Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԷՅԼԱՆԻ ԴԷՊՔԸ

«Պէյլանի շուրջը գտնուող Աթըգ, Գանլը տէրէ, Սարը Չընար, Սօղանճը, Մէզկիթէօնի եւ Հաճի Մուսալը գիւղերուն քրիստոնեաները՝ իրենց ունեցածը, յարձակող քիւրտերուն ձգելով փախան եւ դժուարաւ Պէյլան ինկան։ Այս գիւղերը ամբողջապէս թալանելով այրեցին։



Քէսապի ջարդէն փախչելով՝ օրերով լեռները մնացած զոյգ մը բոյնեկորոյս հայորդիներ ՊԻԹԻԱՍՑԻ ԵՐԵՄԻԱ ՐԷՆՃԻԼԵԱՆ եւ ԴԱՆԻԷԼ ՉԱՓԱՐԵԱՆ (աղէտալի ցնցոտիներով)։

Պէյլանի ժողովուրդը՝ այս սոսկալի դէպքէն սարսափած տուն քաշուեցաւ եւ Ապրիլ 5էն մինչեւ 10 տուն մնաց։ Մեր պաշտպանութեանը համար կառավարութեան եւ Հալէպի նահանգի կեդրոնին դիմեցինք, ուրկէ 9 զինուոր ղրկուած էր մեր պաշտպանութեանը համար։ Պէքիր չավուշի հրամանին տակ գտնուող այս փոքրաթիւ զինուորները՝ Հալէպէն Պէյլան հասած ատեն Աթըգի գիւղի կողմերէն բազմաթիւ խուժան մը յարձակեցաւ Պէյլանի վրայ։ Մեր պաշտպանութեան ղրկուած 9 զինուորները կատարեալ անկեղծութեամբ եւ անձնուիրութեամբ դէմ ըրին ահագին խուժանին։ Գաիմագամ պէյին անկեղծ ջանքերուն շնորհիւ Գըրըգ խանի մէջ գտնուող 40 զինուորներն ալ հոն հասան եւ Աստուծոյ օգնութեամբ ազատեցանք։

Պէյլանի շրջակաները՝ քրիստոնեաներէն Աթըգի մէջ 4 եւ ճամբաները 3 հոգի սպաննուեցան»։



Հալէպէն Ատանա եկած միջոցին Համիտիէի մէջ նահատակուած կառապան ՔԻԼԻՍՑԻ ՄԻՀՐԱՆ ՉԱՓԸՆԵԱՆ (1886-1919)։