ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՃԸՆԻ [1] ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ



ՀԱՃԸՆ




Հաճընի ճակատամարտին մասնակցող մը կը գրէ.

«Ապրիլ շաբաթ օրը, տեղուոյս մի քանի թուրքերէն Լէպլէպիճի Էօմէր շուկայի մէջ ատրճանակ պարպելը եւ անդին թուրք թաղին մէջ Եարփուզէն եկած Մէրճիմէկ Հիւսէին անունով մէկուն «Նէ՞ տուրիյօրսընըզ, կեավուրլարը հէր թարաֆտա գըրտըլար, հայտէն, պիզտէ պուրայը գըրաճաղըզ» պոռալը, պատճառ եղան Հաճնի խռովութեան։

Օրեր առաջ Հայաստանի կողմերը պատերազմ կայի պատրուակով տեղւոյս պահեստի զօրքերու սպայ Թէպէր էֆ[էնտի] րէտիֆ ժողվելու համար Հաճընի շրջակայ գիւղերը ելած էր. մինչդեռ պատերազմը սուտ ըլլալով, Հաճընի վրայ ըլլալիք յարձակման համար գիւղացիները ժողվելու ելած է եղեր։ Այս միջոցին Հաճըն չկար ո՛չ տեղակալ եւ ո՛չ ալ հազարապետ, միայն ծեր ու անկար հաքիմ մը կը գտնուէր որ ամենուն ալ պաշտօնը ինքը կը կատարէր։

Վերոյիշեալ Թէպէր անունով սպան, ճիշտ նոյն շաբաթ օրը կը վերադառնար ոստիկանի մը հետ, մինչ ասդին հայեր զէն ի ձեռին քաղաքին պատշպանութեանը ելած էին արտաքին յարձակման դէմ։ Ժամը 11-12ի միջոցները, Թէպէր Հաճընի հիւսիսային կողմը Ճաթախ ըսուած տեղը կուգայ, ու հայերը տեսնելուն պէս կը պոռայ. «Նէ՞ օլմուշսընըզ կեավուրլար, պունէ՞, ղուտուրմըշմըսընըզ» եւն. խօսքերով։ Ասոր վրայ հայերը կը հասկցնեն սպային որ զինեալ մարդ չենք կրնար ներս առնել, բայց այս վերջինը կը սկսի զէնք պարպել հայերուն վրայ, բարեբախտաբար Թէպէրի արձակած գնդակը պարապը կերթայ եւ հայ տղաքներու ինքնապաշտպանութեան համար նետած կապարը իր արդիւնքը ցոյց կուտայ։ Ասոր վրայ Հաճընի բնիկ Իսլամները սկսան իրենց բնակարանները թողուլ եւ ապաստանիլ Հաճընի ամենամօտ թուրք գիւղերը։ Հաճընի առաջնորդ Տ. Ներսէս Ծ. վարդապետի հրամանին համեմատ, ո՛չ մէկ իսլամի կեանքին կամ ինչքին չի վնասեցինք, թէեւ կարող էինք։

