ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՍԱՆՊԷՅԼԻԻ [1] ՋԱՐԴԸ

Տեղացիներէն մէկը կը պատմէ՝.

«1909 Ապրիլ 2 ին Հինգշաբթի օրը իրիկուան դէմ մեր գիւղը պաշարեց 10, 000 հոգիէ աւելի բազմութիւն մը որ կը բաղկանար՝ Իսլահիէն, Քիլիսէն, Տիգրանակերտէն, Խարբերդէն, Այնթապէն, եւ Մալաթիոյ կողմերէն եկած քիւրտերէ եւ թուրքերէ։ Այն գիշերը վախու սարսափի մէջ անցուցինք։ Հետեւեալ օրը Ուրբաթ առտու յարձակումը սկսաւ գիւղին չորս կողմէն եւ մենք անմիջապէս ինքնապաշտպանութեան դիմեցինք։ Երկուստեք բուռն ընդհարումներ տեղի ունեցան մինչեւ իրիկուն։ Գիշերը հանգիստ անցուցինք եւ սակայն հազիւ թէ շաբաթ օրուան արշալոյսը ծագած էր, ընդհարումները դարձեալ սկսան. կէս օրուան ատենները յարձակումը կրկնապատկուեցաւ եւ գիւղի կրակի բռնեցին հարաւային արեւմտեան կողմի ծայրէն։ Այս միջոցին նահատակուեցան տասն եւ հինգ մարտիկներ եւ սակայն մեր քաջամարտիկ հայորդիները փոխանակ ընկճուելու ա՛լ աւելի զօրացան ու քառասունի չափ երիտասարդներ գիւղէն դուրս ելնելու քաջութիւնն ունեցան եւ խուժանին վրայ քալեցին անվեհեր։ Տասնեակ հազարաւորներէ կազմուած վախկոտ խուժանը յանկարծակիի եկած ցիրուցան եղաւ, փախաւ կատարեալ անկանոնութեամբ եւ զիրար կոխկրտելով։ Այս յարձակման միջոցին մավզէրի գնդակով մը ծունգէն վիրաւորուեցաւ մեր գիւղապետին՝ Կիրակոս աղա Քէշիշեանի զաւակը Պետրոս էֆէնտին, որ խումբին կ՚առաջնորդէր։ Վիրաւորը բերին եւ ամբողջ գիւղը սուգի ենթարկուեցաւ, սակայն պէտք չէր յուսահատիլ ու ընկճիլ, վայրկեանը փափուկ եւ սրտաճմլիկ էր։

Գիշերը վրայ հասաւ եւ վատ խուժանը մութէն օգտուելով դարձեալ պաշարեց մեր գիւղը։ Խուժանապետները բարձր ժայռերու գլուխ ելած, գիշերուան խոր լրութեան մէջ կը պոռային «Կիրակոս աղա [2], թէսլիմ օլուն թէսլիմ, վալլահի պիր թանէնիզի պիլէ սաղ պրագմայըզ»։ Առտու եղաւ եւ ի՞նչ տեսնենք խուժանին քանակը բազմապատկուած էր, այլ եւս անկարելի էր այդչափ ճիւաղներուն հետ չափուիլ։ Ժողովուրդը շուարած, ցնորած եւ վերջին աստիճան յուսահատ, որոշում տուաւ փախչիլ, փախչիլ լեռները սարէ սար եւ ձորէ ձոր, մինչեւ որ գտնուի ապահով ապաստանարան մը։ Գիւղը պարպուեցաւ եւ Կիրակոս աղայի ընտանիքէն զատ մարդ չի մնաց գիւղին մէջ։ Գիւղապետնիս ալ ճարահատ ստիպուեցաւ գիշերուան մութին մէջ գիւղը ձգել խուժանին քմահաճոյքին եւ ելնել լեռը ընտանիքով։ Հետեւեալ կիրակի օրը խուժանը կը մօտենար գիւղին եւ յուսալով որ դիմադրութեան պիտի բաղխի վերջին աստիճան վախով ու գետիններուն վրայէն սողոսկելով կը քալէր։ Վերջապէս գիւղին ամէն կողմերէն կրակ դնելով սպասեցին հետեւեանքին եւ երբ ո՛ եւ է շարժում չի տեսան, խուժեցին գիւղին մէջ։ Ալան թալանը սկսաւ եւ մենք հեռուներէն կը դիտէինք մեր տուներուն պարպուիլը, մեր ինչքերուն յափշտակուիլը եւ մեր տուներուն հրդեհուիլը։ Գիւղը աւերելէ եւ քանդելէ ետքը մարդու որսի ելան լեռներն ու անտառները։ Կատաղի գայլերու պէս օրերով հալածեցին զմեզ լեռներու վիթխարի ժայռերուն եւ խիտ անտառներուն մէջ։ Կը փախչէինք, կը փախչէինք միշտ առաջ, դէպի առաջ եւ սակայն ո՞ւր, չէինք գիտեր։ Մեր մէջէն բնականաբար շատեր սպաննուեցան, մեր վրայ թափուած գնդակներու կարկուտէն։ Ողջ բռնուած կիներէն գեղեցիկները կը զատէին եւ կը փախցունէին անմիջապէս, իսկ միւսները այրերուն հետ կը ջարդէին անխնայ։ Այս կերպով փախցուածներէն տասնեւհինգ հայուհիներ մնացին իրենց ձեռքը կրօնափոխ եւ ամուսնացած։ Իսկ մէկ հատ մ՚ալ, Ղազարին աղջիկը 18 տարեկան Մարիամ՝ բոլորովին անյայտացաւ։



