ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ ԱՆԳԼԻՈՅ ԵՐԵՍՓ[ՈԽԱՆԱԿԱՆ] ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌՋԵՒ

Անգլիոյ խորհրդարանի անդամ Մր. Լինչ՝ Արտաքին գործոց Նախարարին հարցուց թէ՝ Ատանայի դէպքին մէջ ո՞րքան մարդ ջարդուեցաւ, անոնցմէ ո՞րչափ հայ եւ ո՞րչափ թուրք են, կառավարութիւնը այս խնդրին նկատմամբ իր հիւպատոսներէն ստացած տեղեկագիրները Երեսփ[ոխանական] Ժողովին պիտի հաղորդէ՞ թէ ոչ։

Արտաքին գործոց նախարարը պատասխանեց որ ջարդուողներու մասին ենթադրական հաշիւ միայն կրնայ ըլլալ։ Մէրսինի Անգլիական դեր հիւպատոսին ապրիլ 21 թուակիր տեղեկագրին մէջ ըսուած է թէ՝ 20, 000 հոգի ջարդուած են, որոնցմէ 600ը Իսլամ են։ Շրջականերն ալ առնելով ընդամէնը 20-25, 000 հոգի ջարդուած ըլլալու են։ Առայժմ չ’եմ կրնար ըսել թէ դեր-հիւպատոսին տեղեկագիրները Թուրքիոյ գործերուն նկատմամբ հրատարակուելիք կապոյտ տետրակին մէջ պիտի աւելցնե՞մ թէ ոչ։



Համիտիէի նահատակներէն Էվէրէկցի ՄԿՐՏԻՉ, ԿԱՐԱՊԵՏ, ՀԱՃԻ, ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՍԻՄՈՆ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ

Դժբախտաբար Երեսփ[ոխանական] ժողովներու բողոքներն ու վիճաբանութիւնները ո՛ եւ է արդիւնք չ’ունեցան եւ իրերը մնացին միշտ անփոփոխ օրուան կառավարութեան քմահաճոյքին ենթակայ…։