Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲՈՂՈՔԻ ՄԻԹԻՆԿՆԵՐ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ

֍

Մանչէսթըր 11 Ապրիլ 1909

Շէյխ-Իւլ-Իսլամութեան Կ. Պոլիս

«Մանչէսթըրի բոլոր հայերը խորապէս զգածուելով Ատանայի սոսկալի ջարդերէն, որոնք նախորդ րէժիմի ատեն գործաուած վայրագութիւնները կը յիշեցնեն Աստուածային օրէնքներու անունով կը խնդրենք Ձեզմէ որ Ձեր հոգեւոր իշխանութիւնը ի գործ դնէք իսլամ հալածիչներու վրայ, խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն ներշնչելու համար եղբայրասպան ատելութիւնով մոլորուած մտքերու»։

ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ[ՈՊՈՍ] ԻՒԹԻՒՃԵԱՆ

֍

Գահիրէ 19 Ապրիլ 1909

«Գահիրէ գտնուող հայերը այսօր հայոց եկեղեցիին մէջ միթինկ մը գումարեցին։ Ատանայի եւ Հալէպի նահանգներուն մէջ կատարուող ջարդերուն, հրձիգութիւններուն եւ աւարառութիւններուն կը յայտնեն թէ մեր հայրենիքին մէջ վստահութիւն, Արդարութիւն եւ Եղբայրութիւն գոյութիւն չունին։ Այս դէպքերը թէ իսլամական կրօնքին, թէ քաղաքակրթութեան եւ թէ Սահմանադրութեան հակառակ են։ Որոնց մարդկութեան եւ Ազգային իրաւանց անունով մեր սրտմտութիւնը կը յայտնենք եւ այս վիճակին պատասխանատու կառավարութիւնը կը հրաւիրենք անդորրութիւնը ապահովել, աղէտէն վնասուած ժողովուրդին լրջօրէն օգնելու նպաստել, միջոցներ ձեռք առնել որ այս դէպքերը ուրիշ տեղեր ալ չի կրկնուին, եւ յօրինակ այլոց այս վայրենաբարոյ խժդժութեանց պատասխանատու պետերն ու գործիչները պատժել։ Այս որոշումները միաձայնութեամբ տրուեցան»։

 

Եգիպտոսի Հայոց Առաջնորդ

ՄԿՐՏԻՉ Վ[Ա]ՐԴ[ԱՊԵՏ] ԱՂԱՒՆՈՒՆԻ

Ազգ[ային] Ժողովի Ատենապետ

ՊՕՂՈՍ ՓԱՇԱ ՆՈՒՊԱՐ

 

 

֍

Բարիզ 26 Ապրիլ1909

Սէլանիկի Միութեան եւ Յառաջդիմութեան Գօմիթէին

«Փարիզի հայ գաղթականութիւնը՝ իր զայրոյթը կ՚արտայայտէ Կիլիկիոյ ջարդերուն առթիւ, եւ Ձեզմէ կը խնդրէ միջամտելու համար, որպէսզի անմիջական զինուորական յանձնախումբ մը ուղարկուի զսպելու համար ջարդերն ու օրինական պատիժը տալու համար յանցաւորներուն»։

Փարիզի Հայոց Հոգեւոր Հովիւ ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀ ՔՀՆՅ.




Հաճընի սուրբ Յակոբայ վանքը. Որ կը գտնուի Հաճընի ճիշտ դիմացը Տաւրոսի լեռնաշղթաներէն մէկուն գիրկը։ Հաճընի պաշարման միջոցին խուժանին ձեռքով հրկիզուեցաւ բոլոր փայտաշէն մասերը։


֍

Փարիզ 26 Ապրիլ 1909

Ատանայի Անգլիական Հիւպատոսին

«Փարիզի հայ գաղթականութիւնը՝ իր կազմակերպած այս իրիկուան մեծ միթինկին մէջ միաձայնութեամբ քուէարկեց իր ջերմագին երախտագիտութիւնն համակ անձնուիրութիւն Ձեր այն ընթացքին համար, որուն փորձը տուիք պաշտպանելով Հայերը նոյն քաղաքին մէջ կատարուած վերջի ջարդին պահուն»։

Փարիզի Հայոց Հոգեւոր ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀ Ք[Ա]Հ[Ա]Ն[Ա]Յ

֍

Ֆրանսական Երեսփոխան Մ. Տընի Գօշէն ( Denys Cochin) Փարիզ

Հրատարակուած «Ժուռնալ Օֆֆիսիէլ»ի մէջ 18 Մայիս 1909

«Մեր բոլոր տեղեկութիւնները որոնք համաձայն են Եւրոպական Մամուլին առած տեղեկութեանց հետ, կը հաստատեն որ Ատանայի եւ շրջականերու սոսկալի ջարդին մէջ զօրքը մեղսակից է։ 25 Ապրիլին տեղի ունեցած երկրորդ ջարդը, Տէտէ Աղաճէն ղրկուած է անկարգութիւնները արգիլելու պաշտօն ունեցող զօրքերու կողմանէ կատարուած է։ Աննկարագրելի հրեշային տեսարաններ յառաջ եկած են։ Համայն Կիլիկիան կործանեցաւ անօթութեան եւ թշուառութեան զոհ երթալով։

Եւրոպական նաւերու ներկայութիւնը արգելք չեղաւ սպաննութեանց։ Եւրոպայի հսկողութիւնը անհրաժեշտ է ջարդերու հեղինակները պատժելու համար։

Ամենուրեք, Էրզրում, Վան, Մուշ, իշխանութիւններու տրուած ուժգին յայտարարութիւն մը միայն կրնայ արգիլել այս անթիւ աղէտները։

Յանուն մարդկութեան կը խնդրենք որ այս ողբերգական վայրկեանին ինչ որ անհրաժեշտ է ընէք։ Ամէնէն արդիւնաւոր միջոցը՝ հայկական գաւառներու զինուորական պետերուն եւ կառավարիչներուն պատասխանատուութեան ճշդումը կրնայ ըլլալ»։