ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՒՎԷՅՏԻՈՅ [1] ԴԷՊՔԸ

«Սիւվէյտիա գիւղախմբին քրիստոնեաները շերամաբուծութեան համար ամէն տարուան պէս դարձեալ Անթաքիոյ կողմերը գացած էին, այս խեղճերը ամբողջութեամբ ջարդուեցան Անթաքիոյ եւ շրջականերուն ջարդին մէջ։

Քէսապի ջարդէն ետքը խուժանը յարձակիլ փորձեց Սիւվէյտիոյ վրայ, եւ սակայն բարեբախտաբար նոյն ատենը Սիւվէյտիոյ նաւահանգիստը ժամանած Անգլիական մարտանաւի մը ներկայութիւնը սարսափեցուց զիրենք եւ ետ դարձան։ Այսպէս ազատեցաւ Սիւվէյտիոյ հայութիւնը անխուսափելի ջարդէ մը։

Սիւվէյտիոյ մէջ քրիստոնեաները չի ջարդուեցան, եւ սակայ դուրսերը գտնուող 500ի չափ հայեր բնաջինջ եղան։ Ժողովուրդը ենթարկուած վտանգէն սարսափած օրերով լեռներուն գլուխը մնաց եւ թշուառութիւնը ծայր աստիճանին հասաւ։

Աղէտին սարսափը բաւական անցնելէ ետքը Սիւվէյտիոյ միւտիրը սկսաւ սպառնալիքի, պահանջելով մեզմէ կարգ մը երեւակայական զէնքեր։

Ասիի գետը՝ անթիւ անհամար դիակներ կը տանէր դէպ ի ծով, նուիրելու համար անշուշտ քաղաքակիրթ աշխարհին»։



[1]            Սիւվէյտիա՝ Անթաքիայէն վեց ժամ դէպի հարաւ գտնուող ծովեզերեայ գիւղախումբ մ՚է, որուն հինգ գիւղերը հայաբնակ են, եւ որոնք կը զբաղին շերամաբուծութեամբ։ . Յ. Թ. )