիւն դնել չեմ ուզեր, դուք խտիր կը դնէք եւ չէք ձգեր որ խօսիմ, կը պահանջեմ որ յանցաւորները պատժուին եւ անմիջապէս նպաստ ղրկուի։

Այս հիման վրայ վիճաբանութիւնը քիչ մըն ալ շարունակուեցաւ եւ ի վերջոյ Ժողովն ընդունելով Զօհրապ էֆ[էնտի]ի առաջարկն, որոշեց 20, 000 ոսկի նպաստ ղրկել, Պոլսէն պատերազմական ատեան ղրկել, եւ չարաչար պատժել բոլոր պատասխանատուները։

 

(28 Ապրիլ 1909)

Կարդացուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան (Ֆէրիտ փաշա) մէկ պաշտօնագիրը, որով կը յայտնուէր թէ Երեսփ[ոխանական] Ժողովոյ մէջ Ատանայի ջարդերուն նկատմամբ վիհաբանութեան ատեն թէեւ երեսփոխան մը յայտնեց թէ 25-30, 000 հայ ջարդուած է, բայց կուսակալէն հարցուելով պատասխան առնուած է թէ ճիշտ հաշիւը քննել ժամանակի կարօտ է, այսուհանդերձ իսլամներէն 1924 սպանեալ եւ 533 վիրաւորեալ, իսկ ոչ-իսլամներէն ալ 1544 (. ՜. ՜…) սպանեալ եւ 382 վիրաւորեալ կան…։

Այս գիրը միայն իբր տեղեկութիւն կարդացուեցաւ։

 

(30 Ապրիլ 1909)

Վարչապետը գրով մը տեղեկութիւն կուտար թէ՝ Ներքին Գործոց Նախարարին տնօրինութեամբ որոշուած է Ատանա չորս հոգինոց յանձնաժողով մը ղրկել, երկուքը Հայ եւ երկուքը Իսլամ։ Ասոնցմէ երկուքը պաշտօնեայ պիտի ըլլան, երկուքը երեսփոխան։ Պէհա պէյ եւ Մոստիչեան էֆ[էնտի] այդ յանձնաժողովին անդամ անուանուած էին արդէն, եւ վարչապետական թէզքէրէով կը խնդրուէր որ Երեսփոխաններէն ալ երկու հոգի փութով ընտրուին։ Քննիչներուն համար թոշակ մըն ալ որոշուած էր։

Զէյնէլապէտին էֆ[էնտի] Բողոքեց այս կարգադրութեան դէմ, որ կրնայ եղեր ապագային պատասխանատուութիւն բերել Երեսփ[ոխանական] Ժողովին վրայ։

Արիֆ Իսմէթ պէյ. Դիտել տուաւ թէ՝ պատասխանատուութեան խնդիր չիկայ, քանի որ յանձնաժողովին պաշտօնը քննութիւն կատարել միայն պիտի ըլլայ։

Հաֆըզ Իպրահիմ էֆ[էնտի] Պահանջեց որ յանձնաժողովը ղրկուի։

Տաղաւարեան էֆ[էնտի] Առաջարկեց որ փոխանակ այս յանձնաժողովին, հինգ հոգինոց զատ խորհրդարանական յանձնաժողով մը ղրկուի։

Իսմայիլ փաշա. Երեսփ[ոխանական] Ժողովը ասկէ երեք օր առաջ հրամանատարին մէկ զեկուցման վրայ երկու Երեսփոխաններ ղրկեց Եըլտըզ, խուզարկութեան վրայ հսկելու համար։ Այսպէս ալ ամենեւին ապօրինի բան չէ յանձնաժողով մը ղրկել Ատանա։

Վէհպի էֆ[էնտի] Քանի մը օր առաջ ալ այս տեսակ առաջարկ մը եղաւ. բայց մերժուեցաւ, հիմակ այդ առաջարկը ի՞նչպէս կրնայ կրկնուիլ, եթէ գործադիր իշխանութեան վրայ վստահութիւն ունինք, անոր գործերուն վրայ գօնդրօլ ընել աւելորդ է։