Ապրիլ կիրակի օրը, մինչ հայերս կը հսկէինք, իրիկուան դէմ Հաճընի հարաւային կողմէ 3 ժամու հեռաւորութեամբ Կիւրլէշէն ըսուած գիւղին թուրքերը Սիսէն եկող քանի մը հայ ճամբորդներէն կին  մը վիրաւորած, եւ ամբողջին ալ կեանքին սպառնացած էին։ Այս եղելութենէն ամբողջ հայերս դրդուած, ուզեցինք մինչեւ այնտեղ երթալ. սակայն կառավարութեան կողմէ երկու թուրք եւ հայերէն ալ միւսթանթըգ Մինաս էֆ[էնտի]ն ղրկուեցան նոյն գիւղը։ Հազիւ թէ Հաճընէն ժամու մը չափ կը հեռանան, երբ այդ նենգամիտ թուրքերը Մինաս էֆ[էնտի]ի երկիւղ ազդելով կը վերադարձնեն Հաճըն, եւ իրենք կ՚երթան Կիւրլէշէն ըսուած գիւղը։ Գացողները հոն վար դրուած հայ ճամբորդները ապահով ղրկեցին եւ իրենք հոն մնացին։ Հոն ժողովուրդը խաբեր են անստոյգ զրպարտութիւններով որ եբր թէ հայերը մզկիթը, կառավարութեան պալատը, զինուորական գըշլան եւ թրքաբնակ թաղը այրեր են. թուրքերը բնաջինջ ըրած են եւ մանաւանդ հաքիմին եւ այլ մեծերուն կիներն ու աղջիկները շուկաներուն եւ փողոցներուն մէջ մերկ պտտցուցեր, ստինքներէն կախեր, քաշքրտեր եւ ներբաններուն կաշիները քերթեր, եւ ասանկ կարգ մը տանջանքներով նեղեր են եւն. եւն. ։ Իրենց ընտանիքը եւ գոյքերը լեռները քարայրներու մէջ կը պահեն եւ կը պատրաստուին Հաճընի վրայ յարձակիլ։ Ասդին Հաճընի արեւմտեան կողմը հազիւ 3 ժամու հեռաւորութեամբ Քէօթիւն ըսուած Հաճի Լէօղմէն աղա անունով գիւղապետը՝ զոր ամբողջ Հաճընի եւ շրջակայի թուրքերը իբր մարգարէ կը պաշտեն, ամէն կողմի գիւղերը լրատարներ եւ զրպարտութիւններով լեցուած ազդարարագրեր ղրկած է Հաճընին մասին։ Մենք, հայերս ալ, թուրքերուն այս ամէն ըրած դիմումներուն եւ պատրաստութեանց տեղեկանալով, պէտք եղած պատրաստութիւնները տեսանք։

Ապրիլ 6 երկուշաբթի, մինչ տաճիկները գիւղերը դիմելով խուժանը դրդելու կը պարապէին, մենք ուզեցինք Հաճընի հիւսիսային կողմը հազիւ 4-5 ժամու հեռաւորութեամբ գտնուած Ռումլուցի հայերը ազատելով Հաճըն բերել։ Այս նպատակով առաջարկեցինք հարիւրապետ Էօմէր էֆ[էնտի]ին, որ քանի մը զինուոր տայ մեզի։ Էօմէր էֆէնտին յօժարեցաւ, եւ հրամայեց գըշլան գտնուող 4րդ հարիւրապետ Իպրահիմին որ տայ 15 հատ զինուոր։ Երբ հրամանագիրը ներկայացուցինք յիշեալ Իպրահիմ էֆ[էնտի]ն «Ես զինուորներէն հատ մը իսկ չեմ տար», ըսելով մերժեց։ Ասոր վրայ Էօմէր էֆէնտին ստիպուեցաւ պալատին մէջ գտնուող զինուորներէն 14 հատ տալ։ Գաիմագամ վէքիլի հաքիմը ընկերակցութեամբ Հաճընի Հայ-Կաթոլիկներու Առաջնորդ Տ. Յովհաննէս վարդապետի եւ 50է աւելի հայերու գնաց հոն։ Հազիւ թէ երկու ժամու չափ կը հեռանան Հաճընէն, հայերը երկմտելով թէ գուցէ գիւղը գացած ատեն զինուորները թուրքերուն միանալով ջարդեն Հաճընի կիները, կ՚առաջարկեն հաքիմին՝ փոխել հայոց չախմախլիները զինուորներուն մարթիններուն հետ։ Հաքիմն ալ կասկած չ՚արթնցնելու մտօք, կ՚առնէ զինուորներէն մարթին եւ փամփուշտները եւ կը փոխէ հայոց չախմախլիներուն հետ, եւ կը շարունակեն իրենց ճամբան։ Քիչ անդին՝ Ղասէլ Օլուխ ըսուած տեղը երբ կը հասնին, ահա կը տեսնեն որ Ռումլուի հայերը հետիոտն, խղճալի վիճակով կուգան դէպ ի Հաճըն, իմացնելով թէ Հաճընցի թուրք մը գիւղացիները դրդած եւ անոնց առջեւ ինկած «հայտէ եավրուլարըմ, սիզէ ինսան էթի եէտիրէճէյիմ, կեամուրլարըն իզի գալմատը, գըրալըմ, քէսէլիմ» եւն խօսքերով գիւղը կողոպտեր է։ Այլ եւս առաջ երթալու հարկ չէ մնալով, կ՚ուզեն ետ դառնալ, միայն հաքիմը երկու զինուորներու հետ կը յառաջանայ դէպ ի գիւղ։ Միւսները եկան Հաճըն։ Օր ըստ օրէ վտանգը սաստկանալու վրայ էր։ Հայերը որսի հրացաններէ զատ ուրիշ զէնք չ՚ունենալով՝ ստիպուած ետ չի տուին զինուորներուն մարթինն ու փամփուշտները, որոնցմէ իւրաքանչիւր թապեայի մէյ մէկ հատ տրուեցաւ։

