ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՋԱՐԴԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ՃԷՎԱՏ ՊԷՅԻ ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐԸ

Ատանա1 Ապրիլ1325 (1909 )

Ներքին գործոց նախարարութեան

«Ոստիկաններէ, ժանտարմաներէ եւ կանոնաւոր զօրքերէ բաղկացած գիշերապահ խումբերը երէկ իրիկուընէ ի վեր քաղաքին զանազան մասերուն մէջ կը շրջին։ Հակառակ ասոր սարսափը բոլորովին փարատած չ՚է։ Ապացուցած է որ եկեղեցիէին եկած լուրերուն վրայ՝ Հայերը գոցած են իրենց խանութները, զորս առաւօտուն բացած էին։ Այս ընթացքը տեսնող իսլամներն ալ նոյն ընթացքին հետեւած են։ Զինուորական հրամատարին եւ իսլամ երեւելիներու ներկայութեան հարկ եղած խորհուրդ եւ յանձնարարութիւնները տրուած են։ Քրիստոնեայ երեւելիներն ալ իրենց կարգին հրաւիրած են գալու, ասոնց գալուն կ՚սպասուի միեւնոյն անհրաժեշտ յանձնարարութիւնները իրենց ալ ըլլալու համար»։

Ատանայի կուսակալ ՃԷՎԱՏ




Մուսթաֆա Զիհնի փաշայի յաջորդող ԱՏԱՆԱՅԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ՃԷՄԱԼ ՊԷՅ։

֎

Ատանա 1 Ապրիլ 1325

Ներքին գործոց նախարարութեան,

«Առտուընէ ի վեր տիրող խռովութիւնները իրիկունը մասամբ դադրեցան։ Խաղաղութեան համար պէտք եղած միջոցները ձեռք կ՚առնուին։ Նահանգիս պատկանող Լիվաներուն մէջ կարգ ու կանոնը ապահովելու համար պահեստի վաշտեր մաս առ մաս զէնքի տակ առնուեցան։ Սիսէն եւ Թարսուսէն սպասուած 150 պահեստի զօրքերով՝ պահակազօրքերն աւելի պիտի ուժովնան»։

Ատանայի կուսակալ Ճէվատ

֎

Ատանա 1 Ապրիլ1325

Ներքին գործոց նախարարութեան,

«Համիտիէ մէջ ալ խռովութիւններ ծագած ըլլալով, հոն ալ ջարդ եւ թալան սկսած են։ Եարփուզի պահեստիներու վաշտէն՝ տեղւոյն վրայ զինուորներ ղրկուելու համար հրամաններ տրուեցան պէտք եղած տեղերը։ Գրեցինք՝ որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար անհրաժեշտ խորհուրդներ տալով՝ կարելին ընեն։ Հոս հրացանաձգութեան աղմուկները կը շարունակուին»։

Ատանայի կուսակալ Ճէվատ

֎

Ատանա 1 Ապրիլ1325

Ն. Գ. նախարարութեան. (կարեւոր եւ ստիպողական)

«Նահանգին ներքին մասերուն մէջ խռովութիւնները մեծ համեմատութիւններ  կ՚առնեն, անհրաժեշտ նկատուեցաւ զինուորական վաշտերը իրենց տեղերուն մէջ պահել։ Հաստատուած ըլլալով որ պատրաստ ոյժին բուն ջոկատը ժամանակին եւ կացութեան պահանջներուն չի համապատասխաներ, հրամատարին հրամայուեցաւ անմիջապէս զէնքի տակ կոչել Սիլիֆքէի պահեստիներուն վաշտը, որոնք Բ. Զօրաբանակին կը պատկանին եւ Մէրսինի ճամբով Ատանա ղրկել»։

Ատանայի կուսակալ Ճէվատ

֎

Ատանա 2 Ապրիլ1325

Ն. Գ. նախարարութեան. —(կարեւոր եւ ստիպողական)

«Կը ծանուցուի թէ Համիտիէ եւ Մէրսինի մէջ ալ խռովութիւններ ծագած են։ Կանչուած զօրախումբերուն հրամայուեցաւ կարգը վերահաստատելու համար աշխատիլ։ Նահանգիս կեդրոնը այս առաւօտ գրգռութիւնը եւ յարձակումները վերսկսան։ Թէեւ կ՚աշխատինք քիչ առ քիչ շատցող ոյժերու միջոցաւ՝ տիրող մտայնութիւնը մեղմել, սակայն դեռ չէ նուազած, որովհետեւ պահեստի զօրաբաժնին ջոկատներուն տեղափոխութիւնը շատ դժուար է եւ յապաղումներու կ՚ենթարկուի։ Շատ լաւ պիտի ըլլար ՊԷյրութէն ստիպողաբար մէկ կամ երկու վաշտ կանոնաւոր զօրք ղրկել, այստեղի եւ Մէրսինի որ օտարներու եւ հիւպատոսներու բնակավայրն է գունդերը զօրացնելու համար»։

Ատանայի կուսակալ Ճէվատ

֎

Ատանա 2 Ապրիլ 1325

Ներքին գործոց նախարարութեան.