Մուսթաֆա էֆ[էնտի] Ուժ տուաւ Տաղաւարեան էֆ[էնտի]ի առաջարկին եւ պահանջեց որ օրէնսդիր իշխանութեան ղրկելիք յանձնաժողովէն անկախաբար խորհրդարանական յանձնաժողով մը ղրկուի։

Եուսուֆ Քէմալ պէյ. Ի՞նչ վնաս կրնայ ունենալ այս յանձնաժողովը։ Գործադիր իշխանութեան գործին միջամտելու անպատեհութիւնը կայ միայն, որուն շատ լաւ պատասխանեց Մուստաֆա էֆ[էնտի]։ Անցեալ օր Ատանայի կուսակալէն հեռագիր մը եկած էր, որուն պարունակութեան չի հաւատացին մենէ շատեր։ Եթէ կուսակալի մը հեռագիրներուն չենք հաւատար, ո՞ւրկէ տեղեկութիւն պիտի առնենք, եթէ ոչ մեր կողմէն քննիչ յանձնաժողով մը ղրկելով (ծափեր)։

Զօհրապ էֆ[էնտի] Յանձնաժողովին ձեւին մասին կարգ մը դիտողութիւններ եղան, որոնց շատ լաւ պատասխանեցին Մուսթաֆա էֆ[էնտի] եւ Եուսուֆ Քէմալ պէյ։ Վեհպի կ’ըսէ որ այս առաջարկը մերժուեցաւ եւ չի կրնար կրկնուիլ։ Սակայն խնդիրը տարբեր կերպով կը ներկայանայ, հիմա գործադիր իշխանութեան մէկ պահանջման վրայ է որ կրկին անգամ կը զբաղինք այս խնդրով։ Պաշտօնակից մը դիտել տուաւ որ եթէ գործադիր իշխանութեան վրայ վստահութիւն ունինք, պէտք չ’է խառնուինք անոր գործերուն։ Գործադիր իշխանութեան մը վստահութիւն յայտնելէ ետք այլեւս անոր վրայ հսկողութիւն ընելու, մեր կողմէն քննութիւններ ընելու իրաւունք պիտի չ’ունենանք։ Ասկէ քանի մը ամիս առաջ երբ ամէն կողմէ կ’ըսուէր թէ՝ գաւառներու մէջ սով կայ, Ներքին Գործոց Նախարարը կը պնդէր թէ՝ սով չիկայ, այլ սղութիւն։ Հիմայ այս միեւնոյն Ներքին Գործոց Նախարարը, որ այսօր Վարչապետ է, քննիչ յանձնաժողովի մը պէտքը ցոյց կ’ուտայ, ի՞նչպէս կրնանք իր խօսքին չի հաւատալ։

Վարդգէս էֆ[էնտի] Նահանգի մը մէջ երկու տարրեր զիրար կը ջարդեն, եւ մենք հոս օրինական է, օրինական չէ ըսելով ժամանակ կ’անցնենք։ Մենք այս յանձնաժողովը երեք շաբաթ առաջ պէտք էր ղրկէինք, եւ հիմայ գործադիր իշխանութիւնն է որ մեր պարտքը մեզի կը յիշեցնէ, օրէնքի խնդիր կը հանենք։ Այս տեսակ բացառիկ պարագաներու մէջ օրէնքը ի՞նչ կարեւորութիւն ունի։ Այս խնդիրը Ատանայի խնդիր չէ, այլ Օսմանցիութեան յատուկ վէրք մը, որուն սկզբնապատճառները խորհրդարանական յանձնաժողով մը պէտք է քննէ եւ նոր տեղեկագրին համաձայն բացառիկ միջոցներ ձեռք պէտք է առնենք։ Վանէն, Մուշէն, Էրզրումէն հեռագիրներ կուգան ամէն օր…