Ապրիլ 7 ին, երեքշաբթի, տագնապը երթալով իր սաստկութիւնը նշմարել կուտար, որուն իբր դարման աւելի զէնք ձեռք ձգելու համար՝ փափաքեցանք զօրանոցը գտնուող մարթինները ուզել։ Ահա ասոր համար Հայերս խումբերու բաժնուած զօրանոցը շրջապատեցինք եւ Առաջնորդ Տ. Ներսէս Ծ. Վարդապետն ալ կառավարութեան պալատ իջաւ եւ խնդրեց 3րդ հարիւրապետ Էօմէր էֆէնտիէն որ մարթինները առժամանակեայ կերպով Հայերուն յանձնուին, դրսէն եկող խուժանին դիմադրելու համար։ Էօմէր էֆէնտին եւ ամբողջ թուրքերը իրենց այս պաշարումը տեսնելով, եւ իրենց վստահած խուժանին մինչեւ այն ատեն իրենց օգնութեան չի հասնելէն շուարած, սկսան «աման գարտաշլար, պիզտէն սիզէ քէմլիք եօգ, ճիւմլէսի շայա տըր, նէ՞ վար, նէ՞ օլմուշ», երկիւղալից խօսքերով երդում ընել եւ ըսել թէ մարթինները ուրախութեամբ պիտի յանձնուէին Հայերուն, սակայն տէրութեան պատուոյն կը դպչի։ Ասոր վրայ թուրքերը լուր ըրին գիւղերը, օգնութեան հասնիլ։ Կառավարութիւնը լուր տուաւ Հայերուն թէ հարիւրի չափ պաշտպան զինուորներ պիտի գան Հայերը խուժանին դէմ պաշտպանելու համար։ Արդէն Հայերը պատրաստ էին թափել իրենց արեան մինչեւ վերջին կաթիլը, եւ երբէք վախ չ՚ունէին։

Ապրիլ 21ին, Չորեքշաբթի օրը թուրքերը իրենց ըրած դիմումներուն պտուղը սկսան քաղել հետզհետէ ու զօրանալ։ Քէօթիւնի թուրքերէն հարիւրներով՝ Հաճընի հարաւային արեւմտեան կողմը Չալգան կոչուած այգեստանի կողմէն յարձակում գործեցին, եւ բլուրներուն վրայ արածող այծերուն երամը քշելով տարին։ Հայերը յարձակեցան խուժանին վրայ եւ ետ առին այծերը՝ երկու հոգի զոհ տալով։ Անոնցմէ սպաննուածներուն թիւը չի հասկցանք։



MISS ROSE LAMBERT. ՄԻՍ ՌՕԶ ԼԷՄՊԸՐԹ. Հաճընի ամենամեծ եւ անձնուէր բարերարուհին է այս օրիորդը, որ երկար տարիներ կատարեալ գուրգուրանքով խնամեց բազմաթիւ երկսեռ որբեր եւ անմոռանալի ծառայութիւններ մատոյց Հաճընի պաշարման միջոցին։ Օր. Ռօզ Լէմպըրթ՝ Ամերիկա վերադառնալով սիրուն գրքոյկ մը հրատարակեց, «Hadjin and the Armenian Massacres» անունով, որուն մէջ ամփոփած է Կիլիկիոյ ջարդը, մանաւանդ Հաճընի պաշարումը։

Թէեւ զէնքերու ձայնը՝ ահ ու սարսափ ազդեց հասարակութեան, սակայն քիչ վերջը երկիւղները փարատեցան ու կռիւը խաղալիք թուեցաւ։