«Մէրսինի Անգլիական հիւպատոսը, որ երէկ իրիկուն երկաթուղիով Ատանա եկած էր, ըսաւ ինձ որ քաղաքը պիտի շրջագայի, հակառակ անոր որ զօրաբաժնին հրամատարը իրեն ծանուցած էր՝ քաղաքին ենթարկուած յեղափոխական վիճակին պատճառաւ նմանօրինակ ձեռնարկի մը վտանգաւոր ըլլալը, սակայն անիկա իր մտադրութեան վրայ պնդեց եւ մէկ սպայ ու 10 զինուորներու հետ ճամբայ ելաւ։ Անիկա այս առաւօտ վերադարձաւ եւ նախապէս իրեն հետեւողներէն զատ հետն առաւ նաեւ ժանտարմաներու հրամատարը եւ նորէն մեկնեցաւ դէպի քաղաքին ներսերը։ Դեռ չէ վերադարձած։ Քաղաքիս շատ մը թաղերուն մէջ հրդեհներ ծագած են եւ ներկայիս հրշէջ միջոցները կը պակսին»։

Ատանայի կուսակալ Ճէվատ

֎

Ատանա 3 Ապրիլ 1352

Ներքին գործոց նախարարութեան.

«Այս գիշեր թէեւ Ատանայի խռովութիւնները քիչ մը մեղմացած կ՚երեւին, բայց քաղաքին զանազան մասերուն մէջ սարսափելի հրդեհներ կը շարունակուին եւ նահանգին ամէն կողմերը բացի սանճագէ մը համակ խռովութեան մէջ են։ Նախարարութիւնը գիտէ թէ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուին կուսակալութեան ոստիկան-զինուորները եւ ոստիկանական կազմակերպութիւնը։ Բացարձակապէս անկարելի է ապահովութեան պաշտօնեայ մը մէկ տեղէն ուրիշ տեղ մը փոխադրել։

Չորս գիշեր է զօրախումբերու հրամատարին հետ զինուորական թաղը կը գտնուիմ։ Ո՛չ միայն անհատնում զբաղումներու պատճառաւ չենք կրցած քնանալ, այլ եւ ժամանակ իսկ չենք ունեցած ուտելու այն չոր հացը զոր դժուարաւ կրցանք հայթայթել։ Կացութիւնը շատ վտանգաւոր է։ Կարգը պահպանելու համար զէնքի տակ կանչուած Գարա-Իսալուի եւ Թարսուսի ջոկատներուն մարդիքը՝ պատրուակելով որ իրենց գիւղերը յարձակումի ենթարկուած են՝ իրենց զէնքերովը ցրուած են, եւ Թարսուսի գունդերն ալ բռնի շոգեկառք մտնելով նմանապէս մեկնած են։ Իսկէնտէրունի պահեստիներու 60 գումարտակը մարդէն աւելի չի ղրկեր Ճէպէլը-Պէրէքէթ, որովհետեւ Իսկէնտէրունի մէջ գերագրգռութիւնը եւ շարժումը սկսած են։ Նիզամիէներու վաշտին երեք հարիւր մարդիքը չորս օրէ ի վեր բաժնուած բազմաթիւ կէտերու վրայ ուր որ հսկողութիւնը անհրաժեշտ է, բայց ոչ իբրեւ պահապան զօրք այլ գիշերապահ (պէքճի)։ Եթէ քանի մը օրէն թերեւս վաղը անոնք ցրուին, այլեւս տրամադրելի ոչ մէկ ոյժ կը մնայ։ Մէրսինի կացութիւնն ալ մտահոգիչ է։ Բնակիչները երեք օրէ ի վեր կառավարչատունը պաշարած են եւ զէնք կը պահանջեն։ Հիմա ուրեմն երկու վաշտ շուտով ղրկուիլը շատ անհրաժեշտ եւ ստիպողական է»։

Ատանայի կուսակալ Ճէվատ

֎

Ատանա 8 Ապրիլ 1325

Ներքին գործոց նախարարութեան.