Ձայն մը. Խնդիր մի՛ հանէք։

Վարդգէս էֆ[էնտի] (Բարկանալով) Ես խնդիր չեմ հաներ կոր, խնդիր չի հանենք, իրարու հետ գէշ մարդ չ’ըլլանք ըսելով, մինչեւ հիմայ չի խօսեցանք։ Ամեն կողմ զիրար կը կոտրեն, եւ մենք հոս մամուլի օրէնքով, Սահմանադրութեան վերաքննութեամբ կը զբաղինք։ Ես կ’առաջարկեմ որ յանձնաժողովը անմիջապէս ընտրուի եւ այսօր վաղը ղրկուի։

Թալէաթ պէյ. Յանձնաժողովին առաքման դէմ խօսեցաւ։

Էմրուլլահ էֆ[էնտի] եւ Խոնէոս էֆէնտիները յանձնաժողովին պէտքը ցոյց տուին, բայց աւելի յարմար տեսան որ զուտ խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողով մը ղրկուի։

Ալի Միւնիֆ պէյ (Ատանա). Ատանայի խնդիրը շատ կենսական է, ամենքս ալ սկզբունքով համամիտ ենք որ այս խնդիրը քննուելով բուն էութեամբը երեւան հանուի։ Ես աւելի յարմար կը տեսնեմ որ խառն յանձնաժողով մը ղրկուի։

Ի վերջոյ ձեռամբարձ քուէարկութեամբ որոշուեցաւ Վարչապետական Թէզքէրէին համաձայն խառն յանձնաժողով մը կազմել, եւ երեսփոխան անդամները գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրել։

Ժողովը անմիջապէս ձեռնարկեց քուէարկութեան եւ Նախագահը ծանոյց թէ՝ Ատանա երթալիք քննիչ յանձնաժողովին համար Երեսփ[ոխանական] Ժողովին կողմէ անդամ ընտրուած են՝ Յակոբ էֆ[էնտի] Պապիկեան եւ Շէֆիգ պէյ։

 

(10 Մայիս 1909)

Կարդացուեցաւ Վարչապետին մէկ պաշտօնագիրը, որով կը խնդրէր ստիպողաբար փութացնել Ատանայի քննիչ յանձնաժողովին անդամակցելու համար երեսփոխանի մը ընտրութիւնը, որովհետեւ Շէֆիք պէյ հրաժարած էր։

Էօմէր Ֆէվզի էֆ[էնտի] Այս քննութեան կարեւորութիւնը բացատրելով առաջարկեց որ Ժողովին Ա. Դեր Նախագահ Թալէաթ պէյն ընտրել։ Թալէաթ պէյ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ըսելով որ իրեն համար անկարելի է ընդունիլ այս պատիւը, մերժեց։ Այն ատեն առաջարկեցին փաստաբանական կաճառին նախագահ եւ Գասթէմունիի Երեսփոխան Եուսուֆ Քէմալ պէյը ղրկել։ Նախագահ Ահմէտ Րիզա պէյ յայտարարեց թէ՝ ԱՏԱՆԱՅԻ ԽՆԴԻՐՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՏԷՐՈՒԹԵԱՆՑ ՀԵՏ ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՏԵՂԻ ՏՈՒԱԾ Է եւ թէ Արտաքին Գործոց Նախարարն՝ այս մասին ամէն օր տեսակցութիւններ կ’ունենայ օտար դեսպաններուն հետ, եւ որովհետեւ Ատանայի եւ Հալէպի մէջ օտար հիւպատոսներ կան, հարկ է որ ընտրուելիք երեսփոխանը կացութեան իրազեկ ըլլայ եւ ֆրանսերէն գիտնայ։ Գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ Եուսուֆ Քէմալ պէյ։