Խուժանը ցրուեցինք, սակայն գիտնալով թէ մեր կեանքերը վտանգէն ազատած չէին տակաւին, արթնութեամբ կը հսկէինք։ Գիշերը սկսաւ այգեստանի հիւղակներուն հրկիզումը։ Հայերուն մնաց թապեաներէն չի հեռանալ։ Ամէն կողմէ հրացանի գնտակներ կարկուտի պէս կը տեղային մեր վրայ, եւ մենք ստիպուած էինք պաշար ստանալու համար տուներու պատերը ծակելով՝ իրարու այցելել։

Թիւֆէնքճի Տիգրանը եւ անոր օգնական Ապտեան Համբարձումը. Պօյնուեօղունեան եւ Ղօլսուզեան վարպետները ամէն վտանգ աչքի առած աշխատեցան, տարիներէ ի վեր ժանգոտած եւ խանգարուած չախմախլըները նորոգելով։ Մանաւանդ յիշողութեան արժանի է Եարփուզլի զատէ Մէհմէտ վարպետը, որ այդ տագնապալից օրերուն՝ վերոյիշեալ Աճէմեան Տիգրան վարպետին հետ Հայերուն չախմախլըներուն նորոգութեան աշխատեցաւ անվարձ եւ յօժարակամ։ Այս վտանգաւոր ու պաշարեալ վիճակին մէջ ամէն կողմ հեռագիրներով մեր վիճակը պարզել կը ջանայինք, բայց ի զուր, որովհտեւ մեր հեռագիրները չէին հասնէր։ Ամերիկուհի Միս Ռօզ Լէմպըրթի [2] կողմանէ հեռագիր մը հեռագրատուն տանելով վերադարձին տեղուոյս Բող[ոքական] Հայերէն դերձակ Սիյահեան Յարութիւնը երեք գնդակով սպաննուեցաւ։ Տեղւոյս Առաջնորդ Տ. Ներսէս Ծ. Վարդապետը իր կեանքը Ազգին նուիրած, այս կարկուտի պէս տեղացող կապարներու մէջէն հեռագրատուն եւ այլ պէտք  եղած տեղերը կը դիմէր անփամբ, ամէն վտանգ աչքի առած։



Աղէտի միջոցին Հաճընի Առաջնորդ ԳԵՐ. Տ. ՆԵՐՍԷՍ Ծ. ՎԱՐԴ[ԱՊԵՏ] ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ (հիմա Եպիսկոպոս)

Վերջապէս մեր հեռագիրներէն [3] մէկքանին Ատանա կը հասնի, եւ կուսակալը՝ որպէս թէ Վահգայի հազարապետին կը հրամայէ օգնութեան գալ։ Սակայն այս մարդը գալուն պէս խուժանը գրգռեց ու քաջալարեց։ Գուցէ այսպէս հրահանգուած էր։ Հայերը՝ սակայն առանց վհատելու շարունակեցին իրենց ինքնապաշտպանութիւնը մինչեւ Ապրիլ 13։ Ապրել 14ին Վահգայի հազարապետը  50 ոսկի կը խոստանայ անոր, որ պիտի համարձակէր Հաճըն մտնել, եւ կրակ ձգել։ ՄԷկը կ՚ստանձնէ այս գործը, եւ խուժանին սաստիկ յարձակում գործած միջոցին երբ մենք զբաղեալ էինք թշնամին վանելու, այս սեւ հոգին կը յաջողի մտնել ներս, եւ քարիւղով կրակ տալ Կառավարութեան շէնքին դէմ գտնուող Հայոց թաղին։ Բարեբախտաբար հրդեհը մեծ համեմատութիւններ առնելէ առաջ՝ կրցանք մարել զայն։ Ասոր վրայ դարձեալ սկսանք հեռագիրներ տեղացնել ամէն կողմ։ Վերջապէս լուր տարածուեցաւ Ապրիլ 15ին թէ՝ Միսիսի բանակը պաշտպանութեան կուգայ մեզի։ Կէս օրին ատենները Միսիսի հազարապետը, Լութֆի պէյ՝ Ս. Սարգիսի լերան ստորոտը հասաւ, ուրկէ կը դիտէր Հաճընը։ Այլ եւ այլ նշաններով կ՚ուզէր հասկնցել թէ զմեզ պաշտպանելու կուգար։ Հաճընցիք չի հաւատացին։ Հազարապետը մէկը ղրկեց ըսելով, թէ ինք Միսիսի վաշտով օգնութեան եկած էր Հաճընցիներուս։ Չիլ-օղլուեան Իսկուհի անունով հայ կին մը՝ ճերմակ կտաւ մը իբր դրօշակ բռնած ձեռքը, արիաբար դուրս ելաւ Հաճընէն, եւ գնաց հազարապետին քով՝ ստուգելու եղելութիւնը։ Իսկուհի հանըմ՝ համոզուելով թէ հազարապետը իսկապէս Հաճընը պաշտպանելու կուգար, առաջնորդեց զայն իր բանակով դէպ ի կառավարչատունը, ուրկից փողերը ամէն կողմ խաղաղութիւն յայտարարեցին։ Հայերը՝ Ներսէս Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ գացին հազարապետին քով, որ ապահովցուց զանոնք թէ այսուհետեւ խաղաղութիւն պիտի տիրէ։ Քիչ մը ժամանակ անցնելէն վերջ հեռագիր մը կարդաց աւետելով կարմիր Սուլթանին գահընկեցութիւնը, եւ Սուլթան Մէհմէտ Րէշատի գահակալութիւնը, զոր բարեմաղթութիւններով եւ բուռն ծափահարութիւններով ընդունեցինք։ Տասն երկու օր տասնեակ հազարաւորներէ բաղկացած խուժանին դէմ քաջաբար դիմադրելէ ետքը ազատեցանք։