Կիլիկիոյ նահատակներէն ՎԵՐ. ՆԱԶԱՐԷԹ ՀԵՂՆԵԱՆ. Այնթապի, Մարաշի եւ Էտինպուրկի վարժարաններէն շրջանաւարտ եւ բռնապետութեան շրջանին բերդարգելութեան դատապարտուած էր։

Այս ահռելի վիճակէն ազատողներս ինկանք Մարաշ եւ Ֆընտըճագ, սակայն լեռներու վրայ, անտառներու մէջ մարդկային որսը շարունակեց մինչեւ ամիս մը։

Հասան պէյլիի եկեղեցին եւ տուները այրեցին եւ երեք քահանաները՝ որոնցմէ երկուքը Կիրակոս աղայի եղբայրներն էին, սպաննեցին։ Մարդկային կորուստն է 285 հոգի եւ այսօր երկու հարիւրէ աւելի այրի կիներ մնացած են անտէր եւ շատ խղճալի վիճակի մէջ»։

Հասան պէյլիի ճակատամարտին մէջ վիրաւորուած Պետրոս Քէշիշեանի մէկ ուշագրաւ նամակը, ուղղեալ եղբօրը ի ՊԷյրութ։

Մարաշ 6/19 Ապրիլ 1912

Սիրելի եղբա՛յր [3]

Ինչպէ՞ս բացատրեմ վիճակնիս որ չի յուզուիս, մի՛ ցաւիր երբէք, ինչ որ է եղաւ։ Անթիւ խուժանի մը դէմ դրինք երեք օր, վերջապէս շաբաթ առաւօտ տեսանք որ խուժանը տասնապատկուած էր, շարունակեցինք կռիւը, մինչեւ կէսօրէն ժամ մը վերջը, այնպիսի սաստկութեամբ մը որ հրացաններու ձայնէն գիւղին շուներն իսկ սկսան իրենց ծակերը քաշուիլ։ Թէպէտ ամէն կողմէ պաշտպանուած էինք, սակայն խուժանը տկար կողմ մը գտնելով բերդը ձեռք անցուց եւ յառաջանալով սկսաւ այրել շուկան։ Տեսայ որ ճարերնիս հատնելու վրայ է, մեր տուն քաշուեցանք հայրիկին, մեր երկու եղբայրներուն եւ ուրիշ մի քանիներու հետ։ Հազար հինգ հարիւրի չափ խուժան մը պաշարեց մեր տունը, որուն շուրջը կռիւ մը ըրինք երկու ժամ անդադար, զոր չեմ կրնար բացատրել։ Թերեւս 2—3000 է աւելի հրացան պարպուեցաւ երկու կողմէն եւ յաջողեցանք ստիպել խուժանը որ նահանջէ, որոնց ետեւէն իյնալով վռնտեցինք մինչեւ տաճկաց գերեզմաննոցը որ ինչպէս գիտես կը գտնուի գիւղէն տասն եւ հինգ վայրկեան հեռուն։



ՎԵՐ. ՍՏԵՓԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ. Ալպուսթանի, Մարաշի եւ Հարունիէի քարոզիչ եղած։