«Չորս օրէ ի վեր նահանգին կեդրոնը խաղաղութիւն կը տիրէ։ Որով մինչեւ ցարդ գոցուած վաճառատունները կը բացուին եւ գործաւորները իրենց գործերուն կ՚երթան»։

Ատանայի կուսակալ Ճէվատ

֎

Ատանա 13 Ապրիլ 1325

Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովոյ նախագահին

«1325 Ապրիլ 1 ին կուսակալութեանս կեդրոնին մէջ՝ միւսլիւմաններու եւ հայերու մէջ ծագած խռովութիւնները տեւեցին երեք օր։ Այս պահուս տրամադրելի զինուած ոյժով եւ հրամանատարին օգնութեամբը երկար դժուարութեանց գիշեր ցորեկ հանդուրժելէ ետք կարելի եղաւ առաջքը առնել։ Մինչեւ երէկ անդորրութիւն կը տիրէր։ Երէկ կէս օրուան մօտ հայկական թաղերու մէջ նոր պայթումներ լսուեցան, ինչ որ յուզում եւ խռովութիւն սերմանեց Իսլամ բնակչութեան մէջ, որոնք սկսան կառավարական պաշտօնատունը խուժել։ Անմիջապէս զինուորներ ղրկուեցաւ եւ պայթումներ լսուած թաղը պաշարուեցաւ։

Արժանահաւատ կերպով տեղեկացանք թէ մէկ քանի հայ ֆէտայիներ էին խլրտում հանողները։

Գիշերը հրդեհ ծագեցաւ քաղաքին մէջ երկու տեղեր, հակառակ՝ առաջքը առնելու համար վատնուած ջանքերուն, գործը չափազանց ծանրացաւ եւ դժուարացաւ։ Խռովութեան առաջքը առնելու եւ հրեդհը մարելու համար, մեր ձեռքը գտնուած միջոցները անբաւական էին։

Միայն երէկ առտու հասնող մէկ քանի կանոնաւոր զօրաբաժիններ՝ պահակախումբերու բաժնուելով եւ ձեռք առնուած զինուորական զանազան միջոցներով առ այժմ կարելի եղաւ խռովութիւնը հանդարտեցնել։

Ժողովուրդը՝ թաղերը ինչպէս նաեւ օտար հաստատութիւնները պաշտպանած է։

Խռովութիւնը Հաճընի ինչպէս նաեւ նահանգիս զանազան կողմերուն մէջ կը շարունակուի։

Կը յուսացուի թէ Հաճընի մէջ խաղաղութիւնը պիտի վերահաստատուի, նկատելով որ Սիսի պահեստիները, ինչպէս նաեւ մարմին մը որ պաշտօն ունի հաշտութիւն կնքելու, ղրկուած են մէկ քանի օր առաջ։ Նիզամիյէ զօրաբաժին մը ղրկուած է Տէօրթեօլի եւ Ճէպէլը Պէրէքէթի բնակչութեան մտահոգութիւնը ցրուելու համար։ Այս զօրաբաժիններ կարող են կարգը վերահաստատելու Տէօրթեօլի, Ճէպէլը Պէրէքէթի եւ Իսլահիյէի մէջ, հետեւապէս այս մասին պէտք եղած հրահանգները տրուեցան։

Կացութիւնը շատ ծանրացած եւ գրգռութիւնը ծայր աստիճանին հասած էր։ Միայն 300 հոգինոց կանոնաւոր զօրաբաժինի մը պատրաստ գտնուիլը, զէնքի տակ կոչուած պահեստիներու անվարժ եւ անկանոնութիւնն ու համազգեստ չունենալը պատճառ եղան դժուարութեանց։

Երկրին երեք օրուան մէջ խաղաղիլը՝ որ  50-60 հազար բնակիչներ այս ու այն կողմ յարձակմանց ենթակայ էին, պարզապէս օրէնքի անսաստողներու վրայ՝ որ կողմին որ պատկանին կրակելու համար զօրախումբերու տրուած հրահանգները դիւրացուցին գործը։

Իրաւ է որ եթէ դէպքին սկիզբը տրամադրելի ըլլար պէտք եղածին չափ զինուոր եւ մէկէ աւելի անգամներ եղած խնդրանքներուն գոհացում տրուէր, կարգ ու կանոնը աւելի կանուխէն կարելի կ՚ըլլար վերահաստատել։

֎

Ներքին գործոց նախարարութեան խորհրդական Ատիլ պէյի նշանակալից եւ խորհրդաւոր մէկ հեռագիրը, որ զանազան մեկնութիւններու տեղի տուաւ։

֎

Կ. Պոլիս 1 Ապրիլ 1325

Ատանայի կուսակալութեան

«Մեծագոյն ուշադրութեամբ հոգ տարէք որ վնաս չի հասնի օտարահպատակներու, կրօնային հաստատութեանց եւ հիւպատոսարաններու»։

Ներքին գործոց նախարարի խորհրդական ԱՏԻԼ