Լութֆի պէյ՝ իր զինուորներով Հաճընի պաշտպանութեանը կուգայ

Յետոյ ժողովուրդը Առաջնորդին եւ հազարապետին ընկերացութեամբ գնաց Հաճընի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Լութֆի պէյ Առաջնորդարանի սրահէն շատ մը բարի խօսքեր ըսաւ գաւիթին մէջ խռնուող բազմութեան, Սրբազան Առաջնորդն ալ շինիչ քարոզ մը տուաւ։

Լութֆի պէյի մեկնելէն վերջ սկսան խուզարկութիւններ կատարուիլ, եւ անմեղ հայեր ձերբակալուիլ։ Շատ մը հայեր չարաչար տանջանքներու ենթարկուեցան իբրեւ խռովարարներ»։



[1]            Ատանայի հիւսիւսային կողմը գտնուող եւ Կիլիկիոյ ամենէն հայաշատ քաղաքն եղող Հաճընն ունի 5000 տուն Հայ բնակիչ, Բռնապետութեան շրջանին Կիլիկիոյ շրջանակէն ամենէն աւելի խստութեան ենթարկուող եւ միշտ կասկածի տակ գտնուող քաղաքն էր, որուն բնակիչներէն հարիւրաւորներ բանտ կը թխմուէին կամ Ատանայի բանտը կը փոխադրուէին առանց պատճառի եւ լոկ օրային կասկածներով։ Կիլիկիոյ ջարդին մէջ ամենէն աւելի վնասուողն եղաւ Հաճընը, որուն 3000 քաջերը զոհուեցան Ատանայի շրջակայ գիւղերուն մէջ եւ որոնց բազմաթիւ ընտանիքները այսօր արիւն արցունք կուլան։ Հաճընի երբեմնի շէն թաղերը եւ կորիւններու բոյները այսօր որբերով եւ այրի կիներով լեցուած են։ . Յ. Թ. )

[2]            Հաճընի ճակատամարտին մէջ ամենամեծ անձնուիրութիւն ցոյց տուաւ Ամերիկուհի Միս Ռօզ Լէմպըրթ, որուն կողմէ Մէրսինի Անգլիական Հիւպատոսին գրուած ամենախիստ հեռագիրներուն շնորհիւն էր որ Հաճընը ազատեցաւ։ . Յ. Թ. )

[3]            Հաճընի պաշարման միջոցին բարեբախտաբար հեռագրական պաշտօնեան Հայ երիտասարդ մ՚էր Կարապետ էֆ[էնտի] Էվիխանեան, որուն ծառայութիւնները անմոռանալի յիշատակ մը թողուցին։ . Յ. Թ. )