Սակայն Չընարլը աղբիւրին քով, մավզէրի գնդակով մը սրունգէս զարնուելով գետին ինկայ եւ եղբայրնիս հասնելով զիս տուն փախցուց։ Մութը կոխեց, գիւղին բնակիչներէն մարդ մը չէր մնացած բացի մեզմէ, կ՚երեւէր թէ լեռը փախած էին։ Խուժանը սկսաւ պոռալ դիմացի բլուրէն, հայրիկին անունը տալով, «Կիրակոս աղա՛, յանձնուէ, գիւղին մէջ քեզմէ զատ ուրիշ մարդ չի մնաց»։ Վերջապէս ձգել փախչիլը խելացիութիւն սեպելով մէյ մէկ ձի հեծանք ու փախանք, եւ աննկարագրելի դժուարութիւններով յաջողեցանք Մարաշ հասնիլ։ Հիմա Մարաշի Գերմանական հիւանդանոցին մէջ նպաստով կ՚ապրինք։ Կը յուսամ թէ այս վերքէն պիտի ազատիմ, հայրդ , եղբայրներդ Գրիգոր ու Մատթէոս եւ փոքրիկ Յարութիւնս քովս ողջ են։ Կիներէն եւ միւս տղաքներէն դեռ լուր մը չ՚կրցանք առնել, կը յուսանք թէ տեղ մը փախած են, բայց չենք գիտեր թէ ո՞ւր։ Միւս ազգականներն ողջ թէ մեռած են, չենք գիտեր։ Լափաճլը, Պաղչէ, Գուշճու, Քէլլէր, Քիշնազ, Էնթիլլի, այրեցան եւ բնաջինջ եղան։

Վիրաւոր եղբայրդ

Պ. Ք.

Յ. Գ. Օսմանիէի մէջ հայ չի մնաց, նոյնպէս Խառնը։ Պաղչէէն միայն Գրիգոր Կէօվճեանը ազատեր է, այն ալ Հալէպ փախչելով։ Լափաճլըէն 30, Էնթիլլիէն13, Քիլլէր եւ Գուշճուէն 20 եւ պանդուխտներով 2500 հոգինոց Հասան պէյլիէն առայժմ միայն 150 ազատած են։ Խուժանը մեր տունը այրելէ ետքը դէպ ի լեռ անտառներուն մէջ յարձակեր է, եւ հօրեղբայրդ Տ. Պետրոս քահանան, հօրեղբօրորդիդ Տ. Յովհաննէս քահանան, Տ. Ներսէս քահանան ու քեռայրդ Կոստանդեանը եւ ուրիշ հայեր Գարավարքի բերդին մէջ գտնելով տանջանքներով խողխողեր է։

Նոյն

Պաղչէ եւ Իսլահիէ գաւառակներուն մէջ այրած գիւղերը։

Պաղչէէն՝

 

500

տուն

այրած

Հասան պէյլիի գիւղաքաղաքին

մէջ

120

»

»

Պաղչէ

»

75

»

»

Եանըգ տէյիրմէն գիւղին

»

130

»

»

Խառնը

»

120

»

»

Լափաճլը

»

35

»

»

Գուշճու

»

10

տուն

այրած

Սավրանլը գիւղին

մէջ

30

»

»

Գուրտլար

»

15

»

»

Գըզլաճ

»

40

»

»

Քիշնէզ

»

75

»

»

Կէօք—Չայիր

»

8

 

 

Գայփագ

»

 

Իսլահիէէն՝

45

տուն

այրած

Քէլլէր

մէջ

35

»

»

Էնթիլլի

»

10

»

»

Քիւրտ—Պաղչէսի

»

10

»

մասամբ վնասուած

Ապիտին փաշա չիֆթլիյի

»

8

 

 

Քիւրտ— Տալաղըն

»

1266 տուն այրած են

 

Վերոգրեալ գիւղերուն մէջ պատահած ջարդ, թալան եւ հրդեհներուն նկարագրութիւնները մի առ մի ներկայացնել հարկ չեմ տեսներ, որովհետեւ յիշեալ գիւղերն իրարու շատ մօտիկ ըլլալով Հասան պէյլիի վրայ յարձակող խուժանին ձեռքով կատարուած են միեւնոյն խժդժութեամբ եւ վայրագութեամբ։



[1]            Հասանպէլի Օսմանիյէն վեց ժամ հեռու հիւսիւսային կողմը գտնուող գիւղաքաղաք մ՚է, եւ 1908ի պաշտօնական մարդահամարի միջոցին ունէր 1848 Հայ բնակիչ։ . Յ. Թ. )

[2]            Կիրակոս աղան՝ Հասանպէյլիի թէ՛ աղան եւ թէ վահանն է։ Տարիքը յիսունը անցած, պարթեւահասակ, հսկայակազմ, առիւծասիրտ հայորդի մը, որուն քաջութեանն ու ճարպիկութեանը շնորհիւ էր որ Հասան Պէյլիի հայութիւնը՝ գոնէ մասամբ ազատեցաւ։ Ջարդէն ետքը՝ առաջին հոգն եղաւ իր գիւղին եկեղեցւոյն վերաշինութիւնը, զոր հազիւ թէ գլուխ հանած էր, Ատանայի կուսակալ ճեմալ պէյը փլցնել տուաւ դարձեալ միեւնոյն խուժանին ձեռքով…։  . Յ. Թ. )

[3]            «Բիւզանդիոն» թիւ 3822